Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երեք տարի առաջ այս օրերուն, անարգ ոճիրի զոհ գնաց Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանը: Երեք տարի անց, մենք չենք մոռցած այս ոճիրը, մանաւանդ՝ ատոր բացայայտուած չըլլալու հանգամանքը:
Հրաչ Մուրատեան ազատամարտիկ էր: Ան մաս կը կազմէր Արցախի ազատագրական պայքարին մասնակցած կամաւորներու այն մեծ փաղանգին, որուն համար հայրենի հողին ազատագրումը առաջնահերթութիւն էր: Հրաչ Մուրատեան իր գաղափարական համոզումներով դաշնակցական էր ու գաղափարական այդ աշխարհի թելադրանքով էր, որ զէնք վերցուց ու իր կեանքը վտանգի տակ դրաւ: Ինք բախտը ունեցաւ տուն վերադառնալու՝ իր առաքելութիւնը կատարած: Իր համագիւղացիներ Կարօտը եւ Պետրոս Ղեւոնդեանը չունեցան այդ բախտաւորութիւնը ու միացան նահատակներու փաղանգին:
Պետրոսը կը հանգչի իր գիւղի գերեզմանատան մէջ: Կարօտը սակայն, գերեզման իսկ չունեցաւ:
Հրաչ Մուրատեան վերադարձաւ տուն ու լծուեցաւ իր գիւղի շէնացման գործին: Ոչ ոքի միտքէն կ՛անցնէր, որ անարգ ոճիրի զոհ պիտի երթար այն ազատամարտիկը, որուն չէր դպած ազերի թշնամիին գնդակը: Ան գետին կ՛իյնար իր իսկ գիւղին մէջ, բայց այս անգամ՝ հայու գնդակով:
Այս ոճիրէն անցած է երեք տարի եւ տակաւին արդարութիւնը իր վերջնական խօսքը չէ ըսած: Այս իրողութիւնը միայն վնաս կը պատճառէ Հայաստանի վարկին, կը ջլատէ անոր պետական օրինական դրուածքը ու միաժամանակ՝ կը խախտէ պետութեան օրինականութեան նկատմամբ քաղաքացիին ունեցած հաւատքն ու վստահութիւնը:
Պետութեան մը հիմնաքարը օրէնքի գերիշխանութիւնն է: Առանց օրէնքի ու օրինականութեան, պետութիւնը կը դադրի իբրեւ այդպիսին գոյութիւն ունենալէ:
Անվիճելի է, որ ոչ մէկ յանցանք, ոճիր կամ մարդասպանութիւն պէտք է անպատիժ մնայ: Սա մարդկային տարրական հասկացութիւն է. տիեզերական օրէնք է: Իսկ Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութիւնը ոչ միայն օրինական, այլեւ ազգային-բարոյական պարտաւորութեան տակ կը դնէ Հայաստանի իշխանութիւնները, որպէսզի բացայայտեն արարքին հեղինակները ու դատական կարգով արդար տնօրինում կատարեն. որովհետեւ զոհը ազատամարտիկ մըն է, հայրենի հողի ազատագրումին համար կռուած հայորդի մըն է: Ինչպէս ոեւէ յանցանք գործող պէտք չէ անպատիժ մնայ, ազատամարտիկ սպաննողը կրկնակիօրէ՛ն չի կրնար անպատիժ մնալ:
Հետեւաբար, Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան բացայայտումը եւ օրինական համապատասխան վճիռի կայացումը ոչ միայն արդարութիւն կիրարկելու խնդիր, այլեւ նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ օրէնքի գերակայութիւնը ամրապնդելու հարց է:
Արդարութիւնը եւ ազգային ինքնաճանաչման զոյգ տրամաբանութիւնները կը պահանջեն, որ ոճիրին հեղինակը (կամ հեղինակները) երեւան հանուի եւ օրինական, օրէնքի ճամբով կայացուի համապատասխան վճիռ: Դատ-դատաստանով:
Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան բացայայտուած չըլլալը անբուժելի վէրք է իր ընտանիքին, համար:
Անբուժելի վէրք է ամբողջ Պռոշեան գիւղին համար:
Անբուժելի վէրք է այն գաղափարական աշխարհին համար, որուն թելադրած տրամաբանութեամբ Հրաչը մասնակցեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարին, քաջ գիտնալով, որ կրնար տուն չվերադառնալ:
Եւ վերջապէս, անոր սպանութեան բացայայտուած չըլլալը անբուժելի վէրք է նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս օրէնքի գերիշխանութեան համար ու հարուած է ատոր դէմ:
Այս ոճիրը ոչ կը մոռնանք, ոչ կը ներենք, ոչ ալ կ՛ընդունինք ատոր բացայայտուած չըլլալու եւ անպատիժ մնացած ըլլալու հանգամանքը:
Չենք մոռնար մարդկային ու ազգային առումով: Չենք ներեր՝ ոչ թէ անոր համար, որ Հրաչ Մուրատեան մեր գաղափարական ընկերն էր, այլ անոր համար, որ հայրենիքի ազատագրութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան մասնակցած հայորդի մըն էր:
Չենք ընդունիր այս ոճիրին ցարդ անպատիժ մնացած ըլլալու պարագան, որովհետեւ ատիկա հարուած է մեր երկրէն ներս օրէնքի գերիշխանութեան:
Հայաստան այսօր կը գտնուի քաղաքական ներքին բարեկարգումի անկիւնադարձային հանգրուանին մէջ: Այս հանգամանքը կրկնակի պարտաւորութեան տակ կը դնէ երկրի օրինապահ մարմինները, որպէսզի յաւելեալ վճռակամութիւն ցուցաբերեն ի խնդիր արդարութեան եւ ի խնդիր օրէնքի գերիշխանութեան ամրապնդումին:
Հրաչ Մուրատեան իր կեանքը զոհելու պատրաստակամութեամբ մեկնեցաւ Արցախ: Կրնար նահատակուիլ: Բայց կրցաւ տուն վերադառնալ: Երբ բացայայտուի իր դէմ կատարուած ոճիրը եւ օրէնքի ճամբով արդարութիւնը գործադրուի, այդ պարագային իր թափած արիւնը պիտի ծառայէ Հայաստանի մէջ օրէնքի գերիշխանութեան ամրապնդումին: Ա՛յս կը պահանջէ Հայաստանի պետականութեան շահը:
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
31 Մարտ 2016