Փոխարժեքներ
19 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 388.89 |
EUR | ⚊ | € 410.12 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.87 |
GBP | ⚊ | £ 491.13 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.5 |
Երէկ` չորեքշաբթի, 3 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան հանդիպումը Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի հետ: Ներկայ էին Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտները: 275 աշակերտներու կողքին ներկայ էին նաեւ վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ:
Հանդիպումին բացումը կատարեց եւ Արթուր Խաչատրեանը ներկայացուց «Օ. ԹԻ. ՎԻ.» հայերէն լուրերու բաժինի խմբագիր Արմէն Ապտալեան: Ան անդրադարձաւ Արթուր Խաչատրեանի կենսագրութեան` շեշտը դնելով այն հանգամանքին վրայ, որ պատգամաւորը քանի մը մասնագիտութիւններով իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական բնագաւառներու գործունէութեան մէջ: Ապա ան շեշտը դրաւ այսպիսի օգտաշատ հանդիպումներու կազմակերպման կարեւորութեան վրայ, որոնց ճամբով առիթ կը տրուի հայ աշակերտութեան աւելի մօտէն իրազեկ դառնալու հայրենիքի կացութեան ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Արթուր Խաչատրեան իր խօսքը ուղղելով աշակերտութեան նախ եւ առաջ անդրադարձաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի յաջորդող փուլերուն Հայաստանի ու Արցախի պարզած կացութեան: Զեկուցաբերը մատչելի ներկայացումով աշակերտութեան բացատրեց հայութեան դիմագրաւած այսօրուան հիմնախնդիրները` շեշտը դնելով հայրենիքին մէջ ազգային գաղափարախօսութեան հանդէպ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած անտեսումին եւ պարտուողական քաղաքականութեան վրայ: Աւելի՛ն, ան մանրամասնեց նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջի պարագան, որուն իբրեւ անմիջական հետեւանք փաստօրէն այսօր իր գործընկերոջ` Արծուիկ Մինասեանին արգիլուեցաւ Հայաստանէն դուրս գալ, եւ ան չկրցաւ այս առիթով Լիբանան գտնուիլ ու հանդիպիլ լիբանանահայ աշակերտութեան հետ:
Արթուր Խաչատրեան անդրադարձաւ նաեւ պարտութիւնը չընդունելու եւ պայքարի ոգին ամրացնելու նորահաս սերունդներու կազմաւորման անհրաժեշտութեան վրայ` հաստատելով, որ թշնամի Ազրպէյճան աւելի քան 27 տարիներ փորձեց բռնագրաւել Արցախը, սակայն այսօր յաջողեցաւ, եւ բացառուած չէ, որ վաղը կամ միւս օր հայութիւնը դարձեալ վերագտնէ ինքզինք ու վերատիրանայ իր արդար իրաւունքներուն: Սակայն այս բոլորին մէջ կարեւորը` հետեւողական պայքարի ու պարտութեան հետեւանքները չընդունելու մտածողութեան ամրակայման մէջ կը կայանայ: Վերջապէս, ներկայ դժնդակ ու պարտուողական կացութեան մէջ անհրաժեշտ է, որ համայն հայութիւնը եւ այս պարագային մասնաւորապէս լիբանանահայ աշակերտութիւնը կանգնին Արցախի եւ Սիւնիքի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին, մնան անոնց հետ մնայուն կապի մէջ եւ բարձր պահեն անոնց կամքն ու կորովը, որովհետեւ թշնամիի կողմէ անոնցմէ այսօր խլուած են շատ մը իրաւունքներ, եւ նոյն թշնամին կը շարունակէ զանոնք ստրկացնելու ու անոնց ազգային արժանապատուութիւնը խոցելու զանազան փորձերը: Աւարտին, Խաչատրեան պատգամեց աշակերտութեան տէր կանգնիլ հայ ժողովուրդի արժէքներուն եւ անկորնչելի իրաւունքներուն:
Առիթ տրուեցաւ աշակերտներուն իրենց հարցումներով հանդէս գալու, ինչ որ ստեղծեց լայն հետաքրքրութիւն եւ ի յայտ եկաւ, որ լիբանանահայ աշակերտութիւնը իր ստացած հայեցի դաստիարակութեան միջոցով Հայաստանն ու Արցախը վերածած է իր առօրեային անբաժան մէկ մասնիկը: Աշակերտներուն կողմէ կատարուած հարցադրումներն ու փոխանցուած մտահոգութիւնները շեշտը դրին յաւելեալ պարտութիւնները կանխելու եւ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը յաղթական տեսնելու տեսլականին վրայ:
aztagdaily.com