կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-04-15 16:48
Տարածաշրջան

Կը շարունակուի մշակութային ցեղասպանութիւնը

Կը շարունակուի մշակութային ցեղասպանութիւնը

Մինչեւ Ի. դարու սկիզբները Թուրքիոյ տա­րած­քին կը գոր­ծէին աւե­լի քան եր­կու հա­զար եկե­ղեցի­ներ եւ վան­քեր։ 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք մշա­կու­թա­յին ժա­ռանգ հա­մարո­ւած այդ տա­ճար­ներն ալ բաժ­նե­ցին իրենց ժո­ղովուրդի ճա­կատա­գիրը։ Պե­տու­թիւնը ժո­ղովուրդը բնաջնջե­լէ վերջ կը վե­րաց­նէր նաեւ անոնց յի­շատա­կը։

Այս ծի­րէ ներս վեր­ջին տխուր լու­րը կը հաս­նէր Էլա­զըղ քա­ղաքէն։ Հիմ­նադրու­թիւնը Զ. դա­րուն թո­ւագ­րո­ւած Սուրբ Գէորգ եկե­ղեցին տա­րածաշրջա­նի կա­րեւո­րագոյն վա­նական հա­մալիր­նե­րէն էր։ Ժո­ղովուրդէն զրկո­ւած եկե­ղեցին եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր գան­ձա­խոյզնե­րու թի­րախը դար­ձած էր։ Աւա­զակ­նե­րը կը փո­րէին յատ­կա­պէս սիւ­նե­րու կանգնած կէ­տերը եւ կ՚իջ­նէին մին­չեւ շէն­քին հիմ­քը։

Էլա­զըղի Սուրբ Գէորգ եկե­ղեցին առա­ջին ան­գամ 1986-ին գրան­ցուեցաւ Մշա­կոյ­թի նա­խարա­րու­թեան կող­մէ։ 2009-ին եկե­ղեց­ւոյ գտնո­ւած Շա­հին­քա­յա գիւ­ղի գիւ­ղա­պետ Ֆեւ­զի Կիւ­վենչ եկե­ղեցին պահ­պա­նելու պա­հան­ջով դի­մում կա­տարեց Մշա­կոյ­թի նա­խարա­րու­թեան Տիար­պէ­քիրի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գի պահ­պանման շրջա­նային տնօ­րէնու­թեան։

ՉԷ­ՔԻՒԼ հիմ­նարկի Էլա­զըղի ներ­կա­յացու­ցիչ Մուսթա­ֆա Պա­լապան 2011 թո­ւակա­նէն սկսե­լով բա­զում ան­գամներ դի­մում կա­տարած է նոյն տնօ­րէնու­թեան, եկե­ղեց­ւոյ մէջ գանձ փնտռող­նե­րուն դէմ պատ­ժա­միջոց ապա­հովե­լու հա­մար։ Ան նոյն պա­հան­ջով դի­մած է նաեւ Էլա­զըղի կու­սա­կալու­թեան եւ Էլա­զըղի Մշա­կոյ­թի տնօ­րէնու­թեան։

Մուսթա­ֆա Պա­լապան «Ակօս»ին կը յայտնէ, թէ պա­տաս­խա­նատու­նե­րը բա­ւարա­րուած են եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակը փշա­թելե­րով պա­տելով։ «Այժմ եկե­ղեց­ւոյ տա­նիքը փուլ եկած է։ Եկեղեցին խնա­մելու պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն ստանձնող­նե­րը թե­րացած են իրենց պար­տա­կանու­թեան մէջ»։

Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գի պահ­պանման միու­թիւնը 2016-ին ու­սումնա­սիրած էր Էլա­զըղի պատ­մամշա­կու­թա­յին շի­նու­թիւննե­րը։ Ճար­տա­րապետ Ալին Փոն­թիօղ­լո­ւի պատ­րաստած տե­ղեկագ­րին մէջ եկե­ղեցին կը ներ­կա­յացո­ւի իբ­րեւ տա­րածաշրջա­նի կա­րեւո­րագոյն շի­նու­թիւնը։

Սուրբ Գէորգ եկե­ղեցին զա­նազան վե­րանո­րոգու­թիւններ տե­սած է։ Վեր­ջին ան­գամ 1895-ին Կա­րապետ Կիւլպէն­կեանի ջան­քե­րով ան կը գոր­ծէր որ­պէս վանք եւ որ­բա­նոց։ Շէն­քը մին­չեւ Ի. դա­րու կէ­սերուն բա­ւական խնա­մեալ վի­ճակի մէջ էր իր պտղա­տու այ­գի­ներով հան­դերձ։

Փոն­թիօղ­լո­ւի տե­ղեկագ­րին մէջ ման­րա­մաս­նութեամբ կը նկա­րագ­րո­ւէր շէն­քի մատ­նո­ւած վնաս­նե­րը եւ կ՚ազ­դա­րարո­ւէր շու­տա­փոյթ մի­ջամտութիւն։ 

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ

Ակօս