կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-07-21 14:58
Հասարակություն

Եղիշէ Չարենցի Քրիստափորը, «Հըդահիւն»ը եւ «Խան Բանոտը»ը

Եղիշէ Չարենցի Քրիստափորը, «Հըդահիւն»ը եւ «Խան Բանոտը»ը

Աղբյուրը՝ arfd.am

Երբ կը պատրաստուինք անխառն հպարտութեամբ դիմաւորելու մեր հանրապետութեան հարիւրամեակը, պարտաւոր ենք կառչած մնալու մեր պատմութեան հարազատութեան։ Սեփական պատմութենէն կտրուիլը ահաւոր է ժողովուրդի մը համար։ Ան կը կորսնցնէ իր հաւաքական յիշողութիւնը. կ՚այլասերի անոր ազգային նկարագիրը. կը վերածուի ազգային իտէալներէ զուրկ հաւաքականութեան։

Մեր ժողովուրդը ապրեցաւ այդ ահաւորութեան փորձառութիւնը խորհրդային տարիներու բռնատիրութեան տակ։ Բայց տոկաց ու դիմադրեց մեր պատմութիւնը խորթացնելու պոլշեւիկեան ճիգերուն։ Այս պայքարին մէջ ժողովուրդին միացաւ մեր մտաւորականութեան բացառիկը՝ Եղիշէ Չարենցը։

Չարենց ե՛ւ հանճար էր եւ յանդգնութիւն։ Ի դէմ պոլշեւիկեան ապազգայնացման սադրանքներուն, իր կեանքի վերջին տարիներուն ան վերագտաւ ազգային ինքնաճանաչողութեան իր արմատները։ «Նացիոնալիստական» եւ «Դաշնակցական» պիտակաւորուելու գնով ան վերակապեց մեր պատմութեան շղթայի օղակները։ 1933-ին գրուած իր «Գիրք Ճանապարհի»ն կենդանի վկայարանը կը հանդիսանայ Չարենցեան ազգային ինքնաճանաչողութեան։

«Գիրք Ճանապարհի»ին մէջ Չարենց միաձուլեց մեր ներկան՝ մեր անցեալին ու ապագային հետ։ Հոն տեղադրուած գրութիւնները մէկական ճամբորդութիւններ են ներկայէն անցեալ ու ապագայ։ Կոմունիստական բռնատիրական ու այլամերժական դրութեան ներքեւ նման «ճամբորդութիւն» ոչ միայն խափանելի էր, այլեւ վտանգաւոր։ Միայն Չարենց, իր յեղափոխական յանդգնութեամբ, կրնար նման «ճամբորդութիւն» կատարել՝ ազգային ներկայէն դէպի անցեալ ու ապագայ։

Եւ Չարենց սովորական յեղափոխական չէր։ Պարոյր Սեւակի իսկ բնորոշումով, «Յեղափոխութիւնը նրա համար ոչ թէ կեցուածք էր, ինչպէս շատերի համար, այլ պարզապէս կեցութիւն։» Այս յեղափոխական «կեցութեան» արգասիքն էր «Գիրք Ճանապարհի»ն, իսկ հոն տեղ գտած բանաստեղծական չորրորդ կտորը՝ «Մահուան Տեսիլ»ը Չարենցի ազգային «ճամբորդութեան» թագադրումն է։

«Մահուան Տեսիլ»ը մեր ազգային ազատագրական պայքարի շրջանի դիւցազներգութիւնն է, ուր կը ներկայացուի մեր նորագոյն պատմութիւնը՝ իր յաջողութիւններով եւ ողբերգութիւններով։ Չարենցի «տեսիլը» մեզի կը տանի ետ՝ մեր ազատագրական մարտնչումներուն, հասնելով մինչեւ մեր նոր «Քաղաքական Անօթ«ին՝ Հայաստանի անկախութեան, եւ եզրակացնելով ՝ «պայծառ գալիք»-ի ակնկալութիւններով։

«Մահուան Տեսիլ»ի ճամբով Չարենց պարզապէս կը գաղափարականացնէր մեր մօտիկ անցեալի մահացումներուն իր տեսիլը։ Նկատի ունենալով տիրող կոմունիստական պայմանները, «Մահուան Տեսիլ»ը այլաբանականօրէն ներկայացուած անանուն մարդոց ու անանուն դէպքերու մասին է։ Ուշադիր ընթերցանութեամբ թափանցիկ կը դառնան այլաբանութեան մարդոց ու դէպքերուն ինքնութիւնը։

«Տեսիլ»ը Չարենցին ճամբորդութիւնն է դէպի «գետին» միւս ափը, դէպի Երկիր՝ Արեւմտեան Հայաստան։ Նաւարկելով դէպի անցեալ, Չարենց կը հանդիպի «այլանդակ» արարածներու, որոնք մեր ազատագրական պայքարի ռահվիրաներն են՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Րաֆֆի, Գրիգոր Արծրունի, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Քրիստափոր, Ռոստոմ, Զաւարեան, Աւետիս Ահարոնեան, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ… բոլորը։

Հակառակ պոլշեւիկեան հակադաշնակցականութեան, տեսիլի ճամբով Չարենցի յանդգնութիւնը կը հասնի բացարձակութեան, երբ ան կը հանդիպի Դաշնակցութեան առաջնորդներուն եւ յեղափոխականներուն։

Այսպէս, Չարենցի ճամբորդութիւնը կ՚ուղղուի անտառին բացերը, ուր ան կը ներկայացնէ իր յեղափոխականներու տեսիլը։ Հոն է որ ան դէմ յանդիման կու գայ հայկական յեղափոխութեան քրմապետին՝ Քրիստափոր Միքայէլեանին, ինչպէս նաեւ մնացեալ յեղափոխականներուն։

Յենելով այլաբանական ոճին, անտառի մէջ իր տեսածը կը նկարագրէ, «Թւում էր, թէ վառել են այնտեղ մի հսկայ տօնական խարոյկ:» Այս «տօնական խարոյկը» հայկական յեղափոխութիւնն է։

Ապա, ան հոն կը տեսնէ «ոսկորի ու մսի» կոյտ մը։ Այս տեսիլը Քրիստափոր Միքայէլեանն է, որուն, Վիտոշի մէջ ռումբի պատրաստութեան ընթացքին մահուան հետեւանքով, Չարենց հետեւեալ այլաբանութեամբ կը ներկայացնէ.-

«Երբ մի քիչ երկար նայեցինք ոսկորի ու մսի այդ կոյտին –
Տեսանք, որ կմախք է դա մի՝ գլխի տեղ՝ երկաթեայ մեքենայ,
Ձեռքերը տեղերից պոկած, գլուխը հագցրած ոտին,
Իսկ սրտի փոխարէն – կրծքում պողպատեայ զսպանակ դրած:»

Չարենց խօսքը կու տայ Քրիստափորին, որ կը բացատրէ հայկական յեղափոխութեան պատրաստութիւնը.-

«Աշխարհում որոճում էի ես խոհեր կռուի ու մահի
Եւ գլխի փոխարէն ունէի մեքենայ՝ շինուած թիթեղից:»

Մեր յեղափոխականներուն եւ ֆետայիներուն ակնարկելով, Քրիստափոր կ՚ըսէ, «Մեր երկրի արի այրերից կազմեցի ես մե՛ծ մի բանակ»։ Ու կը շարունակէ, «Եւ մեր սեւ դրօշի վրայ գրեցի «Հայրենիք կամ Մահ», այսինքն՝ կարմիր դրօշի վրայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան նշանաբանը՝ «Ազատութիւն կամ Մահ»։

Քրիստափոր կը շարունակէ, «Ուխտեցի ըմպել մի բաժակ բռնակալ Արքայի արիւնից:» Այսինքն՝ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի մահափորձը։

Բայց Քրիստափոր կլանուած է ձախողութեան մտահոգութիւններով, «Երբ յանկարծ մօտեցան նրան երկու այր՝ դէմքերով կաւիճ:» Այս երկու այրերն են Ռոստոմը եւ Սիմոն Զաւարեանը՝ «կրծքերին պղնձեայ նշան», այսինքն՝ Հ.Յ.Դ. զինանշանը։

Խրախուսելու համար Քրիստափորին, երկու այրերը կը սկսին կրկնել «Հըդահի՜ւն, Հըդահի՜ւն, Հըդահի՜ւն», այսինքն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, եւ «Խա՜ն Բա՜նո՜տ, Խա՜ն Բա՜նո՜տ, Բա՜նո՜տ», այսինքն՝ Խանասորի Արշաւանքը եւ Պանք Օթոմանի Գրաւումը։

Եւ այսպէս, Չարենցեան հանճարը տեսիլի ճամբով յանդգնութիւնը ունեցաւ հարազատ մնալու մեր պատմութեան։ Նոյնիսկ արհամարհելով պոլշեւիկեան սպառնալիքը, գովերգեց Դաշնակցութիւնը, Քրիստափորը, Սուլթանի Մահափորձը, Խանասորի Արշաւանքը, Պանք Օթոմանի գրաւումը, ֆետայիները, Ազատութիւն կամ Մահը…

Ներկայիս, երբ մեր հայրենիքը կը մտածէ ու կը գործէ ազատ պայմաններու տակ՝ զերծ պատմութիւնը կեղծելու երբեմնի բռնատիրական ճնշումներէ, պարտաւոր ենք անքակտելիօրէն կապուելու մեր պատմութեան հարազատութեան։ Հայրենի մտաւորականութեան եւ ղեկավարութեան պարտաւորութիւնն է անաղարտօրէն ներկայացնելու մեր հանրապետութեան պատմութիւնն ու անոր հիմնադիրները։

Չարենցի հանճարը կրնայ «անհաս փառքի ճամբայ» ըլլալ, սակայն հայրենի մտաւորականութեան համար Չարենցեան յանդգնութիւնը մեր պատմութեան նկատմամբ կրնա՛յ եւ պէ՛տք է ըլլայ վարակիչ։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Լոս Անճելըս
Յուլիս 20, 2017