Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Նոյեմբեր 24-ին տեղի ունենալիք «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնին, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով ելոյթ պիտի ունենայ Ժան Գոսագեան: Ստորեւ՝ Գոսագեանի ելոյթին բնագիրը.
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Հայ ժողովուրդը իր երեք հազարամեայ պատմութեան ընթացքին, բազմաթիւ առիթներով հասած է ազգովին ոչնչացման եզրին եւ ապա հրաշքով յարութիւն առած ու բարգաւաճած: Ինչպէս օրինակ՝ 1915ին սկսած Ցեղասպանութիւնը եւ անոր յաջորդած Հայաստանի 1918ի անկախութիւնը:
Այս առումով, վերջին 25 տարիները եղած են յատկանշական.
– 1988ի երկրաշարժին 25,000 զոհ եւ շուրջ կէս միլիոն տնազուրկ հայութիւն.
– 1988ին թափ առած հակահայ հալածանքներ Ատրպէյճանի տարածքին եւ 300,000 տեղահան հայեր.
– Արցախեան գոյամարտ եւ հազարաւոր նահատակներ.
– Խորհրդային Միութեան տարանջատման ընթացքին Հայաստանի տնտեսութեան քայքայում, եւ շրջափակում Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի կողմէ.
– Քայքայուած տնտեսութեան իբրեւ հետեւանք՝ աւելի քան մէկ միլիոն հայերու արտագաղթ:
Նշուած արհաւիրքներէն որեւէ մէկը բաւարար էր, որ աշխարհի երեսէն վերացուէր Հայաստանն ու հայու անունը: Սակայն, հայը իր գոյատեւելու բնազդով ու յատկանիշներով, դէմ դրաւ իրերայաջորդ աղէտներուն, եւ 1991ին վերահաստատեց իր անկախութիւնը՝ մնալով կանգո՛ւն:
Իր գոյատեւման կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկը՝ միմիանց օգնութեան հասնելու արժանիքն է: Ամէն անգամ, երբ հայութեան մէկ հատուածը վնասուէր, մնացած զանգուածները անոր օգնութեան կը հասնէին: Վկայ՝ մեր նորագոյն պատմութենէն Միջին Արեւելքի մեր համայնքներու անվտանգութեան ապահովման ճիգերը, Հայաստանի երկրաշարժի վնասներու յաղթահարումը, Արցախեան ազատագրական պայքարի յաղթական երթը, Հայաստանի ընկերատնտեսական իրավիճակի բարելաւման գծով սփիւռքահայութեան ծրագիրները:
Ներկայիս, անգամ մը եւս հայ ժողովուրդի գլխուն սկսած են կուտակուելու սեւ ամպեր: Ատրպէյճան, շնորհիւ իր բնական հարստութեանց, նիւթական լայն միջոցներ կը տրամադրէ իր ռազմական ուժի հզօրացման եւ վճռած է զէնքի ուժով նուաճել Արցախը: Ատրպէյճանի այս ռազմատենչ մոլուցքը կը քաջալերուի մեր դարաւոր թշնամիին՝ արիւնարբու Թուրքիոյ կողմէ:
Այս տարուան Ապրիլեան պատերազմը արդէն իսկ բացայայտ դարձուցած է թշնամիի ռազմական ուժին ահաւորութիւնը եւ ատոր ընկերակցող կենդանական մոլուցքը: Մասսայական բնաջնջման արդիական զէնքեր թէ անցեալէն մնացած օսմանեան եաթաղանը կը ծառայեն միեւնոյն նպատակին՝ հայութեան ոչնչացման եւ հայկական հողի բռնագրաւման:
Սակայն, Ապրիլին, Հայկական բանակին խիզախութեամբ պահպանուեցան պաշտպանութեան գիծերը: Դժբախտաբար, նահատակուեցան հերոս զինուորներ:
Արցախեան պայքարի նախկին ազատամարտիկներ, Հայկական բանակի վեթերաններ եւ գաղափարապաշտ երիտասարդներ փութացին դէպի խրամատներ՝ պաշտպանելու համար հայրենիքի սահմանները: Ժողովուրդը պատրաստ էր նոր Սարդարապատ կերտելու:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Թշնամին անհատնում ու լայնատարած ռազմափորձերով կը ջանայ բարձրացնել իր զինեալ ուժերու մարտունակութիւնը եւ կը շարունակէ զէնքի ուժով սպառնալ Արցախի խաղաղասէր բնակչութեան: Բայց, մենք պէտք է գիտակցինք, որ յաջորդ պատերազմին ընթացքը կախեալ պիտի չըլլայ առանձնաբար պաշտպանողական գիծերու ամրութենէն ու խրամատներուն մէջ դիրքաւորուած հայ զինուորի ու ազատամարտիկի խիզախութենէն, այլ կախուած պիտի ըլլայ յատկապէս համայն հայութեան վճռակամութենէն: Աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուինք, պէտք է զինուորագրուինք հայրենիքի պաշտպանութեան դատին եւ օրն ի բուն լծուինք անոր պաշտպանութեան սուրբ գործին:
Իւրաքանչիւր հայ անհատ եւ խմբաւորում իր նախաձեռնութեան ոգիով պէտք է հասնի հայրենիքի այլազան բնագաւառներու կարիքներուն՝ քաղաքական քարոզչութենէն մինչեւ տնտեսական ծրագիրներու իրագործում, բժշ-կական ծառայութիւններէն մինչեւ արհեստագիտական ու ինքնապաշտպանութեան գետնի վրայ օժանդակութիւն:
Ամերիկեան Գոհաբանութեան Օրուան առիթով, երբ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք, յարգելով այս տօնի խորհուրդը՝ ամբողջ ընտանիքով ճաշի սեղան նստած ըլլայ, եկէք միասնաբար մտաբերենք խրամատներուն մէջ ծուարած հայ զինուորն ու ազատամարտիկը եւ վերանորոգենք մայր հայրենիքին ծառայելու մեր ուխտը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ակնկալութիւնը ՄԵ՛Ծ է իւրաքանչիւր հայորդիէ ու համայնքէ: Առաջին հերթին, եկէք այսօր մեր սիրտէն բխած նուիրատուութիւնը տրամադրենք Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին, բարեսիրական կազմակերպութիւն մը, որ համայն հայութեան բարի կամքի տրամադրութիւնները գործի վերածելով՝ վերջին երկու տասնամեակներուն կը նպաստէ Հայաստանի վերելքին: Ապա, զուտ նիւթականէն անդին անցնելով՝ եկէք, իւրաքանչիւրս, հաւատարիմ մնալով մեր ուխտին՝ բոլո՛ր միջոցներով նպաստենք հայրենիքի անվտանգութեան եւ Հայ Դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն:
Յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ յաջողութիւն կը մաղթենք Համահայկական Հիմնադրամի 2016ի թելեթոնին եւ կը շնորհաւորենք ձեր բոլորին Գոհաբանութեան Օրը:
Կեցցէ՛ Արցախը, կեցցէ՛ն հայութիւնն ու Հայաստանը: