կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-08-19 16:31
Հասարակություն

Յարդէ մարդու եւ քաղաքական փուչիկի միջեւ

Յարդէ մարդու եւ քաղաքական փուչիկի միջեւ

Գոնէ խօսքի մակարդակի վրայ ամէն մարդ կ՚ուզէ իր լուման ներդնել Ատրպեճանի հետ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին։ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգ ապագայի կերտման հարցի մէջ բոլոր հայերուն ձայնը կենսական է։ Ի վերջոյ հարցը կը վերաբերի մեր ժողովուրդի հաւաքական ապահովութեան եւ զարգացման։ Այս հիմնախնդրի մէջ պէտք է լսել ձայնը բազմաց։ Սակայն, բազմաց ձայնը պէտք չէ վերածուի բազում աղմկարարութեան վասն քաղաքական սին հաշիւներու։ Մի քանի օրեր առաջ, Արթուր Եղիազարեան շատ ճիշդ բնորոշումը կը կատարէր այս ժխոր կացութեան, երբ ան կը գրէր, «Հող տալ-չտալու թեման յոգնեցրեց: Յոգնեցրեց, քանի որ տեղից ելնող ամեն մէկը վայնասուն է բարձրացնում:

Հողի վրայ ապրելով ու այն ապրեցնելով՝ չեն տալիս, հողը պաշտպանելով, անգամ անհրաժեշտութեան պահին՝ կյանգի գնով է, որ չեն տալիս:» Սեդօ Պոյաճեան Սեդօ Պոյաճեան «Հողը չեն տալիս»։ Այո՛, հողը չենք տալիս։ Այս պարզ բանաձեւումին մէջ խտացուած է համայն հայութեան կեցուածքը։ Ասկէ աւելի վճիտ ու հնչեղ չի կրնար ըլլալ հայութեան բազմաց ձայնը։ Բոլորս կը գիտակցինք թէ բանակցային դրութիւն մը ընթացքի մէջ է հայկական եւ ատրպեճանական կողմերու միջեւ։ Այս դրութիւնը նորութիւն չէ։ Ան կը կիրարկուի 1994 էն ի վեր եւ տակաւին եզրայանգումի մը չէ հասած։

Հարցի խաղաղ հանգուցալուծման վերաբերող բազմաթիւ տարբերակներ առաջադրուած են։ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները դրական խայծերու թէ ժխտական ճնշումներու կը դիմեն, որպէսզի կողմերը յանգին ընդունելի եզրերու։ Իւրաքանչիւր անգամ, երբ հանգուցալուծման վերաբերող «թղթածրար» մը յայտնաբերուի, որոշ շրջանակներ գիւտարարի պատմուճան կը հագնին եւ վայնասուն կը փրցնեն, թէ «հողերը տալիս ենք»։ Իրողութիւնը այն է, որ հանգուցալուծման այդ եզրերը տակաւին հասանելի չեն։ Թերեւս երկար ատեն չըլլան։ Այսուհանդերձ, հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ։ Ինչո՞ւ այս ժխորային աղմկարարութիւնը՝ որոշ շրջանակներու կողմէ։

Պատասխանը կարելի է որոնել ժխորային մթնոլորտի ստեղծման հակամէտ երկու մակարդակներու վրայ։ Առաջին, գոյութիւն ունի յարդէ մարդ ստեղծողներու փաղանգ մը, որուն կլանումի միակ սեւեռակէտը կեդրոնացած է իշխանութեան դէմ։ Քաղաքական մրցապայքարի մէջ հակառակորդին կեցուածքը խեղաթիւրելով կամ անհիմն դիրքորոշումներ վերագրելով «յարդէ մարդ» մը ստեղծելու խաղը վաղուց պայքարի սովորական միջոց հանդիսացած է։ Չգոյ հարց մը ստեղծելով կամ անհիմն վերագրումներ կատարելով կը շինուի յարդէ մարդ մը, որուն փայտէ սուրով քանդելու գործը պարզապէս հեշտութեան խնդիր կը դառնայ։ Մոսկուայի մէջ յայտարարութեան մը կամ մամլոյ լրագրողին տրուած պատասխանէ մը «զիջում» կամ «փոխզիջում» բառը առանձնացնելով յարդէ մարդ շինողներու փաղանգը անմիջապէս կ՚աղաղակէ, «Տեսաք, հողերը տալիս են»։ Ասոր լաւագոյն օրինակը պատահեցաւ մի քանի օր առաջ, երբ խեղաթիւրելով Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի մէկ հարցազրոյցը, իրեն վերագրուեցաւ «ողջմիտ զիջում» կատարելու շինծու կեցուածքը։ Պէտք է անդրադառնանք, որ խաղաղութեան գործընթացին մասնակից պետութեան մը ներկայացուցիչէն կարելի չէ ակնկալել հրապարակաւ արմատական եւ լոզունգային յայտարարութիւններ։ Դիւանագիտական ճկունութիւնը եւ քաղաքական նրբութիւնը կը պահանջեն որոշ զսպուածութիւն։ Այլապէս, շատ դիւրին է Իլհամ Ալիեւին հետեւելով մարտակոչի թմբկահարման դիմել։ Հողեր զիջելու յարդէ մարդը շինելով մենք պարզապէս կը հարուածենք մեր բանակցային սակարկութեան կարողականութիւնը։

Աւելին, հող զիջելու անհիմն մեղադրանքը իշխանութեան դէմ պայքարի միջոցի վերածելը ոչ միայն քաղաքական տհասութիւն է, այլեւ վտանգաւոր է մեր ազգային շահերուն համար։ Երկրորդ, գոյութիւն ունի նաեւ քաղաքական փուչիկ տրամադրողներու խմբակը, որ այլանդակ հիմնաւորումներով խորհուրդներ կը փոխանցէ հող զիջելու իրատեսութեան մասին։ Այս խմբակին մաս կը կազմեն իրենք զիրենք քաղաքական վերլուծաբան կամ քաղաքագէտ ներկայացնող յարգելի մարդիկ, որոնք դիտաւորեալ կերպով կը չափազանցեն մեր ազգային տկարութիւնները եւ շրջանային ուժերու ազդեցութեան կարողականութիւնները, յանգելու համար այն եզրակացութեան թէ պէտք է ընդունինք իրենց պատկերացուցած քաղաքական իրատեսութիւնը։ Այս խմբակի ներկայացուցիչներէն մին, ակնարկելով ազատագրուած տարածքներուն, կը պնդէր թէ անոնք «չեն կարող մնալ Ղարաբաղի կազմում. դա չի ընդունի ոչ միայն Ատրպեճանը, այլ՝ ոչ մէկ»։ Անշուշտ նկատելի է այս քաղաքագէտին մօտ հայկական կողմի դիրքորոշումը անտեսելու փութկոտութիւնը։ Ապա ան կը շարունակէ պնդել, թէ «Միջազգային հանրութիւնն այսօր Արցախը համարում է Ատրպեճանի անքակտելի մաս»։ Ուստի, իբրեւ իրատես լուծում, ան կը թելադրէ. «Այս պարագայում նոյնիսկ Ղարաբաղին տրուող «միջանկեալ կարգավիճակը» կը լինի փայլուն, ֆանտաստիկ յաղթանակ, որը դուրս կը բերի այդ տարածքն Ատրպեճանից՝ միջազգային իրաւունքի կտրուածքով»։ Մեզի հրամցուած այս քաղաքական փուչիկը այլ բան չէ քան քաղաքական համակերպում՝ ի վնաս ազգային շահերու։ Երեւակայածին «յաղթանակի» շպարով պարտուողականութեան լաւագոյն շեփորումն է այս մէկը, որ կրնայ միայն ցնծութիւն պատճառել Ատրպեճանին եւ բաւարարութիւն՝ տարածաշրջանով զբաղող օտար ուժերուն։

Յարդէ մարդ շինողներու եւ քաղաքական փուչիկ փչողներու միջեւ, մեր ժողովուրդը կրնայ միայն հետամուտ ըլլալ իր անկատար տենչերու իրագործման, ուր առաջնահերթը մեր ազգային հողատարածքներու պահպանումն է։ Աղմկարարութեան վայնասունը կրնայ շարունակուիլ, սակայն մեր պապենական հողերու մասին խօսելու եւ լռելու իրաւունքը վերապահուած է հայրենի հողին համար իր արիւնն ու քրտինքը զոհաբերող մեր ժողովուրդին ու անոր պաշտպանական արի ուժերուն։ Միայն անոնք կրնան վճռել հաշուետուութեան պահը։ Եւ անոնք պիտի վճռեն այդ պահը՝ առանց աղմկարարութեան, առանց պատեհապաշտութեան եւ առանց փուչիկութեան։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

arfd.info