կարևոր
1903 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-07-26 14:33
Քաղաքական

Կրթական Հոգեր

Կրթական Հոգեր

Անցնող շաբաթ հրապարակուեցան համալսարան մուտքի միասնական քննութիւններու առաջին հանգրուանի արդիւնքները: Հայաստանի մէջ այս քննութիւնները կը փոխարինեն Երկրորդական վարժարանի աւարտական պետական քննութիւնները: Աւագ դպրոցը (Երկրորդական վարժարանը) աւարտողները դպրոցէն կը ստանան վկայագիր եւ կը դիմեն իրենց նախասիրած համալսարանական մասնագիտութեան ընդունելութեան քննութեան: Լաւագոյն արդիւնքներ ապահովողները կ՛ընդունուին անվճար, ուրիշներ, որոնք գոհացուցիչ արդիւնք կ՛ապահովեն, կ՛ընդունուին վճարովի: Նախատեսուած 15.984 վճարովի տեղերէն թափուր մնացած է աւելի քան կէսը` 8764 տեղ, կամ 54,8 տոկոսը: Թափուր մնացած է նաեւ 350 անվճար տեղ:

Տեղի պիտի ունենան երկրորդ հանգրուանի քննութիւններ, որոնք կրնան որոշ չափով սրբագրել վերեւի տխուր պատկերը: Երկրորդ հանգրուանին դիմողները կրնան մինչեւ վեց կարելիութիւն նշել` այն յոյսով, որ անոնցմէ մէկուն պարագային կ՛ապահովեն անցողական նիշ:

Չենք խօսիր տակաւին, բոլոր քննութիւններուն համար պարտադիր հայերէն եւ հայոց պատմութեան արդիւնքներուն մասին, ուր նահանջը ահազանգային է:

Ստեղծուած վիճակը աւելի թափանցիկ դարձնելու համար, դիմենք օրինակի մը: Երկրին մէջ գիւղատնտեսական մասնագէտներու պակասը լրացնելու համար, պետութիւնը Ագրարային (գիւղատնտեսական) համալսարան ընդունուողներու համար սահմանած է 70.000 կրթաթոշակ: Նախատեսուած 750 տեղի համար դիմած է 167 աշակերտ` շուրջ 700 տեղ թափուր պահելով:

Համալսարանները, իրենց պատրաստած մասնագէտներով, Հայաստանի մօտաւոր ապագային համար կը կազմաւորեն այլազան մարզերու որակեալ անձնակազմեր (քատրեր): Ուսումնական որակի անկումը, որուն ականատես ենք, երկրի ղեկավարման տեսակէտէն մտահոգիչ հեռանկար մը կը պարզէ: Եթէ նկատի ունենանք նաեւ, որ յաճախ լաւագոյն տարրերը կը մեկնին արտասահման, այնտեղ իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը ամբողջացնելու պատրուակով ու չեն վերադառնար, պատկերը աւելի գորշ կը դառնայ:

Տարիներէ ի վեր կրկնուող այս երեւոյթը պէտք է շատ խոր ու բազմակողմանի քննութեան առարկայ դառնայ: Առաջին հերթին անհրաժեշտ է քննել, թէ ինչո՞ւ համար աւագ դպրոցները չեն յաջողիր համալսարան մուտքի չափորոշիչներուն համապատասխան ուսում եւ կրթութիւն փոխանցել իրենց սաներուն: Ուսուցիչներուն կ՛առաջարկուի ենթարկուիլ քննութեան մը, աշխատավարձի յաւելման խայծով: Սակայն չենք տեսներ նոյն այդ ուսուցիչներու վերապատրաստման, արհեստագիտական մեթոտներու կիրարկման, մանկավարժական կերպերու իրացման միտող դասընթացքներու կազմակերպումը:

Խորհրդային ժամանակներուն դպրոցը տասնամեայ էր: Անկախութեան շրջանին, համարկուելու համար գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ նախահամալսարանական տասներկու տարիներու դրութեան, Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ, ֆրանսական լիսէներու հետեւողութեամբ, աւագ դպրոց մը` 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններով: Մեր գիտցած դպրոցներու երկրորդական բաժինը:

Ան, որ ուսումնական-կրթական մարզին մէջ փորձառութիւն ունի, կրնայ անվարան վկայել, որ 16, 17 եւ 18 տարեկան մանչեր ու աղջիկներ համախմբող այս բաժինը կը պահանջէ որակաւոր ու մասնագիտացած ուսուցչական կազմ, կազմակերպական ու կարգապահական բարեացակամ խստութիւն: Այս բաժնին մէջ աշակերտը ոչ միայն գիտելիք պիտի ամբարէ, այլ բաղդատելու, վերլուծելու, համադրելու կարողութիւններ պիտի իւրացնէ:

Խորհրդային դպրոցը հիմնուած էր գիտելիքներու իւրացման վրայ: Համալսարան ընդունուելու համար տասներորդ դասարանը (միջնակարգը) աւարտած աշակերտները կը նախապատրաստուէին մասնաւոր դասերու միջոցով եւ կ՛օգտուէին պատրաստի հարցարաններու «շտեմարաններէն»: Այս դրութեան վերացումէն ետք, աւագ դպրոցն էր, որ պիտի ստանձնէր աշակերտներու համակողմանի պատրաստութեան հոգը: Հայաստանի մէջ, օտար, եւրոպական կամ ամերիկեան ուսումնական ծրագրերով բացուած դպրոցները յաջողեցան ապահովել բարձրորակ կրթութիւն իրենց սաներուն, մինչդեռ պետական աւագ դպրոցները, քիչերու բացառութեամբ, ստեղծել ուսումնական աշխատանքի, լաւագոյնին ձգտելու, ստեղծագործ աշխատանք կատարելու անհրաժեշտ մթնոլորտը: Վկայութիւններէ ծանօթ է ինծի, որ աւագ դպրոցներէն շատերուն մէջ բացակայութիւնները սովորական երեւոյթ են, աշխատանքը` թոյլ, նոյնիսկ դասաւանդութիւնները` անմակարդակ: Ինչպէս Հայաստանի մէջ սովոր են ըսելու, շատ բաներու նման աւագ դպրոցը եւս «չկայացաւ»:

Ինչպէ՞ս կը կատարուի դպրոցական աշխատանքի վերահսկողութիւնը: Հայաստան ունէր կրթութեան ազգային հիմնարկ մը, որ առարկայական ծրագիրներ կը մշակէր, դասագիրքերու պատրաստութեամբ կը զբաղէր, մեթոտական ուղղութիւն կը հայթայթէր ուսուցիչներուն, դասալսումներ կը կազմակերպէր եւ կը հսկէր դպրոցական ծրագիրներու պատշաճ գործադրութեան: Մէկ խօսքով` հիմնարկը կրթական գործին գլխաւոր կազմակերպիչն էր, անոր առաջնորդը:

Թերեւս այս հիմնարկն ալ թերութիւններ ունէր, անոր համար ալ նոր իշխանութիւնները լուծեցին զայն ու անոր գործառոյթները ցրուեցին զանազան սպասարկութիւններու: Կրթական գործի միասնական, համադրուած ղեկավարումը խափանուեցաւ դժբախտաբար: Ժամանակն է, որ փոխանակ զբաղելու մասնակի բարեփոխումներով, կրթական մարզը արժանանայ նախ լուրջ ու համապարփակ հետազօտութեան, թերութիւնները ճշդուին, եւ վերակազմակերպումի ամբողջական ծրագիր մը մշակուի:

Պէտք չէ թոյլ տալ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մտաւորական միջավայրը ամայանայ: Դպրոցական կրթութիւնը հիմն է ազգային մտաւոր զարթօնքին, որուն այնքան կարիքը ունի այսօր Հայաստանը:

Կազմակերպել դպրոցական զարթօնքը. ահա՛ այսօրուան կարեւոր հրամայականներէ մէկը, կարեւորագոյնը:

 

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com