կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-08-17 16:19
Հասարակություն

Ակնարկ. Ֆրանսայի Խորհրդարանի Կայքին Կարեւոր Ձեւակերպումը

Ակնարկ. Ֆրանսայի Խորհրդարանի Կայքին Կարեւոր Ձեւակերպումը

Ֆրանսայի խորհրդարանի լրատուական կայքին Արցախի նախագահին տուած հարցազրոյցը տեղի տուած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու: Խնդրայարոյց հարցազրոյցի վերածուած այս երեւոյթը հայկական ելեկտրոնային եւ յատկապէս այլընտրանքային լրատուութեան դաշտին մէջ աղմուկ բարձրացուցած է եւ այս ուղղութեամբ գրառումներու եւ հաստատումներու հեղեղի մը առիթ տուած:

Նախ, երկու խնդրայարոյց բաժինները մէջբերենք.

խորագիրը` «Ազրպէյճանը իր մէջ պէտք է գտնէ կամք` մերժելու ցեղային կարծրատիպերը արցախցիներուն եւ հայերուն նկատմամբ»:

Պարզ է, որ այստեղ ըսել ուզուածը այն է, որ Ազրպէյճան ո՛չ միայն արցախահայութեան նկատմամբ ցեղային կարծրատիպերով կ՛առաջնորդուի իբրեւ պետական քաղաքականութիւն, այլ նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան: Եւ եթէ այս պարագային հայերէնէ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը ճիշդ չէ եղած, ապա երկրորդին պարագային հակառակ ուղղութեամբ ճիշդ չէ աշխատած թարգմանիչը:

Այսպէս. երկրորդը` «ողջմիտ եւ համարժէք քոմփրոմիներ պէտք են: Մենք պատրաստ ենք քոմփրոմիի (թարգմանիչը թարգմանած է զիջում), եթէ անոնք խնդրոյ առարկայ չեն դարձներ մեր անվտանգութիւնը եւ առիթ չեն ստեղծեր հակառակորդին նոր յարձակումներ սանձազերծելու համար»:

Օգտագործուած բառը քոմփրոմին է ֆրանսերէնով, որ կը նշանակէ համաձայնութիւն, փոխզիջում կամ դիւանագիտական գործարք: Յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ հայերէն թարգմանութիւնը, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է եւ աղմուկ բարձրացուցած քոմփրոմի բառին, եղած է զիջում. որմէ նաեւ` միակողմանի զիջումի ընկալումը:

Հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններէն ետք տիրող ներհայկական անվստահութեան մթնոլորտին մէջ իւրաքանչիւր եղելոյթ կը մեկնաբանուի ըստ ցանկութեան, ի սպառ կը բացակայի առարկայականութիւնը եւ ծայր կ՛առնէ փոխադարձ ամբաստանութիւններու կրքոտ փոխասացութիւններու շարք մը: Արցախի նախագահին այս հաստատումները եւս անմասն չեն մնացած այս ընդհանուր մթնոլորտէն:

Արցախի նախագահին մամլոյ բանբերը ոչ միայն հերքած է Բակօ Սահակեանին վերագրուող այս երկու թիւրիմացութիւնները, այլ նաեւ յայտարարած, որ պաշտօնական լրատուական կայքին մօտ պիտի աշխատին սրբագրել տալ սխալ թարգմանութեան իբրեւ արդիւնք արձանագրուածը:

Նախագահի մակարդակով այլ երկրի մը լրատուական կայքին հաղորդածը հերքել եւ սրբագրութիւն առաջադրելու նախաձեռնութիւն չ՛ըլլար, եթէ բնագրային ճշգրտութիւնը ապահովուած չըլլայ: Հետեւաբար առնուազն ճիշդ պիտի չըլլար Բակօ Սահակեանի մօտ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդները իրարմէ անջատ հասկացողութիւններ համարելու գոյութիւն չունեցող մօտեցումը ընդգծելը: Կամ ալ փոխզիջումը կամ համաձայնութիւնը, որ օրինաչափ եզրոյթ է, վերածելը զիջումի, միակողմանի պարտուողականութեան դարձեալ գոյութիւն չունեցող վարքագիծ փոխանցելու համար:

Հարցազրոյցը ընդհանրապէս պատշաճ եզրութաբանութեամբ եւ համարժէք մտածողութեամբ բովանդակութիւն ունի: Թարգմանական վրիպումները գաղափարաբովանդակային սխալի վերածելն ու այդ մասին աղմուկ բարձրացնելը մեղմ ըսելաձեւով օգտակարութիւն չեն ունենար:

Կայ նաեւ այլ խնդիր, որ քաղաքական մօտեցումի կը վերաբերի. ընթերցողը պէտք է կարենայ նկատել թէ՛ ոճային եւ թէ՛ եզրաբանական որոշ տարբերութիւններ ներքին լսարանի եւ արտաքին լսարանի ուղղուած յայտարարութիւններուն մէջ. եւ ասիկա ոչ միայն հայկական առումով անշուշտ:

Այն շեշտադրումը, որ օրինակ Ֆրանսայի խորհրդարանի լրատուական կայքի խմբագիրը ուզած է տեսնել եւ խորագիրի վերածել Բակօ Սահակեանի արծարծած նիւթերէն ցեղային կարծրատիպի պետական վարքագիծն է, որ Պաքուն կը կիրարկէ հայութեան նկատմամբ: Այս նիւթը համաեւրոպական ընկալելիութիւն ունի, եւ նախագահը նման ուղերձ փոխանցելով յաջողած է եւրոպական արժէքներու լեզուով խօսիլ Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութեան պաշտօնական լրատուամիջոցի պատասխանատուներուն հետ: Ուղերձը հանգիստ վերածուած է խորագիրի: Նաեւ ա՛յս մէկը պէտք է նկատէր հայկական որեւէ լրատուամիջոց, եթէ առարկայականութեամբ եւ պետական մտածողութեամբ առաջնորդուելու խնդիր դրած ըլլար իր առջեւ:

Փոխզիջումի, համաձայնութեան (այն ալ` պայմանական) մասին խօսիլը միջազգային հանրութեան լսարանին առջեւ մնայուն առաջ մղուած սկզբունք է թէ՛ պաշտօնական Երեւանի եւ թէ՛ Ստեփանակերտի կողմէ: Այստեղ ոչինչ կայ խնդրայարոյց. ի վերջոյ բանակցութիւնները կ՛ընթանան փոխզիջումնային ձեւաչափի վրայ լուծման յանգելու համար: Այստեղ նախագահը պայմանական առաջադրանքներ դրած է հասնելիք համաձայնութեան համար. առաջին` եթէ խնդրոյ առարկայ չեն դարձներ Արցախի անվտանգութիւնը եւ առիթ չեն տար հակառակորդին նոր յարձակումներ սանձազերծելու:

Ցաւօք, հայկական լրատուամիջոցներէն վրիպած է այս երկու կէտերէն շատ աւելի կարեւոր երեւոյթ մը: Ֆրանսայի խորհրդարանի լրատուական կայքի համապատասխան էջին խորագրային ձեւակերպումներուն մէջ Բակօ Սահակեանը ներկայացուած է իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ: Ասիկա նշողը ֆրանսական լրատուամիջոց կամ վերլուծական կայք չէ. ասիկա նշողը Ֆրանսայի խորհրդարանի պաշտօնական խօսափողն է: Ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ նման ձեւակերպումը Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումին նպաստող երեւոյթ է:

Այո՛, ցաւօք. անվստահելիութիւնը, սխալ պրպտելու համար խոշորացոյցերով համացանցային մշտադիտարկումներ ընելու եւ աղմուկ բարձրացնելու փորձութիւնը այնքան թէժացած են այս օրերուն, որ կը վրիպի Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութեան պաշտօնական կայքին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան (առանց չճանչցուած բնութագրումը աւելցնելու) պաշտօնական ձեւակերպումը: Բան մը, որ փոխան հայկական կողմին, ազրպէյճանական կողմը խորապէս անհանգստացուցած պիտի ըլլար:

«Ա.»

aztagdaily.com