կարևոր
2605 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-10-23 22:08
Աշխարհ Քաղաքական

Ակնարկ. 3+3-1

Ակնարկ. 3+3-1

Արցախեան վերջին միօրեայ պատերազմէն ետք կարելի է արձանագրել, որ եռակողմ յայտարարութիւնը չեղեալ նկատուած է: Եռակողմի ամբողջ հանգոյցը 9-րդ կէտն է, այլ խօսքով` տարածաշրջանի ապաշրջափակումը:

Եռակողմը հրադադարի յայտարարութեան սահմաններէն շատ հեռու գացած է եւ անցած տնտեսաքաղաքական նոր յարաբերութիւններու, առանց անուանապէս յիշելու, ըստ էութեան սակայն ներգրաւելով տարածաշրջանային ուժեր` Իրանէն մինչեւ Վրաստան, անցնելով Թուրքիայէն, Ռուսիայէն եւ Ազրպէյճանէն:

Մէջբերենք 9-րդ կէտը. կ՛ապաշրջափակուին տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրական հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը` քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրական հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը կ՛իրականացնեն Ռուսիոյ ԱԴԾ (Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան) սահմանապահ ծառայութեան մարմինները:

Առաջին նախադասութենէն այս յօդուածը կը խօսի տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման առաջադրանքին մասին: Այնուհետեւ, ապաշրջափակումը կը մասնաւորուի Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ ստեղծուելիք փոխադրական հաղորդակցուղիներուն վրայ:

Նախ եւ առաջ ապաշրջափակումը Նախիջեւան-Ազրպէյճան գիծին կը վերաբերի: Աւելի խորաթափանց հայեացքը կը տեսնէ, որ հիմնականին մէջ Թուրքիան Ազրպէյճանին միացնող ապաշրջափակման նախագիծ է արծարծուածը: Չըսելու համար Թուրքիա-կեդրոնական ասիական պետութիւններ:

Անգարան, որ կը փոխկապակցէ Ազրպէյճան -Հայաստան յարաբերութիւններու հաստատումը, բնականաբար իր առաջադրած կամուրջի ընկալումով կը պայմանաւորէ Հայաստանի հետ իր սահմանի բացումը:

Ռուսիոյ առնչութիւնը յստակ է` հաղորդակցուղիները պիտի վերահսկուին Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ ուժերուն կողմէ: Ռազմավարական տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող այս կենսաճանապարհի վերահսկողութիւնը ըստ էութեան ռուսական է, ըստ եռակողմին:

Շարունակենք 9-րդի տողերու ետին գոյութիւն ունեցող հատուածներուն ընթերցումը: «Կ՛ապաշրջափակուին տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերը»: Իրանը տարածաշրջանին մէջ շրջափակուած երկիր է: Իր կողմէ թիրախաւորուած եզրագիծը Սեւ ծովն է: Հոն հասնելու առաջին կամուրջը Սիւնիքն է, որմէ ետք` Վրաստանը:

Սիւնիքը ուրեմն երկու ուղղութիւններով հանգուցակէտ է կամ խաչմերուկ: Թուրքիա-Կեդրոնական Ասիա, կամ Նախիջեւան-Ազրպէյճան եւ Իրան-Եւրոպա Սեւ ծովու ճամբով: Երկու ռազմավարական ուղղութիւնները` ռուսական վերահսկողութեամբ:

Բայց եռակողմը չեղեալ նկատուած է, հետեւաբար նաեւ` տարածաշրջանի ապաշրջափակումը առաջադրած 9-րդ կէտը: Երեւանը այլեւս յանձնառութեան տակ չէ խաչմերուկային կամ հանգուցակէտային այս ճանապարհը գործարկելու:

Պիտի առարկուի, որ Երեւանը գործօն չէ նման ռազմավարական նշանակութիւն եւ տարողութիւն ունեցող որոշումներու չեղեալ նկատման մէջ: Նման որոշում տարածաշրջանի գլխաւոր խաղցողներու համաձայնութիւնը կ՛ենթադրէ, Իրանէն մինչեւ Վրաստան, անցնելով Թուրքիայէն եւ Ռուսիայէն: Միայն Թուրքիան Ազրպէյճանին կապելու դրութիւնը չի բաւարարեր Իրանը: Որ վճռականօրէն դէմ է պահանջուած «միջանցք»-ին: Սակարկութիւն կը սկսի, երբ Սիւնիքի շուրջ համաձայնութիւն ըլլայ նաեւ տարանցիկութեամբ Իրանին դէպի Սեւ ծով ելք տալու:

Հիմա անդրադառնանք, որ տարածաշրջանային ապաշրջափակման այս բաղադրիչները ներկայացնելու պահուն կը խօսինք Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ մասին: Քաղաքական տրամաբանութեան պարունակին մէջ կը տեղաւորուի ուրեմն եռակողմի չեղեալ նկատուելէն անմիջապէս ետք երկու տարի առաջ մեկնարկած, բայց առկախուած 3+3-ի վերագործարկման որոշումը, յետ գլխաւոր խաղցողներու միջեւ կայացած խորհրդակցութիւններու:

Կարեւոր է այս ձեւաչափի գումարման վայրը` Թեհրանը: Առ երեւոյթ կը նկատուի, որ այս ձեւաչափէն դուրս մղուած է Արեւմուտքը: ՕԹԱՆ-ի երկրորդ ուժը սակայն կամրջուող երկիր է եւ հիմնականին մէջ այս ձեւաչափի առաջին ճարտարապետը: Իրանի ապամեկուսացումը փուլային կշռոյթներ ունի:

Թիֆլիսը տակաւին չէ համաձայնած ներառուիլ ձեւաչափի մը մէջ, ուր Մոսկուան ներկայ է: Այդ պատճառով ալ ձեւաչափը 3+3-1 է:

Դժուար է հաստատելը, որ Վրաստանի մերժումը ինքնուրոյն է: Քաղաքական տրամաբանութեամբ` արեւմտեան ներշնչանք ունի: Այդ ներշնչանքը կը թուի, որ առաւելաբար Մոսկուայի դէմ է, քան Իրանի: Եւ այդ պարագային ամբողջ հանգոյցը պիտի վերաբերի սիւնիքեան կամուրջի վերահսկողութեան:

«Ա.»
aztagdaily.com