Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մէկ դար եւ երկու տասնեակ տարիներու կեանք ունի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը:
Այլ խօսքով, 120 տարի Դաշնակցութեան ճամբով հայութեան ծառայութեան մէջ եղող ուսանողական միութեան մը հիմնադրութեան տարեդարձն է այս տարի:
Միութիւն, որ հիմնուած է 1904 թուականին Պէյրութի ամերիկեան եւ ֆրանսական համալսարաններու խումբ մը հայ ուսանողներու մասնակցութեամբ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդի Սիմոն Զաւարեանին կողմէ, երբ ան այցելեց Լիբանան:
Հպարտօրէն կրնանք ըսել, որ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը Լիբանանի մէջ ցարդ գործող ամէնէն հին քաղաքական կուսակցական կառոյցն է` բաղդատած լիբանանեան բոլոր հին ու նոր կազմակերպութիւններուն:
ՀՅ Դաշնակցութեան համար իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եւ իր հիմնադիրներուն օրինակով իսկ, ուսանողութիւնը եղած է` հիմնական ենթահող, ուշադրութեան առարկայ, գործունէութեան դաշտ, մղիչ ուժ, նոր գաղափարներու հնոց, փոփոխութեան ուժականութիւն եւ յեղափոխական միտք ու բազուկ:
Կարճ, մշտանորոգ աւիշ, որ տեւաբար կենսունակութիւն կը սրսկէ Դաշնակցութիւն կոչուած կաղնիին:
120 տարուան ուսանողական միութեան մը պատմութիւնը կարելի չէ ներկայացնել հպանցիկ ակնարկով միայն ու անցնիլ:
Պարզապէս` խորագիրները թուենք:
Հիմնուած` Պէյրութի մէջ, Օսմանեան կայսրութեան բռնագրաւման օրերուն, ականատես եղած` 1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան, մաս կազմած լիբանանեան ազատագրական շարժումին` ընդդէմ օսմանցիներուն, տեսած` Ա. Համաշխարհային պատերազմ, նահատակներ տուած` Ցեղասպանութեան, ապրած` Մեծն Լիբանանի կազմութիւնը, աշխատած` տեղահանուած հայերու Լիբանան հասած գաղթականութեան եւ որբերու կեցութեան ու կազմակերպութեան համար, այնուհետեւ լիբանանեան մակարդակի վրայ ծաւալած է ազգային, մշակութային, հասարակական, կազմակերպական, քաղաքական, քարոզչական եւ ծառայողական բազմաշերտ աշխատանքներ ոչ միայն սոսկ համալսարանական մակարդակի վրայ, այլ` ներհայկական եւ լիբանանեան շրջանակներու մէջ:
Նոյն Զաւարեան միութիւնը ապրած է` Լիբանանի անկախութիւնը, Բ. Համաշխարհային պատերազմը, երկրի քաղաքական վերիվայրումները, մինչեւ 1975-ի պատերազմ մասնակցած է ինքնապաշտպանութեան գործին եւ այնուհետեւ միշտ առաջին դիրքերը գրաւելով` պատնէշի վրայ է մինչեւ օրս:
Լիբանանի մէջ հիմնուած ըլլալը չի սահմանափակեր Զաւարեան ուսանողական միութեան գործունէութիւնը, այլ անոր համար Հայաստանի, հայութեան տագնապները եւ Հայ դատի հետապնդումը եւ` «Եթէ հարկ ըլլայ, կեանքի գնով»-ը եղած են առաջնահերթութիւն: Արցախի հողը վկայ:
Վերջին հաշուով, ԶՈՄ-ը դաշնակցական միաւոր է, Դաշնակցութեան ծնունդ զաւակ է եւ զաւկի հաւատարմութեամբ գործած է իր ծնողքին ճամբով հայութեան համար, նոյնիսկ` «Որդիների պայքարը հայրերուն դէմ» մտածումը դնելով համահայկական ընդհանրական շահերու ծառայութեան մէջ:
Առաջին հերթին, Զաւարեան գաղափարական հնոց է: Ուսանողի հանգամանքը ինքնին գաղափարական խմորումի եւ գաղափարական կեցուածքի ու պահանջատիրութեան սկզբունքայնութեան եւ անզիջողութեան պարփակման ցուցանիշն է:
Զաւարեանը կազմակերպական ուժեղացման միջավայրն է: Համապատասխան կրթութիւնը, մասնագիտացումը, քննական մտածողութիւնը առաւելներ են, որոնք կը հզօրացնեն կազմակերպութիւնը եւ այդպիսով կը թռիչքաւորեն աշխատանքը:
Քաղաքական կազմակերպութիւն է ԶՈՄ-ը` իբրեւ մտածողութիւն, գործունէութեան, վերլուծումներ կատարող, դիտարումներ արձանագրող եւ քաղաքականութեան ու քաղաքական կեանքի ծալքերը խորաթափանց կերպով լոյս աշխարհ բերող ուժ:
Դաստիարակչական հունաւորում ստացող, տուող, դաստիարակութիւն ջամբող միջավայր է ԶՈՄ-ը: Ժամանակի ընթացքին ինքզինք կերտող, նոր պայմանները, արդիականութիւնը հայացնող եւ Դաշնակցութեան ու նոր սերունդներուն համար դաստիարակութիւնը ուժեղացնող, ժամանակակից դարձնող այն միջավայրն է ան, որ ամբողջ 120 տարի ինքզինք նորոգելով` նորոգած է եւ նոր արիւն ներարկած է ընդհանուր պայքարին:
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ահազանգ է եւ զգաստութեան հրաւէր: Մեր իրականութեան մէջ դաշնակցական աւանդներուն հակասող, ախտավարակ երեւոյթներու, շահադիտական մօտեցումներու, սովորամոլութեան, անհատակեդրոնութեան, փտածութեան եւ նման այլ «վարակիչ հիւանդութեանց» դէմ ապստամբող, հաշիւ պահանջող, սրբագրող եւ կողմնացոյցը ճիշդ ուղղութեան դնող ուժն է ուսանողական այս միութիւնը:
Ու այս բոլորին կողքին, յեղափոխական մտածողութեան անվիճելի ու անբաղդատելի հնոցն է ան եւ ճառագայթող ուժը: Յեղափոխական ուժ` ոչ միայն ընդդէմ թշնամիին, այլ միաժամանակ` յեղափոխելու հաշտուողական, պարտուողական մօտեցումներու, սովորամոլութեան, տեղատուութեան, յանձնուողականութեան, անսկզբունքայնութեան պատմութեան թէ գործի ընթացքին երեւցող տկարութեանց հետեւանք եղող իրավիճակները:
Աշխարհիկ սուրբին` Սիմոն Զաւարեանին հիմնած ուսանողական միութիւնը գործած է` միշտ ձգտելով դաշնակցական Նազովրեցիի մտապատկերն ու օրինակը ունենալով իր դիմաց:
Սխալած է, տկարացած է, տարուած է երբեմն ընդհանուր ալիքին հետ, սակայն ԶՈՄ-ը մնացած է ակնածանք պարտադրող միութիւն եւ ինքնասրբագրութեան ճամբով ապրած է 120 տարի:
Մեզի համար ան յեղափոխութիւն է յեղափոխութեան մէջ:
Զգաստութեան զանգն է միշտ:
Հեղեղին եւ զառիթափին դիմաց կանգուն պատնէշ:
Ուսանողութեան Ո՛Չ-ն է ան:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Աղբյուրը՝ «Ազդակ օրաթերթ»-ի