Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Այսօր` ապրիլ 24-ի առաւօտեան, Եւրոպական միութեան խորհրդարան - Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը նախագահութեամբ եւրոերեսփոխան դոկտ. Էլենի Թէոխարուսի (Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն, Կիպրոս) այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, իր յարգանքի տուրքը մատուցելու ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին։
Պատուիրակութեան նաեւ ընկերակցեցան Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամ, Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագծի զեկուցաբեր, Ֆրանսա - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն բարեկամութեան խումբի հիմնադիրներէն Վալերի Պուայէ, Եւրոմիութեան մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպանպրն. Աւետ Ատոնց եւ Եւրոպայի ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան։
Ծիծեռնակաբերդ այցէն եւ դափնեպսակներու զետեղումէն ետք, պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Ցեղասպանութեան թանգարան, ուր օրուան յարիր իրենց մտածումներն արձանագրեցին մատեանին մէջ, եւ հայ ժողովուրդին յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը։
Եւրոպական միութեան խորհրդարան - Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ դոկտ. Էլենի Թէոխարուս ըսաւ.- այսօր Երեւանի մէջ հարիւր հազարաւոր հայորդիներու հետ յարգեցինք 1915-ի թրքական վայրագութեան զոհերուն յիշատակը, որոնք ջարդերէն գրեթէ դար մը ետք, կը յիշեն իրենց զոհերը։
Վալերի Պուայէ իր կարգին, ըսաւ, թէ պէտք է միշտ յիշել Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը, որն առաջինն է իր պատահարին մէջ, եւ թէ Եւրոպական միութիւնը հետեւելով Ֆրանսային եւ կարգ մը այլ երկիրներու օրինակին, ո՛չ թէ միայն ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ որդեգրէ ժխտումը քրէականացնող օրէնք մը։ Եւրոպայի ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ «մեծ պատիւ եւ ուրախութիւն է այսօր հոս գտնուիլ, Եւրոպական միութեան խորհրդարան - Հայաստան բարեկամութեան խումբին եւ Ֆրանսայի մէջ երկար տարիներու Հայ Դատի բարեկամ Վալերի Պուայէի հետ, եւ Երեւանի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան պաշտօնական ձեռնարկներուն մաս կազմել»։
Յունուար 2013-ին կազմուած բարեկամութեան խումբի առաջին այցն է այս դէպի Հայաստան, որ պիտի տեւէ մինչեւ ապրիլ 27: Հայաստան այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպումներ ունենայ ՀՀ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալբանդեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ։