Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Այս շաբաթավերջին, հոկտեմբեր 28-31, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կազմակերպութեամբ, տեղի կ՛ունենայ «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»: Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ ասիկա Հայաստանի անկախութեան աւելի քան 31 տարիներուն ընթացքին աւանդութիւն դարձած Հայաստան-սփիւռք համահայկական խորհրդաժողովներու կամ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերող տարբեր նախաձեռնութիւններու շարունակութիւնն է, բայց ասիկա պարզացուած տպաւորութիւն է միայն, որովհետեւ այս «գագաթնաժողով»-ը, չյարգելով մասնակցութեան ներկայացուցչական հանգամանքները, պարզապէս արգելք պիտի հանդիսանայ հայութեան ամբողջ ներուժը, կարողականութիւնը համախմբելու առաջադրանքին: «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ը, իր խեղուած ձեւաչափով, փաստօրէն իբրեւ հարթակ պիտի ծառայէ Հայաստանի պարտուողական իշխանութիւններու օրակարգերը յառաջ քշելու…
Ի տարբերութիւն նախորդ բոլոր համահայկական խորհրդաժողովներուն, այս անգամ ականատես կը դառնանք սոյն նախաձեռնութեան մասնակցութեան հրաւիրելու բաւական զարտուղի ձեւի մը, որ բաւական մեծ հարցականներ կը յառաջացնէ կազմակերպողներու բուն մտադրութիւններուն վերաբերեալ: Սփիւռքէն կը հրաւիրուին մարդիկ` անհատական հանգամանքով եւ ոչ թէ այսինչ կամ այնինչ կառոյցը ներկայացնելու հանգամանքով: Սա նախ բաւական վիրաւորական մօտեցում է, որովհետեւ այսպիսով կազմակերպող գրասենեակը ամբողջութեամբ անտեսած կ՛ըլլայ մանաւանդ աւանդական սփիւռքի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ տասնամեակներու, եթէ չըսենք` հարիւրամեակի մը ներդրումը ունեցած կազմակերպութիւնները կամ կառոյցները: Երկրորդ` թիւր տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ սփիւռքը անհատներ կը ներկայացնէ եւ ոչ թէ կազմակերպ կառոյցներ` կուսակցութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ, թեմական եւ եկեղեցական խորհուրդներ եւ այլն:
«Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ը տեղի կ՛ունենայ ներհայկական բաւական փոթորկալի մթնոլորտի մէջ, երբ ներհասարակական մակարդակի վրայ, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, զգալի է պառակտումի եւ երկփեղկումի խորացումը: Պառակտում եւ երկփեղկում, որոնք հետեւանք են նախ իշխանութիւններուն սնուցած սեւի ու սպիտակի, հինի ու նորի` մարդիկը իրարմէ վանող թոյնին: Անոնք հետեւանք են նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն որդեգրած, այսպէս կոչուած, «Խաղաղութեան դարաշրջան»-ի քաղաքական գիծին նկատմամբ անվստահութեան եւ հակազդեցութեան: «Սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութեան» մեկնարկէն աւելի քան չորս տարի ետք ահաւասիկ մենք դժբախտաբար կը տեսնենք, որ հասարակական, ժողովրդային մակարդակի վրայ սիրոյ եւ համերաշխութեան քրիստոնէական վեհ սկզբունքներուն փոխարէն` աւելի եւս խորացած են ներքին ատելութիւնը, թշնամանքը, պառակտումը եւ երկփեղկումը:
Արժէքներու համընդհանուր նահանջի այս մթնոլորտին մէջ զարմանալի պիտի չթուէր երբեք, որ հայոց զոյգ կաթողիկոսութիւնները` Ս. Էջմիածինի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, յանձինս անոնց վեհափառ հայրապետներուն` Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի, իրենց վերապահութիւնը յայտնէին այս «գագաթնաժողով»-ին մասնակցելու առումով: Այս նախաձեռնութեան պիտի չմասնակցին նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ ամբողջ սփիւռքի մէջ գործող անոր ուղեկից կազմակերպութիւնները` իրենց ունեցած կշիռով:
Այս հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները նմանօրինակ անդիմագիծ նախաձեռնութեան մասնակցին, որպէսզի ի՞նչ ընեն, ծափահարեն իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու ելոյթներո՞ւն, թէ՞` նայեցէ՛ք, երկրին տնտեսութիւնը երկնիշ աճ կ՛արձանագրէ, երկիրը ժողովրդավարական եւ տնտեսական ազատութիւններու դրախտի կը վերածուի, ուստի նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին սփիւռքահայ ներդրումները ներգրաւելու համար: Ասոնք բոլորը շատ լաւ եւ ողջունելի բաներ են, բայց Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան դիմագրաւած ներկայ իրական մարտահրաւէրներէն շատ հեռու են: Այսօր Հայոց աշխարհը եւ հայութիւնը կը դիմագրաւեն գոյութենական, ըլլալու կամ չըլլալու մարտահրաւէրներ: Արցախը մեծապէս վիրաւոր է, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ սահմանները` խախտուած: Թէ այս բոլոր մարտահրաւէրները, գոյութենական հարցերը ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարէ հայութիւնը, ահաւասիկ այս նիւթը պէտք էր ըլլար Հայաստան-սփիւռք որեւէ խորհրդաժողովի կամ «գագաթնաժողով»-ի քննարկելիքը այս չորս օրերու ընթացքին եւ ոչ թէ ուրիշ բան: Մանաւանդ որ յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի, որ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձ Նիկոլ Փաշինեանը յանձնուողական նոր փաստաթուղթ ստորագրէ Ազրպէյճանի հետ:
Դժբախտաբար մենք կը տեսնենք, որ «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ի այս նախաձեռնութիւնը սփիւռքի հսկայական ներուժը պառակտելու քայլ է: Այս ներուժը եթէ լաւ օգտագործուի, համազգային նոր վերելքի մը, նոր զարթօնքի մը սկիզբը կրնայ դնել: Բայց ներկայ իշխանութիւնները բաւական հեռու են համահայկականօրէն մտածելէ:
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
aztagdaily.com