Փոխարժեքներ
09 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.42 |
EUR | ⚊ | € 425.54 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.02 |
GBP | ⚊ | £ 507.44 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.65 |
Անցեալ շաբթուան ընթացքին լիբանանահայութեան ապրած ազգային եռուզեռը տարբեր հանգամանքներով ուշադրութիւն կը գրաւէ:
ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ Լիբանանի մէջ կայացան համասփիւռքեան-համահայկական գործունէութեան դաշտ ունեցող կառոյցներուն` ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի պատասխանատու մարմիններու լիագումար նիստեր, միջդիւանական ժողովներ, խորհրդակցական հաւաքներ, ժողովրդային հանդիպումներ: Այս բոլորը համալրուեցան այդ միութիւններու կեդրոնական մարմիններու գործունէութիւններու համակարգման համատեղ նիստերով, ՀՅԴ Բիւրոյի լիագումար եւ անոր առընթեր ՀՅԴ մարմիններու ներկայացուցիչներու զեկուցական եւ քննարկողական ժողովներով:
Ըստ էութեան համահայկական օրակարգերու մշակման, ռազմավարական ուղղութիւններու ճշդման եւ նորացուող առաջադրանքներու ընդառաջ համախմբուելու եւ ճանապարհային քարտէս գծելու առիթ էին լիբանանեան հանդիպումները:
Բնականաբար օրհասական պայմանները` հայրենիքի առջեւ ծառացող, պիտի գրաւէին կուսակցութեան եւ իր ուղեկից միութիւններու գործունէութեան առանցքային բաժինը: Միաժամանակ սակայն, սփիւռքի տագնապահար գաղութներուն հասնելու եւ նոր աշխատակարգ որդեգրելու համար երիտասարդ աւիշ ներարկելու համակուսակցական եւ համամիութենական ծրագիրները քննարկումի կարգով հետզհետէ բիւրեղացան:
Երիտասարդ մարդուժի ներգրաւման աշխատանքները ընդհանուր յայտարար են բոլորին համար: Եւ այս առումով ինքնաքննարկումները կեդրոնացան այդ առաջադրանքի գործադրութեան ընթացքին երեւցած խոչընդոտներուն վրայ, ի վերջոյ որդեգրելու համար թէ՛ բովանդակային եւ թէ՛ ոճային առումներով առնուելիք նոր քայլերը: Ա՛յս մեկնակէտն էր, որուն հիման վրայ ՀՅԴ Բիւրոն հրաւիրած էր նաեւ երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչները այս համընդհանուր աշխատանքային հանդիպումներուն ներդրում ունենալու եւ հետագայ մեր աշխատանքներուն համար երիտասարդական ոսպնեակով ճանապարհներ նախանշելու:
Լիբանանի մեր կառոյցներուն եւ լիբանանահայութեան համար գօտեպնդիչ երեւոյթ արձանագրուեցաւ, երբ Դաշնակցութեան օրուան առիթով զանգուածային ներկայութեամբ ժողովուրդը վերանորոգեց իր զօրակցութիւնը Դաշնակցութեան հանդէպ: Այդ առիթով հնչած հանգամանաւոր պատգամները նախանշեցին թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ սփիւռքի ու Լիբանանի ուղղութիւններով Դաշնակցութեան յառաջիկայ գործունէութիւնը: Այդ ուղենիշները հեռանկարայնութիւն պարզեցին, երբ հարիւրաւոր պատանիներ խոստացան իրենց միութեան ճամբով դաստիարակուիլ հայրենական, ազգային արժէքներով:
Համակուսակցական կեդրոնացումը լիբանանեան մեր կառոյցներուն վրայ, հոգատարութեան եւ զօրակցութեան բարոյական ամէնէն կարեւոր քայլն էր, որ պարտաւորիչ է նաեւ մեզի` իբրեւ կուսակցութիւն, կազմակերպութիւններ, կրթական հաստատութիւններ եւ մամուլ: Գիտակցելու, որ համակուսակցական մեր աշխատանքներու վերանորոգման մէջ մեծ է ակնկալութիւնը Լիբանանի մեր կառոյցներէն:
Լիբանանահայութիւնը գործնապէս զգաց այդ համակուսակցական զօրաշարժի արդիւնքները, երբ տնտեսական աննախընթաց տագնապի, նաւահանգիստի երկրաշարժային ուժգնութեամբ պայթումի եւ ասոնց առընթեր համավարակի կուտակուած պատճառներով դիմագրաւեց աննախընթաց տարողութեամբ ճգնաժամ:
Դաշնակցութեան տարբեր երկիրներու կազմակերպութիւնները, ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերը, եկեղեցական թեմերը, բոլո՛րը լծուեցան աշխատանքի` թեթեւցնելու համար լիբանանահայուն ահաւոր բեռը:
Անցեալ շաբթուան համախմբումը այդ զօրաշարժի շարունակութիւնն էր. բայց նաեւ` ակնկալութիւնը: Հզօր պահել լիբանանահայութիւնը, որպէսզի անիկա շարունակէ իր անշրջանցելի դերակատարութիւնը ունենալ համակուսակցական, համասփիւռքեան եւ համահայկական աշխատանքներուն մէջ:
Լիբանանի մէջ համախմբումի երեւոյթը վերաշեշտեց, որ հզօր լիբանանահայութիւն, հզօր սփիւռք կ՛ենթադրէ. իսկ հզօր սփիւռքը` հզօր հայրենիք: Եւ լիբանանահայութիւնը պատասխանեց, որ կը շարունակէ տէր կանգնիլ իրմէ ակնկալուած առաքելութեան: