կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-03-16 13:10
Հասարակություն

Թուրքերը Միսաքյանին կանգնեցնում են պատերազմական ատյանի առջև ու դատապարտում 5 տարվա ազատազրկման

Թուրքերը Միսաքյանին կանգնեցնում են պատերազմական ատյանի առջև ու դատապարտում 5 տարվա ազատազրկման

Աղբյուրը՝ armeniangenoicde100

 


Շավարշ Միսաքյանի պատմությունը

1884 թ., Սեբաստիա

 

Շավարշ Միսաքյանն արևմտահայ, այնուհետև՝ Սփյուռքի մամուլի ականավոր գործիչներից մեկն է, որն իր կեսդարյա գործունեության ընթացքում  հատկապես նշանավորվել է 1925-ից Փարիզում լույս տեսնող «Յառաջ» օրաթերթի հիմնադրմամբ: 1915-ի ապրիլի 24-ին՝ հայ մտավորականների մասսայական ձերբակալությունների օրը, թուրքական ոստիկանությունը չի կարողացել գտնել նրան, սակայն հետագայում Շավարշը չի կարողացել խուսափել բանտարկությունից ու բազում այլ զրկանքներից:


24 Ապրիլ 1915-ին՝ հայ մտաւորականներու ձերբակալութեանց օրը, թրքական ոստիկանութիւնը չի կրնար գտնել Շաւարշ Միսաքեանը:

 

Շաւարշ Միսաքեան կը յիշէ, թէ ձերբակալութեանց յաջորդ օրը Սիամանթօն (Ատոմ Եարճանեան) իրեն ըսած է. «Վստահելի աղբիւրէ լսեցի, գաղտնի կնքուած նամակներ ղրկած են բոլոր թաղերու ոստիկանական տեսուչներուն, բացառիկ լիազօրութիւններ տալով, ի հարկին վճռապէս գործելու»:

 

11 (նոր տոմարով՝ 24 – Յ. Ի.) Ապրիլ 1915-ին յաջորդող օրերուն, Շաւարշ Միսաքեան կ՚իմանայ, թէ դերձակ Սարգիս Գոնիալեանը, Գրիգորիս Վրդ. Պալաքեանը, Սիամանթօն եւ ուրիշ 15-20 հայ երեւելիներ ալ ձերբակալուած են Պոլսոյ մէջ:

 

Վարդգէս ձերբակալութեանց դէմ դիմումներ կը կատարէ թուրք պատասխանատուներու մօտ եւ կը ջանայ «Ազատամարտ»ի սնտուկէն գրաւուած 440 հնչուն ոսկին ետ բերել՝ թերթի աքսորեալ աշխատակիցներու ընտանիքներուն բաշխելու համար: Սակայն Վարդգէսն ալ կը ձերբակալուի շուտով: Շատեր Շաւարշի խորհուրդ կու տան հեռանալ կամ պահուըտիլ: Շաւարշ Միսաքեանը Կոմիտաս վարդապետին կ՚այցելէ, որ ազատ արձակուած էր ու վերադարձած աքսորէն: Շաւարշ կ՚այցելէ նաեւ տարագրեալ ընկերներու ընտանիքներուն, կը կարդայ անոնց հասած նամակները, տեղեկութիւններ կը հաւաքէ եւ անոնց սահմանուած օրապահիկները կը վճարէ:

 

Շաւարշ Միսաքեանն ու ընկերները կը յաջողին հայասէր դոկտ. Եոհաննէս Լեփսիուսը Պոլիս բերել տալ Գերմանիայէն:

 

1915-ի Յունիսին, թուրքերը Կ. Պոլսոյ մէջ նոր ձերբակալութեանց կը ձեռնարկեն: Կալանման հրամանագիր կար նաեւ Շաւարշ Միսաքեանի համար: Շաւարշի թաքստոցը գիտէին միայն երկու ընկերներ ու երկու քաջ հայուհիներ:

 

Պուլկարացի Վլատիմիր Տիմիթրիեւի միջոցով Սոֆիայէն նամակ մը կը հասնի Շաւարշին եւ ընկերներուն: Սակայն, նամակներէն մէկը կ՚իյնայ թուրքերուն ձեռքը: Տիմիթրիեւ կը փորձէ պուլկարական անցագիր մը հանել Շաւարշի համար: 17 Մարտ 1916-ին, Շաւարշ Պուլկարիա պիտի մեկնէր շոգենաւով: 16 Մարտ 1916-ի գիշերը, Վլատիմիր եւ Շաւարշ կ՚ուղղուին դէպի նաւահանգիստ ու կը մտնեն Ղալաթիոյ սալոնը: Հոս թուրք պաշտօնեայ մը Շաւարշը կը ձերբակալէ: Կը պարզուի, թէ Վլատիմիր Տիմիթրիեւ մատնած էր Շաւարշը: Շաւարշի քով կը գտնուէր պուլկարական անցագիրր՝ Նիքոլա Տիմիթրիեւ անունով: Այս անունով ալ ան կը ներկայանայ ոստիկանութեան՝ Ղալաթիոյ սալոնին մէջ:

 

Հարցաքննութիւններ կը սկսին Շաւարշ Միսաքեանի հետ: Ոստիկանատան աշխատողներէն մէկը կը ճանչնայ Շաւարշը:

 

Շաւարշ Միսաքեան կը փոխադրուի քաղաքական բանտարկեալներու բաժինը՝ Ալի Ռիզայի ընկերակցութեամբ եւ ձեռքերն ու նոյնիսկ մատներն ալ կապուած վիճակով: Միսաքեան միշտ կը ներկայանայ իբրեւ Նիքոլա Տիմիթրիեւ՝ ըստ իր պուլկարական կեղծ անցագիրին:

 

Շաւարշ Միսաքեան կ՚ենթարկուի կրկնակի հարցաքննութեան: Անոր մանրամասն հարցումներ կ՚ուղղեն: Այս անգամ, Կ. Պոլսոյ ոստիկանութեան ընդհանուր տեսուչը՝ Պետրի պէյը կը հարցաքննէ զայն:

Ալի Ռիզա եւ ուրիշներ երբեմն կ՚երեւային հարցաքննութեանց պահուն: Շաւարշ իմացած ըլլալով Կարինի եւ Սեբաստիոյ հայութեան բռնագաղթին եւ կոտորածներուն մասին, հարցաքննիչի երեսին կը շպրտէ այս փաստերը: Ոստիկանատան մէջ, թուրքերը Շաւարշը սաստիկ կերպով կը ծեծեն: Յաջորդ օրր Շաւարշը կրկին կը հարցաքննեն:

 

Շաւարշ Միսաքեան կը փորձէ անձնասպանութիւն գործել՝ ազատելու համար իր կրած տառապանքներէն: Ծանրօրէն կը վիրաւորուի եւ օրերով անզգայ վիճակի մէջ կը մնայ՝ ուտելու, խմելու եւ խօսելու կարողութիւնը գրեթէ ամբողջովին կորսնցնելով: Զայն զինուորական հիւանդանոց կը տեղափոխեն: Ապաքինումը ամիսներ կը տեւէ:

 

Թուրքերը Միսաքեանը կը հանեն Պատերազմական Ատեանին առջեւ՝ ուրիշ 12 հոգիի հետ: Ան կը խոստովանի իր ինքնութիւնը եւ անոր վիճակը յարաբերաբար կը բարելաւուի:

 

Պատերազմական Ատեանին մէջ՝ անոր կը ներկայացնեն իր յուշատետրերը եւ բացատրութիւն կը պահանջեն: Շաւարշ կը նկատէ, թէ թուրքերը գրուած տեղեկութիւնները սխալ մեկնաբանած էին, եւ անմիջապէս կը պահանջէ թրքերէն թարգմանութիւնը: Ան ինքնավստահ կերպով կը յայտարարէ, թէ թարգմանութեան մէջ առկայ են շատ սխալներ ու բնագիրին մէջ անգոյ յաւելումներ: Ատեանը կ՚ընդառաջէ Շաւարշի առարկութեան եւ թուրք թարգմանիչ մը կը նշանակէ՝ ստուգելու համար թարգմանութեան բովանդակութեան համապատասխանութիւնը հայերէն բնագիրին հետ:

 

Մեհմէտ պէյը ազնիւ մարդ մըն էր ու իր գործը խղճմտօրէն կը կատարէր: Անոր աշխատանքը բարերար ազդեցութիւն կ՚ունենայ ոչ միայն Շաւարշ Միսաքեանի կացութեան, այլ նաեւ՝ ձերբակալուած Մեսրոպ Եպս. Նարոյեանի եւ ՀրանդՎրդ. Յովսէփեանի պարագաներուն վրայ: Մեհմէտ պէյ Միսաքեանի կացութիւնը բարելաւելու համար, Պատերազմական Ատեանի անդամներուն կը բարեխօսէ անոր հասցէին: Դատավարութիւնը կը տեւէ 1916-ի Յունիսէն մինչեւ Դեկտեմբեր ու Շաւարշ հինգ տարուան բանտարկութեան վճիռ կը ստանայ:

 

1917-ի Յունուարին, զայն Կեդրոնական բանտը կը տեղափոխեն: Շաւարշ հոն հետզհետէ կը յարմարի կացութեան եւ աշխատելու ու դրամ շահելու իրաւունքներ ձեռք կը բերէ: Բանտի կեանքի բոլոր դժուարութիւնները Շաւարշ կը յաղթահարէ կամքի ոյժով:

 

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը վերջ կը գտնէ եւ բանտարկեալներուն մեծ մասը ընդհանուր ներման կ՚արժանանայ:

 

Շաւարշ Միսաքեան ազատ կ՚արձակուի ու կը վերամիանայ իր կուսակցական ընկերներուն: Ան կ՚օգնէ ուրիշ հայոց արգելափակման վերջ տալուն: Ան իր ընկերներուն հետ կը սկսի հրատարակել «Ազատամարտ»ը փոխարինած «Ճակատամարտ» թերթը:

 

Շաւարշ Միսաքեան, «Տերեւներ Դեղնած Յուշատետրէ Մը», մատենաշար «Ազդակ»ի թիւ 80,Պէյրութ, 1957, 93 էջ: (Տե՛ս Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան, գիրք Ե., պատրաստեց` Յարութիւն Իսկահատեան, Պէյրութ, 2013, էջ 42 – 52):