Փոխարժեքներ
27 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 391.63 |
EUR | ⚊ | € 412.31 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.58 |
GBP | ⚊ | £ 494.04 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.93 |
«Հայրենիք»-ի խմբագրականը
Յունուար 12-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի քննարկումին ընթացքին, ականատես եղանք հրմշտուքի եւ թոհուբոհի զանազան հոսանքներու պատկանող երեսփոխաններու միջեւ ծագած սուր վիճաբանութեան առթիւ:
Զարմանալին այն է թէ, հազիւ 24 ժամ ետք, յաջորդ օրն իսկ, այդ միեւնոյն խնդրահարոյց տիպարներուն մեծ մասը, այս անգամ միասնաբար կը բողոքէին ու կը «քարկոծէին» քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանը, որ ամէնայն ինքնավստահութեամբ, եւ առանց որեւէ կեղծիքի եւ բարդոյթի, սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի քննարկումին ընթացքին, մանրամասնօրէն եւ փաստագրական տեղեկութիւններ փոխանցելով անդրադարձած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, նշելով թէ հայութիւնը քսան առ հարիւր համեմատութեամբ բնակչութիւն մը կը կազմէր, եւ այսօր այդ թիւը այնպիսի ահաւոր անկում մը կրած է որ, հազիւ ջնջին թիւ մը մնացած է:
Համընդհանուր պատկերը ներկայացնելու համար, Փայլան նշեց թէ հայերու կողքին, այլ փոքրամասնութիւններ ալ՝ յոյներ, հրեաներ եւ ասորիներ ենթարկուած են միեւնոյն ճակատագրին:
Բնականաբար սպասելի էր, որ իշխող եւ Էրտողանի հովանիին տակ գտնուող իսլամական «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխանները միասնաբար միջամտէին: Սակայն դժբախտաբար այդ դժգոհ ազգայնամոլներուն միացան նաեւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ներկայացուցիչները եւ նոյնքան նախատինքով քննադատեցին Փայլանը: …Նախատինք մը, որ կը կատարուէր Հրանդ Տինքի ահաբեկչութեան տասնամեակի սեմին:
Ահաւասիկ ուռճացման մակարդակի հասած ուրացման գործելաձեւ մը…ոճ մը, որ կը ներկայացնէ իսկական պատկերը, Թուրքիոյ քաղաքական բեմահարթակէն ներս:
Երբ խումբ մը երեսփոխաններ դահլիճէն կը պոռան թէ այս հողերուն վրայ Ցեղասպանութիւն չէ եղած, եւ դեռ աւելին խորհրդարանի ամպիոնէն կարելի չէ քննադատել, իրականութիւնը յայտնել եւ արդարութիւնը պահանջել եւ դեռ աւելի նմանօրինակ արտայայտութիւններ ծանրօրէն կը հարուածեն թուրք ժողովուրդն ու Ապտիւլ Համիտի հետեւորդները, այդ ժամանակ յստակ է թէ ո՞ւր հասած է ժողովրդավարութիւնը:
Յամառօրէն կառչած արդարութեան, Փայլան յարգելով կանոնները, դիմեց խորհրդարանի օրուան նախագահին որպէսզի տէր դառնայ կացութեան եւ կատարէ տեղին միջամտութիւն: Սակայն, հոս ալ ձայն բարբառոյ յանապատի եւ ընդհակառակը՝ այլ առիթ մը՝ բարբարոսային արտայայտութիւններու:
Խորհրդարանի նախագահն ալ իր մեղսակցութիւնը դրոշմած էր, Փայլանին ազդարարելով թէ պէտք է ուշադիր դառնալ եւ չվիրաւորել թուրք ազգը…:
Պատմութիւնը կը կրկնուէր…մանաւանդ որ Փայլան նշած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ սահմանադրութեան անդրանիկ օրինակը կազմուած է հայերու կողմէ, սակայն օրին իշխանութիւնները սկսած էին կատարել անտեղի փոփոխութիւններ եւ բանաձեւել միայն թուրքերու շահերէն բխող սահմանադրութեան օրէնքներ:
Դեռ աւելին, եզրափակելու համար այս զաւեշտը՝ Ցեղասպանութիւն բառի գործածութեան համար՝ Ազգային ժողովը պատժեց Փայլանը, երեք նիստերով, իսկ աւելի ահաւոր ու քստմնելի որոշումը այն է թէ որոշուած է ատենագրութիւններէն ջնջել Փայլանի այն բոլոր խօսքերը…Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: