Փոխարժեքներ
15 05 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.99 |
EUR | ⚊ | € 435.64 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.833 |
GBP | ⚊ | £ 517.81 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.55 |
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, երկուշաբթի, 20 եւ չորեքշաբթի 22 փետրուարին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճին եւ Մ. եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ ընթացք առաւ «Արցախի կոթողները» խորագիրով շրջուն ցուցահանդէսը, որ պիտի այցելէ Լիբանանի տարբեր հայկական վարժարաններ:
Ցուցահանդէսին նպատակն է հայ աշակերտութեան ներկայացնել Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւուած տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող յուշարձանները, եկեղեցիները, կառոյցները:
Նկարները կը պատկանին հանրածանօթ մտաւորական եւ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանին:
Առաջին հերթին ներկայացուեցաւ Արցախի ներկայ շրջափակումին մասին զեկուցում, որ Եղիշէ Մանուկեան քոլէճին մէջ ներկայացուց «Ազդակ» օրաթերթի լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան, իսկ Ճեմարանի մէջ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ «Artsakh Monuments» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արմինէ Հայրապետեան անդրադարձաւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան: