կարևոր
2161 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-04-04 12:36
Քաղաքական

Նեթանիահուի ձեռնարկած բարեփոխումներուն բազմերես ազդեցութիւնը

Նեթանիահուի ձեռնարկած բարեփոխումներուն բազմերես ազդեցութիւնը

«Հանրային տրամադրութիւնը ամէն ինչ է։ Հանրային տրամադրութեամբ, ոչինչ կրնայ ձախողիլ, առանց ատոր ոչինչ կրնայ յաջողիլ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն Ապրահամ Լինքըլն։ Այս խօսքը, սակայն, ամբողջովին բաւարար չէ հասկնալու համար Իսրայէլի մէջ վերջին իրադարձութիւնները, որովհետեւ այդտեղ կարելի չէ խօսիլ հանրային տրամադրութեան մը մասին, այլ՝ տրամադրութիւններու, նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան հասարակութիւնը խիստ պառակտուած է։

Այդտեղ ստեղծուած են երկու ճամբարներ իշխանութիւն եւ իշխանամէտ եղող աջակողմեան-ծայրայեղ կրօնական ճամբարն ու ընդդիմադիր ձախակողմեան-աշխարհիկ ճամբարը։ Իսրայէլեան հասարակութեան մէջ պառակտումը այնքան խոր է, որ Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ 16 Մարտին զգուշացուց․«Երկիրը քաղաքացիական պատերազմի շեմին է»։

Իսրայէլի մէջ 7 Յունուար 2023-էն սկսեալ ծայր առաւ պարբերաբար անկարգութիւններու ընկերակցութեամբ բողոքի ցոյցերու ալիք մը ընդդէմ իսրայէլեան կառավարութեան ձեռնարկած արդարադատական լայնածաւալ բարեփոխումներուն, որոնց միտք բանին վարչապետը պաշտօնազրկելը եւ իր առաքելութիւնը կատարելու անոր անկարողութիւնը յայտարարելը արգիլելն է։ «Հիմնական օրէնք՝ կառավարութիւնը» օրինագիծը անձեռնմխելիութիւնը կը շնորհէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին, որ փտածութեան եւ անպարկեշտութեան ամբաստանութեամբ կը դատուի։

Հակառակ բազմամարդ ցոյցերուն ու բուռն ընդդիմութեան, իշխանութիւնները անդրդուելի մնացին եւ Քնեսէթը 23 Մարտի արշալոյսին 2-րդ եւ 3-րդ ընթերցումով վաւերացուց վիճայարոյց օրինագիծը՝ բողոքի ցոյցերը մղելով մագլցումի եւ պատճառ դառնալով երկրի տարածքին համատարած գործադուլի, որ վտանգաւոր տարողութեան հասաւ՝ նկատի ունենալով, որ անոր միացան քաղաքապետարաններ, իսրայէլեան օդուժի պահեստի սպաներ, Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» միջազգային օդակայանը դադրեցաւ գործելէ, կարգ մը դիւանագէտներ հրաժարեցան եւ մինչեւ իսկ «ՄըքՏանըլծ»-ը փակեց երկրի տարածքին իր բոլոր մասնաճիւղերը։ Իսրայէլի վարչապետը, ի վերջոյ, ստիպուեցաւ յետաձգել դատաիրաւական բարեփոխումներու օրինագիծի որդեգրման յետաձգումը։

Ներիսրայէլեան զարգացումները իրենց ակներեւ ազդեցութիւնը ունեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն վրայ։ Ամերիկեան կողմը առաջին պահէն իսկ «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց Իսրայէլի մէջ զարգացումներուն նկատմամբ, եւ կոչ ուղղեց՝ փոխզիջումնային լուծում գտնելու։

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ատրիան Ուաթսըն յայտնեց. «Խոր մտահոգութիւն կը զգանք Իսրայէլի մէջ իրադարձութիւններուն նկատմամբ, որոնք անգամ մը եւս կը հաստատեն փոխզիջումնային լուծում գտնելու հրատապ կարիքը»: «Կը շարունակենք իսրայէլացի ղեկավարները յորդորել կարելի եղածին չափ շուտ փոխզիջումի յանգելու: Կը կարծենք, որ ասիկա Իսրայէլի եւ անոր բոլոր քաղաքացիներուն համար լաւագոյն ուղին է», ըսաւ ան:

Երկու կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 29 Մարտին յայտնեց․«Իսրայէլ չի կրնար շարունակել այս ուղիով ընթանալ եւ այդ մէկը ձեւով մը յստակ դարձուցի։ Յուսանք վարչապետը (Նեթանիահուն) քայլ պիտի առնէ․․․ իսկական փոխզիջում մը գտնելու, սակայն կը մնայ ատիկա տեսնել»։ Ան նաեւ կտրուկ «ոչ»-ով պատասխանեց լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Նեթանիահուն Սպիտակ տուն պիտի հրաւիրէ՞, եւ աւելցուց․«Ոչ մօտ օրէն»։ Պայտըն նշեց, որ կը յուսայ, որ Նեթանիահուն արդարադատական բարեփոխումներու օրէնքէն կը հրաժարի։ Ըստ իսրայէլեան պետական լրատուամիջոցներու, ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ նաեւ Նեթանիահուի պատգամ ուղղած են, թէ «անոր համար աւելի լաւ է ներկայիս Ուաշինկթըն չգալ»։

Նեթանիահու արձագանգեց Պայտընի յայտարարութեան՝ ըսելով․«Իսրայէլ գերիշխան երկիր է, որ իր որոշումները կը կայացնէ իր ժողովուրդին կամքով եւ ոչ թէ արտասահմանէն, ներառեալ լաւագոյն բարեկամներու կողմէ կողմնակալ ճնշումներու տակ»։ Իսրայէլի վարչապետի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մէյիր պեն Շահաթ իր կարգին յայտարարեց․«Պայտընն ու անոր վարչակազմը պէտք է հասկնան, որ Իսրայէլ անկախ պետութիւն է, եւ ոչ թէ՝ Ամերիկայի դրօշին վրայ յաւելեալ աստղ մը»։ Նեթանիահու իր յայտարարութենէն ետք իր նախարարներուն յանձնարարեց Պայտընի յայտարարութիւնը չմեկնաբանել, այդպիսով ցոյց տալով յաւելեալ մագլցումը զսպելու եւ լարուածութիւնը թուլացնելու իր կամքը։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանդ Փաթել 30 Մարտին՝ հերքելով Իսրայէլի վարչապետին պնդումը, թէ Իսրայէլի քաղաքացիները պիտի կարենան Միացեալ Նահանգներ առանց արտօնագիրի մուտք գործելու կարելիութիւն ունենալ յայտարարեց, թէ Իսրայէլ չի համապատասխաներ առանց արտօնագիրի Միացեալ Նահանգներ մուտք ունենալու պահանջներուն՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլ, ինչպէս ծրագիրին մէջ ընդգրկուած բոլոր երկիրները, պէտք է փոխադարձաբար ապահովէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու ազատ մուտքն ու տեղաշարժը իր տարածքով՝ անկախ ազգային պատկանելիութենէն եւ կրօնէն (իմա՝ պաղեստինցիներուն եւ իսլամներուն)։ Նոյն օր նաեւ հաղորդուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՆԱԶԱ-ի գիտնականներէն դոկտ․ Ամպըր Սթրոնի հրամայած է ջնջել Իսրայէլի Բնագիտական Հասարակութեան ամենամեայ հանդիպումին իր մասնակցութիւնը։

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էնթընի Պլինքըն եւ Էլի Քոհէն 31 Մարտին ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը ընդգծելով, փորձեցին լարուածութեան յաւելեալ մագլցումը կանխարգիլել, սակայն, ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը իր պաշտօնակիցին ներկայացուց ամերիկեան կողմի Իսրայէլի ծայրայեղ աջակողմեան կառավարութենէն դժգոհութիւններու եւ պահանջներու ցուցակը։ Ան անգամ մը եւս նշեց իր երկիրին Պաղեստինեան պետութեան հաստատման զօրակցութիւնը, գաղափար մը, որ Նեթանիահուի կառավարութեան անդամներուն մեծամասնութիւնը կը մերժեն։ Պլինքըն նաեւ շեշտեց պաղեստինցիներուն ու Իսրայէլի այլ դրացիներուն, օրինակ Յորդանանի հետ, լարուածութիւնը աւելցնող միակողմանի քայլերէ ետ կանգնելու կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ քննարկեց Իրանի հարցը։Քոհէն դիւանագիտական մեղմասացութեամբ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ակներեւ տարակարծութիւնները հաստատող յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց․«Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները մեր արտաքին քաղաքականութեան սիւներէն մէկն է։ Ամէն ձեւով պիտի աշխատինք ամրապնդելու մեր մեծ բարեկամին հետ երկխօսութիւնը, եւ ուրախ եմ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին ու իմ միջեւ խօսակցութեան բաց ուղի գոյութիւն ունի»։

Հարկ է նշել, որ երկու երկիրներուն ղեկավարներուն միջեւ արդէն Պայտընի Օպամայի վարչակազմին մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ եղած օրերէն ի վեր անձնական հակակրանք գոյութիւն ունի։ Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու 2020-ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին բնաւ չծածկեց նախագահ Տանըլտ Թրամփին նկատմամբ իր համակրանքն ու աջակցութիւնը։ Թրամփ Նեթանիահուի բոլոր փափաքներուն ընդառաջած էր, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրած էր, պաղեստինցիները անտեսած էր եւ Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինեան հողերուն նկատմամբ Իսրայէլի ախորժակներուն զօրակցած։ Պայտընի տեսանկիւնէն, ատիկա ամերիկեան ընտրութիւններուն բացայայտ միջամտութիւն էր։ Այդ իրողութեան վրայ եկաւ աւելնալու Իսրայէլի ծայրայեղ աջակողմեան կառավարութեան ժողովրդավարութեան սկզբունքներէն շեղումը եւ ցեղապաշտական ու խտրական քաղաքականութեան կիրարկումը։

Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ տարակարծութիւններու բարձրագոյն մակարդակի վրայ հրապարակայնացումը երկու երկիրներուն միջեւ 1960-ական թուականներէ ի վեր հաստատուած «իւրայատուկ յարաբերութիւն»-ի ճակատագրին շուրջ հարցականներ ստեղծեց։ Այդ յարաբերութիւններու հիմնասիւններն էին «իսրայէլեան ժողովրդավարութիւն»-ը եւ Իսրայէլի անվտանգութիւնը։

«Իւրայատուկ յարաբերութիւն» եզրը առաջին անգամ կիրարկուած էր 1962-ին, նախագահ Ճոն Քենետիի կողմէ եւ ամրապնդուած անոր յաջորդ Լինտըն Ճոնսընի կողմէ՝ 1967-ի պատերազմին մէջ իսրայէլեան յաղթանակին լոյսին տակ։

Նախքան այդ, նախագահ Տուայթ Այզընհաուրի օրերուն, ամերիկեան վարչակազմը Իսրայէլը կը նկատէր ռազմավարական անբաղձալի պարտաւորութիւն մը, իսկ Իսրայէլի նկատմամբ համակրութեան արտայայտութիւնը՝ Միջին Արեւելքի մէջ Խորհրդային Միութեան ծաւալապաշտութեան դէմ արաբական միացեալ ապահովական պատուարի մը ստեղծման ամերիկեան նպատակին համար վնասաբեր։

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը Պլինքընի հետ իր զրոյցի ընթացքին յայտնեց․«Իսրայէլ ժողովրդավարութեան ու կայունութեան փարոս մըն է։ Երկու շաբաթներու վրայ երկարող ցոյցերը կը հաստատեն, թէ Իսրայէլ կարծիքի ազատութիւն, ցոյց կատարելու ազատութիւն եւ մամլոյ ազատութիւն ունի»։ Իշխանութիւններու առաջադրած օրինագիծը, վարած ընդհանուր քաղաքականութիւնն ու ցոյցերը, սակայն, իսկութեան մէջ յաչս ժողովրդավարական արժէքներն ու արժէչափերը իր քաղաքականութեան սիւները նկատող ամերիկեան ներկայ վարչակազմին ճիշդ հակառակը ցոյց կու տան։

Ամերիկեան վարչակազմը համոզուած է, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները երկիրը այլ ուղղութեամբ կ՛առաջնորդեն։ Ահա թէ ինչու Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ատրիան Ուաթսըն նշեց. «Ժողովրդավարական արժէքները միշտ եղած են եւ պէտք է մնան Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու յատկանիշը»՝ աւելցնելով․«Ժողովրդավարական հասարակութիւնները զսպիչ արգելքներու եւ հաւասարակշռութիւններու ճամբով կ’ամրապնդուին»։ «Ժողովրդավարական համակարգի հիմնական փոփոխութիւնները պէտք է կատարուին ժողովրդային կարելի եղածին չափ լայն աջակցութեան հիմի վրայ», ընդգծեց ան:

Միւս կողմէ՝ իսրայէլեան իրադարձութիւնները Միացեալ Նահանգներու ներքին քաղաքականութեան վրայ եւս ազդեցութիւն ունին, եւ ատոր ցուցանիշերը սկսան երեւան գալ։ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական նախագահ Քեւըն ՄըքՔարթի 30 Մարտին զօրավիգ կանգնեցաւ Նեթանիահուի՝ յայտնելով․«Վարչապետ Նեթանիահուն իսրայէլացի հայրենասէր մըն է, պետական այր մը, եւ ամէնէն կարեւորը Միացեալ Նահանգներու մեծ բարեկամ մը։ Ազատ հասարակութիւնները բուռն եւ բաց բանավէճեր ունին։ Իսրայէլը բացառութիւն չէ։ Կը զօրակցիմ վարչապետ Նեթանիահուի, եւ Իսրայէլի ուժեղ, կենսունակ ժողովրդավարութեան նկատմամբ Ամերիկայի զօրակցութիւնը հաստատ է։ Հիմա կարեւոր ժամանակ է, որ ամերիկացիները միասին կանգնին առ ի զօրակցութիւն Իսրայէլի հետ մեր երկարատեւ, փոխադարձաբար յարգալից, եւ կարեւոր բարեկամութեան»։

Հաւանաբար նաեւ Միացեալ Նահանգներու հրեայ համայնքի ազդեցութիւնը նկատի ունենալով ու 2024-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան ընտրական հաշիւներէն մեկնելով էր, որ Պլինքըն նախաձեռնեց իր իսրայէլացի պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային զրոյցի նախաձեռնման եւ գոյութիւն ունեցող խոր տարակարծութիւններու հրապարակայնացումը դադրեցնելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու փորձին։

Իսրայէլի վարչապետը 27 Մարտին յայտարարեց դատաիրաւական բարեփոխումներու օրինագիծի որդեգրումը։ «Երբ երկխօսութեան միջոցով քաղաքացիական պատերազմէն խուսափելիու կարելիութիւն կայ, ես թայմ աութ կը վերցնեմ այդ երկխօսութեան համար»։ Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի ան խոստացած է, որ եթէ Զատկուան տօներուն ժամանակ դատաիրաւական բարեփոխումներուն շուրջ համաձայնութիւններ ձեռք չբերուին, անոնք պիտի որդեգրուին Քնեսէթի ամառնային նստաշրջանի ընթացքին։ Նեթանիահու այդպիսով առկախեց ներիսրայէլեան քաղաքական տագնապն ու անոր զուգահեռ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան յաւելեալ մագլցումը։

Իսրայէլի պատմութեան մէջ մեծագոյնը եղող ցոյցերու ընթացքին իսրայէլեան իշխանամէտ շրջանակներէ հնչեց այն կարծիքը, որ Ուաշինկթըն կը ֆինանսաւորէ այդ ցոյցերը։ Ձախակողմեան-աշխարհիկ ճամբարի դիրքորոշումը համահունչ է ամերիկեանին։ Այդ մէկը բացայայտ իրողութիւն է։ Սակայն այս բոլորին մէջ կարելի՞ է նաեւ տեսնել Իրանի ազդակը։

Նեթանիահու միշտ ալ դէմ եղած է Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրին՝ 2015-ին կնքուած Գործողութիւններու միացեալ ու համապարփակ ծրագիրին։ Մինչ Ուաշինկթըն Թեհրանի հետ կը բանակցի այդ համաձայնութիւնը վերականգնելու շուրջ, Իսրայէլ կը սպառնայ Իրանը հարուածել, ուստի եւ վիժեցնել այդ խաղաղ բանակցային հոլովոյթը։ Իսկ այժմ, որ Թել Աւիւ Իսրայէլի նախագահի վկայութեամբ՝ քաղաքացիական պատերազմի եզրին կը գտնուի, անիկա անկարող է այդպիսի արկածախնդրութեան մը դնելով ականահարել իր «իւրայատուկ բարեկամ»-ին ջանքերը…։

Համենայն դէպս, ներկայ ընդհանուր «զինադադար»-ը, ի տարբերութիւն Իսրայէլի հասարակութեան մէջ յառաջացած վիհին, խիստ ժամանակաւոր է, իսկ անոր հետագայ զարգացումները ակնկալելի։ Նեթանիահուի դատաիրաւական բարեփոխումներու ծրագիրը պիտի շարունակէ իր ազդեցութիւնը ունենալ Իսրայէլի ներքին քաղաքականութեան, Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն ու Միացեալ Նահանգներու ներքին քաղաքականութեան վրայ։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Հայրենիք»