կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-03-06 12:40
Հասարակություն

«Ազդակ»-ը 95 Տարուան Ազգային, Գաղափարական Վեհ Առաքելութեան Գիտակցութեան Արգասիքն Է

«Ազդակ»-ը 95 Տարուան Ազգային, Գաղափարական Վեհ Առաքելութեան Գիտակցութեան Արգասիքն Է

Իր հիմնադրութեան 95-ամեակը բոլորող «Ազդակ»-ը իր էութեամբ ու կոչումով գերազանցօրէն առաքելութիւն եւ ուժեղ ազդակ եղած է հայ մամուլի 228 տարի շարունակուող ծփանքին մէջ:

Ամեակներու նշումը` սկսելով մեր անհատական, հաւաքական ու ազգային կեանքին դրուագներէն, կարեւոր իրադարձութիւն է: Ամեակները վերաքաղի առիթներ են` երէկի եւ այսօրուան բաղդատականը ընելու եւ վաղն ծրագրելու համար: Նոյնպէս մաղթանքներու, ինչպէս նաեւ խորհրդածութիւններու, նոր քայլերու, նոր որոշումներու, նոր դրսեւորումներու լաւագոյն առիթն է:

Հայ մամուլի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչի տարեդարձը մեզի համար միշտ ուրախութիւն պատճառող եւ ողջունելի թուական հանդիսացած է անկասկած: Բոլորիս ընծայած է վերանորոգման եւ նոր խոստումներու առիթ մը, որովհետեւ հայ մամուլը, օրաթերթ ըլլայ անիկա, թէ շաբաթաթերթ, հայութեան ազգային ու հասարակական կարիքները լրացնելու, իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու, բայց մանաւանդ ազգային հաւաքական գիտակցութիւն մշակելու եւ հանրային դաստիարակութեան իւրայատուկ դպրոց մը ըլլալու կոչումը ունի, յատկապէս ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ:

Մեր ողջոյնի խօսքն ու մտորումները բնականաբար կ՛ուղղուին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցի պաշտօնաթերթ «Ազդակ» օրաթերթին, որ մշտապէս եղած է հայապահպանութեան եւ արեւմտահայերէնի առաջամարտիկներէն մէկը սփիւռքի մէջ: Համակողմանիօրէն լուսաբանած է հայութիւնը յուզող քաղաքական, տնտեսական, գաղափարական, կրօնական, մանկապատանեկան, երիտասարդական, կնոջական, գիտական, մշակութային եւ այլ հիմնախնդիրները:

Իբրեւ «Ազդակ»-ի համեստ աշխատակից իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ նախ տարիներ շարունակ անոր սկզբունքային ուղեգիծը որդեգրած ու պահպանած բոլոր խմբագիրներուն, մարմիններուն ու աշխատակիցներուն:

Անուրանալի է «Ազդակ»-ի դաստիարակիչ դերը, քանի որ անոր էջերէն ծնունդ կ՛առնեն նոր գրիչներ, հոն է, որ լոյս տեսած են բազմաթիւ բանաստեղծներու եւ արձակագիրներու առաջին գործերը: Անոր յարկին տակ եւ անկէ անդին սերունդներ կրթուած են, թրծուած, կոփուած եւ պատրաստուած են բազում ազգային-հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ եւ վերլուծաբաններ:

Բարոյական եւ նիւթական գերագոյն զոհաբերութեան գնով լիբանանահայ համայնքը ի գին տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններուն մինչեւ այսօր կրցած է պահպանել իր ծաւալուն օրաթերթը: Եւ ո՛չ միայն պահել, այլ շէնցնել, ընդարձակել, գունազարդ դարձնել, յաւելուածներ աւելցնել, մանկապատանեկան էջեր հրատարակել, կուսակցական եւ ազգային հարցերու քննարկման առիթներ ստեղծել, բոլորին հասնիլ` երիտասարդին, պատանիին, աշակերտին ու հայ կնոջ արտայայտութեան բեմ դառնալով, իւրաքանչիւրին իբրեւ ընկեր, իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի իբրեւ հարազատ անդամը. բոլորին օգնելով ու բոլորէն ի՛նք եւս ներշնչուելով: Դժուար երթ մը անկասկած, բայց նաեւ որքա՜ն ապրում, որքա՜ն թարմութիւն, որքա՜ն ստեղծագործական հեւքով լեցուն մթնոլորտ:

«Ազդակ»-ի առաքելութիւնը չսահմանափակուեցաւ միայն լրագրութեամբ` լուրեր հրապարակելով, այլ նաեւ անիկա եղաւ հայապահպանման ու հայագիտական հարթակ: Միւս կողմէ, հաւաքագրութեան, արխիւացումի, քաղաքականացման, ազգային ու միջազգային գաղափարներու եւ միտքերու արտայայտման ամպիոն, չափազանցած չենք ըլլար նոյնիսկ եթէ ըսենք, որ անիկա եղած է սկզբնաղբիւր լրատուական դաշտի տարբեր ներկայացուցիչներու եւ գիտական ասպարէզի շրջածիրին մէջ գործող անհատներու համար:

Այսօր կը գտնուինք նաեւ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ, զորս պէտք է դիմագրաւել լաւատեսութեամբ: Լաւատեսութիւն` տրուած ըլլալով, որ փաստած ենք, թէ գիտենք դիմագրաւել մարտահրաւէրները եւ յաղթահարել դժուարութիւնները:

Համոզուած ենք, թէ ինչ որ գերմարդկային ուժերով իրագործուած է անցնող 95 տարիներուն ընթացքին կարելի չէ բացատրել, եթէ չըլլար «Ազդակ»-ի իրերայաջորդ խմբագիրներու, անձնակազմի, նոյնիսկ ցրուիչներու եւ կարգ մը նուիրեալներու հաւատքը` թերթին առաքելութեան եւ իրենց կոչումին հանդէպ:

Մամուլի որեւէ ներկայացուցիչի յոբելեան առիթ է նաեւ քննարկելու այսօրուան հարցերը. այս պարագային աւելի մասնակիօրէն դասական կամ տպագիր մամուլի գոյութեան, հասանելիութեան եւ տարածման աշխատանքներուն դէմ ցցուող հարցերը:

Այսօրուան լրատուադաշտի խաղի կանոնները գլխիվայր շրջած են նախկին դրութիւնը: Նուրբ է կացութիւնը: Եւ կը պահանջէ աշխատանքի արդիւնաւէտութեան համար պահել հաւասարակշռութիւնը: Պահպանել էութիւնը, խորքը, սկզբունքայինը, բարեփոխել ձեւը, տարազը, կեղեւը միայն: Լայնօրէն եւ առաւելագոյն չափերով օգտուիլ արհեստագիտութեան այսօրուան ընձեռած բոլոր կարելիութիւններէն` միաժամանակ անսասան պահելով գաղափարական դաւանանքը, անհպելի` ազգային ուղեգիծը, կանխարգիլելով շեղումները:

Հայ մամուլի գործունէութեան դիմաց տեսանելի մարտահրաւէրներու մասին, այդ ինչ որ կը շօշափեմ, «Ազդակ»-ը կը շարունակէ կատարել սրատես դիտարկումներ:

«Ազդակ» օրաթերթը 95 տարուան գործունէութեան ընթացքին յաճախ ունեցած է տնտեսական եւ այլ տեսակի դժուարութիւններ: Յատկապէս հակառակ վերջին 3 տարիներուն բոլորիս ծանօթ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկման եւ ներքին քաղաքական անկայունութեան, «Ազդակ» կրկին մնաց պատնէշի վրայ` իր առաքելութեան գիտակից, եւ լոյս տեսաւ անխափան:

Այն ժամանակ, երբ ամբողջ աշխարհի մէջ տպագիր թերթերու ճգնաժամ է, շատ բարդ է «Ազդակ»-ը պահելը: Թերթ հրապարակելը իրական հերոսութիւն է:

«Ազդակ» օրաթերթի 95-ամեակի նշումը բնականաբար ինծի համար կրկնակի ուրախութիւն է եւ հպարտութիւն, այն առումով, որ վերը նշուած բոլոր խորհրդածութիւններս եւ մտորումներս կ՛ամրագրուին եւ կը հաստատուին 17 փետրուար 2018-էն մինչեւ 24 մայիս 2019 «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած 41 յօդուածներու մէկտեղումով ու վերախմբագրումով` 2021-ին, «Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» գիրքիս հրատարակութեամբ եւ 7 դեկտեմբեր 2021-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած գիրքին շնորհահանդէսով:

Ասիկա ոչ թէ ցոյց կու տայ «Ազդակ»-ի առաքելութիւնը, դերակատարութիւնը, այլ մարտահրաւէր կը կարդայ այն մտայնութեան, որ յաճախ կը լսենք. «Դժուար օրերու մէջ ենք եւ կը տագնապինք տնտեսական եւ այլ բնագաւառներու մէջ, այնպէս որ` չենք կրնար թերթ եւ գիրք պահել ու հրատարակել»:

Այս իրողութիւնը կը հաստատէ, որ ամեակները ունեցած են յաջորդական փուլային հոլովոյթներ, որոնք ստեղծած են ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւն:

Այո՛, որովհետեւ «Ազդակ»-ի մէջ հրատարակուած յօդուածաշարքիս մէջ, որ հետագային «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» խորագիրով գիրքի ձեւաչափով լոյս տեսաւ, ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնուի ՀՅԴ-ի մամուլին դերակատարութիւնը, մանաւանդ «Ազդակ»-ին ընդմէջէն հրատարակուած յօդուածներու արխիւացումը, որուն նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակահատուածը վերականգնելն է եւ ոչ թէ պարզապէս ներկայացնել տուեալ ժամանակաշրջանի դէմքերն ու դէպքերը:

«Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» գիրքին հրատարակութիւնը բնականաբար արգասիքն էր երեք ուժերու միաձուլման` առաջին` միտք-գրիչ (գիրքի հեղինակ), երկրորդ` մամուլ («Ազդակ»), երրորդ` ֆինանսաւորում-ղեկավարում (ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի):

Այսօր, երբ վերանայինք 95 տարիներ գործող օրաթերթի մը անցեալին եւ վերաքննութեան ենթարկենք զայն, առաջին նայուածքէն արդէն մեր շնորհակալական խօսքը կ՛երթայ երկար տարիներու տառապագին ու տքնաջան ճիգերու արդիւնքը եղող այդ թերթին կատարած դերին` գաղութին մէջ, վստահաբար հոգեկան գոհունակութիւն մը կը պարուրէ հոգիները նախ բոլոր անոնց, որոնք 95 տարիներէ ի վեր հաւաքուած են «Ազդակ»-ի շուրջ, որ այսպիսով աւելի կ՛ամրապնդէ անոնց ջիղերը` շարունակելու գործ մը, որ գերազանցօրէն ազգային եւ սուրբ է, ըստ մեզի:

Հետեւաբար, հայ մամուլի բոլոր աշխատաւորներուն միակ բաւարարութիւնն ու վարձատրութիւնը այս գոհունակութիւնն է արդէն: Եթէ այդ ալ չըլլար, մենք չէինք ունենար ո՛չ իսկ մէկ թերթ` մեր գաղութներու դժխեմ պայմաններուն մէջ:

Աննահանջ եւ հետեւողական աշխատանքի արգասիքն է «Ազդակ»-ի երկարամեայ գոյատեւումը հայ մամուլի երկնակամարին տակ, ասիկա իրագործումն է թերթի հիմնադիրներուն, պատասխանատուներուն ու աշխատակիցներուն, որոնց աննկուն կամքին ու յանձնառու կեցուածքին կը պարտինք թերթին յարատեւումը:

Շնորհաւորանքներս «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով` մաղթելով թերթի խմբագրակազմին ու անոր բոլոր նուիրեալներուն երկարամեայ ու բարգաւաճ գործունէութիւն: Շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսք բոլորին` խմբագիր եւ խմբագրական կազմ, գրաշարէն մինչեւ ցրուիչ, յօդուածագիրէն մինչեւ ընթերցող եւ դեռ բոլոր անոնց, որոնք թաքուն համակուած են թերթին վերելքով, անոնց, որոնք ոչ մէկ նիւթական ակնկալիքով կառչած կը մնան իրենց օրաթերթի հզօրացումին: Անոնց, որոնք ապացուցեցին, թէ հորիզոնները լայն կը մնան աշխարհի վիպապաշտ սերունդներուն առջեւ:

Յարգա՛նք ու պատի՛ւ «Ազդակ»-ի միջոցով ազգին ծառայելու աշխատանքին լծուած բոլոր այն նուիրեալներուն, որոնք գիտակցաբար ընտրած են այդ դժուարին, բայց իրենց կեանքը իմաստաւորող ճանապարհը:

Շնորհաւո՛ր ըլլայ ծնունդդ, սիրելի՛ «Ազդակ»: Բարի՛ երթ:

Մի՛շտ ըլլաս հայութեան ու մասնաւորապէս լիբանանահայ համայնքի լուսոյ ճանապարհի ուղեցոյցը:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

aztagdaily.com