կարևոր
2974 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-09-02 17:40
Հասարակություն

«Մենակ Չէք, Միասին Ենք, Մէկ Ենք» Խորագիրով Նախաձեռնութիւններով Լիբանանահայութիւնը Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Յայտնեց Մարտնչող Ու Խիզախ Արցախահայութեան

«Մենակ Չէք, Միասին Ենք, Մէկ Ենք» Խորագիրով Նախաձեռնութիւններով Լիբանանահայութիւնը Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Յայտնեց Մարտնչող Ու Խիզախ Արցախահայութեան

Լիբանանահայութիւնը 1 սեպտեմբեր 2023-ին լրիւ օրուան մը ստորագրահաւաքով, երեկոյեան համախմբումով եւ գիշերուան մոմավառութեամբ եկաւ իր զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի հողին իրաւատէր ու պաշտպան արցախահայութեան, որ, հակառակ Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած շրջափակումին, մարդասիրական ծանր ճգնաժամին, հացի, դեղորայքի եւ կենսական նշանակութեան պայմաններու բացակայութեան, կը շարունակէ ապրիլ իր հարազատ տարածքին վրայ, կառչած է իր զաւակներուն արեամբ եւ բիւրաւոր նահատակներուն շնորհիւ ձեռքբերուած հողին, կը մերժէ ազրպէյճանական ամէն տեսակի կեղծ օժանդակութիւն, խիզախօրէն կը պայքարի եւ դժուարութեամբ կը գոյատեւէ` հաւատալով, որ պիտի գայ օրը, երբ արդարութիւն պիտի հաստատուի, իր մարտնչումը պիտի աւարտի յաղթանակով եւ ինքնորոշման իրաւունքի հաստատումով:

Սոցեալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, ուրբաթ, 1 սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտէն սկսեալ լիբանանահայ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, համայնքապետներ, պատասխանատուներ, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու անդամներ, հայորդիներ, նոյնիսկ օտարներ իրենց ստորագրութիւնը զետեղեցին Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ զետեղուած Արցախի դրօշակին վրայ` հաստատելով, որ իրենք եւս պահանջատէր են արցախահայութեան իրաւունքներու յարգումին եւ զօրակից իրենց արցախահայ քոյր-եղբայրներուն:

Արցախի սրբազան դրօշակին վրայ ստորագրելէ ետք իրենց խօսքերը ուղղեցին հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ երեք համայնքապետները:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ խնդիրը հիմնականին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւումն է, նաեւ այն, որ ինչպէ՛ս ամբողջ աշխարհը լուռ, բարի սամարացիի արտայայտութիւններով հանդէս կու գայ, իսկ ան, որ կը ճանչնայ թուրքն ու ազրպէյճանցին, պիտի ակնկալէր, որ այս բոլորը պիտի պատահէին այսօր:

«Այսօր 120 հազար մարդ, հայ մարդ, ծծկեր մանուկ, մայր, երեխայ, տարեց, անզէն երիտասարդներ, հայ մարդիկ սովամահութեան վտանգի դէմ յանդիման են, եւ դարձեալ միայն կոչեր կ՛ուղղուին, դարձեալ միայն բարի տրամադրութիւններ կ՛արտայայտուին:

«Այն, ինչ որ թուրքը կատարեց 1915-ին, Ցեղասպանութիւն էր, այն, ինչ որ այսօր կը կատարուի, ցեղասպանութեան նախանշաններն են, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն Լեռնալիբանանի ժողովուրդը ենթարկուեցաւ պաշարումի, բնակիչներուն մէկ երրորդը մահացաւ սովամահ ըլլալով, եւ օրին թուրք պատասխանատուները յայտարարեցին` «այն, ինչ որ ըրինք սուրով հայութեան, հիմա ըրինք լիբանանցիներուն անօթութիւն պարտադրելով»: Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, բայց դժբախտաբար ժողովուրդները չեն սորվիր պատմութենէն», ըսաւ Բագրատունի:

Ապա ան անդրադարձաւ 2 սեպտեմբերի նախօրէին առաւօտէն մինչեւ կէս գիշեր, Պէյրութի մէջ, Պուրճ Համուտի մէջ, հայկական այլ թաղամասերու մէջ, մինչեւ Այնճար լիբանանահայութեան նախաձեռնութիւններուն` շեշտելով, որ ատիկա նուազագոյնն է: Արդարեւ, միշտ ալ երբ հրամայական եղած է, լիբանանահայութիւնը իր լաւագոյն տղաքը նուիրաբերած է եւ իր արեան տուրքը տուած մեր ժողովուրդի մարտունակութիւնը արտայայտող արցախահայութեան` Յ. Բագրատունի նշեց, որ այսօր դժբախտաբար, ստորագրահաւաքով միայն կարելի է մեր մարտնչող քոյրերուն-եղբայրներուն ըսել, որ իրենք առանձին չեն, թէեւ անոնք իրենց մենութեան մէջ, սովի դռներուն կանգնած, կը նախընտրեն հպարտութեամբ, քաջութեամբ, յամառութեամբ անօթի մնալ, բայց ազատ մնալ` մերժելով ազրպէյճանական որեւէ օգնութիւն: «Մենք այդ կեցուածքն է, որ այսօր կը տեսնենք եւ այդ կեցուածքին կողքին ենք», նշեց ան:

Ապա ան խօսքը ուղղեց լիբանանահայութեան` դիտել տալով, որ պէտք չէ մոռնալ, թէ երբ այս գաղութը տագնապահար էր, Արցախի հայութիւնը նեցուկ կանգնեցաւ եւ օժանդակութիւն առաքեց մինչեւ Լիբանան: Առ այդ, ան կոչ ուղղեց միանալու բոլոր նախաձեռնութիւններուն, հոգիի պարտք կատարելու` այն հաւատքով ու վճռականութեամբ, որ Արցախի դրօշը մօտիկ ապագային պիտի ծածանի ոչ միայն Ստեփանակերտի, այլ նաեւ այն բոլոր շրջաններուն մէջ, որոնք բռնօրէն, դաւադրաբար գրաւուեցան մեր ժողովուրդէն:

«Սիրելինե՛ր, Արցախը մեզ կը կանչէ, Արցախը մինակ չէ, Արցախը դուռն է համայն հայութեան գոյատեւման: Հայաստանը չ՛ապրիր առանց Արցախի, հայութիւնը չի կրնար գոյատեւել առանց Արցախի եւ Հայաստանի, Հայաստանն ու Արցախը չեն կրնար ապրիլ առանց սփիւռքի: Այս եռամիասնութեան, որքան ալ մարդիկ անհաւատութեամբ մօտենան, որքան ալ փորձեն իմաստակութեամբ հարցերուն մօտենալ յանուն առարկայութեան, սակայն ըստ էութեան, հայկականութեան ոգիի պարպումի արտայայտութեամբ, պիտի մնայ Արցախը, պիտի մնայ Հայաստանը եւ պիտի մնայ հայութիւնը», եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Տաքէսեան անդրադարձաւ Արցախի մօտաւորապէս 265 օրուան պաշարումին` զայն նկատելով ցեղասպանութիւն: Ան ըսաւ, որ եղածը նաեւ ոճիր է համայն մարդկութեան դէմ, եւ համայն աշխարհը պէտք է պարտադրէ արցախահայութեան ինքնորոշման ազատ իրաւունքը` աւելցնելով, որ բացարձակապէս մերժելի է տարածքային ամբողջականութեան հարցը: «Կը զօրակցինք արցախահայութեան մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն` իրենց ինքնորոշման իրաւունքին մէջ:

Բացայայտօրէն կ՛ըսենք միջազգային հանրութեան, որ պէտք է զօրավիգ կանգնին մեր հերոսական Արցախի բնօրրանին տիրոջ` արցախահայութեան: Բացարձակապէս կը մերժենք Բերձորի փոխարէն Աղտամի անցքը: Չենք ընդունիր այդ մարդասիրական կեղծ արարքը Ազրպէյճանի կողմէ, եւ ինչպէս տեսանք մեր արցախահայ քոյրերն ու եղբայրները կը նախընտրեն սոված մնալ, քան ընդունիլ այդ «մարդասիրական» արարքը», յայտնեց ան:

Աւետիս Տաքէսեան յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը եկած է իր զօրակցութիւնը յայտնելու արցախահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն` շեշտելով, որ հայկական եռամիասնութեամբ Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ` բռունցքը միշտ պէտք է մնայ, որպէսզի Արցախը անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը ստանայ, որովհետեւ անկարելի է այլ ցեղի լուծին տակ ըլլալ:

Խօսքը արցախահայութեան ուղղելով` ան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը անվերապահօրէն զօրավիգ է անոր մինչեւ յաղթանակ. որքան ալ փշոտ եւ քարքարոտ ըլլայ ճամբան, անոնք պէտք չէ յուսահատին, որովհետեւ մինակ չեն:

ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչ Մարտիկ Ժամկոչեան իր կարգին անդրադարձաւ արցախահայութեան ներկայ դժուար վիճակին եւ նշեց, որ ոչ ոք ձեռք կ՛երկարէ անոր, միջազգային մարմինները, դատարանները երբեմն սլաքաձեւ նշումներ կ՛ընեն, բայց իրենց կարեւորութիւն տուող չկայ, ուստի մենք մեր գլխուն ճարին պիտի նայինք: «Ժամանակն է, որ ազգովին կանգնինք Արցախի կողքին, որովհետեւ արցախահայութիւնը մեր ժողովուրդին մէկ մասնիկն է, մեր սիրտն է, անոնք ենթարկուած են տեղահանութեան, թերեւս ալ բնաջնջման. այսօր թշնամիին կողմէ արցախահայութեան ներկայացուած բոլոր առաջարկներն ալ մերժելի են, մեզի կը մնայ արցախահայութեան անկախութիւնը եւ կապը պահպանել Հայաստանի հետ», դիտել տուաւ ան:

Մարտիկ Ժամկոչեան եզրափակեց, որ միասնական ուժով` Հայաստան-սփիւռք-Արցախ, պէտք է ձեռք-ձեռքի տանք եւ արցախահայութիւնը դուրս բերենք այս անել վիճակէն:

Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան իր կոչ-խօսքին մէջ ըսաւ, որ ներկայիս Արցախի մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մատնուած են ծանր կացութեան, օրհասական պայմաններու մէջ կը գոյատեւեն, սակայն անոնք կ՛ապրին խիզախօրէն` պահանջելով իրենց մարդկային իրաւունքը, ինչպէս նաեւ այն անկախութիւնը, որ ձեռք բերին մարտնչումներով, պայքարներով, արեան հեղումով:

Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ այդ բոլորին մասնակից էր նաեւ սփիւռքը, որովհետեւ հայրենի հողի աւանդին ազատագրութեան համար մղուեցաւ այդ պայքարը, եւ այդ պայքարն է, որ կը շարունակուի Արցախի մէջ բնակող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, ինչպէս նաեւ ողջ հայութեան գիտակից կեցուածքով: «Հետեւաբար Արցախի կողքին էինք եւ կը շարունակենք Արցախի կողքին մնալ», ընդգծեց սրբազան հայրը:

Առաջնորդ սրբազան հայրը նաեւ շեշտեց. «Ինչպէս քանի մը օր առաջ երեք համայնքապետներու անունով կ՛ըսէր մեր հրապարակած կոչը, այնքան ատեն որ Արցախը ի՛նք մեզի նահանջ չի թելադրեր, պարտաւոր ենք Արցախի կողքին կանգնելու խիզախօրէն` ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ հայրենիքի անկախութիւնը պաշտպանելու, եւ նաեւ ներկայ գտնուելու պայքարի դաշտին վրայ ամբողջ հայութեան ունեցած մարդուժով, միասնականութեամբ, ինչպէս նաեւ աննահանջ կորովով ու հաւատքով»:

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ եւ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ըսաւ, թէ մարդկութիւնը իր բնազդով կ՛առաջնորդուի իր շահով եւ դիմացինին ուժով, ուստի ան զարմանալի չնկատեց, որ բոլոր պետական, միջազգային կազմակերպութիւններու, մարդկային իրաւանց խումբերու, նաեւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու, պետութիւններու կոչերէն ետք կացութիւնը շատ չփոխուի, որովհետեւ մարդկային բնազդը ուժով եւ իր շահով կ՛առաջնորդուի:

Վերապատուելի Հայտոսթեան նշեց, որ ան, որ այս օրերուն չունի ֆիզիքական, մարդկային, ռազմական, քաղաքական, դիւանագիտական ուժ, նուազագոյնը պէտք է գործէ իր ներքին ուժականութեամբ եւ իր կամքով, որ դիւրին չէ կոտրել, նոյնիսկ եթէ մէկը բանտարկուած է կամ այսօրուան նման սովամահութեան պարտադրուած:

Ան նշեց, որ մենք` իբրեւ հայ ժողովուրդ, ունինք ամէնէն կարեւորը` ո՛չ միայն կանգնիլ Արցախի մէջ շրջափակուած եւ կանգուն մնացող մեր ժողովուրդին հետ, այլ նաեւ մնալ իբրեւ ազգ մեր բարձրագոյն չափանիշներուն վրայ, որոնք են` հայ մարդու, հայրենիքի եւ հայրենի հողի բարձր արժանապատուութիւնը: Այդ ըլլայ մեր առաջին աշխատանքը. եթէ մենք մեզ չյարգենք, մեր ներքին ուժը չփաստենք, որուն մէջ կայ` քաղաքական, հոգեւոր քրիստոնէական, մտաւորական եւ փոխադարձ յարաբերութիւններու ուժ, ուրիշը պարտաւոր չէ եւ պիտի չմօտենայ մեզի եւ ի նպաստ հայուն պիտի չգործէ:

«Ես չեմ բաւարարուած շրջափակման խնդիրներու նիւթով, ո՛չ ալ սովամահութեան, ո՛չ ալ ցեղասպանութեան այդ միտումին եւ ուղղութեան նիւթով մեր պայքարին մէջ: Մենք պէտք չէ մոռնանք, որ մեր նպատակը միայն ժողովուրդը ֆիզիքական սովէն կամ շրջափակումէն փրկելը չէ, մենք պէտք է միաժամանակ ըսենք, որ որքան ալ իրենք ազատին այս մարդասիրական խնդիրներուն մէջ իրենց ծանր կացութենէն, մենք ունինք այլ իրաւունքներ, որոնք մարդասիրականէն շատ անդին են, եւ պէտք չէ մարդասիրական այդ խնդիրը շեղեցնէ մեզ իր սեփական հողին վրայ ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքին համար պայքարէն»: Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան շեշտեց, որ մեր միասնականութիւնը շատ կարեւոր է մանաւանդ այս օրերուն` կոչ ուղղելով բոլոր հայորդիներուն, որ մէկ սիրտ ու մէկ հոգի դառնան, եւ ասիկա չըլլայ միայն խօսք, այլ գործի անցնինք բոլորս:

«Ինչ որ ինծի զարմանք կը պատճառէ այն է, թէ ինչպէ՛ս 21-րդ դարուն տակաւին մենք կը պահանջենք ամէնէն տարրական իրաւունքները, մարդկային ամէնէն պարզ սկզբունքները, կը խնդրենք յարգել սկզբունքը ապրելու ազատութեամբ, սկզբունքը` մեր հողը ունենալու, սկզբունքը` յարգելու ամէն մէկուն միտքը, գաղափարը. այս պահանջներն են, որ կարծես թէ այսօր կրկին անգամ կը հաւաքուինք զանոնք բարձրացնելու», ըսաւ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան:

Ան մեր Արցախի քոյրերուն եւ եղբայրներուն ըսաւ, որ իրենք առանձին չեն: «Մենք ձեզի հետ ենք եւ պիտի փորձենք ամէն ինչ ընել, որպէսզի ձեզի ձեր շրջափակումէն ու բանտէն ազատենք», ըսաւ գերապայծառը:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ համախմբում, որ ընթացք առաւ նոյն օրուան ամբողջ տեւողութեան կատարուած ստորագրահաւաքին լիբանանահայերու ստորագրութիւնները կրող դրօշակներուն օրհնութեամբ:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն անունով օրուան պատգամը ուղղեց Շահան Գանտահարեան, որ` անդրադառնալով աշխարհի տարածքին կազմակերպուող Արցախի զօրակցական նախաձեռնութիւններուն` յայտնեց, որ հայութիւնը ամբողջ սփիւռքի տարածքին կը բախէ դռներ, կ՛արձանագրէ բողոքներ, որպէսզի մարդասիրական օժանդակութիւն հասնի արդէն 9-րդ ամիսը թեւակոխած պաշարուած, շրջափակուած Արցախին:

Լուսարձակի տակ առնելով այն, որ լիբանանահայութեան զօրակցութիւնը եզակի է տարբեր հանգամանքներով` ան զուգահեռներ ու նմանութիւններ գծեց արցախահայութեան այսօրուան կացութեան եւ պատերազմի տարիներուն լիբանանահայութեան ապրած դժուարութիւններուն ու զրկանքներուն միջեւ, յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը եւս ստիպուեցաւ դիմել ինքնապաշտպանութեան, երբ իր ֆիզիքական գոյութեան սպառնացած էին տարբեր ուժեր, կանգնեցաւ ժողովրդագրական զտումի դէմ յանդիման:

Բանախօսը նշեց, որ այսօր արցախահայութեան զօրակցող գաղութը տուաւ երիտասարդներ, որոնք Արցախի մէջ կռուեցան, մարտնչեցան եւ նոյնիսկ զոհուեցան, այս գաղութը նախաձեռնեց կամ մասնակից դարձաւ արցախաշինութեան տարբեր ծրագիրներուն, բողոքի ձայն բարձրացուց, իրազեկեց լիբանանցի ժողովուրդը եւ բոլոր միջոցներով զօրակցեցաւ Արցախին, այս համայնքի հայ քաղաքական կուսակցութիւններու պատասխանատուներ ներառուած են Ազրպէյճանի սեւ ցանկին մէջ, երիտասարդութիւնը տարբեր առիթներու ցուցական աքթերով բացայայտած է Ազրպէյճանի ոճրագործ դիմագիծը, ցեղասպանական քաղաքականութիւնը եւ ռազմական յանցագործի կարգավիճակը: Ան դիտել տուաւ, որ այս համայնքի քաղաքական գործօնին աշխատանքներուն մէջ իսլամական վեհաժողովներուն հայութեան ձայնը լսելի կը դառնայ լիբանանցի դիւանագէտներուն ճամբով` չմիանալու Ազրպէյճանի հակահայ բանաձեւերուն:

«Պաքուն այս բոլորին շատ լաւ գիտակից է: Այդ պատճառով ալ ձայն ու ծպտուն չի հաներ, երբ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համապատասխան բաժանմունքները աշխատանքներ կը տանին լիբանանեան պետական, քաղաքական, դիւանագիտական տեղեկատուական շրջանակներուն մէջ Արցախի հարցի էութիւնը լուսաբանելու եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը բացայայտելու առումով: Այս գաղութն է տակաւին, որ Անթիլիասի մէջ վեհափառ հայրապետի նախաձեռնութեամբ իր քաղաքական, յարանուանական, եւ սփիւռքեան համահայկական միութիւններով կը հաւաքուի օրհասական պահերուն եւ Արցախի ուղղութեամբ իր աշխատանքները կը համակարգէ միասնաբար ճշդելով համասփիւռքեան օրակարգերն ու աշխատանքի ուղենիշերը», հաստատեց Շահան Գանտահարեան:

Իր խօսքը ուղղելով արցախահայութեան` բանախօսը ըսաւ, որ լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ պայքարիլ Արցախի տարածքային վերականգնումին եւ անկախութեան ճանաչումին համար, թոյլ պիտի չտա՛յ, որ Ազրպէյճանը այս երկրին մէջ յաջողի քարոզչութիւն կատարել եւ փոխել հակամարտութեան էութիւնը` բոլոր կողմերուն պիտի շարունակէ բացատրել, որ հարցը կրօնական բնոյթ չունի, այլ մարդու եւ ազգերու տարրական իրաւունքին հետ կապուած է ազատ ու անկախ ինքնորոշուելու իրեն պատկանող տարածքներուն վրայ:

Հաւաքին մասնակից լիբանանահայութեան անունով Շ. Գանտահարեան ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչէն պահանջեց, որ դատապարտէ Ազրպէյճանի գործած ռազմական յանցագործութիւնները, պահանջէ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու որդեգրումը, կողմ քուէարկէ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը բացայայտող բանաձեւի նախագիծին, իբրեւ ցեղային զտում ճանչնայ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շրջափակման քաղաքականութիւնը, սատարէ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման անհրաժեշտութիւնը շեշտող յայտարարութիւններուն եւ այդ ճամբով մարդասիրական օժանդակութիւններուն Արցախ ուղարկումին, պահանջէ Ազրպէյճանէն, որ յարգէ եռակողմ համաձայնութիւնը, հրադադարը եւ, ըստ այդ համաձայնութեան, անմիջապէս վերացնէ Բերձորի միջանցքին վրայ տեղակայած իր անցակէտերը, պահանջէ հայ ռազմագերիներու վերադարձը, որոնց շարքին լիբանանահայ ռազմագերիին Լիբանան վերադարձը, դատապարտէ միջազգային ահաբեկչութեան ներգրաւումը արցախեան պատերազմին, Ազրպէյճանը նկատելով ահաբեկչական պետութիւն, ինչպէս նաեւ սատար կանգնի Արցախի հայութեան ինքնորոշման եւ բոլոր տեսակի իրաւունքներուն` շեշտելով, որ Արցախը չի կրնար մաս կազմել ահաբեկչական պետութեան մը ղեկավարած երկրին:

Իր խօսքի եզրափակիչ մասով բանախօսը դիտել տուաւ, որ լիբանանահայութեան դէմ պարտադրուող պաշարումները կամ թուրք եւ ազրպէյճանական սադրանքներուն հակառակ, լիբանանահայութիւնը Արցախին զօրակցելու իր պայքարին մէջ յաղթական դուրս պիտի գայ այս անգամ եւս եւ սփիւռքի առաջնագիծը ամուր պահելով նպաստած պիտի ըլլայ Շուշիի եւ Հատրութի վերաազատագրումին, Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումին, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին:

«Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անունով կը յայտարարենք, որ շեղում չկայ այս պայքարէն, մինչեւ որ ճեղքուի պաշարումը, տեղ հասնի մարդասիրական օժանդակութիւնը, վերականգնի Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը, յարգուի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ ապահովուի Արցախի անվտանգութիւնը», հաստատեց Շահան Գանտահարեան:

Համախմբումին ազգային յեղափոխական երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերին Հրաչ Կայծակեան, Վիգէն Տիշչէքէնեան, Շաքէ Պաղտասարեան, Յովիկ ճիւնիոր, Յովիկ Թաֆրանեան, Լորի Կիւլիւմեան, Էտի Նալպանտեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան եւ Կարէն Գազանճեան` նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: