Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ Asbarez
Կիրակի, Նոյեմբեր 12ին, Թորոնթոյի մէջ կայացած եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 400 գանատահայեր եւ հանգանակեցին 530,000 ամերիկեան տոլար: Ճաշկերոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ աճուրդ, ուր ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանի շապիկը վաճառուեցաւ 20 հազար տոլարով:
Հանդիսութիւնը նուիրուած էր Գանատայի 150ամեակին եւ Թորոնթոյի Հայաստան հիմնադրամի 25ամեակին, որուն ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան, յատկապէս շեշտելով հիմնադրամին կենսական դերը անկախ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ծիրէն ներս:
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Թորոնթոյի կողմէ իրականացուած վերջին 12 ծրագիրները՝ նշելով, որ 25 տարիներու ընթացքին ընդհանուր 72 ծրագիրներ կեանքի կոչուած են թորոնթոյահայերու հանգանակութիւններուն շնորհիւ: Վերջին նախաձեռնութիւներն են Ուխտասար գիւղի դպրոցի կառուցումը, շտապ օգնութեան մեքենայի նուիրաբերումը, Դադիվանք համայնքի ջրամատակարարման ապահովումը, բնակարաններու կառուցում՝ Ուխտաձորի, Կուսապատի եւ Լուսաձորի մէջ, արտաքնոցներու կառուցում Շուշիի, Ամարասի եւ Դադիվանքի վանական համալիրներուն կից, բացօթեայ մարզահրապարակի կառուցում Նալբանդեան համայնքի դպրոցին համար, որ վերանորոգուած եւ մասնակիօրէն վերակառուցուած է Թորոնթոյէն հայ բարերարներ Պերճուհի եւ Արմէն Նալպանտեաններու հովանավորութեամբ՝ 2016ին:
Ներկայացուեցան նաեւ ընթացիկ ձեռնարկները ու 2018ի «Ջուրը Կեանք Է» խորագիրով ծրագիրը, որուն նպատակն է ոռոգման ջուր ապահովել գիւղական համայնքներուն։
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տարեկան պատկերասփիւռային դրամահաւաքի սեմին, հիմնադրամի տեղական մարմինները տարբեր երկիրներու մէջ դրամահաւաքի նման միջոցառումներ կը կազմակերպեն: Գանատահայերու հաւաքած գումարը պիտի նուիրուի Նոյեմբեր 23ին կայանալիք դրամահաւաքին, որ այս տարի կը կրէ «Բերքառատ Արցախ» խորագիրը՝ նպատակ ունենալով Արցախի մէջ ոռոգման համակարգի կառուցումը եւ արեւային ուժանիւթի կայաններու տեղադրումը: