Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան երէկ` երեքշաբթի, 12 մարտի կէսօրին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց քաղաքապետութիւնը, ծանօթացուց քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, շրջանին մէջ կատարուած աշխատանքներու ընդհանուր պատկերացումը տուաւ:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ուրախութիւն յայտնեց գտնուելու քաղաքապետարանին մէջ Պուրճ Համուտի, ուր ապրելու եւ որոշ շրջան մը անոր բնակիչը ըլլալու բախտը ունեցած է ինք: Ան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտը միջնաբերդ է, ունի յատուկ նշանակութիւն հայ ժողովուրդի դիմագիծի պահպանման իմաստով` աւելցնելով, թէ միջնաբերդ է ոչ թէ ուրիշը դուրս պահելու իմաստով, այլ մեր ունեցածը պահելու եւ զայն զարգացնելու առումով, մանաւանդ որ Պուրճ Համուտի մէջ կը գտնուին կարեւոր կեդրոններ ու գրասենեակներ` քաղաքական, մշակութային, արուեստի, կրթական եւ այլն: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, թէ ճիշդ է, որ հայութեան թիւի որոշ անկում արձանագրուած է, բայց եւ այնպէս ան կը հաւատայ, թէ անպայման ձեւը կայ, հակառակ դժբախտութիւններուն, դրական արդիւնք քաղելու: «Իբրեւ նորընտիր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ Լիբանանը պիտի բարգաւաճի, աւելի կազմակերպուի, մանաւանդ որ արդէն կայացած ու ամուր կառոյցներ ունի», հաստատեց ան` նաեւ անդրադառնալով այն երկիրներուն, ուր կայ մեծաթիւ հայութիւն, սակայն` անկազմակերպ, ուստի հոն եւս աշխատանքի մեծ գործելադաշտեր բաց են կուսակցութեան դիմաց: Անոր համաձայն, կան գաղութներ, որոնք վերջին շրջանին յաւելեալ աշխուժութիւն ստացան, երբեմն ի վնաս միջինարեւելեան գաղութներուն, ուրկէ, յատկապէս Սուրիայէն, գաղթածներ հաստատուեցան հոն ու թարմութիւն բերին: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ողջունելի նկատեց Լիբանանէն արտահոսքի դանդաղեցումը, նաեւ` դէպի Հայաստան լիբանանահայութեան ուղղուիլը:
«Բայց իրողութիւնը կը մնայ իրողութիւն, որ Լիբանանի համայնքը տակաւին առաջնորդողի դեր ունի, եւ այդ դերը պահպանելու, զարգացնելու եւ աճեցնելու համար միասին պիտի աշխատինք, եթէ կարիք ըլլայ համահայկական միջոցներով պիտի աջակցինք, որպէսզի Լիբանանը մեր արեւմտահայ մշակոյթի, հասկացողութեան մէջ պահէ իր դերը եւ կուսակցութեան համար առաջնային գիծը», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Իր խօսքին աւարտին ան յաջողութիւն մաղթեց քաղաքապետական խորհուրդին` հաստատելով, որ Պուրճ Համուտի հայկական նկարագիրը շատ կարեւոր է, եւ այս առումով օժանդակելու ու առաջարկներու ընդառաջելու տրամադրութիւն գոյութիւն ունի:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին անունով Ճորճ Գրիգորեան խօսեցաւ Պուրճ Համուտի մասին` դիտել տալով, որ սփիւռքի, Հայաստանի ու Արցախի համար այս շրջանը տուած է ազատամարտիկներ, ուսուցիչներ, մշակութային գործիչներ, խմբագիրներ, գործիչներ, գործարարներ, նուիրատուներ եւ ղեկավարներ: Ըստ անոր, այս բոլորը կարելի եղաւ շնորհիւ Պուրճ Համուտի մէջ խարսխուած կառոյցներուն` կուսակցական, ազգային, ակումբ, դպրոց, եկեղեցի, մարզական ու մշակութային միութիւններ, որոնք իրենց գործին ընթացքին յաճախ կ՛ապաւինին, կը դիմեն քաղաքապետութեան` խնդրելով անոր նեցուկն ու օժանդակութիւնը: Ճորճ Գրիգորեան նշեց, որ քաղաքապետը, քաղաքապետական խորհուրդի անդամները եւ բաժիններու պատասխանատուները լաւապէս կը գիտակցին այս իրողութեան եւ պատրաստ են իրենց պարտականութիւնը կատարելու`յոյս յայտնելով, որ իրենց վրայ դրուած յոյսերն ու ակնկալութիւնները կ՛արդարացնեն:
aztagdaily.com