կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-04-14 11:24
Քաղաքական

Դիվանագիտական միջադեպ Ֆրանսայի եւ Թուրքիայի միջև

Դիվանագիտական միջադեպ Ֆրանսայի եւ Թուրքիայի միջև

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեց ֆրանսացի երեսփոխան Սոնիա Քրիմիի, դրուատելով անոր քաղաքական յանդուգն եւ անտեղիտալի կեցուածքը` թրքական ակրեսիւ եւ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ:

Այս ծիրէն ներս, ՖԿՀԽ-ի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան հրապարակային մարտահրաւէր ուղղեց Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին` հեռուստացուցային ուղիղ եթերով բանավէճի մը, որուն պատասխանը ցարդ միայն լռութիւն է ...

Նշենք, որ ուրբաթ օր, ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու խորհրդարանական մէկ նիստին ընթացքին, որ տեղի կ‘ունենար Անթալիոյ մէջ, թրքական խորհրդարանի նախագահը` Մուսթաֆա Սենթոփ, ժողովի բացման իր խօսքին մէջ Ֆրանսան ամբաստանած էր Ալճերիոյ ռւ Ռուանտայի մէջ «ցեղասպանութիւն» գործած ըլլալու անհիմն մեղադրանքներով, ինչպէս նաեւ խտրական ակնարկ կատարած էր Սոնիա Քրիմիի թունուզեան ծագումին: Ապա նոյնանման մեղադրանքներով ելոյթ ունեցած էր նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մէհմէթ Չաւուշօղլու:

Այս իրողութեան դիմաց, իբրեւ բողոք` Ֆրանսայի ներկայացուցիչ պատգամաւորը`Սոնիա Քրիմի եւ ֆրանսական պատուիրակութեան անդամները դահլիճը լքած եւ դուրս եկած էին նիստէն:
Աւելցնենք նաեւ, որ Սոնիա Քրիմի աւելի ուշ ստացած էր ցեղապաշտական անանուն բազմաթիւ պատգամներ եւ մահուան սպառնալիք:

Յայտնենք, որ Անգարայի ներկայացուցիչները այս ձեւով կը հակազդէին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման գծով ֆրանսական նորագոյն որոշումին, ըստ որուն` այսուհետեւ 24 Ապրիլը Ֆրանսայի ամբողջ տարածքին պետական պաշտօնական յուշատօն կը նկատուի:

Թրքական կողմը յայտնապէս կուլ չէ տուած այս նորագոյն ապտակը, որուն հետեւանքով երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած է դիւանագիտական այս միջադէպը: