Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երբ տակաւին Արցախի բոլոր ռազմաճակատներուն վրայ Հայոց բանակը կը շարունակէր դիմադրել թշնամիին զօրքերը, Նոյեմբեր 9, 2020-ին Հ․Հ․ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին կողմէ պատերազմի դադրեցման մասին եռակողմանի համաձայնագրի յայտարարութիւնը ցնցեց համայն հայ ազգը։
Հայ ժողովուրդին համար պարտուողական այս համաձայնագիրը ոչ մէկ ձեւով կրնայ ազդել մեր ազգային նկրտումներուն՝ հասնելու մեր համահայկական ազգային, թէ մարդկային իրաւունքներու վերահաստատման։
Ի տես Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը մնայ այն պատնէշներուն վրայ, զորս հաստատած էր Արցախի տարածքին երեք տասնամեակներ առաջ։ Մենք հաստատակամ կը շարունակե՛նք մեր մարդասիրական օժանդակութեան աշխատանքները ուր որ հարկը կը ներկայանայ։ Համոզուած ենք, որ միայն միասնական ճիգերով կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել այսօրուան համահայկական ճգնաժամը։ Կը խոնարհինք նուիրեալ հայ նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ թիկունք կը կանգնինք անմահացած հերոսներուն ընտանիքներուն, հայ զինուորին եւ Արցախի համայն ժողովուրդին։
horizonweekly.ca