կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2016-12-05 10:48
Հասարակություն

«Դաշնակցությունը, մեղավոր կամ անմեղ…»

«Դաշնակցությունը, մեղավոր կամ անմեղ…»

Աղբյուրը՝ arfd.am

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հայկ Գայսէրեանին արտասանած խօսքը, Դաշնակցութեան 126-ամեակի առթիւ.

«Կարկուտ, կայծակ եւ երկրաշարժ,
Սով, պատերազմ, հիւանդութիւն,
Ով չգիտեր, թող գիտնայ,
Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն»:

Սիրելի Հայրենակիցներ,

Այսօր, 126 տարեկան է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ իր հիմնադրութեան օրերէն ի վեր կը դիմագրաւէ պայքար մը, հայրենի իրականութեան մէջ։

Անդադար քարկոծում եւ մեղադրանք, որոնցմէ օրինակներ կը ներկայացնեմ այս խօսքին մէջ։ Սակայն նաեւ կ’անդրադառնանք, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Դաշնակցութիւնը մեղադրողները ընդհանրապէս հայրենակիցներ եղած են՝ իրենց մղողներն եղած են նոյն այդ արտաքին ուժերը, որոնք առաջնորդուելով հակա-հայ շահերէ, 126 տարիներ շարունակ կը փորձեն նուազեցնել Դաշնակցութեան ազդեցութիւնը Հայրենի իրականութեան մէջ։

Եւ այս խօսքով կ’եզրակացնենք թէ, բարեբախտաբար, Դաշնակցութիւնը, մեղաւոր կամ անմեղ, շարունակելով իր առաքելութիւնը, ձախողութեան մատնած է բոլոր իրեն պարտութեան ենթարկելու փորձերը, ի նպաստ հայրենիքին եւ հայ ազգին։

Ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան օրերէն, իր գաղափարախօսութիւնով եւ գործելաձեւով յայտարարեց, թէ իր նպատակն է կերտել Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան։ Իր «Ազատութիւն կամ Մահ» նշանաբանը արդէն վտանգաւոր էր որեւէ մեծ օտար ուժի համար, որ էութեամբ կ’ուզէր ազդել իրմէ համեմատաբար փոքր ժողովուրդներու վրայ։

Ինչպէ՞ս հսկայ ուժ մը պիտի ուզէր Դաշնակցութիւնը առաւել ազդեցութիւն ունենայ Հայ ժողովուրդին վրայ, երբ Դաշնակցութիւնը կուզէր ժողովո՛ւրդը կերտէ իր ազատ ապագան, ի գին ամէն ինչի։

Արդարեւ կը սկսի Դաշնակցութեան մեղադրելու արշաւը, ներգրաւելով հայրենակիցներ՝ որպէս գլխաւոր քարոզիչները այս արշաւին։ Ծնունդ կ’առնէ «հակա-Դաշնակցութիւն» շարժում մը, որ մինչեւ այսօր ունի իր հետեւորդները հայրենի իրականութեան մէջ։

Պատմութիւնը մեզի կը ներկայացնէ Սովետական Միութեան ժամանակներու օրինակը։

Համայնավար ռեժիմը, որ իշխեց Հայաստանի վրայ, 70 տարիներու ընթացքին մեծ քանակով ծնունդ տուաւ Դաշնակցութեան մեղադրողներու։ Կամայ թէ ակամայ, այդ խաւը, այդ օրուայ օտար ուժին ծառաները, դարձան գլխաւոր պաշտպանները նոյն Սովետական ուժին, որ վտարեց Դաշնակցութիւնը հայրենիքէն։

Անոնք պաշտպանեցին Հայութեան անծանօթ կարմիր, կապոյտ, կարմիր դրօշը; Պաշտպանեցին ուժ մը, որ Արցախը յանձնեց Ազերի ինքնավար հսկողութեան. դիմեցին լրտեսութեան իրենց հայրենակիցներուն դէմ; Գործիք դարձան հայկական մշակոյթը ուրիշի մշակոյթին հետ նոյնացնելու փորձին եւ հայուն Քրիստոնեայ կրօնքը մեղմացնելու ուղին ընդունեցին։

Մինչ Դաշնակցութեան մեղադրողները շարունակեցին իրենց արշաւը, Դաշնակցութեան կարաւանը քալեց։

Դաշնակցութիւնը, վիրաւորուած վագրի նման, սակայն նոր թափով կազմակերպե՛ց սփիւռքը։ Պահեց եւ պաշտպանեց հայոց եռագոյն դրօշը։ Օտարութեան մէջ կառուցեց եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ։ Հայը՝ հա՛յ պահեց. վերադարձուց հայ ժողովուրդը Դաշնակցութեան աննահանջ ձգտումին… որն էր ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ուղին։

Օրինակ մը եւս՝ որ Դաշնակցութիւնը «մեղաւոր» էր նաեւ 20-րդ դարուն առաջին տասնամեակին։

Այս կուսակցութեան պատմութիւնը քարկոծողներու խաւ մը, մինչեւ այսօր, կը փորձէ համոզել հանրութեան, թէ Դաշնակցութիւնը, «դաւաճան» Դաշնակցութիւնը, բանակցեցաւ նոյն երիտ-Թուրքերուն հետ, որոնք 1915-ին ջարդեցին Հայ ժողովուրդը։

Դաշնակցութեան դաւաճան կոչողները եւ իրենց մղող հակա-հայ արտաքին ուժերը, պատմութիւնէն պահած են այդ «բանակցութիւններուն» իսկական բնոյթը։

Համիտը կը ջարդեր Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի հայ ժողովուրդը։ Երիտ-թուրքերը այդ օրերուն կը սկսէին իրենց ներ-թրքական պայքարը Սուլթանին դէմ խոստանալով փոքրամասնութիւններուն առաւել ազատութիւն շնորհել։ Դաշնակցութիւնը ողջունեց այս նպատակը, ինչպէս այսօր շատերը կ’ողջունեն քիւրտերուն եւ թուրքիոյ մէջ Էրտողանին դէմ պայքարող այլ յեղափոխականներու նպատակները։

Անշուշտ, շուտով փաստուեցաւ երիտ-թուրքերուն իսկական ու դաժան ծրագիրը։ Յիշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը սկսաւ մտաւորականներու ձերբակալումով, որոնց կարեւոր մասը Դաշնակցականներ էին: Ինչու՞ գլխատեցին Դաշնակցականը, եթէ ան իրենց հետ կը գործակցէր:

Վերջապէս յիշենք, թէ Դաշնակցութիւնը, «մեղաւոր» Դաշնակցութիւնը, որ Ցեղասպանութիւնէն միայն 3 տարիներ անց, ժողովուրդը վեր կանգնեցուց, նուիրեց բազում զոհեր եւ հերոսներ, մինչեւ հասցուց Հայոց պատմութեան վերելքը իր գագաթնակէտին։ Սարդարապատի, Ղարա-Քիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերը, որոնք կ’առաջնորդեր Դաշնակցութիւնը, Հայ ազգին տուաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Անոնք, որոնք կը փորձեն համոզել, թէ այս յաղթանակները կարեւոր չէին. անոնք, որոնք այսօր իսկ կը փորձեն նուազեցնել Արամներու հերոսութիւնները, թող լաւ գիտակցին… եթէ չունենայինք Արամներ, եթէ չունենայինք Արամի նման «մեղաւոր» Դաշնակցականներ, եթէ չունենայինք առաջին հանրապետութիւնը, այսօր չէինք ունենար ազատ եւ անկախ Հայաստան։

Նոյն հակա-Դաշնակցական խաւը, որ կը փորձէ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը քարկոծել, դարձեալ մեղադրեց Դաշնակցութիւնը, երբ ան աշխարհասփիւռ հայութեան հետ միասին դէմ կանգնեցաւ, այն դաժան «բրոթոգոլներուն», որ արատքին մեծ ուժերը մշակեցին, հարցականի տակ առնելով Արցախի հանրապետութեան ապագան. «բրոթոգոլներ», որ կը փորձէին բանալով սահմանները Թուրքիոյ հետ, Հայ Դատի լուծումը դնել արտաքին ուժերու տրամադրութեան տակ։

Բայց Դաշնակցութիւնը, ինչպէս բազմիցս փաստած է, մեղաւոր կամ անմեղ, պատրաստ էր պայքարելու Հայութեան շահերուն համար։

Անշուշտ Դաշնակցութիւնը, մեղաւոր կամ անմեղ, դէմ էր «բրոթոգոլներուն»։ Ինչպէս անշուշտ Դաշնակցութիւնը, մեղաւոր կամ անմեղ, պայքարեցաւ Թուրքին դէմ կերտելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը։ Անշուշտ Դաշնակցութիւնը, մեղաւոր կամ անմեղ, կազմակերպեց սփիւռքը Սովետական Հայաստանի ապազգայնացման փորձերուն ժամանակ։

Հակառակ պատմութեան ընթացքին կռած բոլոր ճնշումներուն, այսօր Դաշնակցութիւնը կը գործէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ, եւ սփիւռքի մէջ։

Այսօր պատիւը ունինք լսելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ընկեր Արմէն Ռուստամեանին պատգամը։

Ընկեր Ռուստամեանին եւ իր գործընկերներուն ջանքերով է, որ այսօր գործադրութեան ընթացքի մէջ է սահմանադրական փոփոխութիւնները, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի դարձնէ աւելի արդար եւ ապահով։

Դաշնակցութիւնը իր ծառայութիւնը կը շարունակէ նաեւ Աւստրալիոյ մէջ:

Հպարտ ենք մեր ուղեկից միութիւններով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը պատրաստէ արի եւ կարգապահ սկաուտներ եւ մարզիկներ, գիտակից իրենց պարտականութիւններուն եւ միշտ պատրաստ ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին։

Համազգայինը, իր կրթական եւ մշակութային բոլոր պատասխանութիններուն կողքին, այս տարի նշեց Գոլստըն Ճեմարանի 30-ամեակը, նիւթապէս աւելի ապահով իրավիճակի մէջ, առաւել բարձրորակ ուսանողական մակարդակով եւ աշակերտներու աւելցած թիւով՝ քան վերջին տասնամեակին։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը շարունակէ ըլլալ մեր տան խիղճը ու ժողովուրդին ծառան, յաջողութեամբ առաջնորդելով մեր բոլորին բարեսիրական մղումները, ազգի ու հայրենիքի բոլոր մարտահրաւէրներու ժամանակ:

Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ վայելել մեր ժողովուրդին աջակցութիւնը եւ կը հասցնէ մեր ազգը նորանոր բարձրունքներու եւ յաջողութիւններու Աւստրալիոյ քաղաքական դաշտին վրայ։ Բոլորս հպարտ էինք, երբ Աւստրալիոյ մամուլը բացայայտեց Աւստրալիացի այն պատգամաւորները, որ կ’այցելէին Ազրպէյճեան, դառնալով Ալիեւի պաշտպաններ, հաւանաբար խանդավառուած Ազերիին վառած Խաւիարի քաղաքականութիւնէն։

Եւ, այս տարի, արժեւորելով այդ ջանքերը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը պարգեւատրեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը։ Կը շնորհաւորենք Հայ Դատի յանձնախումբին եւ իրեն աջակցող Աւստարալահայ ժողովուրդին։

«Արմենիա Մետիան»կը շարունակէ իր լրատուամիջոցներով տեղեակ պահել մեր համայնքը կարեւոր լուրերու մասին։ Այս տարի, երկրորդ անգամ ըլլալով, NSW նահանգի կառավարութեան մամլոյ պարգեւի արժանացաւ։ Կը շնորհաւորենք նաեւ «Արմենիա Մետիա»ի խնամակալութիւնը եւ աշխատակազմը։

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը մեր ապագան է։ Այս տարի, իր Պատանեկան եւ Երիտասարդական անդամակցութեան թիւը դարձեալ աճ արձանագրած է եւ արդէն ունին մասնաճիւղեր հիւսիսային Սիտնիի, արեւմտեան Սիտնիի մէջ եւ Մէլպուրնի մէջ։

Անոնք միշտ Հայ Դատի յանձնախումբի կողքին են եւ միշտ առաջնորդողն են մեր հաւաքական ձայնը բարձրացնելու աշխատանքներուն:

Այս տարուայ Յուլիսին, առաջին անգամ ըլլալով, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնէն թիւով 26 անդամներ, կազմակերպեցին ճամբար մը Հայաստանի մէջ, տեղի պատանիներուն համար։ Շփուեցան եւ դաստիարակեցին Հայրենիքի մէջ հասակ առած երեխաները Նոր Նորքի շրջանին մէջ, ուր մեր կոմիտէութեան եւ գաղութին ջանքերով, այս տարի բացուեցաւ վերանորոգուած Նիկոլ Դուման Երիտասարդական Կեդրոնը։ Կեցցէ՛ ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդները եւ պատանիները։

2016-ին Դաշնակցութիւնը եւ մեր ուղեկից միութիւնները կազմակերպեցին զանազան շտապ հանգանակութիւններ, օժանդակելու Սուրիոյ մեր քոյր-եղբայրներուն եւ Ապրիլեան պատերազմէն ետք՝ ի նպաստ Արցախի ապահովութեան։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր համայնքին, ձեզի սիրելի ժողովուրդ, որ ընդառաջելով մեր կոչերուն, ձեր մասնակցութիւնը բերիք Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շաբթուայ ընթացքին, ուր հանգանակուեցաւ աւելի գան $40,000։

Նաեւ շնորհակալ ենք որ աջակցեցաք մեր գաղութին մէջ առաջին Ֆեյսպուքիան Թելեթոնին, որ Արցախի ապահովութեան ի նպաստ հանգանակեց աւելի գան $120,000։

Անշուշտ թէ նիւթական աջակցութեան կողքին, մեր բարոյական եւ քաղաքական պարտականութիւններէն բացակայ չեղանք Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ, մասնակցելով ժողովրդային հաւաքներու, բողոքի ստորագրահաւաքներու եւ ցոյցերու, ինչպէս Ապրիլին՝ Ազրպէյճեանի Գանպերայի դեսպանատան դիմաց։

Այս տարի նաեւ կը զուգադիպէր Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակին։ Նկատի ունենալով որ առաջին տարին էր 100-ամեակէն ետք, որոշեցինք փաստել մեր շարունակական վճռականութիւնը, մեր վերանորոգուած ուխտը Հայ Դատի հետապնդման ջանքերուն, կազմակերպելով Արդարութեան Տողանցք Սիտնիի հրապարակին վրայ, որուն ներկայ եղան աւելի գան 3,000 հայորդիներ։

Սիրելի Հայրենակիցներ, Դաշնակցութիւնը, մեղաւոր կամ անմեղ, Հայրենիքի մէջ կամ Աւստրալիա, պատմութեան էջերուն մէջ կամ ներկայ կեանքին, կը շարունակէ ըլլալ մեր ժողովուրդին անկեղծ ծառան։ Կ’առաջնորդուինք ձեզմով։ Պիտի շարունակենք ծառայել ձեզի մինչեւ հասնինք մեր նպատակին, որն է… Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան։

Շնորհակալութիւն

armenia.com.au