կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-01 11:23
Առանց Կատեգորիա

Հայրենիք-Սփյուռք փոխսնուցիչ ուժականությունը

Հայրենիք-Սփյուռք փոխսնուցիչ ուժականությունը

Այսօր կարևոր է, որ յիշենք այն փաստը, որ հարիւր տարի առաջ այս օրերուն մեր երկիրը կը գտնուէր համատարած սովի ճիրաններուն մէջ և գրեթէ հրաշքով ան կրցաւ յաղթահարել սովի այդ ճգնաժամը և վերապրիլ։ Նոյնքան կարևոր է, որ հասկնանք, թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ Հայաստան ինկաւ տնտեսական այդ դժոխային անելին մէջ այն իսկ օրերուն, երբ Հայաստան նուաճեց անկախ պետականութեան կարգավիճակը։

Հարիւր տարուան պատմութիւնը իր ծալքերուն տակ թաղած է շատ բան և հետևաբար դէպքերու մանրամասնութիւնը կը խուսափի ամէնօրեայ լրագրութեան հասողութենէն։ Դիմատետրի իմ վերջին գրառումով հարցադրութեան նիւթ դարձուցեր էի Կովկասի անգլիական իշխանութիւններու դրած արգելքը Վարչապետ Քաջազնունիի պատուիրակութեան դէպի Ամերիկա ճամբորդութեան վրայ։ Հայաստանը արտաքին աշխարհին կապող միակ գործնական ճամբան այդ օրերուն Թիֆլիսն էր և այդ մէկը կը գտնուէր անգլիական ուժերու ամբողջական հակակշռին տակ։ Եւ փաստօրէն անգլիական իշխանութիւնը իր արտօնութիւնը ձգձգեց Փետրուարէն մինչև Ապրիլ 1919…որոնք ճակատագրական ամիսներ էին Հայաստանի սովեալներուն համար։

Այսօրուան տուեալներով, նմանօրինակ ձգձգում մը պիտի նկատուէր քրէական նկատի առած անոր ծանրակշիռ հետևանքները։ Անգլիա ստորագիրներէն մէկն էր Մայիս 29, 1915 թուակիր եռակողմանի այն յայտարարութեան, որ կ՚ըսէր՝ "In view of those new crimes of Turkey against humanity and civilization, the Allied governments announce publicly to the Sublime-Porte that they will hold personally responsible [for] these crimes all members of the Ottoman government and those of their agents who are implicated in such massacres («…Նկատի առնելով մարդկութեան և քաղաքակրթութեան դէմ գործուած Թուրքիոյ այս նոր ոճիրները, Դաշնակից կառավարութիւնները հրապարակաւ կ՚ազդարարեն Բարձրագոյն Դրան, որ իրենք՝ Դաշնակիցնե՛րը այս ոճիրներուն համար անձնապէս պատասխանատու կը համարեն Օսմանեան կառավարութեան բոլոր այն անդամներն ու իրենց գործակալները, որոնք դերակատար եղած են այս ջարդերու իրականացման մէջ։»)։ Անգլիացիք գիտէին, որ այդ կէտին վրայ Թուրքիոյ և իր արբանեակ Ազըրպէյճանի նպատակն էր ամբողջական բնաջնջումը Արևելեան Հայաստանի հայութեան և որ սովը բնական շարունակութիւնն էր բնաջնջումի այս գործողութեան և այս անգամ ՝ իրենց՝ անգլիացիներու՛ իսկ իշխանութեան ներքոյ…

Փաստերը մեծ հարցականներու տեղի կու տան։ Ամերիկեան նպաստամատոյցի (Near East Relief) թուղթերը կը խօսին այն մասին, որ լայն համագործակցութիւն գոյութիւն ունեցած է ամերիկեան նպաստամատոյցի (Near East Relief և American Relief Administration for the Near East) և տեղական անգլիական իշխանութիւններուն միջև սովի ծաւալն ու սովեալ բնակչութեան քարտէզը ճշտելու տեսակէտէն։ Սովին անմիջապէս ենթակայ բնակչութիւնը Արևմտեան Հայաստանէն տարագրուած ժողովուրդն էր և սակայն շուտով սովը կլանեց ամբողջ Հայաստանը։ Անկախութեան ճակատամարտերէն ծնունդ առած Հայաստանը կը թուէր «ձևաւորուած» ըլլալ սովամահութեան համար… մինչև որ հասան 1918-ի Համաշխարհային Զինադադարի օրերը (11Նոյեմբերի 1918) և Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները ընդարձակուեցան ըստ Զինադադարի փաստաթուղթերուն մէջ ճշտուած սկզբունքներուն։

Կը թուի, թէ երբ սովի խնդիրը Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ճնշիչ թախանձանքով յանձնուեցաւ անգլիական իշխանութիւններու ուշադրութեան, Կովկասի անգլիական իշխանութիւնները զգալի թերահաւատութեամբ ընդունեցին տրամադրուած տեղեկանքը և այս իսկ պատճառով Ամերիկեան նպաստամատոյցի պատասխանատուները լուրջ դժուարութիւն ունէին յստակ գնահատական տալու կացութեան։ Ի վերջոյ Հըրպըրթ Հուվըրի անձնական ներկայացուցիչն էր, որ պիտի շտապէր գալ տարածաշրջան անձնապէս ստուգելու կացութիւնը և յստակացնելու շրջագիծը աղէտին։ Եւ վերջապէս բացայայտուեցաւ աղէտը իր ահաւոր մերկութեամբ։ Հակառակ այս յաւելեալ իրողութեան, անգլիացիք երկու թանկագին ամիսներով քաշքշեցին Քաջազնունիի պատուիրակութեան ճամբորդութեան թուականը։

Այս փաստն իսկ ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի՜ ենթակայութեան հարցեր կը դիմագրաւէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ օրերուն ամենէն տարրական հաղորդակցական խնդիրներու կապակցութեամբ։ Եւ շուտով յստակ պիտի ըլլար, թէ ինչպիսի՞ ուժականութիւն էր ըլլալու քաղաքականացած Սփիւռքը անկախ Հայաստանի նորահաստատ պետականութեան համար։

Սիմոն Վրացեանի տողերը ժուժկալ են, բայց ճշգրիտ։ Վրացեան կ՚ըսէ՝ «...Հայաստանի Խորհրդի ու կառավարութեան դիմումները, ինչպէս նաև արտասահմանում կատարուած աշխատանքները, վերջապէս լսոուեցին և օգնութիւնը չուշացաւ։» ՀՀ վերջին Վարչապետին յղումը պէտք է հասկնալ իր ճակատագրական տարողութեամբ։ «...Ինչպէս նաև արտասահմանում կատարուած աշխատանքները...» ամբողջ հատորի մը նիւթ պէտք էր հայթայթէին, զոր գրելու կարելիութենէն զրկուած էր մեր մեծ ուսուցիչը 1928-ին։

Այսօր գիտենք, որ մէկ կողմէ ՀՀ Դեսպանը Ուաշինկթընի մէջ՝ մեծ հեղինակութիւն վայելող Գարեգին Փաստրմաճեան (ՀՅԴ մարտական անունով մեզի ծանօթ Պանք Օթոմանի յայտնի հերոս Արմէն Գարոն), ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն և յատկապէս բարեյիշատակ Վահան Քարտաշեանի հիմնած «Ամերիկեան Կոմիտէ Հայաստանի Անկախութեան Համար (American Committee for the Independence of Armenia)» հաստատութիւնը կարևոր դեր խաղացին ԱՄՆ-ի Քոնկրէսն ու կառավարութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու գործին մէջ։ Անոնց դերակատարութիւնը մեծ եղաւ մանաւանդ ԱՄՆ-ի հանրային կարծիքը դարբնելու գործին մէջ։

Սփիւռքը, որ ծնած էր մեր ազգային ողբերգութենէն, յանկարծ գիւտը կ՚ընէր իր առաքելութեան։ Ինք այժմ պիտի դառնար Հայաստանի անկախ պետականութեան լինելիութեան հզօր գործօնը։ Սփիւռքը պիտի տէր կանգնէր իր հայեցիութեան որպէսզի կարենար տէր կանգնիլ այս մեծ առաքելութեան։ Դաշնակցութեան կողմէ հետապնդուած Սփիւռքի քաղաքականացման ռազմավարութիւնը, առաջին հերթին, հայրենիքի փրկութեան և հայրենիքի հզօրացման ռազմավարութիւն էր։ Հայաստանի սովը եղաւ առաջին մեծ ազգային մարտահրաւէրը Հայրենիք և Սփիւռք լծելու նոյն քաղաքական առաջադրութեան։ Վարչապետ Քաջազնունիի պատուիրակութեան առջև արագօրէն բացուեցան բոլոր կարևոր դռները։ Հայաստան-Սփիւռք քաղաքական շաղկապը գործեց մեծ արդիւնաւորութեամբ և ճամբայ հանեց այն նոր ազգային ուժականութիւնը, որ Հայրենիք-Սփիւռք փոխ-սնուցիչ (symbiotic) յարաբերութիւններու կենսատարածքն էր։

Այսօր հարց պիտի տանք մենք մեզի, թէ որո՞նք են մեծ դասերը մեր աւելի քան հարիւրամեայ այս փորձառութեան։ Կասկած չկայ, որ եկած է այս հարցադրութեան ժամանակը։ Այս համազգային քննարկումը պէտք է շուտով սկսի։ Եւ սկսի մեծ թափով ու տեսիլքով։

Պարզ է, որ Հայաստանի անկախ պետականութեան լինելիութիւնը (viability) պիտի ապահովուի միջ-կայսերական մարտահրաւէրներու բովին մէջ։ Այլ ընտրութիւն գոյութիւն չունի։ Եւ եթէ մեր խնդիրը գերտէրութիւններու առճակատման միջավայրին մէջ է, որ պիտի վճռուի, մենք այդ մարտահրաւէրին պիտի ընդառաջենք նոյն այդ միջավայրին յարիր զէնքերով և ռազմավարութեամբ...Այսինքն՝ Հայրենիք-Սփիւռք փոխ-սնուցիչ ուժականութիւններու ներգործօ՛ն ռազմավարութեամբ։ Այսինքն՝ մէկզմէկու իրականութեան լիովին վերահասու ըլլալու և այս համաշխարհային ռազմաբեմի պահանջներուն համար մշտապէս և ճիշտ զէնքերով և գործիքներով զինուած ըլլալու հեռատեսութեամբ և քանքարով։ Եւ Տէր ընդ մե՛զ։

Կարօ Արմենեան

Փետրուար 28, 2019, Ուաշինկթըն