կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-22 13:19
Աշխարհ

Նյու Յորքում միլիոն դոլար է հանգանակվել Հայաստանի գյուղերի համար

Նյու Յորքում միլիոն դոլար է հանգանակվել Հայաստանի գյուղերի համար

Աղբյուրը՝ Asbarez

Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի (COAF) 15րդ տարեկան ընթրիքին ընթացքին հանգանակուեցաւ շուրջ 4 միլիոն տոլար, ինչ որ նոր մրցանիշ մըն է կազմակերպութեան համար, որ 2003էն ի վեր կրցած է 44 միլիոն տոլար հաւաքել ի նպաստ Հայաստանի 44 գիւղերու մէջ ապրող մօտաւորապէս 75,000 քաղաքացիներու:

Երեկոյթին ընթացքին հանգանակուած ամբողջ գումարը այս տարի եւս պիտի յատկացուի գիւղական շրջաններու մէջ հիմնադրամի ձեռնարկած կրթական, առողջապահական եւ ընկերային ծրագիրներու իրականացման: Առանձին ուշադրութեան պիտի արժանանայ նորարար SMART նախաձեռնութեան ամբողջացման ապահովումը։ Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջերս այցելած էր SMART նախաձեռնութեան կեդրոնատեղին։

SMART նախաձեռնութիւնը կ՛առաջադրէ թուային արհեստագիտութեան կրթութիւն ջամբել գիւղական շրջաններու երեխաներուն:

«Տպաւորիչ երեկոյ էր, եւ մենք անսահման ոգեւորուած ենք Սփիւռքի եւ մեր համաշխարհային ընտանիքին աջակցութեամբ, մարդոց, որոնք 15 տարի շարունակ խորապէս հաւատացած ու նուիրաբերած են կազմակերպութեան առաքելութեան: Ձեռնարկը առիթ պիտի տայ ընդարձակելու մեր գործունէութիւնը՝ ծառայելու 100 համայնքներու 150,000 բնակիչի: Աւելին, այս Ապրիլին տեղի ունեցած խաղաղ յեղափոխութիւնը առաւել ցայտուն կերպով կ՛ընդգծէ կազմակերպութեան հիմնարար արժէքները՝ ժողովրդավարութիւն եւ ազատութիւն սերմանելով, որ քաղաքացին ինք սահմանէ իր ապագան», իր ելոյթին մէջ ըսաւ Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն տոքթ. Կարօ Արմէն:

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր ամերիկահայ դերասանուհի Անտրէա Մարթին, իսկ ներկաներուն մէջ կային Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, ՄԱԿի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան, արուեստի աշխարհի հեղինակաւոր դէմքերէն պարսկահայ Թոնի Շաֆրազի, «Էմի» մրցանակի թեկնածու դերասան Վիքթոր Կարպըրեւ «Կրեմի» մրցանակի թեկնածու երգչուհի Մելոտի Կարտօ։

Երեկոյթին ընթացքին կազմակերպութեան «Մարդասիրական մրցանակ»ը շնորհուեցաւ «Քարնըկի» հիմնարկութեան նախագահ դոկտ. Վարդան Գրիգորեանին եւ անոր հանգուցեալ կնոջ՝ Քլերին, որ կազմակերպութեան հիմնադիր խորհուրդի կազմի անդամ էր, իսկ դոկտ. Վարդան Գրիգորեան իբրեւ խորհրդատու կը ծառայէ այդ կազմին: Հայաստանի համալսարաններու 9 ուսանողներ Հայաստանի Մակունկներու հիմնադրամին միջոցաւ Քլեր Գրիգորեանի յիշատակի կրթաթոշակներ կը ստանան:

Ձեռնարկին ընթացքին ոգեւորող ելոյթով հանդէս եկաւ եւ Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամին աջակցութեամբ ներկայիս Քոլորատոյի մէջ ուսանող Մարինա Միրզոյեան, որ Արմաւիրի մարզի Հացիկ գիւղէն է։

Երեկոյի մշակութային մասով հանդէս եկան Հայաստանէն դաշնակահար Արմէն Պուչինեան եւ սաքսոֆոնահար Արմէն Դաղենց:

Նաեւ, յարգանքի տուրք մատուցեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին:

Նշենք, որ կազմակերպութեան SMART կեդրոնները պիտի հանդիսանան գիւղական շրջաններու երեխաներուն կրթական արդի ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններ, ուր պիտի տրամադրուին անգլերէնի, արհեստագիտութեան, արուեստի, երաժշտութեան, առողջապահութեան, մարմնամարզի եւ արդի հողագործութեան դասընթացքներ: