Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Երկուշաբթի, 17 Յուլիս 2017ին, Երեւանի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի միացեալ նիստէն բխած յայտարարութիւնը բազմաթիւ ուշագրաւ կէտեր կը պարունակէ։ Յայտարարութիւնը տեղադրուած է ARFD.am եւ դաշնակցական մամուլի այլ էջերու վրայ ու կարելի է ամբողջութիւնը կարդալ հոն։
Յօդուածի մը սահմաններու մէջ կարելի չէ սպառիչ վերլուծումը կատարել հոն տեղ գտած կէտերուն եւ առաջադրանքներուն։ Սակայն կ’արժէ առանձնացնել քանի մը գաղափարներ, որոնք շատ բան կը խտացնեն իրենց մէջ։
Բայց նախքան այդ, պէտք է տեսնենք, թէ ի՛նչ ՉԿԱ՛Յ այս յայտարարութեան մէջ։
Հոն չկան երեմիական ողբեր, չկայ անէծք, չկան քուրջեր հագնելով գլխուն մոխիր ցանելու երեւոյթներ, չկայ հանրութեան մէջ վերջին տարիներուն գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար սրսկուող եւ համատարած «սինիսիզմ»ի հասնող թերահաւատութիւն (որ իրականութեան մէջ կ’առաջնորդէ անդամալուծումի, անյուսութեան), չկայ պարտուողականութեան յանգող «ասի այսպէս եկեր է, այսպէս ալ կ’երթայ» աժան ամբոխավարութիւն, չկայ սեփական ծուլութիւնը արդարացնելու միտող եւ խելամտութեան հակադրուող նոյնքան աժան քննադատութիւն (հակառակ այն իրողութեան, որ լուրջ քննադատութեան արժանի շատ բաներ կան մեր երկրին մէջ)։ Աւելորդ է ըսելը, որ յայտարարութեան մէջ չկան նաեւ լոզունգներ, կամ լոզունգային մօտեցումներ, որոնք առհասարակ յատուկ են ընտրական միջավայրին։
Ըսուածին վրայ աւելցնենք, որ հայկական իրականութեան մէջ (Հայաստան թէ Սփիւռք) կայ մարդոց որոշ խաւ մը, որ կ’առաջնորդուի «ինչքան վատ՝ այնքան լաւ» մտայնութեամբ։ Այս յայտարարութիւնը յուսախաբ պիտի ընէ նշեալ խաւը՝ մեր մատնանշած «չկայ»ներուն պատճառով…։
Ախտաճանաչումներու ժամանակը շատոնց անցեր է ու հիմա կարգը եկած է կացութիւնը դարմանելու, բարելաւելու նոր հանգրուանի մը։ Յայտարարութիւնը կ’արձանագրէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան՝ ծրագրային ֊ գաղափարական ենթահողին վրայ մշակուած այն աշխատանքային մօտեցումը, որ թէ՛ նախընտրական «փլաթֆորմով» եւ թէ՛ համախոհական կառավարութեան առաջնորդած համաձայնագրին խարիսխը կը կազմէ։
Այս յօդուածագրին համաձայն, հետեւեալ պարբերութիւնը կը խտացնէ մեր կեցուածքն ու տեսակէտը, թէ ի՞նչ են Հայաստանի մէջ մեր առաջնահերթութիւնները։ Այսպէս. «Մեզի համար առաջնահերթ են Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւնների անվտանգութիւնը, բոլոր ուղղութիւններով կայուն զարգացումը եւ երկրում սոցիալական (Ընկերային. Վ.Բ.) արդարութիւնը։ Մեր համոզումն է, որ այս փոխկապակցուած եւ փոխլրացնող ռազմավարական ուղղութիւնները՝ Անվտանգութիւն, Արդարութիւն, Զարգացում, ապահովելու են մեր երկրի ու հասարակութեան բնականոն զարգացումը, Հայաստանի ու հայութեան սարժանապատիւ տեղն ու դերը ազգերի ընտանիքում»։ Ապա անմիջապէս վերջ՝ «Կոալիցիայի մէջ Հ.Յ.Դ. մասնակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի համակարգային եւ խորքային համալիր բարեփոխումներ իրականացնելու եւ վերոնշեալ ռազմավարական ուղղութիւններով երկրի զարգացման համար»։
Տարբեր խօսքով, երկրի ներքին կացութիւնը շէնք ֊ շնորհք կարգի բերելը եւ ապահովութիւնը սերտօրէն առնչուած են իրարու. զանոնք կարելի չէ իրարմէ անջատաբար քննարկել ու լուծումներ առաջադրել։ Կարելի չէ կեդրոնանալ միմիայն արտաքին վտանգը դիմագրաւելու խնդրին վրայ. կարելի չէ կեդրոնանալ միայն ընկերային արդարութեան ու տնտեսական զարգացման գաղափարին վրայ, որովհետեւ թէ՛ ապահովութիւնը եւ թէ՛ ներքին կարգուսարքը արդարութեան ու տնտեսական բարգաւաճումի գաղափարին վրայ խարսխելը ամբողջութիւն են, իրարմէ անքակտելի են։
Քիչ մը աւելի զարգացնելով այս գաղափարը՝ երբ կը բացակայի արդարութիւնը (իր բոլոր մանրամասնութիւններով), երբ քաղաքացին պետութեան հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ ինքզինք կը զգայ իբրեւ խորթ զաւակ, երբ ան կը զգայ, որ ինք չէ տէրը երկրին, հետեւանքը միայն աղէտ կրնայ ըլլալ։ Արտագաղթը դեռ միայն տեսանելի աղէտն է։ Ատոր կը յաջորդեն այլ աղէտներ եւս, որոնք կը սպառնան մեր երկրի ազգային ապահովութեան։
Արդարութիւն եւ օրէնքի գերիշխանութիւն հաստատելու իմաստով ալ, պատահական չէ, որ այս յայտարարութեան մէջ երկու անգամ կը խօսուի փտածութեան (կոռուպցիա) դէմ պայքարի անհրաժեշտութեան, բայց մանաւանդ այդ նոյն պայքարը պետական կառոյցներով օժտելու գաղափարին մասին եւ որուն համար արդէն իսկ «հիմքերը ստեղծուած են», կ’ըսէ յայտարարութիւնը։
Մէկ խօսքով, յայտարարութիւնը իր մէջ կը խտացնէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան վերաբերումն ու պատկերացումները, որ ի՞նչ կը հասկնանք երբ կ’ըսենք «Զարգացում՝ առանց զիջելու»։ Իսկ երբ կը խօսուի «բնականոն զարգացում»ի մասին, ատիկա ժխտումն իսկ է միջազգային ելեւմտական շրջանակներու՝ տասնամեակներու հնութիւն ունեցող «շոք թերափի»ի գործելակերպին, որ մեր երկրի վերանկախացման անմիջապէս յաջորդած ամիսներուն աւեր գործեց ու աղէտ յառաջացուց։
Փակելէ առաջ՝ երկու կարեւոր կէտեր պէտք է նշենք։
Առաջին, այս յօդուածագրին համոզումով, յայտարարութիւնը, իր ներքին տրամաբանութեամբ ու գաղափարական հիմնաւորումով, նաեւ արդի հայ քաղաքական մտածողութեան կարեւոր ուղղութիւնները խտացնող փաստաթուղթ է։
Երկրորդ, ընթերցողը կրնայ հարցնել, թէ հոն չկա՞ն շեշտադրումի խնդիրներ, չկա՞ն կէտեր, որոնք յաւելեալ յստակութեան կը կարօտին, կամ, մինչեւ իսկ, չկա՞ն միտքեր ու առաջադրանքներ, որոնք պէտք է տեղ գտնէին հոն։
Յստակ է մեր պատասխանը. շա՛տ հաւանաբար։ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնները կամ կեցուածքները մարաց ու պարսից՝ քարի վրայ փորագրուած միտքեր չեն։ Մեր կանոնագիրը կը ճշդէ այդ կեցուածքներն ու վարքագիծը քննելու վայրը։ Եւ այդ ճշգրտումները, յստակացումները, շեշտադրումները կամ նոյնիսկ բացակայող առաջադրանքները կարելի է ամբողջացնել ա՛յն քննարկումին ընթացքին, որուն պիտի առաջնորդէ այս յայտարարութիւնը՝ Հ.Յ.Դ.ի յառաջիկայ Ընդհանուր ժողովին։ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ նման նախընթացներ կան (օրինակ՝ Կովկասեան նախագիծը, 1905ին, կամ 1924ի 10րդ Ընդհ. ժողովին նախորդած խորհրդաժողովին կողմէ մշակուած առաջադրանքները, «անելիքները», Պուքրէշի մէջ)։
Եզրակացնենք. Հ.Յ.Դաշնակցութեան այս յայտարարութիւնը կ’ընդգծէ այն փաստը, թէ ինչքան շատ գործ կայ ընելիք Հայաստանի մէջ եւ թէ ինչպէ՞ս պէտք մօտենալ այդ խնդիրներու լուծման մեծ թղթածրարին։ Կարդացէք եւ պիտի համոզուիք։
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
20 Յուլիս 2017
Լոս Անճելըս