կարևոր
2809 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-11 14:01
Քաղաքական

Ակնարկ. Հայաստանի Սահմանն ու Ռուսական Պատուհանը

Ակնարկ. Հայաստանի Սահմանն ու Ռուսական Պատուհանը

Երեւանի հետ երկխօսութեան գործընթացին համար Թուրքիան ներկայացնող յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչի վերջերս կատարած յայտարարութիւնները երանգային կարեւոր ընդգծումներ լուսարձակի տակ կը բերեն:

Քըլըչ նախ հաստատած է Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ազրպէյճան երկխօսութեան եւ բանակցութեան գործընթացներուն փոխկապակցուած ըլլալու դասական մօտեցումը:

«Պէտք է գիտակցինք, որ հոլովոյթներէն մէկուն մէջ դրական տեղաշարժը դրականօրէն կ՛ազդէ միւս հոլովոյթին վրայ, եւ նմանապէս հոլովոյթներէն մէկուն մէջ բացասական զարգացումը կ՛ազդէ միւսին վրայ: Այս երկու հոլովոյթները իրարմէ անջատ են, սակայն կարելի չէ իրարմէ ամբողջովին անջատել»:

«Կարելի չէ ամբողջովին անջատել»-ը կրնայ ենթադրել, որ մասամբ «կարելի է անջատել»: Այստեղ կ՛երեւի ճեղք մը նախկին բացարձակութեան մէջ: Փաստօրէն այդ ճեղքը աւելի կը յստականայ, երբ Քըլըչ դասական մօտեցումը յանկերգելէ ետք, կը խօսի գործընթացին բացառապէս երկկողմանի ըլլալու ձեւաչափին մասին: Բացարձակ այս հաստատումը նոր երանգաւորում կը բերէ մինչ այժմ թէ՛ Թուրքիոյ նախագահին եւ թէ՛ յատկապէս արտաքին գործոց նախարարին կողմէ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացման խնդիրը Ազրպէյճանի հետ հարցերու լուծման պայմանաւորումներով:

Այստեղ ոճի փոփոխութենէն ետք բովանդակային փոփոխութիւն կը նշմարուի, որ այդ պայմանի մեղմացումով միայն չի բացատրուիր: Մանաւանդ երբ ձեւաչափի բացառապէս երկկողմանի ըլլալու մասին հաստատում կը կատարուի:

Շարժառիթը այս փոփոխութեան անպայման հայկական կողմին ուղղուած չէ: Սլաքը Մոսկուային է. Անգարայի ներկայացուցիչը ըսել կ՛ուզէ, որ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին այլ կողմեր պէտք չէ միջամտեն: Սլաքին հասցէն աւելի կը յստականայ, երբ թուրք ներկայացուցիչը բառացիօրէն կը ճշդէ, որ Հայաստանի հետ կապ ունեցող այլ պետութիւններ պէտք չէ միջամտեն եւ չեն կրնար թելադրանքներ կատարել: Առաջին հայեացքով, ուղերձը կրնայ ընկալուիլ ուղղուած հաւաքական Արեւմուտքին` թէ՛ Միացեալ Նահանգներուն եւ թէ՛ եւրոպական պետութիւններուն: Յայտարարութիւններու յաջորդական բաժինները սակայն այլ բան կը համոզեն:

Խօսելէ ետք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ օդային բեռնատարութեան երկկողմանի համաձայնութեան ներկայացուցած կարեւորութեան մասին, թուրք դիւանագէտը փակագիծերը կը բանայ: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը ամբողջ տարածաշրջանին համար կայունութիւն եւ խաղաղութիւն բերող նուաճում կը նկատուի իր կողմէ: Աւելի՛ն: Հայաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւններու կայունացումը Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը կը պայմանաւորէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններով:

Այս բոլոր շղարշները կը վերցուին, երբ Քըլըչ բառացիօրէն կը հաստատէ. «Եթէ Հայաստանի մէջ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացում եւ բարգաւաճում կ՛ակնկալուի, ապա ատոր ուղին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումն է: Հիմա պատկերացուցէք` երկու սահմանային անցակէտ ունինք, մէկը երկաթուղային, միւսը` ինքնաշարժներու ճամբայ: Անոնց բացուելուն պարագային, Ալիճան սահմանային անցակէտին առջեւ Երեւանը կը գտնուի: Երկաթուղիի համար նախատեսուած Աքեաքա անցակէտին դիմացն ալ Գիւմրին կը գտնուի…

«Այժմ Ռուսիոյ դէմ որդեգրուող տնտեսական պատժամիջոցներու պայմաններուն մէջ եթէ Հայաստանի հետ առեւտուրի բնագաւառին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները հաշուի առնենք, ասիկա Հայաստանի ժողովուրդի կենսամակարդակին վրայ շռնդալից ազդեցութիւն կրնայ ունենալ»:

Պարզամտութիւն պիտի ըլլար ենթադրելը, որ Քըլըչ Հայաստանի ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացումով շահագրգռուած է: Ուղերձը Ռուսիոյ է, որովհետեւ ակնարկ կայ Ռուսիոյ դէմ կիրարկուած պատժամիջոցային քաղաքականութեան հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու: Հայաստանի հետ բացուելիք սահմանէն հիմնականին մէջ պիտի օգտուի Ռուսիան. ա՛յս է Անգարայի կողմէ իբրեւ շնորհ տրուող ուղերձը:

Պէտք է հետեւիլ Անգարայի բարձրաստիճան դիւանագէտի հետագայ յայտարարութիւններուն խճանկարը ամբողջացնելու համար. յատկապէս վերլուծելու, թէ ճանապարհի բացման դիմաց Մոսկուայէն ի՞նչ պիտի պահանջէ Քըլըչի ներկայացուցած պետութիւնը: