կարևոր
2563 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-02 11:30
Քաղաքական

Անձի պաշտամունքի եւ թուրքը ճանաչելու մասին

Անձի պաշտամունքի եւ թուրքը ճանաչելու մասին

Քանի մը օր առաջ, գրադարանիս մէջ գիրք մը կը փնտռէի, ձեռքս անցաւ բարակուկ, հազիւ 20 էջնոց երգարան-պրակ մը, որ լոյս տեսած է 1945-ին, Հալէպի մէջ: Ընթերցողս քիչ ետք կրնայ հետեւցնել թէ հրատարակողը ի՜նչ որակի հայրենասէր մըն էր): Անոր մէջ կար երգ մը, որուն պատճէնը կ’ընկերանայ տողերուս: Խորագիրը՝ «Ջա՜ն, Ստալի՛ն»:

Յիշողութեանս մէջ արթնցան հեռո՜ւ յիշատակներ: Մանկութեանս, Հալէպի մէջ, կարգ մը ընտանիքներու յարկին տակ լսած եմ Հայաստանէն «ներածուած» այդ երգը: Հաւանաբար այլ գաղութներու մէջ ալ երգած են զայն:

Առաջ յստակացնեմ. այս սիւնակով, նպատակ չունիմ նսեմացնելու Աշուղ Շերամի յիշատակն ու վաստակը: Մարդը, բազմաթիւ ուրիշներու պէս, «քայլ առած» է օրուան պահանջներուն հետ: Վստահաբար մեզմէ ո՛չ մէկը պիտի ուզէր, որ Շերամը կամ արժանաւոր այլ արուեստագէտներ հրէշածին բռնատէրի մը գովքը հիւսած ըլլային: Վստահաբար Շերամն ու բոլոր միւսները հարկադրաբար, Սիպերիա ղրկուելու վտանգը վանելու ճիգով հիւսած են նման երգեր: Ուրիշներ գացած են Սիպերիա…

***
Այս երգը բազում խորհրդածութիւններու դուռ բացաւ: Կար ժամանակ, երբ մարդիկ ի՛սկապէս հմայուած էին Ստալինով, մինչեւ իսկ գործակցած են անոր վարչակազմին հետ: Այդ ժամանակաշրջանը ծանօթ է, ի շարս այլ բաներու՝ «Անձի պաշտամունքի դարաշրջան» անունով (այո՛ նման վիճակներ եղած են այլ բռնատիրական երկիրներու մէջ ալ): Շատեր համոզումով տարուած էին անոր (այլապէս պարտադրեալ) հմայքով: Երեւանի հիւսիսային մէկ բլուրի գագաթին կանգնած էր «Հայր Ստալին»ի հսկայական արձանը…

Յետոյ, եկան յետ-ստալինեան օրերը: Յ. Թումանեանի հետեւողութեամբ, «Զուարթ երգերը վշտալի դարձան», այսինքն, մարդոց աչքն ու ականջը բացուեցաւ, տեսան, թէ ինչպիսի՜ ծանր տուրքեր վճարուած են «Անձի պաշտամունքի դարաշրջանին», ստեղծուեցաւ նոր մտածողութիւն, թէ՝ եղածը սխալ էր: Ստալինի արձանը տապալեցաւ Լենինի արձանէն շուրջ երեք տասնամեակ առաջ:

Այսուամենայնիւ, խորհրդային յետ-ստալինեան տարիները, հակառակ բարեշրջական ճիգերու, ընդհանրապէս անխախտ պահեցին անհատի պաշտամունքի հոգեբանութիւնը: Խորհրդային երկիներուն, նա՛եւ մեր հայրենիքին մէջ անիկա այնքա՜ն խոր ամրատներ ստեղծած էր, որ… Խորհրդային Միութեան տարանջատումէն աւելի քան 30 տարի ետք, անհատի պաշտամունքի «աւանդութիւնը» նստած կը մնայ հայրենի ժողովուրդին մէկ մասին մտածողութեան ու հոգիին մէջ:

Հետեւանքը այն է, որ վերանկախացած Հայաստանի մէջ, մինչեւ այսօր իշխանութեան գագաթի դիրքը գրաւողը այդպիսիներու համար կը մնայ պաշտամունքի առարկայ: Այսօ՛ր ալ, «թաւշեայ Հայաստան»ին մէջ չեն ուզեր տեսնել, թէ բարի խոստումներով երկրի ղեկը գրաւած մարդն ու գործակիցները հանգրուանաբար նորանոր անդունդներ կը փորեն եւ մեր հայրենիքը անկումէ անկում կը տանին, զայն մօտեցուցած են անէանալու վտանգին:

Այլ խորհրդածութիւն մըն ալ արձանագրենք: Այդ տարիներէն մնացած է այլ «աւանդութիւն» մը, թիւր հասկացութիւն մը: Անձը համազօր կը նկատուի իշխանութեան (սա ճիշդ է), իսկ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ համազօր կը նկատուի ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ: Կը մոռցուի կամ կ’անտեսուի այն, որ իշխանութիւնները փոփոխական են, իսկ պետութիւնը մնայուն է, պէտք է պահպանուի իբրեւ արժէք: (Պէտք ունի՞նք օրինակներ թուելու. Թրամփը, Ճոնսընը, եւ այլոց ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ իրենց տեղը տուին ուրիշներու): Ստալին, նաեւ խորհրդային ղեկավարութիւնը ունէին ԱՆՍԽԱԼԱԿԱՆ ըլլալու հռչակը, հետեւաբար, արգիլուած էր զանոնք քննադատելը (իսկ թէ ի՞նչ կը վիճակուէր քննադատողին՝ ծանօթ է. բախտաւոր էր ան՝ որ գլուխն ու օձիքը կը փրկէր «այլախոհ» պիտակաւորումով…): Նոյն «տրամաբանութիւն»ը բաւականին տիրապետող է այսօրուան մեր հայրենիքին մէջ, ուր իշխանութեան մարդիկն ու իրենց երկրպագուները իշխանաւորին-իշխանութեան սխալներուն ուղղուած որեւէ քննադատութիւն կը ներկայացնեն իբրեւ Հայաստանին ու անոր պետութեա՛ն ուղղուած քննադատութիւն:
Հետեւանքներուն ցանկագրումը անտեղի է: Սա նաեւ պատճառ կ’ըլլայ, որ իշխանութենէն արդարօրէն դժգոհներ ընդդիմադիրներուն նային… անհատ ղեկավարի մը պահանջով: Բնական է, որ անհատը կրնայ ազդեցիկ ըլլալ, հմայք եւ հեղինակութիւն վայելել, սակայն երբ երկիրը կը կարօտի ԲՈԼՈՐ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒՆ, այսինքն բոլոր հայրենապաշտպաններուն ձեռքերուն…:

***
Ստալինական «մշակոյթ»ի յամեցումին մէկ ուրիշ հետեւանքն ալ կը կրենք մինչեւ այսօր: Երկար-բարակ չմանրամասնենք, այլ բաւականանանք միայն արձանագրելով, որ Լենին-Ստալին իշխանութեան առաջին օրերէն սկսեալ, Հայաստանի մէջ պարտադրաբար տարածուեցաւ «ժողովուրդներու եղբայրութեան» գաղափարը, որ անվիճելի ըլլալուն եւ բարիք խոստանալուն կողքին՝ մեր ժողովուրդին ներարկեց «թուրքն ու ազերին մեր եղբայրն են» մտածողութիւնը: Կրնայ պատահիլ, որ հայ եւ թուրք ու ազերի անհատներ ըլլան դրացի, բարեկամ եւ գործակից, սակայն քարոզուածը այդ չէր…

Եթէ պահ մը տարուինք այն մտածումով, որ Արեւելեան Հայաստանի բնակչութեան մէկ մասը ՉԷՐ ՃԱՆՉՆԱՐ ԹՈՒՐՔԸ, ըսել կ’ուզենք՝ արեւմտահայերուն եւ արցախցիներուն պէս իր մորթին վրայ չէր զգացած ֆիզիքական ու բարոյական եաթաղաններուն այրուցքները, կրնանք հետեւցնել, որ այդ պարտադիր, ըսել կ’ուզենք՝ շինծու «եղբայրութեան» մտածողութիւնը իր ճիւղերը տարածած է նաեւ այսօր, որովհետեւ Հայաստանի մէջ կայ շերտ մը, որ պատրաստ է հետեւելու իշխանաւորներուն քարոզին (կրկնենք. իշխանութիւնը անպայման պետութիւն չէ), տարուելու այն պատրանքներով, որ եթէ վաղը Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքուի (մոռնանք թէ ի՜նչ գնով), «ապագայ կայ», փայլո՜ւն ապագայ՝ ո՛չ միայն Հայաստանի բնակիչներուն, այլ նաեւ «Ազրպէյճանի կազմին մէջ անցնելիք» Արցախին համար:

***
Մեր ժողովուրդը անկումէ եւ պարտուողականութենէ հեռացնելու կոչուած ԲՈԼՈՐ ՁԵՌՔԵՐԸ վիթխարի մարտահրաւէրի մը դիմաց կը կանգնին. թօթափել տալ անձի պաշտամունքի մտածողութիւնը եւ ճանչցնել իսկական Թուրքը՝ ցեղասպա՛ն, մեր հայրենիքին մեծագոյն մասը իւրացուցած եւ մնացեալն ալ քարտէսէն ջնջելու համար գործո՛ղ թուրքը:

Երկճիւղ գործի դաշտ՝ որուն զուգահեռ, կան բազմաթիւ այլ մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ ազգային մտածողութեան վերականգնումը, պատմութեան ու մշակոյթին (բոլոր ենթակալուածներով) տիրութիւնը, տնտեսական-ընկերային անկումներուն դարմանումը եւ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ