Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Դեկտեմբեր 9-ին նախատեսուած Հայաստանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու սեմին ենք: Այս ընտրութիւնները կը խոստանան վճռականօրէն փոխել երկրի քաղաքական համայնապատկերը, յուսալով, որ աւելի բաց, ընդգրկուն, համապարփակ, արդար եւ թափանցիկ ուղղութեամբ ընթանայ: Ակնյայտ է, որ կ՛ապրինք անկիւնադարձային օրեր:
Հայ ժողովուրդը եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը, արժանավայել յեղափոխութեամբ, դէպի արդար եւ փայլուն Հայաստանի յոյսը ներշնչեց համայն հայութեան մէջ։ Սակայն, այսօր՝ եօթ ամիսներ ետք, որոշ մտահոգիչ երեւոյթներ ի յայտ եկած են: Բոլորովին տարբեր երեւոյթ կը պարզէ նախապէս ընդդիմադիր Փաշինեանը՝ պետական գործիչ Փաշինեանէն: Հիացում եւ սքանչացում ստեղծած էր ընդդիմութիւնը, կազմակերպելով զանգուածային հաւաքներ ու ցոյցեր: Մինչդեռ այսօր, ղեկավարութեան վրայ գտնուող նոյնինքն ընդդիմութիւնը այդ միեւնոյն դուխով եւ յստակ ու հետեւողական ուղիով չ՚ընթանար:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր կարգին մտահոգուած է այս կացութեամբ, յատկապէս նկատի ունենալով եւ առաջնահերթօրէն կարեւորելով արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան ոլորտները: Դեռ յստակ չէ, թէ Փաշինեան ինչպիսի՞ քաղաքականութիւն պիտի որդեգրէ Արցախեան հիմնահարցի առնչութեամբ: Նաեւ նոյնքան անյստակ է, թէ ինչպիսի՞ կողմնորոշում պիտի կիրարկէ միջազգային յարաբերութիւններու բնագաւառին մէջ: Հակառակ այս գծով կատարած կարգ մը արտայայտութիւններուն, ներկայ ղեկավարութիւնը կ՛անհանգստացնէ շատեր, որոնք խոր մտահոգութեամբ կրնան հարցադրել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս կազմով եւ այս գործընթացով, ամենադոյզն խոչընդոտներու պարագային, պաշտպանել սահմաններն ու ազգային շահերը:
Ներկայ ղեկավարութեան ստեղծած անորոշութիւնն ու մտահոգութիւնը միեւնոյնն են նաեւ ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ: Պարզ ու մեկին յստակ չէ, թէ օրին նոր-ազատական (նէօ-լիպերալ) Փաշինեանի արտայայտած դրուատելի ազատամիտ գաղափարները արդեօք կը գերակշռե՞ն անոր ազգայնական գաղափարներուն եւ գործընթացին վրայ:
Այս պատճառներով, Հ.Յ.Դ.-ն որոշած է մասնակցիլ այս ընտրութիւններուն, եւ այս անգամ առանձին կը մասնակցի, ո՛չ մէկ կուսակցութեան կամ խմբաւորման հետ գործակցելով: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պիտի գործէ հիմնուելով իր սկզբունքներուն վրայ:
Հոս տեղին է կէտ մը յստակացնել: Բարեբախտաբար, վերստին սակաւապետութեան (օլիգարխիա) օրերուն դառնալու որեւէ վիճակ չկայ։ Նախկին վարչատիրական ղեկավարութիւնը պատմութեան անցեալի մութ էջերուն մէջ մնացած է եւ կարելի չէ նոյնիսկ ամենադոյզն փորձը կատարել:
Անցեալի էջերը փակելով, յանուն ապագայի մտածելով, հաստատօրէն յստակ է, թէ անորոշութիւն կը տիրէ:
Հաւանաբար հոս է, որ Հ .Յ. Դաշնակցութիւնն ու նմանօրինակ կառուցողական ընդդիմադիր խումբեր ուղղակիօրէն դեր ունենան կերտելու իսկական եւ ուժեղ ժողովրդավարութիւնը: Կեղծիքներէ հեռու եւ հաստատ հիմերու վրայ արմատ նետած ժողովրդավարութիւն մը պէտք է ստեղծել: Եւ այս գծով, զարկ տալով երկխօսութեան եւ շինիչ բանավէճին, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը առաջնահերթ դեր ունի կատարելիք:
Այդ նպատակով ճամբայ ելած հայ ժողովուրդը ազատ քուէարկութեամբ պիտի արդարացնէ իր ընտրած ուղին։ Հուսկ, քուէարկել Դաշնակցութեան կը նշանակէ երաշխաւորել հզօր եւ արդար պետականութիւն։
«Հայրենիք»