կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2016-12-06 12:43
Հասարակություն

Ներսիկ, Աղասի, Արաբո… Լիբանանում ՀՅԴ երիտասարդները մինչև լույս նշել են Հայաստանի և Արցախի 25-ամյակը

Ներսիկ, Աղասի, Արաբո… Լիբանանում ՀՅԴ երիտասարդները մինչև լույս նշել են Հայաստանի և Արցախի 25-ամյակը

Աղբյուրը՝ aztagdaily

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին առիթով, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 10:00-ին, Ժիպէյլի «Պիպլոս փալաս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` նախագահութեամբ Ալեքսան Սուսանիի: Պարահանդէսին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 700 երիտասարդներ: Օրուան թամատաներն էին Սեւան Ադամեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան: 

Պարահանդէսին բացումը կատարեց Սեւան Ադամեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացուց ԼԵՄ-ի պատմականը, երիտասարդական մակարդակի վրայ տարուած աշխատանքները եւ դերակատարութիւնը` հայ երիտասարդի առօրեային մէջ:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Յարութ Լափաճեան, որ նախ եւ առաջ ներկայացուց զոյգ հանրապետութիւններու 25-ամեակի իմաստն ու կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ընդհանրապէս եւ հայ երիտասարդի կեանքին մէջ յատկապէս: Յարութ Լափաճեան ըսաւ, թէ հայ երիտասարդը, ինչպէս երէկ, այսօր ալ կը գտնուի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման եւ անոր դերակատարութիւնը մեծ պէտք է ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման նպաստող աշխատանքներուն մէջ:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակը ներկայացնող վաւերագրական տեղեկութիւններ` ժամանակագրական տուեալներով, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դերակատարութիւնն ու աշխատանքները այս ընթացքին:

Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ «Քամի» պարախումբը, որ ներկայացուց հայկական 2 պար:

«Երազ իմ երկիր հայրենի» երգով ճաշկերոյթին բացումը կատարեց հայրենի երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան, որուն յաջորդեց Աղասի Իսպիրեան` «Կռունկ» երգի կատարողութեամբ, իսկ Արաբօ Իսպիրեան հանդէս եկաւ «Տուն իմ հայրենի» երգի կատարողութեամբ: 

Հանրածանօթ 3 երգիչները մթնոլորտը ճոխացուցին հայկական երգերով: Երիտասարդութեան խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ յեղափոխական երգերու կատարողութեամբ ճաշկերոյթ- պարահանդէսը տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00:

lem-4-120316

lem-1-120316

lem-2-120316