Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ-ի այս կարգախօսը խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու նախընտրական փուլին, իրականութեան մէջ, իր իսկ էութեան ու անոր նշանակութեան եւ դերին արտացոլումն է:
Հաւատարմութեան գաղափարը վեր է ամէն տեսակի նեղ հաշիւներէ, պաշտօններէ: Հաւատարիմ ըլլալ հողին` կը նշանակէ պայքարիլ կարելի բոլոր միջոցներով, խորհրդարանէն ներս թէ դուրս, կառավարութեան կազմէն ներս թէ դուրս, աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներուն մէջ արիւնով նուաճուած հայրենի հողի իւրաքանչիւր թիզ պաշտպանելու համար` ռազմական, դիւանագիտական միջոցներով, օգտագործելով համահայկական լծակներն ու ողջ ներուժը, բայց մանաւանդ` չտարուելով ապատեղեկատուական այն պատրանքներով, թէ հող զիջողը տնտեսական առաւելութիւններ ձեռք կը բերէ, բարիդրացիական յարաբերութիւններ կը մշակէ: Խաղաղութիւնն ու բարիդրացիութիւնը, պատմութեան իսկ վկայութեամբ, պարտադրուած են իրաւունքներու փոխադարձ յարգանքով, ուժով, ոչ թէ` միակողմանի զիջումներու ճամբով:
Հաւատարիմ ըլլալ հողին` կը նշանակէ նաեւ ծաղկեցնել զայն, ունենալ անոր խլուած մէկ բաժինը վերադարձնելու տեսլականը, հետեւիլ հակառակորդի ծաւալապաշտական նկրտումներուն եւ չթերագնահատել զանոնք երբեք: Այս իրողութեան մէջ կը դրսեւորուի «զարգանալ առանց զիջելու» ՀՅԴ առաջադրանքին ողջ իմաստը:
Հաւատարիմ ըլլալ հայուն` կը նշանակէ պատրաստակամութիւնն ու յանդգնութիւնը ունենալ ծառայելու ժողովուրդին, անսալու անոր արդար պահանջներուն, վանելու ժողովուրդին հաշուոյն հարստութիւն կուտակող քաղաքական գործիչներն ու մենաշնորհեալները` արդար հասարակարգ ստեղծելու եւ ազգային եկամուտի արդար բաշխումը ապահովելու համար:
Այս բոլորին իրագործումով կարելի է յագուրդ տալ ժողովուրդին պահանջներուն, վերացնել իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ տարիներու ընթացքին յառաջացած հեռաւորութիւնը:
ՀՅԴ-ի ընտրարշաւին կարգախօսը յանձնառութեան դրսեւորում մըն է, երկրին ու ժողովուրդին ազգային, ընկերային ու տնտեսական շահերն ու անոնց սպառնացող վտանգները նկատի ունենալով` վերանորոգ աշխատանքով քաղաքական դաշտին մէջ գործուն ու ազդեցիկ իր ներկայութիւնը շարունակելու, համահայկական իր կառոյցով նոր թափ ու երանգ տալու ՀՅԴ-ի գործունէութեան` հաւատարիմ հողին… հողերուն, հաւատարիմ հայուն… հայութեան:
kantsasar.com