կարևոր
75418 դիտում, 6 ամիս առաջ - 2024-04-26 12:06
Սփյուռք

Գանատահայութիւնը իր պահանջատիրութեան ձայնը բարձրացուց Օթթաուայի մէջ

Գանատահայութիւնը իր պահանջատիրութեան ձայնը բարձրացուց Օթթաուայի մէջ

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, տեղի ունեցաւ «Անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնը հաւասար է շարունակուող ցեղասպանութեան» լոզունգով, Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած քայլերթը Օթթաուայի մէջ, մասնակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ թեմի հոգեւոր հայրերուն, Գանատահայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ թեմի հոգեւոր հայրերուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ անդամներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ Թորոնթոյէն, Գեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանած հայորդիներու:

Քայլարշաւը ծայր առաւ Գանատայի Խորհրդարանին դիմացէն, որուն ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ), ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան եւ Պատանեկան միութեան անդամներն ու ցուցարար մեր ժողովուրդը իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ վարած հերքումի եւ ուրացման քաղաքականութեան դէմ, այլեւ ցեղասպանին անպատիժ մնալը խթան հանդիսանալուն՝ Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ Արցախի մէջ կատարուած երկրորդ ցեղասպանութեան դէմ:

Ինչպէս ամէն տարի, քայլարշաւի աւարտին թրքական դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ ոգեկոչման եւ պահանջատիրութեան ցոյց, կազմակերպուած Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, գործակցութեամբ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, եւ ուր, միւս կողմը, 4-5 թուրք եւ ազերիներ հակահայ պաստառներ բարձրացուցած էին, թրքական դրօշակներով եւ թրքերէն երգերով:

Ոգեկոչումի ձեռնարկը սկսաւ Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին դիմաց ծաղիկներ զետեղելով, ապա հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները: Մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն եւ Արցախի պատերազմի զոհերուն յիշատակը, բացման խօսքով հանդէս եկան ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամներ Վանէ Տիմիթեան (անգլերէն) եւ Սերժ Սոմունճեան (հայերէն), որոնք ըսին. «Մենք՝ գանատահայութիւնս, որպէս մէկ ընտանիք, ամէն տարի կը հաւաքուինք Օթթաուա, մեծարելու համար մեր սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը եւ յայտնելու համայն աշխարհին, թէ հայ ժողովուրդը մինչեւ այսօր կը գոյատեւէ ու կը շարունակէ մղել իր սրբազան պայքարը: Կը համախմբուինք այստեղ, թրքական դեսպանատան դիմաց, որպէսզի համայն աշխարհին ըսենք, թէ 1915-ին տեղի ունեցած դէպքերը առասպելական պատմութիւններ չեն, ինչպէս ըսաւ Էրտողան քանի մը օր առաջ, այլ ցեղասպանութիւն են: Եւ մենք, որպէս սփիւռքահայեր, պարտաւոր ենք Հայ Դատի պայքարը շարունակելու, ի հատուցում մեր հին ու նոր բոլոր նահատակներուն արեան, մինչեւ որ հասնինք մեր գերագոյն նպատակին՝ Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին»:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Պատանեկան միութեան անդամները, «Ձայն տուր ով ֆետայ» յեղափոխական երգով, ապա խումբ մը ԳԵՄ-ականներ եւ պատանիներ՝ Վայք Աճէմեան, Աննա Գայապալեան, Առէն Ճուքաքէլեան, Կալի Գրիգորեան եւ Տարօն Թիւֆէնքճեան ասմունքեցին «Հիմի էլ լռենք»ը: ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեցին Մոնթրէալի եւ Լաւալի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու վարչութեան անդամ Քամի Ունանեան (անգլերէն) եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թորոնթոյէն Վաչէ Այվազեան (հայերէն), որոնք յայտնեցին, թէ միութիւնը ճշդած է իր առաջնահերթութիւնները, որոնցմէ նշեցին մէկ քանին ըսելով. «Սատար կանգնիլ արցախցիին ու Արցախին, պայքարիլ՝ ապազգայնացման, յուսալքման եւ յանձնուողական մտայնութեան դէմ, դաստիարակել եւ պատրաստել հայ ինքնութեամբ հպարտ, հայրենատէր, մարտունակ, քաղաքականացած եւ իրենց գործելաոճին մէջ արհեստավարժ երիտասարդութիւն, որ կրնայ երաշխիքը դառնալ մեր ազգին գոյատեւման, ապահովութեան ու բարօրութեան»:

ԳԵՄ-ի անդամներ հանդէս եկան հայկական պարով մը, որմէ ետք ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան փոխանցեց իր խօսքը ըսելով. «Այսօր հաւաքուած ենք, հաստատելու, որ գանատահայութեան համար Արցախի հարցը փակուած չէ, եւ մենք՝ գանատահայերս, մեր բոլոր համայնքային կառոյցներով, Հայ Դատի յանձնախումբերով, պիտի պայքարինք Արցախի բնիկ ժողովուրդի ազգային ինքնորշման իրաւունքին ի խնդիր։ Այսօր միասին ենք, միասին ուխտելու, որ իբրեւ ժառանգորդները ցեղասպանութենէն վերապրած մեր նախահայրերուոն, ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակենք եւ բոլորին պիտի յիշեցնենք, որ մենք կը յիշե՛նք, կը պահանջե՛նք եւ պաշտպանն ենք Հայ Դատին։ Մեզմէ իւրաքանչիւրին այսօրուան մարտահրաւէրն է աւելի շաղկապուիլ մեր համայնքի գործունէութեան ու կազմակերպութիւններուն եւ անշահախնդիր մասնակից դառնալ համայնքային միութենական աշխատանքներուն: Մեր գաղութներն ու հաստատութիւնները պէտք է ամուր մնան եւ հզօրանան այստեղ՝ Սփիւռքի մէջ, որպէսզի մենք հասնինք մեր ազգային նպատակներուն»:

Ոգեկոչումի ձեռնարկը աւարտեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի պատգամով, որուն մէջ ըսաւ. «Այսօր այս թրքական դեսպանատան դիմաց հաւաքուած ենք մեր նահատակներուն կտակին համաձայն շնչելու, ապրելու, գոյատեւելու ու պայքարելու յանուն մեր իրաւունքներուն, յանուն մեր արդար դատին, յանուն Արցախի, յանուն մեր արժէքներուն ու մեր սրբութիւններուն: Ճիշդ է, որ Արցախը այսօր հայաթափուեցաւ, բայց մենք այստեղ հաւաքուած ենք ըսելու, որ Արցախի հարցը չէ փակուած, մեր եկեղեցիները մեր ժողովուրդին կողքին, միասնականութեամբ պիտի շարունակեն մեր ուխտը, մեր պայքարը, մինչեւ Արցախի ու ամբողջական Հայաստանի ազտագրումը»: Գանատահայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանի «Պահպանիչ»ով եւ Տէրունական աղօթքով փակուեցաւ ձեռնարկը:

Նշենք, որ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան անդամները քայլարշաւի նախօրէին այցելեցին Օթթաուայի մէջ ՀՀ դեսպանատուն, ուր Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու երգեցողութեամբ, ապա «Մշակ, բանուոր» եւ «Զարթիր, լաօ» երգելով եւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» պաստառներու ցուցադրութեամբ արտայայտեցին իրենց ընդվզումը:

 

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»

Լուսանկարները Իշխան Ղազարեանի