կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-01-13 20:17
Հասարակություն

ՏԵՍԱՆՅՈՒԹ․ Ռազմիկ Դավոյանն ու իր նմանները չեն հանգիր, չեն վերջանար․ Համազգայինի ատենապետի խոսքը

Համազգային հայ կրթամշակութային միության կենտրոնական վարչության ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչյանը Աթենքից հիշատակի խոսք էր ուղարկել մեծանուն գրող, հրապարակախոս, հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դավոյանի մահվան առիթով, որը հոգեհանգստի արարողության ժամանակ ընթերցեց ՀՅԴ անդամ Արտաշես Շահբազյանը՝ հայտնում է Yerkir.am-ը։ Այն ներկայացնում ենք ամբողջությամբ։

Իննսունական թուականներու սկիզբը, հայրենիքի պետական անկախութիւնը հազիւ հռչակուած` խումբ մը մտաւորականներ Երեւանի մէջ դիմաւորեցին Համազգայինը. անոնք փաստօրէն դարձան Հայաստանի Համազգայինի առաջին վարչականները։ Անոնցմէ էին Սօս Սարգսեանը, Ռուբէն Յովսէփեանը, որոնք քանի մը տարիներէ ի վեր արդէն մեզի հետ չեն. իսկ այսօր մենք հրաժեշտ կու տանք այդ վարչութեան նախագահ Ռազմիկ Դաւոյեանը, որուն գրականութիւնը վկայ, իր գաղափարներով ու նկարագրով, փաստօրէն շատոնց, նոյնպէս մաս կը կազմէր Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքին։ Մեր ընկերը իր գաղափարները յայտնած է իր բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն, բայց զանոնք յստակօրէն բացայայտած է հայկական Կիլիկիոյ պետական կեանքը նկարագրող Թորոս Ռոսլինի անունը կրող արձակ հատորին մէջ։ Այստեղ բառացիօրէն կ՜երեւի, որ միացեալ հայութիւնը եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարները մաս կը կազմեն Ռազմիկ Դաւոյեանի էութեան։ Թորոս Ռոսլինի մէջ Ռազմիկ Դաւոյեանի ընտրած տիպարները, անոնց մտայնութիւնը, գործելաձեւն ու նկարագիրը ցոյց կու տան, որ հեղինակը լաւ սերտած է հայկական ու միջազգային պատմութեան քաղաքական անձնաւորութիւններու ու դիւանագէտներու աշխատանքն ու աշխատելաձեւը։ Իր կեանքին մէջ սերտօրէն գործակցած ըլլալով Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէին հետ, Ռազմիկ Դաւոյեան լաւապէս ծանօթացած է սփիւռքահայութեան եւ անոր հարցերուն. այս ձեւով, արդէն խորհրդային օրերուն, Ռ. Դաւոյեան վերածուած էր համահայկական ներկայացուցչական տիպարի։ Հայկական բազմաթիւ շրջանակներու իր խորքային գիտութիւնը իր առջեւ բացած էր լայն հորիզոններ։ Զարմանալի չէ, որ քաղաքականութեան հետ, գէթ սկզբնական շրջանին, այնքան ալ կապ չունեցող մարդը հետագային, անկախութեան շրջանին, դարձաւ ՀՀ նախագահի խորհրդական եւ պետական հեռատեսիլի տնօրէնի խորհրդատու։ Պատահական չէ նաեւ, որ Թորոս Ռոսլինը տպուեցաւ Սփիւռքի մէջ։ Սփիւռքի հետ իր անմիջական շփումը զինք ակնբախօրէն կապեց Հայաստանի անկախութեան ծրագրին հաւատացող, քարոզող ու այս ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնող անհատներուն ու շրջանակներուն։ Անոնցմէ էր Համազգայինը, որուն հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւ Համօ Օհանջանեան Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր կորիզին պատկանած եւ պետական բարձրագոյն պաշտօններու գլուխը անցած պետութիւն ու պետական հաստատութիւններ կազմակերպած ու ղեկավարած էին։ Ժամանակի թաւալումով Ռազմիկ Դաւոյեանի կեանքի գործօն շրջանը խոչընդոտուեցաւ դժուար բուժելի հիւանդութեան մը հետեւանքներով։ Ամէն մարդու նման նախատեսելով իր կեանքի վերջին օրը ան գրած էր՝ 

Արօրով ինձ հողից հանեցին

Ինձ հողում ինչո՞վ են թաղելու ...

Յոգնել է իմ կեանքի նժոյգ ձին`

Չի՜ թռչում, չի՜ գնում, չի՜ թռչում

Հողմերից երազներ քաղելու։

Բայց պեգասը սխալած էր։ Մեռնիլը այնքան ալ դիւրին բան չէ, ինչպէս համոզուած էր գործընկեր Մուշեղ Իշխան։ Ռազմիկ Դաւոյեան դեռ ընելիք ունէր. վտանգուած ազգային պետութիւնը զինք կը կանչէր։ Եւ ինք, նոյնիսկ իր անկեալ վիճակին մէջ, չէր կրնար մերժել։ Ո՞վ չի յիշեր զինք, 2020-ի դեկտեմբերին, համավարակի աշխուժացման մէկ հանգրուանին, Համազգայինի Երեւանի  գրասենեակի բանաստեղծի 80-ամեակի առիթով կազմակերպած հանդիսութեան վերջաւորութեան։ Ռազմիկ Դաւոյեան աջ ու ձախ ժպիտներ բաժնելով վերագտեր էր իր կորովը, իր երբեմնի ուժը. ան իր եզրափակիչ խօսքի կենսունակութեամբ ցոյց տուաւ, թէ ինք ու իր նմանները չեն յանգիր. չեն վերջանար։ Ատկէ քանի մը օր ետք զինք տեսանք քաղաքական հաւաքի մը հարթակին վրայ, որմէ կը հնչեցնէր իր պահանջատիրական խօսքը` արհամարհելով համավարակ ու սառնամանիք։ Իսկ այսօր իր մահուան գոյժը մեզ անակնկալի բերաւ։ Գնաց բոլորիս յանձնելով իր հարուստ գրական արգասիքը եւ իր անմոռանալի ժպիտին յիշատակը։ Վարձքդ կատա՛ր, ընկեր Ռազմիկ։ Պատիւն արժանաւորաց։

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Աթէնք, 11 Յունուար 2022