կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-08-24 17:50
Հասարակություն

Դեր Զորում մահվան էինք սպասում, բայց մահն ուշանում էր…

Դեր Զորում մահվան էինք սպասում, բայց մահն ուշանում էր…

Աղբյուրը՝ armenianegnocide100


Հակոբ Մերտանեանի պատմությունը

Կեսարիա

Բեյրութից Նորա Բարսեղյանն  ArmenianGenocide100.org-ին  է ներկայացրել Հայոց ցեղասպանության արհավիրքը ապրած մեծ հոր՝  մոտ յոթ տետրակից  բաղկացած հուշերից պատառիկներ: Կեսարիայում ծնված¸ 6 տարեկանից արդեն մահվան հետ կողք-կողքի տարագրության երկար ու դաժան Գողգոթան անցած¸ ընկած և կրկին մեջքը շտկելով համայն ազգի գոյատևման երթը շարունակած Հակոբ Մերտանեանը Լիբանանում ապաստան է գտնում «Թռչնոց բույն»-ի հարկի տակ, ապա բնակություն է հաստատում Հայաշենում, ուր իր ընտանեկան բույնն է կազմում՝ ունենալով երեք զավակ՝ Մարի, Կարապետ և Արուսյակ։

 

ՄԵՌԵԼՆԵՐԸ ՄԵԶՄԷ ՀԱԶԱՐ ԱՆԳԱՄ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԷԻՆ…

 

ԻՄ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆՍ

 

Ես իմ մանկութենէս շատ բան չեմ յիշեր. միայն կը յիշեմ, որ մէկուկէս տարի դպրոց գացի։ Մեր գիւղը հիանալի տեսարաններով շրջապատուած էր։ Մեր գիւղը երկու անուն ունի՝ Համիտիյէ եւ Սարըմ սագլը։ Համիտիյէ աւելի ուշ կոչուած է՝ սուլթան Համիտի հրամանաւ, իսկ Սարըմ սագլը եղած ատեն շատ մը օտարներ կայցելեն եղեր, հոն շատ մը հնութիւններ կային։ Սուլթան Համիտ ազատելու համար օտարականներէն, անունը փոխել տուած է։ Մեր գիւղը բաժնուած էր երկու մասի՝ հայ եւ յոյն խառն էին, իսկ թուրքերը զատ. թէեւ թուրքերուն մէջ հայ¬յոյն քանի մը ընտանիքներ կային։ Երկու ընտանիք իմ հօրաքոյրներս էին. Լուսաբեր հօրաքոյրս թուրքերուն մէջն էր, իսկ Խաթուն հօրաքոյրս յոյն¬հայ¬թուրք խառն թաղին մէջ։ Հայ¬յոյն յարաբերութիւնները երբեմն լաւ, երբեմն ալ շուն եւ կատու էին։ Հայոց եկեղեցին 100 մեթր հեռու էր յոյներու եկեղեցիէն. անոնցինը աւելի մեծ էր, իսկ մերինը՝ պզտիկ։ Հայոց եկեղեցին շինուած էր մեր գերդաստանին կողմէ եւ մեզի կը պատկանէր, սակայն բռնի առած էին իմ մեծ հօրմէս, այդ պատճառով ալ հօրս հայրը քիչ անց հիւանդանալով մեռած էր՝ չդիմանալով վիշտին։ Առաջ մեր գիւղը, յատկապէս հոն, ուր հայոց թաղն էր, չերքեզներով լեցուն եղած է։ Հօրս հայրը թէ՛ քաջ, թէ՛ ալ վեհանձն մէկը եղած է, այդ չերքեզներուն հետ շատ մը կռիւներ ու արիւնալի ընդհարումներ ունեցած էր։ Չերքեզները այս անյաղթելի կեաւուրին պատճառով ձգած են մեր գիւղը։ Այսպիսով հայերը եկած ու հաստատուած են։ Շատեր արդէն ազգականական կապեր ունէին մեր տոհմին հետ։ 8 եղբայրներ եւ 2 քոյրեր էին. բոլորն ալ ամուսնացած. նահապետական ընտանիք մըն էին։ Հայ արհեստաւորները խառն էին՝ երկաթագործ, հիւսն, դանակ շինող, դերձակ, պղնձագործ, թուրքերուն հետ մէկ շուկայի մէջ էին։ Ընդհանուր տարագրութենէն երեք ամիս առաջ էրիկ մարդ չէին ձգած, բացի 10-12 տարեկան տղաներէն։

 

ՀՐԱԺԵՇՏ ՀԱՐԱԶԱՏ ՏԱՆ ՈՒ ԳԻՒՂԻՆ

 

Հաճելի առաւօտ մըն էր, կիներ՝ հաւաքուած գիւղին ծայրը, Պէրպէրեաններու տան մօտ, կը խօսէին։ Յանկարծ ոտքի ելան, բոլորովին անսովոր բան մըն էր մեր տեսածը։ Հինգ կառքեր դէպի մեր կողմը կու գային, կիները զարմացած իրարու կը նայէին։ Երբ կառքերը մօտեցան, կիներէն երեք հոգի զատուելով գացին հասկնալու, մնացեալ կիները սրտատրոփ կը սպասէին միւսներուն։ Առաջին կառքը կանգ առաւ, յաջորդաբար միւսներն ալ կեցած էին. քանի մը հարցում, փրթաւ լաց, արդէն շատ չէր տեւած տեսակցութիւնը, արդէն ամէն մէկ կառքի մէջ չորսական անձ կար, կեսարացի երեւելիներէն էին, ո՛չ ոստիկան կար, ո՛չ ալ զինուոր։ Անոնց կեանքը յանձնուած էր կարաւանապաններուն, դահիճ եւ զոհ կերթային։ Հաւաքուած կիները այլեւս հասկցած էին, մեր ալ կարգը պիտի գար։ Շաբաթ մըն ալ անցուցինք այդպէս, վախի մէջ. ախով¬վախով գիշերը կանցնէր, կիները չէին քնանար բնաւ, լացող չկար։ Կեսարիան արդէն պարպուած էր իր մեծով եւ պզտիկով, մեր գիւղին երեւելիները հոդ էին արդէն, իսկ մնացած ծեր ու անկարողները գիւղին բանտին մէջ կը հիւծէին, կը սպասէին իրենց ճակատագիրին, իրենք ալ չէին հաւատար, թէ ազատում կար։ Երեքշաբթի օրն էր, գիւղին մէջ չարագոյժ լուրը հասած էր արդէն։ Բերնէ բերան կըսէին, թէ վաղը բոլոր հայերը պիտի ելլեն իրենց բոլոր գոյքերը լքելով։ Գիւղին մէջ իրարու կը հարցնէին, թէ ո՛վ բերած էր այդ լուրը, եւ անէծք կը կարդային այդ սեւ լուրը բերողին։ Արդէն լուրը պաշտօնապէս չէր եկած, բայց թուրքերը բոլոր պարտէզները աւրած ու քանդած էին։ Ժամը 2։00 էր, դաժան դէմքով մունետիկ մը կը պոռար, կոկորդը պատռելու աստիճան. «Բոլոր հայերը առաւօտուն պիտի ձգեն այս գիւղը, անոնք, որոնք կը յամառին, իրենց տան մէջ քարիւղ թափելով պիտի այրին տունով միատեղ»։ Դրացի յոյները՝ շարւած պատուհանին առջեւ, կը ծիծաղէին իրենց դարաւոր հայ դրացիին վրայ։ Այլեւս լմնցած էր, պէտք էր պատրաստուիլ, պիտի առնէինք այն, ինչ որ պիտի կարենայինք տանիլ՝  ուտելիք եւ մէկական վերմակ։ Կենդանիներ ունեցողը անկողին ալ առաւ, գիւղական սայլ կար՝ կովերով. էշ ունեցողները շատ քիչ էին, շատերն ալ գողցուած էին թուրքերուն կողմէ, կողոպտուած։ Ժամը իննի ատեն դուրս ելանք ընդմիշտ, ալ չվերադառնալու համար։

 

 

ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Արեւը դէպի վար կը սահէր, ժամը 4։00 էր. կիներէ ու պզտիկներէ բաղկացած կարաւանը ճամբայ ելաւ, աւելի շատ կօրօրուէին եւ ոչ թէ կը քալէին։ Ո՞վ կուզէր իր տունը ձգել ու հեռանալ։ Ո՛չ ոստիկան, ո՛չ ալ զինուոր, գիւղէն կէս ժամ դուրս, ճիշդ կառավարական շէնքին դիմաց կեցանք։ Այնտեղ թուրքեր սկսան գեղեցիկ ու գեղանի կիներն ու աղջիկները զատել, ով կրնար դէմ դնել, թեւերէն բռնած քաշելէն կը տանէին բռնի, բայց կարաւանն էր կանգ առնողը, ոչ թէ ձիաւորները, ահա սկսան մտրակի առաջին հարուածները։ Ճամբայ ելանք դէպի անծանօթ ուղղութիւն, ո՞ւր կերթայինք, այդ ոչ ոք գիտէր, թերեւս զինուորներն իսկ չէին գիտեր։ Ոչխարի նախիրէն տարբերութիւն չունէր մեր կարաւանը։ Պիտի քալէինք անոնց առաջնորդած ուղղութեամբ. արեւը մարը մտաւ, երկու ժամ քալեցինք, երկու կողմը լեռներ, ձորին մէջ կանգ առինք, կարաւանը ինքնիրեն կեցած էր։ Արդէն մութը կոխած էր, պզտիկ գետակ մը աղտոտ տիղմով կը խարխափէր խոտերուն մէջ, չէր վազեր իսկ, պզտիկներ ասդիէն, անդիէն չոր վառելիքներ կը հաւաքէին, ապուր մը գոնէ խմելու այդ ցուրտ գիշերուան մէջ։ Շատերը խոտերու կակուղութենէն խաբուելով, տիղմին մէջ խրած էին մինչեւ կէս մէջք։ Ամէն մարդ, ազգական թէ դրացի, քով¬քովի հաւաքուած էին, բայց շատ մը ընտանիքի հայրեր իրենց կինը թէ զաւակները չէին գտած կարաւանին մէջ, ոչ ոք գիտեր ուր էին։ Մարդիկ աղջիկներ կուզէին փախցնել, շատ նեղութիւն կու տային, իսկ աղջիկներ՝ կանխատեսելով այդ, սկսած էին իրենց դէմքերը տգեղցնել։ Երեք օրուան ճամբան տասը օրէն կտրած էինք, ոչ թէ մենք դանդաղ կը քալէինք, այլ դիտմամբ էր այդ, այդպէս հրաման ստացած էին զինուորները, որ շուտով ոչնչանանք։ Արդէն այդ տասը օրուան մէջ բաւական զոհեր տուինք, ուշաթափ եղողներ անգամ մը որ ինկան, ալ չէին ելլեր, իսկ երբ գիշերը հասնէր, է՜հ, ալ գայլերը կը բզքտէին՝ մեռած թէ ողջ։ Ամէն մարդ ինքնիր բեռը եղած էր, մէկը չունէր ալ աշխարհին վրայ։ Տեսայ շատ մը կիներ, որոնք իրենց 2-3-1-4 տարեկան զաւակները ժայռէ մը կամ ջուրին մէջ նետելով բեռէ մը ազատած կը զգային այդ օրերուն։ Անօթի-ծարաւ քալել, թէ ալ բոպիկ, դիւրին չէր շարունակելը. ե՞րբ պիտի լրանար այդ ճամբան, ոչ ոք գիտէր։ Արդէն յուսահատութիւնը ծայր տուած էր, շատեր ջուրին մէջ նետուելով կամովին մահ կուզէին։ Շատ մը գիւղերէ անցնելէ ետք հասանք Ազիզիէ կոչւած գիւղաքաղաքը, մեզմէ առաջ այնտեղի հայերը տեղահան եղած էին, մնացած էր 5 արհեստաւոր միայն։ Հայոց տուները հրկիզւած էին ու կը մխային դեռ, քար քարի վրայ մնացած չէր, թուրքին աւերիչ ձեռքը ամէն ինչ քարուքանդ ըրած էր, հոն գտնուող արհեստաւոր հայերը իսլամացած էին, խենթանալ ոչինչ էր։ Հայ աղջիկներ ու նորահարսեր սեւ քողի տակ կարտասուէին՝ ի տես մեր կարաւանին, ամէնէն աղտոտ գարշելի տան մէջ կային հայ կոյսեր։ Եթէ կարելի ըլլար, ճամբուն վրայ մահացողները կը թաղուէին հաւաքական փոսերու մէջ, իսկ հազիւ կարաւանը հեռացած, թուրքերը դիակները հանելով անոնց հագուստները կը կողոպտէին։ Բան մը, որ մեզի զարմանք չէր պատճառեր, որովհետեւ մեր գիւղին մէջ եւս նման արարքները կընէին անոնք։

 

 

ԶԱՐՀՈՒՐԵԼԻ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ

 

 

21-րդ օրն էր, շատ կանուխէն ճամբայ հանեցին մեզ, մինչեւ կէսօր յառաջացանք, արեւը քանի կը տաքնար, սուր հոտ մը կը շնչէինք, քանի կը յառաջանայինք անտառին մէջ, հոտը այնքան կը մօտենար մեզի։ Ես կարաւանին ետեւն էի, վերջապէս մեզի նշմարելի եղան ծառերէն կախուած, հրկիզւած դիակներ, ոմանց գլուխը վար, ոմանց մէկ ոտքը մէկ ծառին վրայ, միւսն ալ ուրիշ ծառի մը, մարմիններ յօշոտուած… Կիներ, մանկահասակ աղջիկներ, էրիկ մարդիկ  քարացած այդ զարհուրելի տեսարանին դիմաց կանգնած էին։ Կիները աչքերնին գոց անցան, կարաւանին կէսէն աւելին անցած էր, ետեւէն եկողներ չէին կրնար դիտել այս նեխած դիակները։ Սակայն կար աւելին։ Քիչ մը վար քարայրին մէջ յօշոտուած մեռելներ իրարու վրայ դիզուած էին։ Չեմ գիտեր ով էր… «Վա՜յ եաւրուլար, վա՜յ։ Երեք հարիւր են այս տառապեալները», կըսէր։ Քարայրին մէջիններուն ոտքերը, ձեռքերը բնաւ չկային, ջարդուած էին բոլորովին։ Ես այդպէս, առանց փոքրիկ երկիւղի մը միայնակ կը դիտէի այդ բոլորը։ Գիւղ չկար շրջակայքը այն անտառին, ուրկէ մենք անցանք։ Ովքե՞ր էին այդ գաղթականներուն ջարդարարները, թուրք կայ այստեղ, բայց մէկը չէր երեւեր, ո՞ր կողմի հայեր էին, ինչպէ՞ս ջարդուած էին, այդ գաղտնիք մըն էր, որ անկարելի էր լուծել, ողջ մարդ չկրցանք գտնել շրջակայքը, որպէսզի հասկնանք։ Շատ փնտռեցին, որպէսզի գոնէ թուղթի կտոր մը գտնեն, բայց ի զուր անցաւ փնտռողներուն աշխատանքը, ինչ հագուստ, որ կրցած էին հանել, տարեր էին թուրքերը, հագուստի հասարակ կոճակներն իսկ ժողված էին։ Երկու ժամէ աւելի կեցած էինք այդ յօշոտուած մարդկային դիակներուն հետ, արեւը դէպի հորիզոն կիջնէր այլեւս։ Վազելով հասանք կարաւանին, որ արդէն նստած էր. բաց դաշտագետին մըն էր, շատ ծառ չկար, ես մեր ընտանիքը կը փնտռէի, զարմացած ամէն մէկուն կը նայէի ապուշ կտրած, ի՞նչ էր սակայն իմ այդ շուարումս, ոչ մէկ ծանօթ դէմք կը տեսնէի, բոլորը անծանօթ կը թուէին ինծի, իրենց հագուստով ուրիշ էին նոյնիսկ։ Վերջապէս գտայ մայրս ու ազգականներս, յետոյ հասկցայ, թէ միացած ենք ուրիշ կարաւանի մը։Առտուան ճամբայ ելած էինք մինչեւ կէսօր, հազիւ երկու ժամ ճամբայ կտրած էինք, արեւը այնքան տաք էր, որ բերաննիս չորցած, թուք իսկ չէր մնացած։ Պզտիկներ չէին դիմանար. եթէ անոնցմէ մին ծարաւէն իյնար, այդտեղ կը մնար այլեւս։ Այն ժամանակ ինկած կամ նուաղածներ ուշքի կը բերէին, սիրտ չէր դիմանար։ «Ա՜խ, ի սէր Աստուծոյ, ումպ մը ջուր, ի՜նչ կըլլայ»։ Այս աղաղակը միշտ կը լսէինք՝ առտուընէ մինչեւ իրիկուն։ Ես թեթեւ էի, դիւրութեամբ ծառեր կը մագլցէի, ինչ որ պտուղ տեսնէի՝ կուտէի, ըլլայ ընտանի կամ վայրի։ Ձիաւորները կարգով կը հեռանային ջուր խմելու՝ մեր չտեսած գիւղերէն։ Գաղթականներու աղօթքն էր՝ անիծեալ ըլլաս թուրքի ցեղ, ու չորնայ քու արմատդ։ Ոմանք ալ աչքերնին դէպի երկինք ուղղած՝ կուրծքերնին կը ծեծէին։ Ես այս բոլորը կը դիտէի երբեմն առջեւ, երբեմն ետեւ երթալով, հայրս միշտ կը գտնէր զիս իրիկուն չեղած, բայց ապտակն ալ չէր պակսեր միշտ։ Այն օրը, որ ամէնէն տաքն էր, կարաւանին ճիշդ մէջտեղն էի, քալեցինք, մայրիկներուն կը հարցնէինք, եթէ քիչ վերջ ջուր պիտի խմե՞նք։ Ես ալ ծարաւէս աջ ու ձախ տատանելու սկսած էի ալ։ Մեր բոլորտիքը եթէ գտնուէին գիւղեր, անոր բնակիչները կը հետեւէին մինչեւ դադարատեղին, ուր կը խլէին ինչ որ կրնային ձեռք ձգել։ Աղջիկները աւելի նախընտրելի էին, հետապնդելով յարմար ժամանակին կը տանէին։ Այնպիսի երեւոյթները ցերեկը սովորական էր եղած այլեւս. ժանտարմաներն իսկ սկսած էին գեղանի աղջիկներ հեռացնել կարաւանէն ու լլկելէ վերջ կը բերէին նորէն։ Առաւօտուն արեւը բարձրացած էր բաւական, բայց կարաւանը դեռ կը մնար։ Երբ ճամբայ ելանք, բաւական դիակներ ձգեցինք հոդ։ Ոմանք թաղուած, ոմանք անթաղ։ Ո՞վ պիտի թաղէր, երանի կու տայինք, որ մեռան ու ազատեցան, արդեօք մենք ի՞նչ պիտի ըլլայինք։

 

 

ԵՐԿՐՈՐԴ ՔԱՂԱՔԸ՝ ԱԼ ՊՈՒՍԹԱՆ

 

 

Անոնք, որոնք եկած էին Ալ Պուսթան, կըսէին, թէ երկու օրէն կը հասնէինք քաղաք, բայց նորէն սկսած էին չարագուշակ զրոյցներ շրջան ընել գաղթականներուն մէջ, թէ շրջակայ թուրքերը պիտի կոտորեն հայերը. փոխվրէժ, որ Զէյթունի հայերը ժամանակին կոտորած էին թուրքերը։ Կարծես նախատեսելով վտանգը՝ իրարու քով սեղմուած կը քալէին, բոլոր գաղթականները սարսափի մէջ էին ու կը քալէին չորս դին դիտելով՝ արդեօք առջեւէ՞ն, թէ՞ ետեւէն պիտի սկսի կոտորածը։ Առաջին օրերուն պէս ծեր չէր մնացած՝ կա՛մ մեռած էին, կա՛մ գիւղեր գացած էին գիշերուան մէջ։ Նորածին թէ մէկ¬ երկու տարեկան պզտիկներ ալ չկային՝ ողջ թաղուած էին կամ ձգուած էին ժայռի մը տակ։ Տասնէն քսան գիւղերու բազմամարդ կարաւանը ձիերու երամակներու պէս իրար քով սեղմուած էին ո՛չ ձայն, ո՛չ շշուկ կը լսուէր։ Մտանք լեռներուն մէջ, այնպիսի տեղ մը, ուր եթէ թուրքերը կոտորելու գային, ոչ մէկ անձ կազատէր մահէն։ Արեւը չէր թափանցեր հոդ, ուղիղ ձորի մէջ կը քալէինք՝ աւելի մօտեցած իրարու։ Ահի դողի մէջ էինք, հետզհետէ մութը կը տիրէր, ահա ճիչեր ու կանչեր հասան ետեւէն, ի՞նչ էր արդեօք, կոտորա՞ծ էր, ոչ ոք գիտեր։ Յարձակում գործած էին, բան չէին տարած, քանի մը հատ անկողին ու վերմակներ, այս եղաւ յարձակումը մեր վրայ։ Արեւը կորսուած էր, կարաւանին առջեւէն յառաջացողները նստած կրակ էին վառեր, մինչ ետեւի մասը ուրախութեան մէջ էր, թէ վերջապէս քաղաք մը մտած ենք։ Դադարատեղին լայնատարած մարգադաշտ էր եղեր, շատեր խոտերու վրայ նստած էին ու թրջուած, խխում կտրած ըլլալով, կրակներու շուրջ հաւաքուած իրենց հազար կտոր կարկտած լաթերը կը չորցնէին։ Կտոր մը փայտ չկար, ոչ իսկ ծառ մը։ Այդ իրիկուն մենք ալիւրը ջուրով խառնած ապուր խմեցինք մեր անօթութիւնը անցընելու համար, մինչ շատեր այդ իսկ չունէին, որ ուտեն։ 

Այդ իրիկուն կարծես մայրս ու հօրեղբօրս կինը յոգնած էին, չէի պառկեր, իսկ հայրս շատ տխուր էր, այդպէս եղած ժամանակ բան մը կըսէր, սակայն մենք՝ պզտիկներս, քնացած էինք ու չէինք լսած, թէ ինչ ըսած էր։ Մայրս վեց տարի վերջ Այնթապի մէջ ըսաւ հօրս խօսքերը. «Մենք մեռնելու կերթանք, ատիկա դուք լաւ պէտք է գիտնաք, ձեզմէ ողջ մնացածներ թող ըսեն այս տղոց, թէ ինչեր քաշեցինք ու թող գրի առնեն, որպէսզի գալիք սերունդները իմանան, թէ ինչ ըրած է այս անիծուած արմատով թուրք վայրենի ցեղը»։  Զինք մտիկ ընողները մինչեւ լոյս լացեր էին, առաւօտեան արեւի առաջին ճառագայթի ջերմութեան մէջ շոգի կը բարձրանար։ Վեց ժամ կար տակաւին Ալ Պուսթան հասնելու։ Արեւը մար մտած էր, քաղաքին մէջ խուճապ մը փրթաւ, ամէն մարդ դէպի դաշտ, մեր քով կու գար, քաղաքապետարանի հրաման չկար ներս մտնելու, նոյն իրիկունն իսկ նորէն մտանք քաղաք, չեմ գիտեր, թէ ինչպէս, հայրս եւ ուրիշ գիւղացիները պաղատած ու շատ պնդած էին, թէ անօթիներ ու մերկեր կան։ Ամէն մարդ յոգնած ըլլալով՝ խառնիխուռն լեցուեցանք պարապ տուներուն մէջ, որոնք հայոց բնակարաններ էին, պարպուած էին, ով գիտէ երբ։

 

Մեր գիւղի էրիկ մարդոցմէ մնացած էին Մելքոն աղան, Սիմոն՝ իմ հօրաքրոջս ամուսինը, հօրեղբայրը Յովակիմ, Խենթ Մանուկ, Նազար աղա, Աղա Պապա, Կարապետ, Արշակ, Բենի, Կարապետ հայրս։    Եկեղեցին ալ բացուած էր, դրան ետեւ պատին մէջ պահուած եկեղեցական անօթներ կային, բայց մեր գալէն վերջ տարին, գոց էր միայն աջ կողմի պահարանը։ Ես, Թորոսը, Տիգրանը պատուհանէն վար իջանք, բոլորովին լեցուն էր գիրքերով, ժամերով նստած գիրքերու վրայ, մին կը ձգէի ու ուրիշ մը կառնէի ես։ Միայն Թորոսն ու Տիգրանը գոցուած պահարանները կը խառնէին, չեմ գիտեր ինչու։ Այս դրան բացումէն վերջ կիւրիւնցի կին մը իբրեւ քահանայ սկսաւ գիրք կարդալ, բոլոր կիները կը լեցուէին, իսկ էրիկ մարդիկ բնաւ չէին երեւեր։ Ճիհան գետի ջուրէն մաս մը՝ զատուած, հայոց թաղէն կանցնէր։ Այդտեղ առաւօտուն հարիւրաւոր մարդիկ նստած կըլլային ամէն առտու, կաշխատէինք մեր գոցուած աչքերը բանալ, ջուրը շատ աղտոտ կը հոսէր, շատեր ալ օդի փոփոխութենէն հիւանդացան։ Այդքան տաք կընէր ցերեկը, որ չէինք կրնար բոպիկ պտըտիլ։ Օր մը, ուր եկեղեցի կընէր նոյն կինը, մինակս մտայ այն պահարանը, զոր բացած էին դրան ետին։ Ծեփին վրայ գրուած էր. «Մենք կերթանք մեր լոյս հաւատքը չուրանալնուս համար, եթէ մէկը կարդայ, թող չմոռնայ, թէ ոչ մէկ հայ մնաց Ալ Պուսթանի մէջ»։ Այնտեղ լացի ես հեկեկալով. ժամերով դիտեցի ու կարդացի այդ կոշտ գիրերը,  իսկ կիներ, իրենց կին քարոզիչին խօսքերէն կու լային ինծի պէս։ Այդ կինը կը խրատէր չընկրկիլ եւ քալել անվերջ։ «Պիտի ջարդուինք մենք, գիտցած եղէք, ո՛վ իմ սիրելի քոյրերս, մի՛ յուսահատիք, մեռէք, բայց պատուով մեռէք, ձեր պատիւը պահեցէ՛ք։ Մի՛ թողուք ձեր զաւակները, ցած մի՛ նետէք, զանոնք պահպանեցէ՛ք, անոնք են, որ պիտի պատմեն մեր ցաւերուն ու տառապանքին մեծութիւնը, անոնք պիտի ըլլան այս փոթորիկէն ազատած վերջին բեկորները, որոնք պիտի յիշեն ձեզ ու վրէժխնդրութեամբ պիտի յառաջանան դէպի այնտեղ, ուր պիտի բարձրացնեն հայ մեռելներու պատիւը, իսկ եթէ սպաննէք ձեր զաւակները, այն ժամանակ պիտի մեռցնէք ձեր գերդաստանին վերջին սիւնն ու ձեր ազգին ծիլերը։ Ու մօտ է այդ արշալոյսը»։ Կիները նստած կու լային բարձրաձայն, իսկ այդ կինը, որ կը խօսէր, կարծես մոռցած էր ամէն ինչ, կը կախարդէր կիները։ Ես ժամերով ոտքի վրայ կեցած, պատին կռթնած, մտիկ կընէի. ո՛չ կու լար, ո՛չ ալ կը նստէր։ Միշտ կը խօսէր։ Մեծ եկեղեցին կը թրթռար անոր ձայնին ուժգին ելեւէջներուն ազդեցութեան տակ։ Այն կինը մարգարէ է, կըսէին շատեր, մեռել թաղել գիտէր, ան կընէր թաղման արարողութիւնը ու ամէն առտուն ժամերով կը խօսէր գաղթականներուն, որոնք անոր մտիկ կընէին՝ հմայուած անոր խօսքերէն, նոյնիսկ էրիկ մարդիկ սկսած էին ժամ գալ։

 

ԱԼ ՊՈՒՍԹԱՆԷՆ ԴԷՊԻ ՏԷՐ ԶՕՐ՝ ՎԵՐՋԻՆ ԿԱՅԱՆ

 

Երկու ամիս Ալ Պուսթան մնալէ ետք հանեցին մեզի ճամբայ. չէինք գիտեր, թէ ինչպէս երկու ամիս թոյլատրուած էր նստիլ հայոց տուներուն մէջ։ Վերջին անգամ ըլլալով կիներ թէ տղամարդիկ եկեղեցւոյ մէջ աղօթեցին մինչեւ կէսօր, իսկ շատեր լուր չունէին, թէ ե՛րբ կարաւանը պիտի ելլէր դէպի Տէր Զօր։ Մէկ ժամ քալեցինք, երկու լեռներ մեզ զատեցին քաղաքի տեսանելիութենէն։ Արեւն ալ սկսած էր դէպի վար թեքիլ՝ շուքի մէջ ձգելով լայն ձորը։ Ո՞ւր կերթար կարաւանը։ Երեք ժամ եւս հեռանալէն ետք դադար տուին, մարգադաշտին մէջ այնքան մժեղ կար, որ չկրցանք քնանալ, բոլորին դէմքերուն կարմիր կէտեր կային, երբ առտու ըրինք, հոդ ժանտարմաներուն ինչ տեսակ մարդ ըլլալը հասկցանք։ Երեք հատ էին, ոչ մէկը ծանօթ էր մեզի, ալ¬պուսթանցի էին, մեզ Մարաշ յանձնելէ ետք պիտի վերադառնային։ Այստեղ ես պզտիկ հասակովս հասկցայ բարին ու չարը ։ Օր ցերեկով մեզ Մարաշ պիտի տանէին, բայց չէին ուզեր տանիլ, իրենց կիրքը պիտի յագեցնէին. այդ պատճառով ալ աւելի երկարեցին ճամբան, անօթութիւնը եւ ծարաւը սկսած էին նորէն հնձել տղաքը, որոնք չէին դիմանար։ Փոխանակ երկու օրէն, չորս օր քալեցինք ու գիշերը, երբ պիտի մտնէինք Մարաշ, չձգեցին, որ անցնինք Մարաշէն, օր ցորեկով ջուր չեղած տեղ դադար կու տային, մէկական աղջիկ առնելով կը կորսուէին, իսկ անոնք, որոնք կը դիմադրէին, ծեծ ու մահ էր վերջը։ Երբ մօտակայ գիւղեր հանդիպէինք, վայ էր եկած մեր գլխուն, ժանտարմաներէն մին կը զատուէր կարաւանէն իր ցեղակիցներուն դաս տալով՝ մեր վրայ յարձակիլ կու տար, ապրանքի համար չէր, այլ աղջիկներ ու գեղանի կիներ տանելու համար կը յարձակէին։ Երբ գիւղացին իր «որս»-ով կերթար, այն ատեն էր, որ գազան ժանտարման վրայ հասնելով կը վերադարձնէր։ Մինչեւ իսկ ծնողքը հազար տեսակ աղօթքներ եւ մաղթանքներ կընէր, բայց իրիկունը անպայման լլկուած կըլլար ցերեկը ազատած մանկամարդուհին։ Եղան այնպիսիներ, որոնք իրենց կոյս աղջիկները կամովին տուին, այն յոյսով, թէ մեզ ջարդելու պարագային, պիտի ազատին իրենք միայն։ Խեղճ մայրը կը հաւատար ժանտարմային։ Աւելի զարհուրելի էր, երբ կը տեսնէինք ժայռի վրայէն դէպի վիհ նետուողներ՝ իրենց աղջիկներուն հետ։ Կը նախընտրէին մեռնիլ, քան թէ տեսնել իրենց աղջիկները ներկուած արեան մէջ։ Կարաւանին մէջ  անպատուըուած աղջիկներուն հետ քալելը մահէն աւելի սոսկալի էր։ Մահը նախընտրելի էր, այդ իսկ պատճառով մահէն չէին վախնար։ Կարաւանի առաջին մասը մտած էր քաղաք, մութը կը կոխէր, հետզհետէ աւելի կը թանձրանար խաւարը։ Կը քալէինք ընկ-        ճուած, յոգնած ցեխոտ փողոցներէ, այնքան աղտոտ էին, որ հոտը դէպի երկինք կելլէր։ Հայոց թաղերն էին այդ աղբանոցի վերածւածները, շատ մը դռներ բացուելով՝             պզտիկները ներս քաշեցին ու գոցուեցան, քիչ մնաց ես ալ պիտի երթայի. «Եկո՛ւր տղաս, ձեզ պիտի մեռցնեն, ինչո՞ւ պիտի մեռնիս, մեղք ես», ըսաւ ծեր կին մը։ Ետեւի մասի բոլոր պզտիկները յափշտակուած էին, շատեր տանիքներէ նետուած ու ոտքերը կոտրած այդպէս մնացին փողոցները։ Ժամը ութին լուսինը ելաւ, ատիկա գաղթականներուս համար օրհնութիւն մը եղաւ, կարաւանին կէսը տարբեր ճամբով բաժնուած էր առաջին մասէն, որ շիտակ ճամբէն յառաջացած էր, իսկ ետեւի մասը ուրիշ ճամբով զատուած էին իրարմէ։ Չեմ յիշեր, թէ ինչպէս ես մինակ էի մնացած։ Հայրս տեսած էի նոյն ճամբուն վրայ, յետոյ անհետացաւ։ Երբ լուսինը ելաւ, իրար միացանք նորէն։ Մէկ օր ցերեկ ու մէկ գիշեր ամբողջ քալեցինք, արշալոյսին պզտիկ գիւղակ մը տեսանք, այդտեղ դադար տուին, նորէն կարաւանին կէսը միւս կողմը, մնացածը ուրիշ կողմ նստաւ։ Լոյսը բացուելով լաւ մը տեղաւորուեցանք, ամէն մարդ իր հայրենակիցին քով հաւաքուեցաւ. շատ չէինք նստած, հրաման տուին ու դէպի Այնթապ ելանք։ Կէսօրէ վերջ գիշեր մըն ալ քալելով, մթնշաղին մտանք Այնթապ քաղաքը։

 

ԱՅՆԹԱՊ

 

Այնթապի մէջ մնացած հայերը՝ տեսնելով մեր խղճալի վիճակը, հաց եւ վարունգ բերած էին, բաժնեցին անոնց, որոնք ոչինչ ունէին ուտելու։ Հասանք տեղ մը, ուր հայոց եկեղեցին էր։ Բաւական դիտեցի այդ հսկայ շէնքի կոտրած պատուհաններն ու ջարդուած դռները. եկեղեցին կը շրջապատէին փակ խանութներ, որոնք հայոց կը պատկանէին, տխուր էր դիտել, մայրս կու լար, բարձր զանգակատունը կիշխէր ամբողջ քաղաքին վրայ, պաղ մետաղը լռած էր։ Այնթապի մէջ մեզմէ զատուածները չէին եկած միեւնոյն ճամբով. ուրիշ ճամբայէ ուղղակի Տէր Զօր քշած էին զանոնք։ Երբ այս լսեցինք, ծայր առաւ լաց ու կոծը. չկար անհատ մը, որ այդ կարաւանին մէջ չունենար իր ընտանիքէն մէկը։ Անոնք եղած էին սպանդանոցի 3-րդ կարաւանը, որ բոլորովին ոչնչացած էր։ Այլեւս կասկած չէր մնացած, բոլորն ալ մորթած էին։ Հայրս ուշաթափ էր, իր բարեկամները, եղբայրները, նաեւ քոյրս գացեր էին անվերադարձ։ Տեսնելու էր մօրս վիճակը, խելագարած էր. «Իմ ձեռքովս քեզ դէպի մահ ղրկեցի, զաւա՛կս», ըսելով կողբար, ինք ղրկած էր քոյրս, որպէսզի չառեւանգուի թուրքերուն կողմէ։ Նիզիպի մէջ 6 օր հանգստացանք։ Այս 6 օրուան մէջ ոչ ոք իր անձին մասին կը մտածէր, ամէն օր լաց ու արտասուք, արցունք կը հոսէր։ Ոչ ոք կամոքէր, ո՞վ պիտի ըսէր, թէ մի՛ լաք, ո՞վ չէր զատուած իր հարազատէն։ Ոչ մէկ տեղացի հայ կերեւէր, բոլորը դէպի Տէր Զօր գացեր էին։ Հայոց տուները պարապ էին, աւերուած։ Եկեղեցին կերեւէր իր կլոր գմբէթաւոր զանգակատունով։ Կար նաեւ բողոքականաց ժողովատունը։ Շատ մը հայ կիներ գացին հոն, տակաւին ներս չէին մտած եկեղեցիէն, արդէն սկսան լալ, այդ մերկացած քարայատակն անգամ թրջեցին իրենց վերջին կաթիլներով, որոնք գրեթէ ցամքած էին։ Ինչքա՜ն տխուր էր տեսարանը, քարէ սիրտն իսկ կը ժայթքէր հոդ։ Կիներ՝ ծնրադիր, ձեռքերնին դէպի երկինք ուղղած կը պոռային. «Ո՛վ Սուրբ Կոյս, ինչո՞ւ մեր սիրելիները տարիր դէպի Տէր Զօր, ա՜խ, ինչո՞ւ, ո՜վ սուրբեր։ Մենք ինչո՞վ մեղաւոր էինք, ի՛նչ օրերու հասանք։ Ի՞նչ ըրած էինք ձեզի»։ Ամբողջ տարագրութեան այդքան փշալից  անապատներ անցեր, անօթի¬ծարաւ քալեր էի, բայց չէի լացեր։ Նիզիպի այդ հինաւուրց հայոց եկեղեցւոյ մէջ լացի, չեմ գիտեր, թէ ինչու։ Որչափ լացի չեմ կրնար գրել, կիներ իրենց աղիողորմ ճիչերով լեցուցած էին ամէն տեղ, ե՛ս գիտեմ միայն այդ, իսկ թուրքի աղտոտ լակոտներ դրան առջեւ կեցած կը ծաղրէին մեր աղօթքը՝ բարձրաձայն խնդալով։ Մենք՝ խեղճ գաղթականներս, ի՞նչ պիտի շահէինք լալով, պարապ ու մերկացած կամարներուն տակ։ Միթէ օգնութեա՞ն պիտի գային այդ իւղաներկ սուրբերը։ Չէ՞ որ տարիներ ու տարիներ այդպէս հաւատացած էինք ու լացեր միեւնոյն տաճարներուն մէջ։ Կիներ կարմրած աչքերով կու լային դեռ, լացի ձայնը արձագանգ կու տար դատարկ տաճարին մէջ։ Կլոր սիւնին ետին կեցած, վայրկեան-ւան մը մէջ յեղաշրջեցաւ այդ ներշնչումը, որ մինչ այդ կը տածէին սուրբերուն հանդէպ։ Պելեճիքը եղաւ մէկ միլիոն հայոց վերջին հանգրուանը, աւելի քան 40 հազար տարագիրներ կու գային դանդաղ, կը յառաջանային, մէկ անգամ ծունկի ինկողը կը մնար այլեւս հոն. ոչ միայն ծարաւ էինք, այլ ամիսներով հացի երես չէինք տեսած, այդքան ուժէ ինկած էինք, որ անկարելի կըլլար պառկող մը վերցնել։

 

ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԵՌԵԼՆԵՐ ԵՓՐԱՏԻ ՎՐԱՅ

 

 

Առաւօտեան կովարածներ լուր բերին, թէ իրենք տեսած են նոր մեռելներ ջուրին մէջ. այս լուրին պատճառով շարժում մը սկսաւ դէպի գետափ։ Երբ դէպի հոսանք գացինք, հայրս ալ հոն էր իր ընկերներով, պզտիկներս գացինք դիտելու կարաւանը, որ երեւցաւ վերէն։ Այսպէս առաւօտէն մինչեւ կէսօր, հաւաքուեցան դիակները այնքան, որ ջուրի հոսանքը անզօր եղաւ դէպի վար քշելով տանելու զանոնք. ջուրը ցրուած եւ շատ ցած էր. հազիւ ոտքի երեսը կը գոցէր։ Իսկ մենք նստած աւազին վրայ, կը դիտէինք իրական մեռելները, մենք նոյն բախտին պիտի ենթարկուէինք. այդ լաւ գիտէր ամէն մարդ թէ կին։ Սակայն մեր մէջէն ոչ ոք կու լար, կարծես քարացած էինք աւազին վրայ, շարժում մը իսկ չէինք ըներ, ուր մնաց լայինք։ Արդէն արցունքն ալ չորցած էր։ Միայն թէ աջ ձեռքերը տարած մեր դէմքին, տխուր ու փոս աչքերով, կմախքի մը նման կը դիտէինք։ Մեռելները մեզմէ հազար անգամ լաւ էին. ո՛չ ուտելիքի կարօտ, ո՛չ ալ աչքի ցաւ ունէին։ Այդպէս հարիւրաւորներ երանի կու տային մեռելներուն։Կէսօրէ ետք ջուրը սկսաւ կարկաչել թումբի պէս կանգնած հոսանքին առջեւ։ Այն ատեն սկսաւ կռիւ մը ողջերուն եւ մեռեալներուն միջեւ։ Այս կռիւը տեւեց 3 օր, ողջերը կը քաշէին մեռելները հոսանքն ի վեր. սկսած էին նեխիլ եւ օդը ապականել, հոտը անտանելի էր։ Այս տխուր տեսարանը շատ գէշ էր, շատեր հիւանդացան։ 4-րդ օրը կիներ ալ սկսան գալ վերէն, այն ժամանակ կիներ ալ գացին դիտելու։ Շատեր իրենց ազգականը, քոյր¬ եղբայրը, մայրը կը փնտռէին։ Հայրս երկրորդ օրէն ետք հիւանդացաւ, ցերեկ մը ամբողջ պառկեցաւ ու կէս գիշերին մեռաւ։ Խնդրեց մօրմէս, որ դուրս հանէ զինք, իբր թէ բնական պէտքի համար։ Հեռագրաթելի սիւնին կռթնած հոգին աւանդած էր, իսկ խեղճ մայրս կը սպասէր, որ նորէն խան տանի զինք։ Ես իրենց քովն էի։ Առաւօտեան յայտնի եղաւ, թէ մեռած էր հայրս։ Նստած էր։ Թերեւս հայրս իր եղբայրը տեսած էր Եփրատի մեռելներուն մէջ։ Շատ մը մեռելներէն աւելի բախտաւոր եղաւ, որովհետեւ քահանայ կար, թաղում ըրաւ։ Ջրհորին մօտ՝ խանին դրան առջեւ կը ննջէ այժմ հայրս։ Հողը թեթեւ գայ վրադ, տառապած հայրս եւ անկեղծ յեղափոխական, որ ցուրտ ձմրան ո՛չ դադար ունէիր, ո՛չ ալ հանգիստ…