կարևոր
1174 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-10-20 19:47
Հասարակություն

Մերժել օտարին աղետաբեր ստեպղինները

Մերժել օտարին աղետաբեր ստեպղինները

Մարդս պէտք է զարմանալու անսահման կարողութեամբ օժտուած ըլլայ՝ իմաստ գտնելու համար Հայաստանի այսօրուան իշխանապետին ու կողքին քալողներուն (նա՛եւ Սփիւռքի մէջ) խօսքերուն եւ գործերուն մէջ: Անսպառ զարմանքէն բնականաբար բաժին կ’ելլէ՝ անոնց խօսքերուն եւ գործերուն շռայլուած մեկնաբանութիւններուն, որոնք ճիգ կ’ընեն կրկին ու կրկին զանգուածին աչքերն ու միտքերը բանալու, ցոյց տալու՝ թէ Հայաստանը վերջին տարիներուն կը վազէ դէպի իրողական անէացում, թէ՛ իբրեւ պետութիւն եւ թէ իբրեւ հայրենիք, ա՛զգ:

Այսօր, համացանցի վրայ փնտռտուքի մը պահուն, յանկարծ դիմացս ելաւ հետեւեալ երգիծանկարը (կարելի է որակել նաեւ ողբերգանկարը):

Ընթերցողս պիտի նկատէ, որ սա բաւական հին է (1916) եւ կը պատկերէ Ա. Աշխարհամարտի օրերու Եւրոպայի վիճակը: Շարժիլ մերժող յամառ իշուն քթին դիմաց ստեպղին մը կախելով՝ զայն քալել հարկադրելու մասին առակը շատ հին է: Հոս, սակայն, նկարողը տարբեր մեկնաբանութիւն մը աւելցուցած է սկզբնական, այլապէս դրական գաղափարին: Դիտողը կը տեսնէ, որ էշը շարժման մէջ դնողը – եւ բացայայտ է որ ան ճիւաղանման արարած մըն է – չորքոտանին հասցուցած է անդունդի մը եզրին: Քանի մը քայլ եւս, եւ…

Մեզի համար ինչո՞ւ այժմէական է այս պատկերը: Պարզապէս այն պատճառով, որ Հայաստանի (ներկայացուցիչին) քամակը նստող «ազնուասի՜րտ» բարեկամները, «քեզի պատրաստ ենք օգնելու, սակայն Ազրպէյճանի դէմ ՈՐԵՒԷ ՔԱՅԼ ՊԻՏԻ ՉԱՌՆԵՆՔ» շռայլողները, ստեպղինին բոյրով տարուած անբանը հասցուցած են նո՛ր անդունդի մը եզրին: Մարդիկ, համակիր թէ ընդդիմադիր, կարծէք թէ մոռցած են, որ Հայաստան աւելի քան 3 տարիէ ի վեր կ’իյնայ անդունդէ անդունդ, «խաղաղութեան ստեպղին» քարոզողին վարմունքին հետեւանքով՝ Արցախի մեծ մասը կորսնցնելէ ետք, կորսնցուցած ենք ամբողջ Արցախը, հիմա բաց աչքերով ու ականջներով կը տեսնենք-կը լսենք, որ մարդուկը պատրաստ է քանի մը օրէն նոր փաստաթուղթ ստորագրելու եւ հողային նոր զիջումներ կատարելու Ազրպէյճանին, երբ կրկին ու կրկին անգամ իմաստազրկած է Սահմանադրութիւնը, գերիշխանութիւնը, հայրենիքի ամբողջականութիւնը, հովին տուած՝ մեր պատմութիւնն ու փաստարկուած աշխարհագրութիւնը:

***
Դար մը առաջ, ողբացինք Ատանան, շուրջ 30 տարի առաջ՝ Գետաշէնը (մեր ողբերու պատմութիւնը հաստափոր է): Ներսէս Շնորհալի, որուն վախճանման 850-ամեակը կը նշենք այս տարի, 1144-ին, այսինքն Անիի դաւադրաբար վաճառքէն ուղիղ դար մը ետք, գրած է «Ողբ Եդեսիոյ» խորագրեալ սքանչելիք մը: Եթէ կարդանք այդ «Ողբ»ը(*), չենք կրնար չտեսնել մէկ կողմէ՝ օտար ամիրայի մը ոճրային արշաւանքին, ստապատիր խոստումներով Եդեսիա մուտքին ու խոստումը դրժելով՝ քաղաքացիները կոտորելու դիպաշարին, ու միւս կողմէ Արցախի վրայ ազերիական յարձակումին ու հետեւող դիպաշարին միջեւ ակներեւ նմանութիւնները: Շնորհալիի գործին մէջ, սակայն, կան մանրամասնութիւններ, որոնք է՛ապէս կը հակադրուին այսօրուան կարգ մը վիճակներուն: Եդեսիան պաշտպանողները հայրենասէր են, ոգի ի բռին կը պատեազմին յարձակողին դէմ, հոգեւորականներ ու աշխարհիկներ նոյն խրամատին մէջ են, ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՍՏՈՂԻ մասին խօսք չկայ:

«Ողբ»ը նաեւ անժամանցելի պատգամ մը ունի վերջին բաժինին մէջ. Շնորհալի կը հաւատայ, որ ազգը ի մի պիտի խմբուի, հեռացողները պիտի վերադառնան եւ սեփական բազուկով պիտի վերականգնեն քաղաքը. պատառիկ մը այդ բաժինէն.

…Յայնժամ որդիքդ իմ հեռացած,
որք այժմ յինէն էք բաժանած,
Գայք ի վերայ բարձեալ կառաց,
պալարակապ երիվարաց,
Որք ցրուեցայք յամէն կողմանց,
չորեքծագեան տիեզերաց`
Ի գաւառաց հեթանոսաց
եւ յաշխարհաց Պարսից, Թուրքաց:
՚Ի ես համբառնամ զաչս ի բարձանց,
զձեզ տեսանեմ շուրջ ժողոված,
Ընդ որ խնդամ եւ ցնծացած`
գիրկս արկանեմ եւ զուարճացած,
Եւ զտխրական զգեստ մերկացած`
կարմիր կանաչ գոյն զգեցայց:
Եւ զպատմուճանս պատառած
փոփոխեցից նորոգ կարած…

Շնորհալիէն մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ, մեր Ազատագրական Շարժումէն մինչեւ Արցախեան շարժում (իսկ մեր ազատագրական շարժումին արմատները պէտք է փնտռել 19-րդ դարու վերջերէն շա՜տ առաջ), յաճախ ողբացած ենք, այսօր ալ ողբ ունինք, սակայն չենք մոռցած, իրաւունք չունի՛նք մոռնալու պատգամներուն միւս երեսը՝ ՍԵՓԱԿԱՆ ՃԻԳՈՎ վերականգնելու եւ սեփականութիւն պահպանելու առաքելութիւնը:

***
Օտարին կողմէ մեր քթին առջեւ կախուած ստեպղինը միշտ ալ համով պատառ չէ: Պէտք է մերժել նոր գահավիժումը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

(*) Կ’արժէ՛ որ այս օրերուն, Շնորհալին յիշատակելու պահուն, հայը կարդայ «Ողբ»ը, որ դիւրամատչելի գրաբարով է յօրինուած, մօտաւոբապէս 50 էջ է եւ կարելի է գտնել համացանցի վրայ. կապը՝ ստորեւ 1. իսկ եթէ լմանը կարդալու չափ համբերութիւն չունի՝ կրնայ գոնէ տեսնել ամփոփումը, ստորեւ 2.

1.(https://hycatholic.ru/pro/biblioteca/%D5%86%D4%B5%D5%90%D5%8D%D4%B7%D5%8D_%D5%87%D5%86%D5%88%D5%90%D5%80%D4%B1%D4%BC%D4%BB_%D5%88%D5%82%D4%B2_%D4%B5%D4%B4%D4%B5%D5%8D%D4%BB%D5%88%D5%85.pdf),

2.http://books.panarm.info/%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%BD%D5%A5%D5%BD-%D5%B7%D5%B6%D5%B8%D6%80%D5%B0%D5%A1%D5%AC%D5%AB-%D5%A5%D5%A4%D5%A5%D5%BD%D5%AB%D5%A1%D5%B5%D5%AB-%D5%B8%D5%B2%D5%A2%D5%A8