կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-03-16 13:56
Հասարակություն

Ընտրակաշառքի և գաղափարի միջև կռիվ է հիմա

Ընտրակաշառքի և գաղափարի միջև կռիվ է հիմա

Աղբյուրը՝ Arfd.am

Երբեք չեմ սիրած Մեծն Բրիտանիոյ նախկին վարչապետներէն Ուինսթըն Չըրչիլը (ոչ ալ իր նախորդները կամ յաջորդները)։ Որովհետեւ ան ղեկավարն էր կայսրութեան մը, որուն վրայ «արեւը մար չէր մտներ»։ Այս յոխորտանքը ինքնին ամբարտաւանութեան մը ցուցանիշն է։ Կարծէք չի բաւեր բազմաթիւ երկիրներ ու ժողովուրդներ ստրկացնել (ինչպէս որեւէ կայսրութիւն), չի բաւեր անոնց բնական հարստութիւնները կողոպտել, հիմա ալ՝ յոխորտալ, թէ արեւը եւ այլն։ Ինչպէ՞ս համակրիլ կայսրութեան մը ղեկավարին։

Բայց եկէք ծուռ նստինք ու շիտակ խօսինք։ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի առաջին օրերուն, երբ Մեծն Բրիտանիոյ ղեկը յանձնուեցաւ մեր չսիրած մարդուն, ան ժողովուրդին ուղղուած իր ճառերէն մէկուն ընթացքին ոչ թէ կարագ ու մեղր, ոչ թէ բարգաւաճ կեանք ու երջանկութեան oվկիանոս, այլ՝ ուրի՛շ բան խոստացաւ։ Չըրչիլ ըսաւ (եթէ ոչ բառացի, բայց հետեւեալ միտքը). «Ես ձեզի ոչինչ կը խոստանամ, բացի արիւնէ եւ քրտինքէ»։ Բնականաբար Չըրչիլ ի մտի ունէր նացի Գերմանիոյ կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը եւ այդ օրերուն, Մեծն Բրիտանիան չափազանց ծանր կացութեան մէջ էր։ Վարչապետը կը փորձէր բարձրացնել թէ՛ իր բանակին եւ թէ՛ մանաւանդ իր ժողովուրդին մարտունակութիւնը, պայքարի ու դիմադրութեան ոգին։
«Պատերազմ» են նաեւ ընտրութիւնները, ուր գործածուող զէնքերը նախ գաղափարներն են, ապա՝ քուէաթերթիկը։

Աչքի առջեւ ունենալով Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները, պարզ աչքով իսկ տեսանելի է այն «տիեզերական» ճշմարտութիւնը, որ միայն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն է, որուն մշակած առաջադրանքները ունին գաղափարական հենք։ Միայն Դաշնակցութիւնն է, որ ունի գաղափարներ։ Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածով ըսած էինք, Հ.Յ.Դաշնակցութեան մշակած ու հանրութեան ներկայացուցած ընտրական ծրագիրին մէջ (Փլաթֆորմ) խոստումներ չկան, մանաւանդ՝ չակերտաւոր «խոստում» (այսինքն, մաքուր հայերէնով՝ կեղծիք), բան մը որ առատօրէն կարելի է գտնել իր մրցակիցներու պարագային։

Մինչդեռ Հ.Յ.Դ.ի հիմնական մրցակիցները, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, ոչ գաղափարական սկզբունքներ ունին, ոչ ալ հիմնաւորուած առաջարկներ։ Այլ, ունին առատ, շլացուցիչ ու մանաւանդ՝ անիրականանալի խոստումներ։ Օրինակի համար՝ «Ժողովուրդ ջան, Հայաստանի ընդերքը լեցուն է գազով ու քարիւղով»… Այս բոլորին կողքին նաեւ՝ առատ դրամական միջոցներ, որոնք կը գործածուին ոչ միայն ընտրական քարոզչութեան առնչուող անխուսափելի ծախսերուն, այլեւ մանաւանդ՝ ընտրողներուն քուէները գնելու, ընտրակաշառքի համար։ Այս ձեւով (այսինքն ընտրակաշառքով), խնդրոյ առարկայ կողմերը կը շարունակեն ապականել Հայաստանի քաղաքական դաշտը, կը բարոյազրկեն մեր ժողովուրդը ու կը խեղաթիւրեն անոր նկարագիրը ու այս ձեւով ալ՝ կը խորտակեն Հայաստանի անկախ պետականութեան հիմքերը։ Ի վերջոյ, ժողովուրդն է պետականութեան մը խարիսխը։
Իսկ վերջին տարիներուն երկրին ղեկը իրենց ձեռքին պահած կողմը, իր կարգին, ընտրական շլացուցիչ եւ բարձրորակ տեսահոլովակներով ժողովուրդին կը խոստանայ այնպիսի Հայաստան մը, ուր նոյնիսկ սկանտինաւիացին պիտի ուզէր ապրիլ…։ Է ընէիք, ինչո՞ւ չըրիք։ Ո՞վ արգիլեց, ո՞վ ձեր ձեռքը բռնեց, ո՞վ ձեր խոփին քար դրաւ։ Այս հարցումները հռետորական չեն, այլ իրենց թելադրանքը կը ստանան Հայաստանի մէջ պարզուած ընկերային ֊ տնտեսական ու այլ բնագաւառներու մէջ պարզուած անընդունելի վիճակէն։

Մեր նախորդ յօդուածով անդրադարձանք Հայաստանի ընկերային ֊ տնտեսական ու ներքին կառավարման բնագաւառներէն ներս Հ.Յ.Դ.ի ներկայացուցած առաջարկներուն, մատնանշելով նոյն այդ առաջարկներուն գաղափարական հիմքերը, որոնք կու գան Հ.Յ.Դ.ի ընկերվարական համոզումներէն ու Ծրագիրէն։

Հ.Յ.Դ.ի ներկայացուցած ընտրական ծրագիրին մէջ, վերջին բաժինը կ’առնչուի Արցախին ու այդ բաժինի մուտքին, հետեւեալը կ’ըսուի՝ շատ յստակ ու պարզ բառերով. «Մենք ձգտում ենք գոյատեւել որպէս ազգ, կերտել Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստան, ուստի հզօր, մեր անվտանգութիւնը երաշխաւորող պետութիւն կառուցելուն այլընտրանք չկայ: Մեր անկախ պետականութեան վերակերտումը սկսուեց արցախեան գոյամարտով, նրա գոյութիւնը պայմանաւորուած է արցախեան ճակատում մեր յաղթանակով: Յստակ պէտք է գիտակցել, որ չկայ առանձին Արցախի հարց: Արցախը Հայկական հարցի, Հայ դատի անբաժան մաս է: Այս հարցում մեր դիրքորոշումն անփոփոխ է՝ Արցախը պէտք է վերամիաւորուի Մայր Հայաստանի հետ: Արցախի անկախութիւնը մեզ համար մարտավարական նշանակութիւն ունեցող ժամանակաւոր լուծում է»:

Հ.Յ.Դ.ի այս կեցուածքը նորութիւն չէ։ Ասիկա խորքին մէջ նոյն կեցուածքն է, ինչ որ ունէր Դաշնակցութիւնը 1988էն շատ առաջ ալ, երբ տակաւին ոչ ոքի մտքէն կ’անցնէին 1988ի դէպքերը։ Այնպէս մը չէ, որ Դաշնակցութիւնը յանկարծ, քմահաճ կերպով, որոշեց Արցախին տիրութիւն ընելու վարքագիծ ճշդել։ Դաշնակցութեան այս վարքագիծը աւելի քան մէկ դարու կեանք ունի. մանաւանդ այն օրէն, երբ ազերի ամբոխը (այդ օրերուն կը կոչուէին կովկասեան թաթարներ) կը սպառնար ամբողջ Արեւելեան Հայաստանի հայութեան ֆիզիքական ապահովութեան։ 1905ի հայ ֊ թաթարական կռիւները այդ կը փաստեն։ Երկու տարի վերջ գումարուած Հ.Յ.Դ. չորրորդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրուած Ծրագիրը կը հաստատէր բառացիօրէն՝ «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը պաշտպանէ բովանդակ հայ ժողովուրդի շահերը»։ Իսկ 1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած իններորդ Ընդհանուր ժողովը կ’որդեգրէր Միացեալ ու Անկախ Հայաստանի գաղափարը, իբրեւ քաղաքական նպատակ։ Մեր այս նպատակը կը մնայ անփոփոխ։

Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, երբ ոչ ոք կը համարձակէր ձայն ֊ ծպտուն բարձրացնել Արցախի մասին, Հ.Յ.Դ. մամուլն էր, որ լայն տեղ կու տար հոն կատարուող հակահայ ոտնձգութիւններուն։ Կը յիշէ՞ք Բենիկ Մովսիսեանը, որուն երեխան պղծած ազերի դասատուն ներողամիտ վերաբերումի արժանացաւ ատրպեճանական դատարանին կողմէ (60ականներու կէսերուն)։ Կը յիշէ՞ք, երբ իրաւազրկուած Բենիկ Մովսիսեանը ի՛նք արդար հաշուեյարդար տեսաւ յանցագործին հետ ու արժանացաւ նոյն դատարանի խստագոյն պատիժին։ Միա՛յն դաշնակցական մամուլն էր, որ լայնօրէն արձագանգեց այս դէպքերուն՝ մեկնելով Արցախին տիրութիւն ընելու մեր գաղափարական վարքագիծէն։ Որովհետեւ Բենիկ Մովսիսեանը կը խորհրդանշէր իրաւազրկուած, անարդարութեան զոհ գացած ամբողջ Արցախը։ Ան կը խորհրդանշէր Արցախի ազատագրումի անհրաժեշտութիւնը։ Այսօր, եթէ Ստեփանակերտի մէջ մատով կը համրուին Բենիկ Մովսիսեանը յիշողները, Երեւանի մէջ գէթ մէկ քաղաքական հոսանք կա՞յ, որ կը յիշէ այդ դէպքը՝ բացի Հ.Յ.Դ.էն։

Բայց Դաշնակցութիւնը ոչ միայն յիշեց, այլեւ իր գաղափարական սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալով, անմիջականօրէն մասնակից դարձաւ Արցախի ազատագրական պայքարին։ Ու այսօր հայրենի ընտրազանգուածին կը ներկայանայ բաց ճակատով, որ ինք իր աւելի քան հարիւրամեայ գաղափարական սկզբունքներուն ու կեցուածքին հաւատարիմ կուսակցութիւն է։

Նոյն այս գաղափարապաշտ կեցուածքն էր, որ Դաշնակցութիւնը մղեց ճակատ փութալու անցեալ Ապրիլին։ Նոյն սկզբունքէն մեկնելով էր, որ Հ.Յ.Դ.ն քանի մը ամիս առաջ առաջադրեց պահեստազօրի ծրագիրը՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համադրաբար։

Այնպէս որ, Հայաստանի ներքին կառավարման համակարգի բարեփոխումի, ընկերային ֊ տնտեսական անարդարութիւնները վերացնելու, բարգաւաճ երկիր կառուցելու, Արցախի նկատմամբ իր առաջադրանքները իրագործելու Դաշնակցութեան կեցուածքները կը բխին իր գաղափարական սկզբունքներէն։ Ան չ’ընթանար քանդիչ ընտրակաշառքի ուղիէն։ Ան որդեգրած է իր գաղափարներով ժողովուրդը համոզելու ուղին, խոստանալով, որ միասնաբար աշխատելով ու քրտնաթո՛ր աշխատելով կարելի է հասնիլ մեր հայրենիքի հզօրացման ու բարօրութեան։ Յիշեցէք Չըրչիլի վերոնշեալ խօսքը։

Ահաւասիկ, ա՛յս կռիւն է, որ կը մղէ Դաշնակցութիւնը։ Սա պէտք է յստակ ըլլայ հայրենաբնակ իւրաքանչիւր ընտրող քաղաքացիին համար։

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ