կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-22 16:23
Աշխարհ

Հայկական մականունների մասին դասախոսություն

Հայկական մականունների մասին դասախոսություն

Աղբյուրը՝ Hairenikweekly

Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրագէտ ու խմբագիր Ս. Գ. Կարապետի (C. K. Garabed) պատկերազարդ դասախօսութիւնը հայկական մականուններու ստուգաբանութեան մասին։ Ձեռնարկը հովանաւորուած էր Մայր Եկեղեցւոյ եւ Համազգայինի Արեւելեան ․Ա․Մ․Ն․-ի շրջանային վարչութեան կողմէ։
«Այս եզակի ձեռնարկին հովանաւորութիւնը պատիւ մըն է մեզի համար», ըսաւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, որ ներկայացուց Կարապետի կենսագրութիւնը։ Ան նկարագրեց, թէ ինչպէս վերջինս ձեռնարկած էր հայկական մականուններ հաւաքելու եւ ուսումնասիրելու աշխատանքին, նախապէս իբրեւ քովնտի զբաղում եւ ապա՝ այլ հայերու օգնելու իրենց անուններու վերծանումին։

Դասախօսը քննարկեց հայկական մականուններու ծագումը եւ աւելի քան քառասուն տարուան ոստիկանական աշխատանքը, որ կ՚ենթադրէ անուններու ակունքներու հետազօտութիւնը եւ շատ անսովոր անուններու վերծանումը։ Տեսողական օրինակներով, Կարապետ շարք մը հայկական անուններու սահմանումը տուաւ, յատկապէս օգտագործելով հանրութեան յայտնի անուններ, ինչպէս խմբագիր Արամ Արքուն, գրագէտ Էտի Առնաւուտեան, օփերայի երգչուհի Լիլի Չուգասըզեան, համբաւաւոր Քիմ Քարտաշեան, գրագէտ Տէյվիտ Խտրեան, օդանաւորդուհի Խաթուն Սեպիլճեան (Սապիհա Կէօքչէն), հայրենասէր Տաճատ Թէրլէմէզեան եւ ակադեմական Խաչիկ Թէօլէօլեան։

Դասախօսութիւնը կը նշէր Կարապետի անգլերէն «Հայկական մականուններու բառարան»ի առցանց հրատարակութիւնը եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի մէջ լոյս տեսնող «Քեռի Կարապետի նոթատետրը» շաբաթական սիւնակին 30-ամեակը։ Բառարանէն օգտուելու համար, այցելեցէ՛ք www.armeniapedia.org/wiki/Dictionary_of_Armenian_Surnames_(In_Process) հասցէն։ Անդրադառնալով դասախօսութեան «Ի՞նչ կայ անունի մը մէջ» խորագրին, Նիւ Եորքի Համազգայինէն տոքթ. Հրանտ Մարգարեան դիտել տուաւ, որ «դասախօսութեան խորագրի հարցումին պատասխանն է՝ հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը»։ Դասախօսութիւնը կը լուսաբանէր, թէ ինչպէ՞ս հայերը իրենց մականունները ձեռք բերած են, որոնց սահմանումները Երկրի ամէնօրեայ երբեմնի կեանքը կ՚ընդգրկեն։

Փակման խօսքին մէջ, Համազգայինի շրջանային վարչութեան կողմէ Արեւիկ Գաբրիէլեան մէջբերեց Վոլթէրի խօսքը. «Գնահատումը հրաշալի բան մըն է. ուրիշներու մէջ գերազանցը մերը կը դարձնէ նաեւ»։ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ անունով, Տէր Մեսրոպ յուշատախտակ մը յանձնեց «Քեռի» Կարապետին, «հայ համայնքին տարիներու նշանակալից ծառայութեան, նպաստներուն եւ յանձնառութեան համար»։

Շահեկան հարց ու պատասխանէ մը ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը։