կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-01-17 11:30
Քաղաքական

«Հայութիւնը ներկայ աշխարհաքաղաքական եւ ներազգային մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման». Քննարկում Ֆրանսայի Ազգային Ժողովէն ներս

«Հայութիւնը ներկայ  աշխարհաքաղաքական եւ ներազգային մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման». Քննարկում Ֆրանսայի Ազգային Ժողովէն ներս

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Քոլպէր սրահէն ներս Շաբաթ 14 Յունուարին, ՀՅԴ 126-ամեակի միջոցառումներու շարքին տեղի ունեցաւ երկու կլոր սեղաններու շուրջ քննարկում «Հայութիւնը ներկայ  աշխարհաքաղաքական եւ ներազգային մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման» ընդհանուր խորագրին տակ։

Բացման խօսքին մէջ, լեցուն սրահին մէջ, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Շարլ Փափազեան ներկայացուց Հայաստանն ու հայ ազգը յուզող հիմնական խնդիրները եւ ըսաւ թէ պարտինք աւելի յանձնառու դառնալ ու հանդէս գալ հայ ազգի ու Հայաստանի ապագան յուզող հարցերու շուրջ նորանոր գաղափարներով։ Պէտք է յուսալից տեսլական մը կերտել ու դադրիլ իրադրութիւններուն ենթակայ դառնալէ, այլ նոր շունչ ու իմաստ դնելով գաղափարներուն ու աշխատանքներուն մէջ ։

 

Այնուհետեւ սկիզբ առաւ առաջին կլոր սեղանը, զոր վարեց Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ եւ Ֆրանս Արմէնի թերթի խմբագիր Յարութ Մարտիրոսեան «Ներկայ աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմանները Միջին Արեւելեան  եւ Կովկասեան տարածաշրջանէն ներս եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնը» նիւթով, մասնակցութեամբ՝ Ֆրանսային մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի ( Քանատա) եւ Կիրօ Մանոյեանի (Հայաստան) ու քաղաքագէտ Վիգեն Չեդերեանի (Զուիցարիա)։

Քննարկուեցան մօտակայ եւ հեռակայ երկիրներու ներքին զարգացումներն ու անոնց ազդեցութիւնը Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան վրայ։ Հայաստանի յարաբերութեանց որակն ու մակարդակը իւրաքանչիւրին հետ ու անկէ փխող ապագայի պատկերացումները։ Քննարկուեցաւ յատկապէս Ատրպէյճանի ռազմական իսկական կարողականութիւնն ու պատերազմի զարգացման դիպաշարներն ու անոնց վնասները երկու կողմերուն համար։

Երկրորդ կլոր սեղանը վարեց ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ու Այբ Էֆ Էմ ձայնասփիւռի տնօրէն Վարդան Գաբրիէլեան, «Որո՞նք են Հայաստանի ու Սփիւռքի ներքին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտ ռազմավարական ուղղութիւններն ու գործնական քայլերը» նիւթով, որուն կը մասնակցէին պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեան (Ֆրանսա), Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան (Լիբանան), Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան (Ֆրանսա) եւ Արեւելեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի

ներկայացուցիչ Հայկ Օշական (ԱՄՆ)։

Արծարծուեցան հիմնական, երբեմն իրարու հակադրուող կարծիքներ։ Խօսուեցաւ հայերէնի տարածման առարկայական անհրաժեշտութեան մասին, որպէս համահայկական հաղորդակցութեան միջոց, Սփիւռքը վերակազմակերպելու նոր օրակարգ մշակելու ու Հայաստանի ընդհանուր կեանքին աւելի մասնակից դառնալու խնդիրներուն մասին։ Նաեւ Հայաստանի պետութեան աւելի ծրագրուած ու աշխոյժ ներդրումին մասին Սփիւռքի պահանջներուն ու յատկապէս համեմատաբար աւելի փոքր կամ նորակազմ համայնքներու ուղղութեամբ։

Բոլոր ճառերը ընդունուեցան ծափողջոյններով եւ լսարանի մեծ հետաքրքրութեամբ։

Հանդիպման փակման խօսքը արտասանեց՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, որ նշելով այս ձեռնարկի ձգած դրոշմին մասին շեշտեց նման նախաձեռնութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը։