Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հոկտեմբեր 2021ի վերջին շաբաթավերջը յատկանշական եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ պատմական եղաւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին համար։ Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերին, ՀՄԸՄի Բիւրականի բանակավայրի նահատակներու պուրակին մէջ, բացումը կատարուեցաւ Արցախի ազատագրական մարտերուն զոհուած ՀՄԸՄական ազատամարտիկներու յիշատակը անմահացնող յուշարձանին։
Նոյն օրը յետմիջօրէին, յատուկ արարողութեամբ նոյն բանակավայրը պաշտօնապէս անուանակոչուեցաւ «ՀՄԸՄի Գառնիկ Մկրտիչեան Սկաուտական Բանակավայր», վաստակաշատ այն ՀՄԸՄականին անունով, որ ամբողջ կեանք մը տուաւ իր սիրելի կազմակեպութեան վերելքին համար։
Իսկ Կիրակի, 31 Հոկտեմբերին, ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչները այցելեցին Եռաբլուր եւ մասնակից եղան Արցախի 44-օրեայ պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու եւ յատկապէս ՀՄԸՄական նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար նախաձեռնուած հոգեհանգստեան պաշտօնին։ Յարգանքի իրենց տուրքը մեր նահատակներուն յայտնելու համար Եռաբլուր փութացած էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայաուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը լրիւ կազմը, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան փոփ-ատենապետ, իսկ ներկայիս ատենապետի պաշտօնը վարող Սիլվա Եուզպաշեանը, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական վարչութիւնը, մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներն ու արի-արենոյշներ, այլ երկիրներէ ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, ՀՄԸՄի մեծ պատուիրակութիւնը, Հայաստանի ու ՀՄԸՄի դրօշներու եւ արի-արենոյշներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ դէպի եռաբլուր եւ առաջին հերթին իր խոնարհումը կատարեց անծանօթ զինուորի յուշարձանին առաջ, ինչպէս նաեւ ծաղկեպսակ մը զետեղեց անոր առաջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեանի ձեռամբ։
Ապա, պատուիրակութեան անդամները այցելեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նահատակ անդամ Վարդան Բախշեանի շիրիմը, ծաղիկներ դրին անոր վրայ եւ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին որդեկորոյս մօր ու հարազատրներուն։ Այցելութեան յաջորդ կայանը եղաւ Լիբանանահայ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի շիրիմը, որու վրայ եւս ծաղիկներ դրին, ծունկ մը աղօթք կատարեցին եւ շարունակեցին իրենց հոգու պարտքը կատարել մէկ առ մէկ այցելելով այն բոլոր շիրիմները, ուր կը ննջեն յատկապէս ՀՄԸՄական նահատակներ, ծաղիկներ դրին անոնց շիրիմներուն վրայ, խունկ վառեցին եւ մխիթարեցին անոնց հարազատները։
Սրտաճմլիկ երեւոյթ մը, որուն ականատես ըլլալով դժուար է չյուզուիլ, չընդվզիլ, չընդիմանալ ու նաեւ չլալ։ Մխիթարական խօսքեր չկան ի տես որդեկորոյս մօր ողբին, իր յուզմունքը զսպող սակայն ներքնապէս խեղդուող լռակեաց հօր, բարձրաձայն լացող քրոջ ու եռբօր, կնոջ կամ հարազատին։
Ահա անընդունելի իրողութիւն մը, որուն որքան ալ դժուար է հաշտուիլ, սակայն միաժամանակ նաեւ կարելի է մխիթարուիլ, որ այս հերոսներու պայքարն ու քաջաբար նահատակութիւնը յստակ նպատակ ունէր՝ պաշտպանել հայրենիքը, հայրենի սահմանները անվտանք պահել, որպէսզի հայ ժողովուրդի ապահով ու հանգիստ ապրի։
Անոնք այս հաւատքով ռազմաճակատ մեկնեցան եւ կատարեցին իրենց ազգային պարտականութիունը եւ անմահացան։ Այո անոնք ինկան քաջաբար, հայրենիքը դասելով ամէն բանէ վեր՝ընտանիք, ծնողք ու զաւակ։ Անոնք ընտանեկան, ազգային ու ծնողական շատ պարտականութիւններ կիսատ ձգեցին եւ անմահացան յանուն մեր Սուրբ հողին։
Սակայն վստահ եղէք մեր քաջ հերոսներ, ձեր կիսատ թողած սրբազան գործը անաւարտ պիտի չմնայ։ Ան պիտի շարունակուի ձեր օրինակին հետեւող նոր սերունդներով։ Որքան ալ չարամիտներ ինչ-ինչ նպատակներով փորձեն մոլորեցնել հայ ժողովուրդը, պիտի չյաջողին, որովհետեւ պահանջատէր հայ ժողովուրդը գիտէ իր արդար դատը պաշտպանել, որովհետեւ մեր հերոսածին մայրերը գիտեն ձեր թափած արեան արժէքը, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի յաղթէ։
Ննջէք խաղաղ սիրելի եղբայրներ ու ընկերներ, ձեր թափած արիւնը ապրդիւն չէ։ Դուք մեր սրտերուն մէջ էք եւ մենք «Ձեզ բացակայ չենք դնի»։
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ