կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-10-31 12:46
Հասարակություն

Ուիլսոնյան սահմաններով միացյալ Հայաստանը է՛ր, է՛ և պիտի՛ մնա իրականանալի եռանպատակ տեսլական. ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ

Ուիլսոնյան սահմաններով միացյալ Հայաստանը է՛ր, է՛ և պիտի՛ մնա իրականանալի եռանպատակ տեսլական. ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ

Այս տարի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միության` ՀՄԸՄ-ի 100-ամյակն է: Այս առիթով Հայրենիքում և աշխարհի տարբեր անկյուններում նշվեց և դեռ շարունակվում է մեծ շուքով նշվել միության հոբելյանը:

Արևմտյան Ամերիկայում կայացել է ՀՄԸՄ-ի 100-ամյակին նվիրված հերթական միջոցառումը: Ներկայացնում ենք ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Հակոբ Խաչերյանի խոսքը:

1960-ի ցուրտ ձմրան կանուխ առաւօտ մը, 6-ամեայ պատանի մը արագ քայլերով վար կու գայ Հալէպի Ազիզիէ թաղամասի աստիճաններէն եւ կ՛ուղղուի քիչ հեռու կանաչ երկաթ-դռներով դաշտը:

Այլոց կարգին, հոն են իր դասընկերներէն մի քանին: Կը սպասեն, որ եղբ. Յովհաննէս դռները բանալով` արտօնէ ներս մուտքը:

Անձկութեամբ կը փորձէ վերյիշել քիչ ետք կատարուելիք ընթացակարգը, որ իրեն փոխանցած էին Ազգ. Հայկազեան վարժարանի աւելի բարձր դասարաններու ՀՄԸՄ-ական աշակերտներ:

Դեռ քիչ առաջ մօր օգնութեամբ վրայ դրած էր տարազ մը, որուն վրայ կարուած էր տակաւին իրեն համար անհասկնալի «նշանակ» մը` երեք գոյներով ու գլխուն դրուած` ոչ սովորական գլխարկ մը:

Տան դռնէն դուրս չելած, ամէն օրուան սովորութենէ տարբեր, մայրը ա՛յս անգամ համբուրած էր ճակատը:

Չ՛ուշանար շարք բռնելու… Պալուի անմեղ հայեացքին տակ կոկուիլը… Հանգի՛ստ/պատրա՛ստ… Պատուի ա՛ռ…

Աչքերը յառած դաշտի անկիւնը սիւնի վրայ բարձրացած երեք գոյնով (եռագոյն) դրօշին` երկու մատները կը տանի բարձր ճակատին:

Ու…

Մուտք կը գործէ` զինուորագրուելով ազգային աւանդներու պահապան նահատակ ցեղի անմահներու կամաւոր բանակ:

ՀՄԸՄ-ի իմ անդամակցութեանս այս յուշերը յար ու նման են հոս` այս սրահին մէջ հաւաքուածներուս մեծամասնութեան անզուգական այս միութեան անդամակցութեան պատմութեան:

Միութիւն մը, որ դար մը ամբողջ իր պատասխանատուութիւնը համարեց հայ մարդը կերտելը:

Միութիւն մը, որ իր հիմնադրութենէն մինչեւ յաղթական տողանցքներ կատարեց ազատ ու անկախ հայրենիքի մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ու Բիւրականի մէջ` բանակումներ, կտրեց երկար ու տագնապալից ճամբայ:

Բայց այն, որ արժանապատիւ հմայքով կտրած է այդ ճամբան, կը մնայ անվիճելի:

Կազմեց մարզական խումբեր, տարազաւորեց մարզիկները եռագոյնով, կամ անոնց տարազի կուրծքին մի՛շտ պահեց եռագոյն վահանը, կատարեց մրցումներ ու քաղեց տիտղոսներ:

Բայց բնա՛ւ չճակատեցաւ մրցակիցին դէմ, այլ միշտ փորձեց կենդանի պահել իր ու զինք շրջապատող համակիրներու մօտ յաղթանակ կերտելու հայու ոգին, հայու կարողութիւնը` սրբելու մրուրը ազգի դաժան պատմութեան ընթացքին պարտուած բոլոր ճակատամարտերուն…

Կազմեց սկաուտական շարքեր, անոնց տարազը զարդարեց եռագոյն նշանակով ու Արարատով, կազմակերպեց բանակումներ ու պատուով տողանցեց եռագոյն դրօշը գլուխներէ բարձր ծածանած:

Բայց բնա՛ւ չտողանցեցին անոր սկաուտն ու արենուշը կամ գայլիկն ու արծուիկը կամ երէցն ու պարմանուհին` կատարելու համար սկաուտական վարժութիւն, այլ կուռ շարքերով ու խրոխտ քայլերով սփիւռքի տարածքին ցիրուցան հայ ժողովուրդի հարիւր հազարաւոր զաւակներու մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ կենդանի պահեցին հայոց ազգային բանակ ունենալու երազը:

Եւ դեռ աւելի՛ն.

Մարմնակրթական առաքելութեան լծուած այս մեծ միութիւնը, աստիճան առ աստիճան նուաճեց հայկական միութիւններու մէջ ամէնէն մարդաշատ եւ ամէնէն տարածուած կազմակերպութիւն ըլլալու այսօրուան պատկերը: Թաղերէն ու ակումբներէն մինչեւ գաղութային – շրջանային կառոյցներ եւ անկէ ետք նաեւ շրջանները իրարու միացնող կառոյցներով համագաղութային եւ ապա համահայկական միութիւն, ՀՄԸՄ-ը իրաւամբ վաստակեցաւ բոլորի՜ն, համա՛յն հայութեան մեծագոյն կազմակերպութիւնը դառնալու հանգամանքը: Եւ այս համահայկականացումը ծառայեց մէկ ազգի գաղափարի առաւե՛լ զարգացման ու կերտման: Այո՛, ՀՄԸՄ-ը լիապէս իր կառոյցով, գործադաշտով եւ առաջադրած նպատակներով եղաւ հիմնական գործօններէն մին մէ՛կ ազգի գաղափարի շուրջ միաւորման:

Այսօր արեւը մար չի մտներ ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած կազմակերպութեան վրայ, եւ Աւստրալիայէն մինչեւ Ամերիկա, մինչեւ Եւրոպա ու Միջին Արեւելք` անցնելով Հայաստանի Հանրապետութենէն, ՀՄԸՄ-ի արեւը մայրամուտ չի տեսներ: ՄԻՇՏ ԱՐԹՈՒՆ Է ՀԱՅԿԻ ԱԶԳԸ` ՀՄԸՄ-ով:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումին առընթեր, զարգացան նաեւ ՀՄԸՄ-ի վերահայրենացումի աշխատանքները: Այս մէկը նոր շրջանի մը մէջ սովորական-ընթացիկ կառոյց մը հիմնելու չէր նմաներ:

Այս մէկը ՎԵՐԱԴԱ՛ՐՁ էր:

Վերադարձ հողին, հայրենիքին, արմատներուն: Այնտեղ, ուրկէ վտարանդի դարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ը` Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներուն հետ, քաղաքական պայմաններու շրջադարձային փոփոխութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Եւ պատահական չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեայ յոբելեանները կը նոյնանան ժամանակի իմաստով: Հայկական Պոլսոյ մէջ ստեղծուած ՀՄԸՄ-ը շուտով, նոյն տարին իսկ կ՛արմատաւորուէր անկախ հայրենիքի մէջ եւ անկէ կը հեռանար ակամայ, խորհրդային իշխանութիւններու հաստատման պատճառով: Դարձեալ ամենագերադասելի միջավայրը վերադառնալու համար, երբ հայրենիքը հազիւ անկախացման գործընթացներ ցոյց կու տար: Անմնացորդ հայրենիքին, Արցախի ազատագրութեան դատին ծառայելու համար առաջին ՀՄԸՄ-ականներու արիւնը կը խառնուէր արցախեան ազատամարտին ինկած նահատակներու արեան: Մինչ սփիւռքի մէջ կազմաւորուած ՀՄԸՄ-ականը կը փութար հասնելու Շուշիի ազատագրութեան գործին, եւ ապա հանգչելու Եռաբլուրի մէջ հանգչող հայրենի  ՀՄԸՄ-ականին կողքին: Այսպէս էր դաստիարակութիւնը, այսպէս էր փոխանցումը ՀՄԸՄ-ականներուն:

Նոյն գաղափարախօսութեան հանդէպ տածուած հաւատքն էր, որ ՀՄԸՄ-ի բոլոր շրջանները առաջնորդեց հայաստանեան բանակավայր, այնտեղ նաեւ պատուի կանգնելու ազատօրէն ծածանող հայոց եռագոյնին դիմաց: Այնտեղ կազմակերպելու համար միջ-ՀՄԸՄ-ական մրցախաղեր` այդպիսով նաեւ հայաշխարհի երիտասարդութիւնը ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ համախմբելու, կողք կողքի մրցելու եւ միասին յաղթելու համար:

ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՆՑԵԱԼ…

Յիշելն ու հպարտանալը մեր 100 տարուան անցեալով` կը պարտաւորեցնէ բոլորս երախտագիտութեան ազնուագոյն զգացումներով վարձքը կատար ըսել ննջեցեալ կամ տակաւին մեր շուրջ գտնուող վաստակաշատ մեր բոլոր քոյր-եղբայրներուն, որոնք հիմնեցին եւ գոյատեւումն ու զարգացումը ապահովեցին այս անզուգական հնոցին, ուր մենք ստացանք եւ տակաւին մեր զաւակներն ու թոռները պիտի ստանան իմացական եւ հոգեկան բարձր արժանիքներու տէր հայեր դառնալու ամէն յատկանիշ:

Անցեալի իրագործումներու եւ յաջողութիւններու առթած հպարտանքի եւ ներաշխարհի ալեկոծումներէ հեռու, ՀՄԸՄ-ի պատուաբեր անցեալը պարտաւորեցնող է նաեւ բոլորիս` այսօր` նոր 100-ամեակի շեմին, լարելու մեր կամքն ու միտքը, իրապաշտօրէն կշռելու մեր հնարաւորութիւնները եւ նոր աշխարհի ու ժամանակաշրջանի ընձեռած բոլոր կարելիութիւններով ծրագրելու մեր միութեան ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՆ:

Այս տրամաբանութեամբ, ապագայի մեր ռազմավարական եւ մարտավարական յատակագծումներու հիմք պէտք է նկատուին հետեւեալ սկզբունքները.

1.- Նկատի ունենալով իր յատկանիշներուն համայն հայութեան կողմէ ընդունելի եղած ըլլալը` հարիւր տարուան ընթացքին իր հարազատութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ կամաւոր ծառայութեամբ ամենաժողովրդական այս կազմակերպութիւնը մեր բոլորին զանգուածային յենասիւնին վերածուած է:

ՀՄԸՄ-ը, որ ազգային արմատներու կառչած միութիւն է եւ էովին այդպէս դաստիարակած` իր անդամները, այսօր իր գործունէութիւնը չի կրնար եւ պէտք չէ սահմանափակէ միայն միութենէն ներս սկաուտական կամ մարզական կարգավիճակներով: Այսօր աւելի քան անհրաժեշտ է, որ ՀՄԸՄ-ը, աւելի կազմակերպ միութեան վերածուելով, յատկապէս մեր գաղութային կեանքին նոր աւիշ, նոր մարդուժ, նոր կենսունակութիւն ապահովէ: Ազգային, միութենական, հոգեւոր ու մարդկային դաստիարակութեամբ կերտուած մարդոց այս շտեմարանը անհրաժեշտ է, որ միութեան կառուցային վերամշակումով ու նոր գործադաշտի – գործառոյթներու սահմանագծումով տրամադրուի ու տրամադրէ նաեւ իր երէց վեթերան քոյրերու եւ եղբայրներու տասնեակ հազարաւոր մարդուժը մեր ազգային հաւաքական կեանքի հետզհետէ ահագնացող մարտահրաւէրներու դիմակայման:

2.- Այսօրուան աշխարհի ներկայ գործընթացները, համաշխարհայնացման հսկայական ալիքները մեր ժողովուրդը կը հեռացնեն իր աւանդական բարքերէն, կը միտին կազմաքանդել կառոյցները, չէզոքացնել գաղափարները: Այսօրուան աշխարհի տրամաբանութիւնն ու զարգացումի եղանակները ամբողջ աշխարհի երիտասարդութեա՛ն վրայ նաեւ կը ձգեն իրենց ազդեցութիւնը` ազգային ինքնութենէ պարպելով զայն:

Զուտ սկաուտական եւ մարզական առաքելութեան առընթեր, այսօր նաեւ երիտասարդութիւնը համախմբելու, մեզմէ հեռու երիտասարդ խաւը ներգրաւելու ու դէպի հայկական-ազգային արմատներ ուղղելու խնդիր ու հրամայական է դրուած ՀՄԸՄ-ական երիտասարդութեան առջեւ: Աւելի ճիշդը` «Արի արանց» երիտասարդական շարքերու կողքին ու նոյն գաղափարական ենթահողով գործող ամենաերիտասարդ միութեան` ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր միաւորներու առաքելութիւնն է մեր նորահաս սերունդներն ու երիտասարդութիւնը համաշխարհայնացման ալիքէն փրկելը` ազգային աւանդներու պահպանումով ու գուցէ ամենաարդիական միջոցները որդեգրելով: Հարիւրամեայ այս աւանդապահ եւ արժէքապահ միութեան վստահուած է այս նորօրեայ առաքելութիւնը: Առաքելութիւն, որ պիտի նպատակադրէ մեր ազգային ու հոգեւոր ոտնահարուած ու ամէն օր ոտնահարուող սրբութիւնները` կրօն, մշակոյթ, լեզու, բարքեր, աւանդ ու ժառանգութիւն վերադարձնել իրենց պատուանդանին, գուրգուրալ անոնց վրայ եւ շարունակել անոնց խորհուրդները փոխանցել ոչ միայն ՀՄԸՄ-ական, այլ ընդհանրապէս հայոց երիտասարդ սերունդներուն:

3.- Ազգային տեսլականները վառ կը մնան, կը բոցավառին, մինչեւ այն ատեն որ զանոնք առաջնահերթ կարեւորութեամբ ժողովուրդներու հաւաքական յիշողութեան եւ հաւաքական ապրումներուն մաս կազմել տուող միութիւններ եւ համախումբ ու կազմակերպուած կառոյցներ զանոնք կը հետապնդեն:

ՀՄԸՄ-ը մնայուն ու հետեւողականօրէն  պահակը եղած է ազատ ու անկախ Հայաստանի խորհուրդներուն: Անվերապահօրէն  իր պահակի հանգամանքը ՀՄԸՄ-ը պատուով կատարած է ահաւասիկ հարիւր տարիէ ի վեր:

Այսօր, սակայն, քաղաքական պայմաններով, Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ իշխանութիւններուն եւ ընդհանրապէս հայաշխարհի մէջ գործող աւանդական եւ նորաստեղծ քաղաքական ուժերուն կողմէ երկրորդ կարգ մղուած է միացեալ Հայաստանի տեսլականը:

Հայ ժողովուրդին համար ուիլսընեան սահմաններով ամբողջական (իմա՛ միացեալ) Հայաստանը է՛ր, է՛ եւ պիտի՛ մնայ իրականանալի եռանպատակ տեսլական:

Ամբողջական Հայաստանի տեսլականը երիտասարդութեան մէջ վառ պահելու եւ ժողովուրդի մէջ ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը դէպի այդ տեսլականը հունաւորելու դերը այսօր եւս իր ուսերուն պէտք է վերցնէ առաջին հերթին ՀՄԸՄ-ը:

ՀՄԸՄ-ը դեռ շատ վաղուց, 1940-ականներէն, Անդրանիկ Ծառուկեանի գրիչով կատարած էր այդ տեսլականը իրականացնելու իր խոստումը` ուխտելով Արարատին.

«Եւ հաւատա՛, կրանիթեայ ո՛վ աստուած, սրբազա՛ն լեռ, հաւատա՛,
որ կը հասնի՛նք, մենք կը հասնի՛նք կատարիդ…»

Ու այդ խոստումին հաւատարիմ իրերայաջորդ ՀՄԸՄ-ական սերունդներ պէ՛տք է ու պիտի՛ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը մինչեւ ա՛յն օր, երբ Բագաւանի շրջապատը մեր մարզիկները վերակենդանացնեն «Առաւօտն նաւասարդ»-ի ու մեր սկաուտական շարքերը վառեն ՄԵ՛Ծ խարոյկը սահմաններէն անդին` Սրբազան Լերան լանջերուն, կանչեն Հայկ նահապետը, Մեսրոպ Մաշտոցը, Քաջն Վարդանը, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչ Արամ Մանուկեանն ու բոլո՛ր, բոլո՛ր մեր անցեալի այրերն ու ՀՄԸՄ-ականները ու իրենց աչքերը յառած Արարատի գագաթին` բարձրաղաղակ երգեն.

«Յառա՜ջ, յառա՜ջ, յաղթակա՛ն ցեղի անմահներ»:

28/10/2018
Լոս Անճելըս