կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-01-10 12:08
Առանց Կատեգորիա

Դժուար բան Է Դաշնակցական ըլլալը

Դժուար բան Է Դաշնակցական ըլլալը

Մօտաւորապէս 125 տարի առաջ, 1890ի ամառը, հայկական իրականութիւնը կը փոթորկէր իր տեսակին մէջ եզակի իրադարձութեամբ մը: Սարգիս Կուկունեանի արշաւանքն էր ատիկա, երբ քանի մը տասնեակ հայ զինեալներ փորձեցին անցնիլ սահմանը, մտնել Արեւմտահայաստան (այսինքն «Երկիր», ինչպէս այդ օրերու հասկացութինն էր) ու զինեալ ապստամբութիւն սկսիլ Օսմանեան բռնատիրութեան դէմ, ազատագրելու համար հայրենիքը:

 

Բոլորիս ծանօթ է այս արշաւանքին ողբերգական աւարտը: Երկու կրակի մէջտեղ մնացած հայ հայդուկները նահանջեցին, նահատակուողները նահատակուեցան, իսկ ձերբակալուածները աքսորուեցան մինչեւ Սախալին, աշխարհի միւս ծայրը:
Աւելորդ է ըսել, թէ այս արշաւանքը լուրջ դաս հանդիսացաւ այդ օրերու հայկական քաղաքական մտածողութեան համար, որ անհրաժեշտ է նախ գաղափարական ուժեղ հենքով ծրագիր եւ համապատասխան քաղաքական ռազմավարութիւն ունենալ՝ որեւէ նման քայլ առնելէ առաջ:

 

Այդ օրերուն, Հայաստան հասկացութիւնը պատմական յիշողութենէն անդին չէր անցներ: Հայուն հայրենիքը բաժնուած էր Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութիւններուն միջեւ: Զինեալ ապստամբութեան համար, նախ անհրաժեշտ էր տարածել նոյն այդ գաղափարը, միտքը եւ մտածողութիւնը հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս, որպէսզի ազատագրական շարժումը ունենայ ժողովրդային լայն խարիսխ ու մասնակցութիւն: Տարբեր խօսքով, նախ անհրաժեշտ էր ստեղծել համաժողովրդային կարողականութիւնը, ապա գործի լծել զայն՝ հասնելու համար ճշդուած նպատակին:

 

Կուկունեանի արշաւանքէն քանի մը ամիս ետք, աշնան, նորակազմ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը պայքարի համաժողովրդային բնոյթին ու գաղափարին վրայ էր, որ կը շեշտէր՝ իր հրապարակած «Մանիֆէստ»ով:

 

 

Նորակազմ կուսակցութիւնը համոզուած էր, որ հայ ժողովուրդն է իր ուժին թէ՛ աղբիւրը եւ թէ նպատակը: Իր կազմութենէն նուազ քան չորս տարի ետք, Դաշնակցութիւնը կը հրապարակէր իր առաջին ծրագիրը: Հոն, նախ կը բնութագրուէր կազմակերպութեան ընդհանուր աշխարհահայեացքը ընկերվարական շեշտադրումով, կը վերլուծուէր «Տաճկահայաստան»ի մէջ տիրող կացութիւնը եւ վերջապէս կ՛առաջադրուէր զինեալ յեղափոխութեան միջոցով «քաղաքական ազատութիւն» ձեռք բերել ու ստեղծել «ազատ Հայաստան»:

 

Զոյգ կայսրութիւններու կրունկներուն տակ ճզմուած ըլլալով, թէ՛ իբրեւ հայրենիք եւ թէ իբրեւ ժողովուրդ, հայութեան համար ամբողջութեամբ աննպաստ պայմաններու մէջէր,որ ծնունդ կ՛առնէր հայ ազատագրական պայքարը: Այսօրուան չափանիշներով, ոչ ոքի «խելքին պառկելիք» բան էր կայսրութեան մը դէմ զինեալ պայքարի սկսիլ: Տրամաբանական բա՞ն էր զինուորագրուիլ կազմակերպութեան մը, որ զինեալ յեղափոխութեան դիմած էր: Խնդրին մէջ արիւն ու մահ կար, չէ՞: Դիւրին չէր դաշնակցական ըլլալը այդ օրերուն. Ազգին համար մինչեւ իսկ զոհուելու, նահատակուելու խնդիր կար:

 

Սակայն Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականներուն համար ամենամեծ զէնքը ոչ թէ «Մոսին»ը կամ «Մաուզեր»ը, այլ՝ գաղափարի ուժն էր: Եւ այդ գաղափարը կը հաստատէր, որ աշխարհի վրայ պէտք չէ ըլլան իշխողներ եւ իշխուողներ, կեղեքողներ եւ կեղեքուողներ: Նոյն տրամաբանութեամբ եւ ազգամիջեան յարաբերութիւններու հարթութեան վրայ, ոչ մէկ ազգ իրաւունք ունի իշխելու այլ ազգի մը վրայ. ատիկա կը սանձահարէ մարդկութեան (ներառեալ՝ ազգերու) յառաջխաղացքը, համերաշխ զարգացումը եւ բարօրութիւնը:

 

Մարդ արարածը ծնած է ազատ ու պէտք է ապրի ազատ՝ իր իսկ սեփական ու անկախ հայրենիքին մէջ: Մենք եւս իբրեւ հայութիւն, իրաւունքը ունինք ունենալու մեր սեփական, անկախ ու գերիշխան պետութիւնը, մեր սեփական հայրենիքի սահմաններէն ներս:

 

Անոնք, որոնք փարեցան այս գաղափարին, առաջ տարին հայկական ազատագրական շարժումը, իրաւացիօրէն արհամարհելով «հէօքիւմաթին դէմ կռուիլ կ՛ըլլա՞յ» հարցադրումը: Դաշնակցականները, որովհետեւ զինուած էին այս գաղափարներու ուժով, կարգապահութեամբ ու մէկ մարդու պէս այս հարցադրումին պատասխանեցին ըսելով, որ «կ՛ըլլայ»:

 

Այս պատասխանը տուողներէն հազար-հազարներու նոյնիսկ գերեզմանները յայտնի չեն:

 

Սակայն մէկ բան որոշ է ու յայտնի: Այդ ալ Հայաստանի անկախ պետականութեան գոյութիւնն է, որ կը պարտինք այդ՝ գերեզմանը անյայտ հազարաւորներուն, որոնք հաւատացին այդ գաղափարին:

 

Բայց մեր պայքարը տակաւին իր վախճանական նպատակին հասած չէ: Հայութիւնը ունի երկու հիմնական խնդիրներ: Առաջինը՝ հողահաւաքի, երկրորդը՝ հայրենիքը ընկերային ու տնտեսական ԱՐԴԱՐ կարգերով օժտելու խնդիր:
Հողահաւաքը կը վերաբերի հայութենէն խլուած հողամասերու վերադարձին՝ իրենց արդարացի տիրոջ, հայութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան: Կը վերաբերի արդարութեան վերականգնումին: Այս երկու խնդիրներու արդար լուծումի ձգտումը հիմնաւորուած է նոյն այդ գաղափարական սկզբունքներուն վրայ, որոնք ճշդուած էին 1890ին ու տարիներու ընթացքին բիւրեղանալով, հասած են մեզի, այսօրուան սերունդին:

 

Այնպէս որ, պատասխանատուութիւն ենթադրող ու միաժամանակ ուժեղ ժառանգութիւն մը ունինք:

 

Այսօրուան աշխարհը, ըստ էութեան, շատ տարբեր չէ: Այդ օրերու կայսրութիւնները, ճիշդ է, չկան: Սակայն իշխողները փոխած են միայն ձեւ ու կերպարանք. երբեք՝ էութիւն: Թէ՛ ընկերային եւ թէ ազգամիջեան յարաբերութիւնները կը յատկանշուին անարդարութեամբ: Անցեալին նման այսօր եւս, մեծ կամ ուժեղ պետութիւնները կը փորձեն իրենց կամքը պարտադրել այլոց, կողոպտել աւելի թոյլերուն բնական հարստութիւնները՝ ի հարկին բռնի ուժով: Վայրագ դրամատիրութիւնը սանձարձակ կ՛արշաւէ ամէն ուղղութեամբ, ոտնակոխելով ամէն տեսակի մշակութային, ազգային կամ հոգեմտաւոր արժէքԱյս պայմաններուն մէջ, իւրաքանչիւր դաշնակցական պարտաւոր է զինուիլ գաղափարական այս ժառանգութեամբ, որ օրին «կ՛ըլլայ» պատասխանեց բոլոր թերահաւատներուն:

 

Ինչ որ մեզ կը հասցնէ մեր խորագիրին. դժուար բան է դաշնակցական ըլլալը:

 

 

Յունուար 6, 2015
[email protected]