կարևոր
5941 դիտում, 8 ամիս առաջ - 2024-03-08 12:46
Հասարակություն

«ՆՈՐ ՕՐ»-էն՝ «ԱԶԱՏ ՕՐ» 80 տա­րի ա­մէ­նօ­րեայ ներ­կա­յու­թիւն

«ՆՈՐ ՕՐ»-էն՝ «ԱԶԱՏ ՕՐ» 80 տա­րի ա­մէ­նօ­րեայ ներ­կա­յու­թիւն

«Ա­զատ Օր»-ը նշեց իր հիմ­նադ­րու­թեան 80-ա­մեա­կը շքեղ ե­լոյ­թով մը

Ս­փիիւռ­քա­հայ մա­մու­լի ար­ժա­նա­ւոր­նե­րէն՝ յու­նա­հայ գա­ղու­թի եւ եւ­րո­պա­կան տա­րած­քի միակ օ­րա­թեր­թը՝ «Ա­զատ Օր»-ը, նշեց իր հիմ­նադ­րու­թեան 80-րդ ­տա­րե­դար­ձը։ ­Տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ եր­կա­րող թեր­թի ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան, գրա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան ա­ւանդն եւ ա­նոր ու­նե­ցած կեն­սա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը յու­նա­հա­յու­թեան մէջ, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւե­ցան ­Շա­բաթ, 2 ­Մարտ 2024-ի ե­րե­կո­յեան, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» սրահ­նե­րուն մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ յու­նա­հայ գա­ղու­թի գոր­ծօն­նե­րուն եւ ան­նա­խըն­թաց բազ­մու­թեան։

Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան ա­կունք­նե­րէն սնա­նող մեր թեր­թը, ոչ միայն քա­ղա­քա­կա­նա­պէս կազ­մա­ւո­րեց ու զար­գա­ցուց յու­նա­հայ սե­րունդ­նե­րը, այ­լեւ հա­յա­կեր­տու­մի, ազ­գա­կեր­տու­մի ու հայ գի­րի լու­սա­ճա­ճանչ փա­րո­սը հան­դի­սա­ցաւ, շնոր­հիւ ան­թիւ այն ծա­ռա­յող­նե­րուն, ո­րոնք հայ մա­մու­լի ան­դաս­տա­նին մէջ դար­ձան «­Նոր Օր»-ի ու ա­նոր յա­ջոր­դին՝ «Ա­զատ Օր»-ի ե­րախ­տա­ւոր­նե­րը, ի­րենց ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մի բո­վան­դակ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը մա­տու­ցե­լով հայ մա­մու­լին։

«Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեա­կի շքեղ ե­լոյ­թը ա­ռի­թը ե­ղաւ նաեւ, որ­պէս­զի ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­ներ փո­խան­ցո­ւին մեր օ­րա­թեր­թի շարք մը նո­ւի­րեալ­նե­րուն՝ յու­շա­նո­ւէր­նե­րու յանձ­նու­մի յու­զիչ ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։

Ե­լոյ­թը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին յու­նա­հայ կեան­քի կա­ռոյց­ներն ու մա­մու­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ ­Ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Հ.Հ. դես­պա­նա­տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տ. Ան­նա Մկրտ­չեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն եւ շրջան­նե­րու կո­մի­տէ­նե­րը, Հ.Կ.­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին ու տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րը, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ «­Նոր Աշ­խարհ» եւ «­Հայ ­Կեանք» թեր­թե­րու խմբա­գիր­նե­րը։ Ս­րա­հը բեր­նէ բե­րան լե­ցուն էր մեր թեր­թի հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցող­նե­րով, բա­րե­կամ­նե­րով եւ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի հայ­րե­նա­կից­նե­րով։

Ե­լոյ­թի մեկ­նար­կին, ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ վի­տէօ ե­րիզ մը, ձեռն­հա­սօ­րէն պատ­րաս­տո­ւած ընկ. Ա­լիս ­Ֆու­րուն­ճեա­նին կող­մէ։ ­Ճոխ նկար­նե­րով եւ նկա­րագրա­կան տե­սա­նիւ­թե­րով ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան «­Նոր Օր»-ի տա­րի­նե­րը, ա­պա «Ա­զատ Օր»-ի պատ­մա­կան եր­թը, որ­պէս գա­ղու­թի սի­րո­ւած ու փնտռո­ւած օ­րա­թերթ։ ­Նաեւ, հոն ե­րեւ­ցաւ թեր­թի ներ­կայ հրա­տա­րա­կու­թեան խմբագ­րա­կան եւ տպագ­րա­կան աշ­խա­տան­քը։

Ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, ա­պա բեմ հրա­ւի­րեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նը իր խօս­քը ուղ­ղե­լու հա­մար։ Եր­կու խօս­քե­րը կը ներ­կա­յաց­նենք ա­ռան­ձին։

­Ցոյց տրո­ւե­ցան հա­տո­ւած­ներ երկ­րորդ տե­սա­նիւ­թէ մը, որ պատ­րաս­տո­ւած էր «Ա­զատ Օր»-ի 55-ա­մեա­կին ա­ռի­թով։ Ա­նոր մէջ խօ­սե­ցան «­Նոր Օր»-ի հիմ­նա­դիր սե­րուն­դի ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, դաշ­նակ­ցա­կան ա­կա­նա­ւոր գոր­ծիչ ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեա­նի կո­ղա­կի­ցը՝ ­Նա­թա­լի ­Լա­զեան, թեր­թի ա­ռա­ջին գրա­շար­նե­րէն Ա­ւե­տու­հի ­Թո­փա­լեան, ինչ­պէս նաեւ «Ա­զատ Օր»-ի հին ծա­ռա­յող­ներ։

­Պա­հը հա­սաւ յու­շա­նո­ւէր­նե­րու յանձ­նու­մին։ Ա­ռա­ջին հեր­թին, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ «Ա­զատ Օր»-ի 40 տա­րի­նե­րու նո­ւի­րեալ խմբա­գիր հան­գու­ցեալ ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի կո­ղա­կի­ցը՝ ­Մայ­տա ­Պա­րա­զեա­նը, որ Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի
ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին եւ թեր­թի խմբա­գի­րին ձե­ռամբ՝ յու­զո­ւած ստա­ցաւ ա­ռա­ջին յու­շա­նո­ւէ­րը։

­Յա­ջոր­դա­բար, բեմ բարձ­րա­ցան Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ միու­թեան եր­կու ան­դամ­ներ, ընկ. ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեան եւ ընկ. ­Ժան­նա ­Յով­սէ­փեան, ո­րոնք հա­ղոր­դա­վա­րի դե­րով, նախ պատ­մա­կան վեր­յի­շում մը կա­տա­րե­ցին՝ տա­լով «Ա­զատ Օր»-ի 55-ա­մեա­կի եւ 65-ա­մեա­կի ե­լոյթ­նե­րուն պար­գե­ւատ­րո­ւած ան­ցեա­լի ծա­ռա­յող­նե­րու ա­նուն­նե­րը։ ­Շա­րու­նա­կե­լով, ա­նոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին օ­րո­ւան ե­լոյ­թին ա­ռի­թով պար­գե­ւատ­րո­ւող ան­ձե­րուն՝ թեր­թին հա­մար կա­տա­րած խմբագ­րա­կան, վար­չա­կան, գրա­շա­րա­կան, տպագ­րա­կան, աշ­խա­տա­կի­ցի ու ցրո­ւու­մի եր­կա­րա­մեայ աշ­խա­տանք­նե­րը, ա­նոնց ծա­ռա­յու­թեան ու նո­ւի­րու­մի հա­մա­պատ­կե­րը։

­Յու­շա­նո­ւէր­ներ ստա­ցան ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան, ­Կի­րա­կոս Մկր­տի­չեան, հան­գու­ցեալ ­Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեա­նին հա­մար՝ իր որ­դին ­Փոլ ­Ֆա­րա­ճեան, հան­գու­ցեալ ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նին հա­մար՝ իր դուստ­րը Ար­տա ­Ճէ­լա­լեան, հան­գու­ցեալ ­Գե­ղարդ Ա. քհնյ. ­Պա­պօղ­լեա­նին հա­մար՝ ե­րի­ցու­հի Ա­րաք­սի ­Պա­պօղ­լեան, հան­գու­ցեալ ­Վա­րագ Ա. քհնյ. ­Յով­սէ­փեա­նին հա­մար՝ իր որ­դին ­Համ­բիկ ­Յով­սէ­փեան, Ա­րա ­Ման­կո­յեան, ­Ման­նիկ Աշ­րեան, ­Սեր­գօ ­Մի­նա­սեան, հան­գու­ցեալ ­Համ­բար­ձում ­Համ­բար­ձու­մեա­նին հա­մար՝ իր որ­դին ­Մի­նաս ­Համ­բար­ձու­մեան, ­Ռե­փե­կա ­Պա­րա­զեա­նին հա­մար՝ իր հա­րա­զա­տը Ար­միկ ­Պա­րա­զեան, ­Մա­րօ Օն­նի­կեա­նին հա­մար՝ իր դուստ­րը ­Լու­սի Օն­նի­կեան, ինչ­պէս նաեւ հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նէն Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեան, Ա­ւե­տիս Ա­ւե­տի­սեան եւ ­Վահ­րամ ­Պէք­թա­շեան, ո­րոնք չկա­րո­ղա­ցան ներ­կայ գտնո­ւիլ, ու վեր­ջա­պէս՝ հան­գու­ցեալ ­Մար­գար ­Շա­րապ­խա­նեան։

­Յու­զու­մի մթնո­լոր­տին մէջ, կարգ մը պար­գե­ւատ­րո­ւող­ներ ի­րենց սիր­տի խօս­քը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ե­ղած պա­տի­ւին հա­մար։

­Պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­գի­րին յա­ջոր­դեց ըն­կե­րա­յին ե­րե­կոյ, գի­նիով, ա­ղան­դեր­նե­րով ու հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեամբ, ո­րուն ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցան սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւո­ւու­թիւն­ներ թեր­թի ֆոն­տին։ Այս ա­ռի­թով, բո­լոր ներ­կա­նե­րուն տրա­մադ­րու­թեան տակ դրո­ւե­ցան «Ա­զատ Օր»-ի 1 ­Մար­տի բա­ցա­ռիկ թի­ւը, գի­նիի նմուշ­ներ յա­տուկ պա­յու­սա­կի մէջ, ո­րոնց վրայ ար­ձա­նագրո­ւած էր թեր­թի 80-ա­մեա­կին ա­ռի­թով պատ­րաս­տո­ւած զար­դան­շա­նը, ինչ­պէս նաեւ 2024-ի օ­րա­ցոյ­ցէն օ­րի­նակ­ներ։
Ե­րե­կոն վերջ գտաւ ուշ գի­շեր, ու­րախ ու խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ։

Ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նի բաց­ման խօս­քը

«Ա­զատ Օր»-ի ա­ռօ­րեայ աշ­խա­տան­քի ըն­թաց­քին, թղթա­տե­լով թեր­թի հին տո­մար­նե­րը, յա­ճախ զար­ման­քով կ­՚անդ­րա­դառ­նանք այն դժո­ւար օ­րե­րուն, երբ թեր­թի մը հրա­տա­րա­կու­թեան ձեւն ու աշ­խա­տան­քը կը պա­հան­ջէր ու­ժե­րու գեր­լա­րում, հա­մեստ սե­ղա­նի մը վրայ՝ ան­հա­մար թուղ­թե­րու մէջ թա­ղուած, օ­րո­ւան լու­րե­րը գրե­լու հա­մար ժա­մեր սպա­ռել, այ­լեւ ան­դին՝ տա­ռե­րը հա­տիկ-հա­տիկ շա­րել, կա­պա­րի հո­տը շնչել, ձեռ­քե­րը մե­լա­նին մէջ թաթ­խել, թեր­թը ծալ­լել, ցրո­ւիչ­նե­րուն յանձ­նել եւ դեռ քա­նի՜, քա­նի՜ աշ­խա­տանք­ներ։

Այ­սօր ժա­մա­նակ­նե­րը փո­խո­ւած են։ Ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը հիմ­նո­վին շրջած է աշ­խա­տան­քի ձե­ւը։ ­Հին օ­րե­րու նեղ ու մութ սե­նեակ­նե­րու, անն­ման Ա­հա­րո­նի խօս­քին հա­մա­ձայն՝ «դէ­պի դժոխք տա­նող այդ 17 սանդ­խա­մա­տե­րու» ժա­մա­նակ­նե­րը ի­րենց տե­ղը տո­ւած են նոր, օ­դա­ւէտ, լու­սա­ւոր աշ­խա­տա­վայ­րե­րու, ուր ա­մէն ինչ կը կա­տա­րո­ւի շտապ, ժա­մա­նա­կի պա­հան­ջին հա­մա­ձայն, շնոր­հիւ բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեան, հա­մա­կարգ­չա­յին դրու­թեան, որ թեր­թի մը հրա­տա­րա­կու­թեան հին ձեւն ու մա­շեց­նող ա­ռօ­րեան վե­րա­ծած է ա­րագ ու ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քի։

­Սա­կայն, ի՜նչ հեգ­նանք։ ­Նոյն ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը, որ այն­քան դիւ­րա­ցու­ցած է թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան աշ­խա­տան­քը, այ­սօր դա­սա­կան մա­մու­լի աշ­խար­հը հիմ­նո­վին այ­լա­փո­խած է, պար­պած է իր ու­ժա­կա­նու­թե­նէն, գու­նա­թափ դար­ձու­ցած է ա­նոր հմայ­քը։ ­Պար­զա­պէս, ո­րով­հե­տեւ մեր ձեռ­քե­րուն մէջ ու­նե­ցած նոր մի­ջոց­նե­րը՝ հե­ռա­ձայն­նե­րը կամ այլ սար­քե­րը, ա­մէն մէկս վե­րա­ծած են փոքր, ինք­նա­կոչ ու յա­ւակ­նոտ խմբա­գի­րի, գրա­շա­րի, հրա­տա­րա­կի­չի, երբ ա­մէն ինչ այ­լեւս կ­՚ը­սո­ւի ու կը գրո­ւի ան­հա­տին կող­մէ։

Կ­՚ապ­րինք դա­սա­կան մա­մու­լի տագ­նա­պի օ­րե­րը։ Որ­քան ալ այ­սօր մեր ո­լոր­տը փոր­ձէ նո­րա­ձեւ հրա­տա­րա­կու­թեան ձե­ւա­չա­փե­րուն մէջ յար­մա­րիլ, ան­հա­տի ինք­նամ­փո­փու­մը իր պաս­տա­ռին վրայ, հոն ուր հմա­յիչ պատ­կեր­ներն ու նիւ­թե­րու այ­լա­զա­նու­թիւ­նը հե­ղե­ղի նման կ­՚անց­նին աչ­քին առ­ջե­ւէն, այ­լեւս տեղ չեն տար դա­սա­կա­նօ­րէն ըն­դու­նո­ւած մա­մու­լին, որ ու­նի իր յստակ կազ­մո­ւած­քը, բայց նաեւ սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը։

«­Նոր Օր»-ի 100-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան թո­ւա­կա­նին, ինչ­պէս նաեւ «Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեայ փա­ռա­ւոր եր­թի նշու­մի այս պա­հուն, մեր նպա­տա­կը ա­նի­ծել կամ այ­պա­նել չէ ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը, որ մար­դոց շղթա­յա­կա­պած է ի­րենց սե­փա­կան աշ­խար­հին մէջ, կամ ող­բալ հայ դա­սա­կան մա­մու­լի եր­բեմ­նի հմայ­քին հա­մար։

­Մեր նպա­տակն է, նախ պա­տո­ւել ան­ցեա­լը, ա­պա հա­ւա­քա­բար վե­րա­նո­րո­գել մեր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը, նա­յե­լով վաղն ու գա­լիք ա­պա­գան, միշտ յար­մա­րե­լով նոր ըմբռ­նում­նե­րուն, ա­ռանց սա­կայն կորսնց­նե­լու մեր ա­ռա­քե­լու­թեան նպա­տա­կը, մեր դի­մա­գի­ծը, բայց նաեւ մեր գա­ղա­փա­րա­կան ա­կունք­նե­րէն ե­կող ժա­ռանգն ու հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թիւ­նը։

«Ա­զատ Օր»-ը սոսկ հրա­տա­րակ­չա­կան ձեռ­նար­կու­թիւն մը չէ, որ­պէս­զի խօ­սիլ զուտ ար­հես­տա­գի­տա­կան լե­զո­ւով, հրա­տա­րա­կու­թեան շա­հա­բեր ծրա­գիր­ներ մշա­կել, զա­նոնք գոր­ծադ­րել ու պար­զա­պէս պատ­շա­ճիլ կամ ոչ՝ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ի­րա­կա­նու­թեան։

­Մեր թեր­թը, աս­կէ ա­ռաջ ա­նոր նա­խա­հայ­րը՝ «­Նոր Օր»-ը, կը շա­րու­նա­կէ հան­դի­սա­նալ միտ­քի ու հո­գիի այն դարբ­նո­ցը, ո­րուն մէջ յու­նա­հայ գա­ղու­թը ուժ եւ շունչ ստա­ցաւ, իր կազ­մու­թեան դժո­ւար օ­րե­րէն մին­չեւ այ­սօր։ Ան­մար կրա­կի մը նման մեր թեր­թը ջեր­մա­ցուց յու­նա­հա­յե­րու սիր­տե­րը, վառ պա­հեց հա­յու վե­րապ­րու­մի ո­գին սփիւռ­քի մէջ, լոյս սփռեց մեր մես­րո­պա­շունչ գի­րին վրայ։ Երբ հայ­րե­նի աշ­խար­հի դռնե­րը յա­մա­ռօ­րէն փակ կը մնա­յին սփիւռ­քա­հա­յու­թեան առ­ջեւ, մեր թեր­թը փոքր ճեղ­քեր կը բա­նար պա­տին վրայ, որ­պէս­զի ան­կէ դուրս ցայ­տի ա­րե­ւա­համ ­Հա­յաս­տա­նի բուր­մուն­քը։ ­Գա­ղա­փա­րա­կան սե­րունդ­ներ կազ­մա­ւո­րեց, մա­նա­ւանդ երբ հայ ե­րի­տա­սար­դի համ­բե­րու­թիւ­նը սպա­ռե­ցաւ ու իր ձեռ­քը զի­նո­ւե­ցաւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի նոր շղթա­յա­զեր­ծու­մի օ­րե­րուն։ ­Թեր­թը, ամ­բողջ հա­յու­թեան կող­քին, Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­թեան եր­գը շե­փո­րեց, հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­տո­ւան­դա­նին վրայ կանգ­նած ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի խոր­հուր­դը ջեր­մօ­րէն փոր­ձեց պա­հել յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­նե­րու սիր­տին մէջ։

Մ­տա­ւոր ար­տադ­րու­թեան իւ­րա­յա­տուկ աշ­խա­տա­նոց մը ե­ղաւ «Ա­զատ Օր»-ը։ Ոչ ոք կրնայ կաս­կա­ծի տակ առ­նել ա­նոր կեն­սա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը մեր գա­ղու­թէն ներս։ Ոչ ոք կրնայ բի­ծեր տես­նել իր բիւ­րե­ղեայ գա­ղա­փա­րա­կան դի­մա­գի­ծին վրայ, կամ գլուխ չխո­նար­հել ան­թիւ իր ծա­ռա­յող­նե­րուն վաս­տա­կին առ­ջեւ, ո­րոնք միս, հո­գի եւ զգա­ցում մա­շե­ցու­ցին՝ թեր­թի ա­մէ­նօ­րեայ եւ հաս­տա­տուն ներ­կա­յու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար գա­ղու­թէն ներս։ ­Լա­զեանն ու ­Կա­զէ­լը, ­Սեդ­րա­կը, ­Վազ­գէնն ու Ա­հա­րո­նը, ­Յով­սէ­փը, եւ դեռ քա­նի քա­նի­ներ, ո­րոնք մկրտո­ւե­ցան մեր գա­ղա­փա­րա­կան մա­մու­լի ա­ւա­զա­նին մէջ եւ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան է­ջե­րը գրե­ցին, կը շա­րու­նա­կեն ներշն­չու­մի աղ­բիւր դառ­նալ բո­լո­րիս հա­մար։ Ա­նոնց բո­ցա­շունչ ո­գին կը շա­րու­նա­կէ սա­ւառ­նիլ մեր մէջ, ուժ եւ յոյս սրսկե­լով այ­սօ­րո­ւան ու վա­ղո­ւան սպա­սում­նե­րուն հա­մար։

­Սի­րե­լի եւ թան­կա­գին բա­րե­կամ­ներ,

­Կա­րե­լի է եր­կար խօ­սիլ ան­ցեա­լի փա­ռա­պանծ օ­րե­րուն մա­սին, գով­քը հիւ­սել հա­րիւ­րա­ւոր այն ծա­ռա­յող­նե­րուն, ո­րոնք հայ մա­մու­լի եր­կու ար­ժա­նա­ւոր­նե­րը՝ «­Նոր Օր»-ը եւ «Ա­զատ Օր»-ը վե­րա­ծե­ցին հայ­կա­կան օ­ճա­խի ան­բա­ժան մէկ մաս­նի­կին, հա­րա­զատ ըն­կե­րոջ ու փնտռո­ւած բա­րե­կա­մին։ ­Մեր գլու­խը կը խո­նար­հինք ա­նոնց թո­ղած վաս­տա­կին առ­ջեւ։

­Սա­կայն, ե­թէ պահ մը ա­նոնց ձայ­նը լսե­լի դառ­նար, հե­ռո­ւէն ե­կող ար­ձա­գան­գը պի­տի վե­րա­ծո­ւէր հրա­մա­նի հա­մա­զօր՝ ու­ժեղ կո­չի մը։

«­Հայ նոր սե­րուն­դին հոգ տա­րէ՛ք», պի­տի ըլ­լար սրտա­ռուչ կո­չը մեր նո­ւի­րեալ­նե­րուն։

Ա­հա, հո՛ս կը գտնո­ւի մեր թեր­թի յա­րա­տեւ­ման, հայ մա­մու­լի կեն­սու­նա­կու­թեան աղ­բիւ­րը։

­Պար­տա­ւոր ենք, միաս­նա­բար՝ թերթ, գա­ղու­թի կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծօն­ներ, հո­գեմ­տա­ւոր կա­ռոյց­ներ, հայ դպրու­թեան մշակ­ներ, գլուխ ծռել նոր սե­րուն­դի ազ­գա­յին, գա­ղա­փա­րա­կան ու մտա­յին զար­գաց­ման վրայ։ ­Ժա­մա­նակ­նե­րը ցոյց կու տան, թէ մա­շու­մի ա­րա­գըն­թաց հո­սան­քը ա­մա­յու­թեան կը վե­րա­ծէ եր­բեմ­նի մեր մտա­ւո­րա­կան ան­դաս­տա­նը, իսկ հայ­րե­նի­քի ու Ար­ցա­խի ապ­րած մե­րօ­րեայ՝ ներ­քին ու ար­տա­քին ող­բեր­գու­թիւ­նը սե­րունդ­նե­րը կը փոր­ձէ հե­ռաց­նել մայր ա­կուն­քէն՝ հայ­րե­նի հո­ղէն, լե­զո­ւէն, դի­մա­գի­ծէն։

«Ա­զատ Օր»-ի պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը եւ ա­նոր ե­տին՝ ար­թուն պա­հա­կի նման կանգ­նող վար­չա­կան միա­ւոր­նե­րը, լիո­վին կը գի­տակ­ցին մեր թեր­թի կեն­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան գա­ղու­թէն ներս։ Այն­քա՛ն կեն­սա­կան, որ­քան են մեր վար­ժա­րան­նե­րը, մեր միու­թիւն­նե­րը, մեր կա­ռոյց­նե­րը, ա­կումբ­ներն ու օ­ճախ­նե­րը։

­Թեր­թը, հա­ւա­տա­րիմ իր ա­ռա­քե­լու­թեան, իր ին­նե­րորդ տաս­նա­մեա­կի սե­մին, յու­նա­հա­յու­թեան առ­ջեւ կը ներ­կա­յա­նայ վե­րա­նո­րո­գո­ւած պատ­կեր մը կազ­մած ըլ­լա­լով, թէ՛ բո­վան­դա­կու­թեան եւ թէ՛ է­ջադ­րու­մի նոր ձե­ւա­փա­չով, քայլ պա­հե­լու հա­մար ար­դի ի­րա­կա­նու­թեան հետ։ Ար­դէն իսկ, շա­տե­րը ի­րենց ձեռ­քին մէջ ա­ռին նոր թի­ւը, գնա­հա­տան­քի խօս­քե­րը ան­պա­կաս ե­ղան, իսկ մեր հո­գե­կան գո­հու­նա­կու­թիւ­նը լիա­ցաւ ի տես մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն կող­մէ տրո­ւած հա­ւա­նու­թեան։ ­Միա­ժա­մա­նակ, ծրա­գիր­ներ կը մշա­կո­ւին, որ­պէս­զի թեր­թը իր քայ­լե­րը ա­ռա­ւել հաս­տա­տէ նաեւ ար­դի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան տա­րածք­նե­րուն մէջ, միշտ նա­խան­ձախն­դիր ըլ­լա­լով ա­ւե­լի ամ­րապն­դե­լու ա­պա­գան՝ իր ու­նե­ցած 80-ա­մեայ կեն­սա­փոր­ձին հա­մա­ձայն։

­Սա­կայն, այն բո­լո­րը ի դե­րեւ պի­տի ըլ­լան, ե­թէ գա­ղու­թա­յին զօ­րա­շարժ չըլ­լայ։

­Կոչ կ­՚ուղ­ղենք բո­լո­րին, որ­պէս­զի միաս­նա­բար ա­մուր ու կան­գուն պա­հենք մեր թեր­թը։ ­Շա­րու­նա­կենք «Ա­զատ Օր»-ին առ­ջեւ մեր տու­նե­րուն դռնե­րը բաց պա­հել, նո­րապ­սակ օ­ճախ­նե­րուն թերթ նո­ւի­րել, վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ ա­պա­գայ լրագ­րողն ու խմբա­գի­րը կազ­մա­ւո­րել, պա­տա­նե­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան, ակմ­բա­յին եւ միու­թե­նա­կան կեան­քի հա­յե­լին դարձ­նել մեր թեր­թը։

­Բո­լորս միաս­նա­բար եւ հա­ւա­քա­բար, այ­սօր իսկ՝ վե­րա­նո­րո­գո­ւած կամ­քով, մեր հետ տա­նինք մի՛շտ ե­րի­տա­սարդ մնա­ցող բա­րե­կա­մը՝ «Ա­զատ Օր»-ը։

Հ.Յ.Դ.­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ
ընկ.Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի խօս­քը

«Ա­զատ Օ­ր»ը ար­դէն կը թե­ւա­կո­խէ իր 80-րդ ­տա­րին։ ­Յո­բե­լե­նա­կան կա­րե­ւոր թո­ւա­կան մը, որ կը նշենք մեծ հպար­տու­թեամբ եւ ու­րա­խու­թեամբ, ան­շե­ղօ­րէն հա­ւա­տա­լով հայ թեր­թի կա­րե­ւո­րու­թեան եւ յա­րա­տե­ւու­թեան։ ­Մա­նա­ւանդ երբ այս յո­բե­լեա­նը կը զու­գա­դի­պի հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­գիր թեր­թի Ազ­դա­րար թեր­թի 230-ա­մեա­կին։ ­Զու­գա­դի­պու­թիւն­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս շատ են հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ։ Այս­պէս, յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան դառն ճա­կա­տա­գի­րը խորհր­դան­շե­լով, կը տես­նենք թէ հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­գիր թեր­թը լոյս չէր տե­սած հայ­րե­նի հո­ղի վրայ, այլ հրա­տա­րա­կո­ւած էր Հնդ­կաս­տա­նի ­Մատ­րաս քա­ղա­քին մէջ։

­Յու­նաս­տա­նի «­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թի պատ­մու­թիւնն ալ կը սկսի երբ Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տէն ետք, մա­հէն մա­զա­պուրծ փրկո­ւած հայ գաղ­թա­կան­նե­րը կը հաս­տա­տո­ւին ­Յու­նաս­տան եւ ան­մի­ջա­պէս կը դի­մեն հայ թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան, 1923-ին։ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մար­մին­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան ու խիստ ջան­քե­րուն շնոր­հիւ, «­Նոր Օր»ը կը գոր­ծէ, ա­պա կը վե­րա­նուա­նո­ւի «Ա­զատ Օր» եւ կը շա­րու­նա­կէ ան­խա­փա­նօ­րէն հրա­տա­րա­կո­ւիլ մին­չեւ օրս։

«Ա­զատ Օ­ր»ի եր­կար տա­րի­նե­րու վաս­տա­կա­ւոր խմբա­գիր ըն­կեր ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան կ­‘ը­սէր թէ հայ թերթ հրա­տա­րա­կել կը նշա­նա­կէ բազ­մա­բո­վան­դա­կա­յին ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պել ա­մէն օր։ Անձ­նա­պէս կրնամ վստա­հեց­նել այս խօս­քի ի­րո­ղու­թեան մա­սին։ ­Թեր­թի բո­վան­դա­կու­թեան պատ­րաս­տու­թե­նէն զատ, հայ օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տու­նը կեն­դա­նի վայր ու ժո­ղո­վուր­դին հետ երկ­խօո­սու­թիւն պա­հող օ­ղակ պէտք է ըլ­լայ, ուր խմբագրա­կան աշ­խա­տան­քին կող­քին՝ յօ­դո­ւա­ծա­գիր­նե­րու եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, գա­ղու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու թղթակ­ցու­թիւն­նե­րու, միու­թե­նա­կան աշ­խու­ժու­թիւն­նե­րու լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րու լայն դաշտ մը կայ։ Իսկ զգա­ցա­կան կա­պը որ ու­նին ըն­թեր­ցող­նե­րը ի­րենց ա­ռօ­րեայ ըն­կե­րոջ՝ «Ա­զատ Օ­ր»ին հետ, թան­կա­գին այն թթուա­ծինն է որ խմբագ­րա­կան կազ­մեր եւ պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­ներ յա­ւե­լեալ պար­տա­կա­նու­թեան առ­ջեւ կը բե­րէ։

­Տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին թեր­թը ձե­ւա­ւո­րած է հե­տաքրք­րո­ւող ըն­թեր­ցող­նե­րու ա­պա­հով զան­գո­ւած մը, ո­րոնք կը գնա­հա­տեն տա­րո­ւող աշ­խա­տան­քը եւ ի­րենց բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ցոյց կու­տան հա­ւա­տար­մօ­րէն։ ­Յօ­դո­ւա­ծա­գիր­նե­րու եւ աշ­խա­տա­կից­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հայ մա­մու­լի այլ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ ան­մի­ջա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը, հա­յու­թիւ­նը յու­զող բո­լոր հար­ցե­րու շուրջ հրա­պա­րա­կում­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ճգնա­ժա­մե­րը եւ Ս­փիւռ­քի հայ գա­ղութ­նե­րուն մէջ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը՝ ի­րենց վեր­լու­ծա­կան եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր գրու­թիւն­նե­րով՝ կեանք կու­տան «Ա­զատ Օ­ր»ի է­ջե­րուն։

Հ.Յ.Դ. ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մար­մին­նե­րու մղիչ ու­ժը այս գոր­ծին մէջ ե­ղած է միշտ ժո­ղո­վուր­դի վստա­հու­թիւ­նը, քա­ջա­լե­րանքն ու գուր­գու­րան­քը հայ թեր­թին հան­դէպ։ Ար­դէն, հաս­տա­տու­թեան մը ա­պա­գա­յի յա­ջո­ղու­թեան ե­րաշ­խի­քը ա­նոր այ­սօ­րո­ւան ու ան­ցեա­լի աշ­խա­տանք­նե­րու ար­ժե­ւո­րումն է։

Եւ այ­սօր, այս տօ­նա­կան օ­րո­ւան ա­ռի­թով, մեր առ­ջեւ բա­ցո­ւող մեծ մար­տահ­րա­ւէ­րը՝ վա­ղո­ւան օ­րը մտա­ծե­լու եւ այն ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­բեր դարձ­նե­լու մտա­սե­ւե­ռումն է։ ­Պա­հե­լով մեր օ­րա­թեր­թի հիմ­քը հան­դի­սա­ցող լրա­տո­ւու­թեան, կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման եւ վեր­լու­ծու­մի ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան յօ­դո­ւած­նե­րու հրա­պա­րա­կը, պէտք է ա­պա­հո­վել թեր­թի յա­ւե­լեալ տա­րա­ծու­մը եւ իւ­րա­քան­չիւր յու­նա­հայ ըն­տա­նի­քի թէ ան­հա­տի մօտ հա­սա­նե­լիու­թիւ­նը։

Ա­պա­գա­յի մա­սին կա­րե­լի չէ խօ­սիլ ու չի նշել լրագ­րա­կան մար­զին մէջ աշ­խա­տող մար­դու­ժի եւ ըն­թեր­ցող մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թեան հար­ցը։ Երբ հա­յե­րէն ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով նա­հանջ կ­’ապ­րի «հա­յա­խօ­սու­թեան նո­ւա­զում, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու չա­փա­զանց օգ­տա­գոր­ծում, լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէն, ոչ բա­ւա­րար ժա­մա­նակ, գրա­կա­նու­թեան գոր­ծե­րու սահ­մա­նա­փակ վե­րահ­րա­տա­րա­կում, հա­յու­թեան հար­ցե­րէ մե­կու­սա­ցում ե­ւ այլն, ե­ւ այլն» նոյն­չափ կա­րե­ւոր կը դառ­նայ ըն­թեր­ցող մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թեան հար­ցը, այն­քան՝ որ­քան ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան ջամ­բու­մը։ ­Նոյն պա­հուն, թեր­թը ին­քը պար­տի ո­րո­նել նոր ու ար­դիա­կան այն մի­ջոց­նե­րը, որ զայն մրցու­նակ եւ իր վրայ հե­տաքրք­րու­թիւն կեդրո­նաց­նող ազ­դակ­ներ պի­տի դառ­նան։

Այ­սօր ու­րեմն այդ օրն է, որ կ­þար­ժե­ւո­րենք ան­ցեա­լը եւ խա­րիսխ կը ստեղ­ծենք ա­պա­գա­յին հա­մար։
Եր­կար տա­րի­ներ մաղ­թենք մեր սի­րե­լի «Ա­զատ Օ­ր»ին, շնոր­հա­ւո­րե­լով իր 80-ա­մեա­կը, եւ պա­տո­ւե­լով խմբագրա­կան կազ­մե­րու, աշ­խա­տա­կից­նե­րու, հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցող­նե­րու եւ բո­լոր նո­ւի­րեալ­նե­րու մեծ բա­նա­կը։

Հ.Կ.­Խա­չի վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը
ե­րան­գա­ւո­րե­ցին թեր­թի 80-ա­մեա­կը

«Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեա­կի ե­լոյ­թի յատ­կան­շա­կան բա­ժին­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ յա­տուկ ցու­ցադ­րու­թիւն մը, որ պատ­րաս­տո­ւած էր Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» եւ «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն կող­մէ։ ­Քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ խմբագ­րա­տուն այ­ցե­լած եր­կու դպրոց­նե­րու վե­րին կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը, ի­րա­զեկ դառ­նա­լով 80-ա­մեա­կին հա­մար կա­տա­րո­ւած նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ի­րենց տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մի քա­ջա­լե­րա­կան դրդու­մով, պատ­րաս­տե­ցին գե­ղե­ցիկ ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­ներ, գրու­թիւն­ներ, գծագ­րու­թիւն­ներ եւ այլ ձե­ռա­կերտ ի­րեր, ո­րոնք կապ ու­նէին թեր­թի յո­բե­լեա­նին հետ եւ ո­րոնց վրայ ար­տա­ցո­լաց ա­նոնց ման­կա­կան ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը հայ մա­մու­լին հան­դէպ։

Իւ­րա­տիպ այս աշ­խա­տան­քը ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ ե­լոյ­թի սրա­հի նա­խա­մու­տին եւ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցաւ բո­լոր ներ­կա­նե­րուն կող­մէ։