կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-11-28 16:55
Հասարակություն

ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ն կոչ է անում Հայաստանում հաստատված լիբանանահայերին` քվեարկել հողին ու հային հավատարիմ կուսակցության օգտին

ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ն կոչ է անում Հայաստանում հաստատված լիբանանահայերին` քվեարկել հողին ու հային հավատարիմ կուսակցության օգտին

Դէմ յանդիման կը գտնուինք մեր երկրի ու Ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն հանգրուանը ուղենշող Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն, որոնք առաջինն են Հայաստանի մէջ խորհրդարանական վարչակարգի հաստատումէն ետք:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը, պատմական պահու պատասխանատուութեան գիտակից, ընտրութիւններուն կը մասնակցի ամբողջ ներուժով, հակառակ ընտրութիւններու թուականին եւ նախընտրական մթնոլորտին կապուած իր լուրջ վերապահութիւններուն:

Իբրեւ քաղաքական ինքնուրոյն ուժ, Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն կը մասնակցի առանձին, գլխաւոր զրահ ունենալով նախընտրական իր ծրագիրը, որ խարսխուած է բարոյականութեան եւ արդարութեան սկզբունքներու վրայ, ազգային արժէքներու պահպանման եւ ընկերային արդարութեան պաշտպանութեան նախանձախնդրութեամբ:

Արդարեւ, Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ Մայիսեան ժողովրդային շարժումը շատ բան փոխած է մեր կեանքին մէջ: Անցեալի էջը փակուած է ընդմիշտ եւ մեր ժողովուրդը, Սփիւռք թէ Հայաստան, յուսալից է, որ գալիք Ազգային Ժողովը նոր մղում պիտի տայ Հայաստանի ժողովրդավարականացման ընթացքին, փտածութեան եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարին, օրէնքի եւ արդարութեան պետութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ` հայրենիք-Սփիւռք կապերու յաւելեալ սերտացման:

Իբրեւ ազգային, ժողովրդավար, ընկերվարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն, Դաշնակցութիւնը վաղուան Հայաստանի իր պատկերացումները եւ զանոնք իրականացնելու միջոցները բանաձեւած է նախընտրական իր ծրագիրով, որ յստակ, գործնական ու տրամաբանական առաջարկներով կը ճշդէ արդիւնաւէտ եւ լայնածիր բարեփոխումներով հզօր եւ արդար հայրենիք ունենալու, Արցախը ապահով ու բարգաւաճ տեսնելու համազգային պահանջը, որուն կենսագործման առաջին քայլերը կը սկսին այս ընտրութիւններուն մեր ժողովուրդին մեծաթիւ մասնակցութեամբ եւ կուսակցութեան թեկնածուներուն անվերապահ աջակցութեամբ:

Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ 9 Դեկտեմբերի ընտրութիւնները պիտի հունաւորեն մեր երկրի զարգացման ապագան եւ Արցախի հարցին լուծման ճակատագիրը, որ է եւ կը մնայ անբաժանելի մէկ մասնիկը Հայկական Հարցին եւ Հայ Դատին:

Առ այդ, նկատի ունենալով արտահերթ այս ընտրութիւններուն կենսական նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի աշխատանքներուն եւ իր կարողութիւններն ու կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ հայրենի մեր կազմակերպութեան ընտրական աշխատանքներուն յաջողութեան:

Միաժամանակ, Կեդրոնական Կոմիտէն կոչ կ’ուղղէ հայրենի հայութեան ընդհանրապէս եւ Հայաստան հաստատուած լիբանանահայերուն յատկապէս, 9 Դեկտեմբերին անվերապահօրէն մասնակցելու Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն եւ քուէարկելու «հողին ու հային» հաւատարիմ կուսակցութեան` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ի խնդիր ազատ մարդու, պատասխանատու պետութեան եւ հզօր հայրենիքի կերտման մեծ տեսլականին իրականացման:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
28 Նոյեմբեր 2018