կարևոր
2275 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-06-03 13:24
Քաղաքական

Ակնարկ. Երաշխաւորման Շղթայական Ընթացքը

Ակնարկ. Երաշխաւորման Շղթայական Ընթացքը

Քիշնեւի մէջ կայացած հնգակողմ հանդիպումը իբրեւ երեւոյթ նախ քանի մը հանգամանք կը պարզէ:

Նախ պէտք է նկատել, որ առաջին անգամն է, որ հնգակողմ ձեւաչափով տեղի կ՛ունենան բանակցութիւնները:

Պրիւքսելը աշխուժութիւն ցոյց կու տայ եւ յաւելեալ տարողունակութիւն կը հաղորդէ գործընթացին` հրաւիրելով նաեւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ առաջին դէմքերը մասնակցելու հանդիպումին: Ի վերջոյ երկու երկիրները կ՛ընկալուին իբրեւ Եւրոպական միութեան գլխաւոր յենասիւները:

Երկրորդը այն է, որ երկրորդ հանդիպումը, տեղի կ՛ունենայ դարձեալ Պրիւքսելի նախաձեռնութեամբ 21 յուլիսին: Այս իրերայաջորդականութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունի: Հանդիպումները տեղի կ՛ունենան Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ: Իսկ այս առումով ընտրուած վայրը` Մոլտովան կը նկատուի իբրեւ թեկնածու, Ուքրանիոյ առընթեր, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան: Մոլտովան ռուսաստանամերձ շրջան է եւ ունի խնդիր Ռուսիոյ հետ Մերձտնեսթրի ուղղութեամբ: Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը դատապարտող յայտարարութիւններ կատարած է նաեւ ռուսական զօրքերուն Մերձտնեսթրի մէջ գոյութեան ուղղութեամբ:

Ընդհանուր միտումը ուրեմն տեսանելի է դէպի տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ դէմ հակակշիռ գործողութիւններ իրականացնելու առումով:

Շարլ Միշելին յատարարութիւնը զուսպ էր եւ շատ տեղ չէր ձգեր իւրովի մեկնաբանութիւններ կատարելու:

Ըստ Միշելի Քիշնեւի մէջ քննարկուած բոլոր նիւթերուն անդրադառնալու կարելիութիւն ունեցած են: Առանձնապէս կը նշուին տարածաշրջանային փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումը նկատուած է լաւ նախապատրաստում 21 յուլիսին պրիւքսելեան հանդիպումին համար:

Ֆրանսայի նախագահը բացած է փակագիծեր. Էլիզէի պալատի հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները վերահաստատած են 2022 թուականի հոկտեմբերի 6-ին Փրակայի մէջ իրենց ստանձնած յանձնառութիւնը Ալմա Աթայի հռչակագիրին մէջ նշուած սահմաններու յարգման վերաբերեալ: Ընդգծուած է ռազմագերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը: Անշուշտ` Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան Հայաստանի մէջ ներդրումի կարեւորութիւնը, եւ` Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ երաշխիքներու սահմանումի ճշդումը:

Պաքուն շատ արագ հակազդած է Փարիզին: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ֆրանսայի նախագահին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութիւնը ոչ միայն չ՛արտացոլեր, այլեւ կը խեղաթիւրէ կողմերու դիրքորոշումը: Յայտարարութիւնը կ՛աւելցնէ, որ առաջին անգամը չէ որ Ֆրանսան նման գործողութիւններու կը դիմէ, ինչ որ չի նպաստեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:

Նախագահ Մաքրոնի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ի՞նչն է, որ կ՛անհանգստացնէ Պաքուն: Յայտնապէս`

– Ռազմագերիներու վերադարձի անմիջական պահանջը:

– Ալմա Աթայի հռչակագիրի յիշատակումը առանց տարածքներու թուանշային սահմանումին:

– Եւրոպական դիտորդական հայաստանեան առաքելութեան կարեւորութեան շեշտումը:

– Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ երաշխիքներու սահմանումը:

Միշելի ակնարկած խնդիրները ընդհահուր են: Էլիզէի պալատինը` թիրախային, որոնց քաղաքական ընթերցումը կը յուշէ, որ Եւրոպան պատրաստ է դիտորդական առաքելութիւնը շարունակելու, դեր վերցնելու սահմանազատման գործընթացին եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխաւորման համար գործիքակազմ տրամադրելու:

Շղթայական ընթացակարգը վստահաբար կը շարունակուի: Սպասենք ռուսական հակազդեցութեան եւ յիշեցման, որ մինչ այժմ կայ միայն եռակողմ համաձայնութիւն, եւ կողմերը կը հրաւիրուին նոյեմբերեան եւ անոր հետեւած համաձայնութիւններուն ուղղութեամբ իրենց պարտաւորութիւնները կատարելու:

«Ա.»
aztagdaily.com