կարևոր
2755 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-11-17 13:34
Քաղաքական

Ֆրանսայի Ծերակոյտին Առաջարկներն Ու Գործադիրին Ընդառաջելու Քաղաքական Պահերը․ Ակնարկ

Ֆրանսայի Ծերակոյտին Առաջարկներն Ու Գործադիրին Ընդառաջելու Քաղաքական Պահերը․ Ակնարկ

Ֆրանսայի Ծերակոյտի բանաձեւը կանխատեսելի էր, նկատի ունենալով նոյն Ծերակոյտի նախկին որոշումը` Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումի կոչ ուղղելու առումով: Անոր վրայ կը գումարուէին նաեւ սեպտեմբերեան պատերազմական գործողութիւններուն առիթով պաշտօնական Փարիզի հնչեցուցած հասցէական մեղադրանքներն ու պահանջը` ազրպէյճանական զօրքերու ելման կէտեր վերադարձի: Ֆրանսայի նախագահը աւելի աշխուժ ներգրաւուածութիւն կ՛առաջարկէր եւ օրինակ կը բերէր ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան անհրաժեշտութիւնը:

Այս հասցէականութիւնը եւ անկէ բխած ներգրաւուելու առաջադրանքներու ձեւակերպումները զուգակցուած էին միջնորդական նախաձեռնութիւններով, յատկապէս Պրիւքսելի աշխուժացումով:

44-օրեայ պատերազմի օրերուն Ծերակոյտին որդեգրած բանաձեւը գործադիր իշխանութեան կողմէ քաղաքականօրէն ըմբռնելի պատճառներով համարժէք արձագանգ չէր գտած:

Հիմա փոխուած են աշխարհաքաղաքական պայմանները, եւ նոյնիսկ Ծերակոյտէն առաջ նախագահ Մաքրոն հասցէականութիւն եւ պահանջ կ՛արծարծէր: Խնդիրը այս պարագային ռուսական տիրոյթի ներթափանցման կամ հակակշռման մղումներով կը բացատրուի. ինչ որ միայն Փարիզին չի վերաբերիր անշուշտ:

Հիմա տեսնենք բանաձեւին կէտերը. Ֆրանսայի ծերակոյտը`

– Կը պահանջէ հեռացնել Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն եւ յարգել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը,

– Կոչ կ՛ուղղէ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ ապահովելու անոնց վերադարձը հայրենիք,

– Կ՛առաջարկէ Ֆրանսայի կառավարութեան, եւրոպական գործընկերներու հետ համագործակցաբար, պատասխան դիւանագիտական եւ տնտեսական միջոցներ նախատեսել Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած յարձակումը պատժելու նպատակով, ընդ որում` կիրարկել պատժամիջոցներ, որոնք կը թիրախաւորեն Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ունեցուածքը, ինչպէս նաեւ կը նախատեսեն էմպարկօ կիրարկել Ազրպէյճանէն կազի եւ նաւթի ներմուծման հարցին մէջ,

– Կը վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը եւ կ՛առաջարկէ կառավարութեան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հիմնել մարդասիրական գրասենեակ,

– Կ՛առաջարկէ կառավարութեան դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման աջակցելու կարելիութիւնը:

Ճիշդ է, որ պարտադիր բնոյթ չունի բանաձեւը: Այս կէտերը բոլորը ձեւակերպուած են «կ՛առաջարկէ», «կոչ կ՛ուղղէ» կամ «կը վերահաստատէ» մուտքերով: Այդուհանդերձ ներկայ պահուն բանաձեւը կը ստանայ քաղաքական կարեւոր նշանակութիւն:

Ցեղասպանութեան ճանաչումի քաղաքական պահերու ճշդումի տրամաբանութիւնը այս պարագային եւս առկայ է: Ընդհանուր առումով, եթէ տուեալ պետութեան խորհրդարանը Անգարայի հետ լարուածութեան պահուն Ցեղասպանութեան ճանաչումի քայլին կը դիմէր, ապա նման բանաձեւերու առարկայացման հաւանականութիւնը կը թուի, որ պիտի ընթանայ զուգընթաց Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու ելեւէջներուն հետ: Եթէ անշուշտ ընդունինք, որ շարժիչ գործօնը ռուսական տիրոյթներ թափանցելն ու հակակշիռ ներկայութիւն դառնալն է:

Անժխտելի է Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու դերը նման բանաձեւերու նախագիծեր պատրաստելու, տարածելու եւ իւրաքանչիւր խորհրդարանականի հետ ցեղային զտումի անմիջական վտանգի առկայութիւնը արծարծելու առումով: Այդ թղթածրարները միշտ պատրաստ պիտի ըլլան քաղաքական պահու հասունացման համար:

Գործադիրը ի՛նք կը ճշդէ, թէ ե՛րբ պիտի ընդառաջէ իր Ծերակոյտի կոչին կամ առաջարկին: Իսկ այդ պահը մեծապէս կախեալ է աշխարհաքաղաքական տարողութեամբ ընթացող իրադարձութիւններէն, որոնք կրնան միտումներու սլաքներու ուղղութիւնը կտրուկ փոխել հակառակ ուղղութեամբ Հարաւային Կովկասի մէջ: Այդ պարագային, սկսելու համար կ՛աշխատին պատժամիջոցները, կը կրճատուին օժանդակութիւնները, կը կիրարկուի Էմպարկոն եւ դէպի սահմանագիծ կը փութան բազմաբնոյթ առաքելութիւնները: