Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Փորձենք հասկնալ, թէ իսկապէս ի՞նչ կ՚ըսէ Արմէն Գէորգեանը իր վերջին գրառման մէջ, զոր փոխադրեր էի իմ էջին վրայ զայն արտագրելով Սիւզան Խարտալեանի դիմատետրային էջէն։
Պր. Գէորգեան երեք կարևոր նախապայմաններ կը մատնանշէ մեր պետականութեան վերականգնման գործը ճամբայ հանելու բարդ գործին համար։ Ան չի խօսիր անելիքի առաջնահերթութիւններուն մասին, որոնց բանաձևումը, ըստ իս, մեր հաւաքական կեանքի իսկական մարտահրաւէրը կը ներկայացնէ։ Մենք ի վերջոյ պիտի որոշենք, թէ ի՞նչ բանի պիտի ձգտի այսօրուան և վաղուան հաւաքական հայը և ի՞նչ բանի կամ բաներու վրայ պիտի ընէ սուղ միջոցներէ գոյացող իր ազգային ներդրումը։ Այս մէկը մտածումի մէկ այլ տարածք է, որմէ ներս մենք ստիպուած ենք շուտով և իմաստութեամբ խիզախել։
Բայց մենք վերադառնանք Պր. Գէորգեանի նախապայմաններուն և որոշենք, թէ ի՞նչ բովանդակութիւն անհրաժեշտ է տալ անոնց, որպէսզի գործը հարազատօրէն ցոլացնէ միտքը։ Որպէսզի գործը ոչ միայն ցոլացնէ միտքը, այլ զայն գերազանցէ։
Առաջին՝ «յաղթահարել պարտուածի հոգեբանութիւնը»։ Առաջին հերթին, մեծապէս կարևոր է, որ այս մէկը չըլլայ միայն լոզունգ, այլ վերածուի բազմամակարդակ ծրագրի, որ լուծումներ կը բերէ մեր երկրի հրատապ խնդիրներուն։ Բայց ամենէն կարևորը այն է, որ պարտութեան հոգեբանութիւնը յաղթահարուի ի նպաստ մեզի…Ի նպաստ հայ անկախ պետականութեան վերակառուցման դժուարին առաջադրութիւններուն։ Քանի որ դեռ գոյութիւն ունի հակառակ եզրը։ Այսինքն՝ պարտութեան հոգեբանութիւնը կրնայ «յաղթահարուիլ» ի նպաստ թշնամիի տեսլականին… Հայաստանի պատանդման գոյավիճակը բազում թունաւոր խայծերով և խաբէութիւններով ընդունելի դարձնելո՛վ ժողովուրդին։ Զայն զարդարելով Փաշինեանական ամբոխահաճ տարազներով։Պարզ խօսքով, պարտուածի հոգեբանութիւնը «քնացնելով» Փաշինեանական թաւշեայ «յեղափոխութեան» յայտնի թմրանիւթերով։ Պէտք է ընտրել պարտուածի հոգեբանութիւնը յաղթահարելու դժուարին, արմատական, խորքային ճանապարհը։
Երկրորդ՝ «պատրաստ լինել վերանայելու ներքին օրակարգը։» Ցարդ այս մասին խօսած է միայն Դաշնակցութիւնը զայն վերածելով քաղաքական պլատֆորմի։ Յառաջաբանները զեղջելով ըսեմ, որ այս մէկը էապէս կը նշանակէ կազմաքանդել երկրի մենաշնորհային համակարգը և զայն պարտադրաբար բերել մրցակցային դաշտէն ներս։ Հաստատել ազգային եկամուտի վերաբաշխման արմատականօրէն արդար մէկ գործընթաց հնարաւոր դարձնելով վերաներդրումային առողջ նորմեր, որոնք շարունակ կ՚ըստեղծեն որակաւոր նոր աշխատատեղեր մեր նորանոր սերունդներուն համար։ Որմէ ինքնաբերաբար կը բխի մեր երկրի ժողովրդագրական աճը վերականգնելու անհրաժեշտ իրական և հոգեբանական միջավայրը։ (ՀՀ տնտեսութեան վերաձևաւորման հարցին մասին, օրին, ես պատրաստած եմ հայեցակարգային մէկ նախագիծ մեր ներքին քննարկումներուն համար։)Առաւե՛լ՝ արդիականացնել և ժողովրդավարացնել գիւղ-ոլորտը։ (Այս մասին ևս՝ տե՛ս իմ յօդուածը Փաշինեանի առաջին կառավարութեան սկզբնական օրերուն գրուած։) Մտնել նոր, երիտասարդ, մտատար (mind-based) արդիւնաբերական ճիւղերէն ներս։ Լայնօրէն ընդարձակել համաշխարհային տնտեսութեան հետ յարաբերութիւններու մեր շրջանակը։ Ստեղծել «հայկական ժողովասեղան»ը տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը վերածելով ցանցային շփումներու կեդրոնի։ Եւ շատ ուրիշ բաներ։ Բայց մանաւանդ ընել այնպէս, որ ազգային եկամուտը անխափան հասնի ժողովուրդին և վերածուի ազգային արժեհամակարգի և ազգային մշակոյթի։
Երրորդ՝ «ուժեղացնել հայկական աշխարհի գործօնը»։ Այս մէկը կ՚ենթադրէ Հայրենիք-Սփիւռք կարողականութիւններու ամբողջական, մշտական, խորքային և համակարգային համարկում՝ իր բազմաշերտ կիրարկումներով։ Կ՚ԵՆԹԱԴՐԷ ՍՏԵՂԾԵԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ։ Ասոր պատմական նախընթացը 1921-ին գումարուած 12-րդ համահրէական համաժողովն է Ցիւրիխի մէջ։ Այս մասին լայնօրէն կը խօսի Ռուբէնը իր յօդուածներուն մէջ, որոնց մէկ մասը ամփոփուած է իր յուշերու հատորաշարքի 8-րդ հատորին մէջ։ Պարզ խօսքով, այս վարդապետութեան (doctrine) չափորոշիչներով, Սփիւռքը կը վերաձևաւորուի որպէս աշխարհաքաղաքական գործօն ընդարձակելով և համաշխարհայնացնելով Հայաստանի լինելիութեան հրամայականը։ Արմէնի գործածած «գրագէտ» բառը պատահական չէ։ Ան ըսել կ՚ուզէ, որ այս նոր մտատեսիլը կը պահանջէ հայկական նոր «քաղաքակրթութիւն»։ Այսինքն մենք (Հայրենիք և Սփիւռք) ազգովին վերակրթուելու կարիքը պիտի ունենանք այս նոր իրականութիւնը կարենալ իր էութեամբ ընկալելու և գործի վերածելու համար։
Հիմնական պատգա՞մը այս բոլորին։ Իմ կարծիքով, «շան գլուխ»ը թաղուած է Արմէն Գէորգեանի վերջին կէտին մէջ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ — ԻՐ ՆԵՐԿԱՅ «ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ» — ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ Է ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԻ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԱՆՈՆՑ ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍԱԿԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ։ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԱՆ ՄԵՐ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷ։ ԱՆ «ՓՈԽ ՏՐՈՒԱԾ» Է ՄԵԶԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ԶԱՅՆ «ՍԻՐԵԼՈՒ» ԿԱՄ ԶԱՅՆ «ՇԱՀԱԳՈՐԾԵԼՈՒ» ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱՅԱԾ, ԹԷ Ո՞Ր ԴԱՍԱԿԱՐԳԻՆ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆՔ…ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ԱՆՈՐ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՇՏ ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ։ ԱՅՍՕՐ ՊԻՏԻ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆՔ, ՈՐ ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԻՏԻ ԱՊԱՀՈՎԵՆՔ ԱՆՈՐ ՀԵՌԱՀԱՍ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹՈՒՆԸ։ ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԻՏԻ ՓՈԽԵՆՔ ՊԱՏԱՆԴԻ ԱՅՍ ԳՈՅԱՎԻՃԱԿԸ, ԻՆՉՊԷՍ ՓՈԽԵՑԻՆՔ 1918-Ի ՄԱՅԻՍԻՆ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ, ԲԱՇ ԱԲԱՐԱՆԻ և ՂԱՐԱՔԻԼԻՍԱՅԻ ՃԱԿԱՏՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ։ ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԻՏԻ «ԸՆԴԱՐՁԱԿԵՆՔ» ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ՆՈՐ ԻՄԱՑՈՒԹԵԱՄԲ։ ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԻՏԻ ԸՍԵՆՔ՝ «ԵԹԷ ՄԵՐ ԱՌՋԵՒ ԳՏՆՈՒՈՂ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ ՈՒՆԻ, ՄԵՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԱՅԴ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԻՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՆՈՅՆՔԱՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ։ ՊԱՐԶ ԽՕՍՔՈՎ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՄԱՐԿՈՒՄԻ (ԻՆՏԵԳՐԱՑԻԱ, INTEGRATION) ՄՏԱՏԵՍԻԼԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԿԱՌՈՒՑԵԼ ՀԱԿԱԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆԸ։ ԱՅՍԻՆՔՆ ՄԵՐ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻ՛Ն ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ՍՓԻՒՌՔ ԱՆՍԱՀՄԱՆԵԼԻ (ԱՒԵԼԻ ՃԻՇՏ ՝ Ի ՆՈՐՈՅ ՍԱՀՄԱՆՈՒԱԾ) ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ՀԱՅ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳ։ ԲԱՅՑ ԱՅՍ ՄԷԿԸ ԵՒՍ ՊԷՏՔ ՉԷ ԸԼԼԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՕՐԷՆ ԱՆԳՐԱԳԷՏ ՄԱՐԴՈՑ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՅԵՂՅԵՂՈՒՈՂ ԼՈԶՈՒՆԳ։ ԱՆ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ԾՐԱԳԻՐ, ՀԱՒԱՏՔ, ՆՈՒԻՐՈՒՄ, ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԳՈՐԾ ԵՒ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ։ Այստեղ կանգ կ՚առնեմ առայժմ։
Կարօ Արմենեան