կարևոր
4471 դիտում, 7 ամիս առաջ - 2024-03-25 16:11
Քաղաքական

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի

«Հայերէնի Ուսուցիչ Պատրաստելը Անհրաժեշտութիւն Է», Շեշտեցին Համագործակցողները

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հինգշաբթի, 21 մարտ 2024-ին տեղի ունեցաւ ուսանողութեան հետ հանդիպում մը, որուն ընթացքին վերահաստատուեցաւ շարունակականութիւնը Համազգային-Հայկազեան երկարամեայ գործակցութեան` սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու: Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ ուսուցիչի տագնապին ու նման ծրագիրներու անհրաժեշտութեան:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան ուրախութեամբ յայտնեց, որ տասնամեակէ մը աւելի այս գործակցութիւնը կը շարունակուի, եւ արգասաբեր արդիւնքները սկսած են ամէնուրեք տարածուիլ:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան, հակիրճ կերպով բացատրեց Համազգայինի հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու ծրագիրը եւ 7 տարուան կրթաթոշակի ամբողջական տրամադրումը այն ուսանողներուն, որոնք փափաքը ունին հայերէնի ուսուցիչ դառնալու եւ նուիրուածութեամբ աշխատելու: Գալուստեան բացատրեց, որ թեկնածուն իր բնակած երկրին մէջ, աւարտելէ ետք հայկական վարժարանը, 3 տարի պիտի ուսանի մանկավարժութիւն, 1 տարի պիտի հետեւի ուսուցիչի պատրաստութեան յատուկ ծրագիրի, ապա պիտի մեկնի Երեւան եւ 2 տարի Երեւանի պետական համալսարանին մէջ հետեւի հայագիտութեան ճիւղին: Այսպիսով ուսանողը կ՛ունենայ մանկավարժութեան պսակաւոր արուեստի վկայական, ուսուցչութեան վկայագիր (teaching diploma) եւ հայագիտութեան մագիստրոս: Այս ընթացքին շաբաթական դրութեամբ ան առցանց կը հետեւի նաեւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան նիւթերուն` մասնագէտ ուսուցիչի հետ: Այս բոլոր ծախսերը` ներառեալ կրթաթոշակ, օդանաւի տարեկան մէկ տոմս, Հայաստանի մէջ կեցութիւն եւ ապրուստ, կը հոգայ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը:

Այս ամբողջ ճամբան կտրած եւ յաջողութեամբ աւարտած ուսուցիչ Սարգիս Եագուպեան իր անձնական վկայութեամբ հաստատեց, որ այս օրերուս աւելի քան անհրաժեշտ է հայերէնի ուսուցիչին դերը ոչ միայն հայերէն լեզուն լաւապէս սորվեցնելու, այլ նաեւ հայութեան հոգիին վրայ օրըստօրէ կուտակուող պարտութեան ոգին փարատելու եւ հզօրացնելու առումով: Ան իր կարգին թելադրեց ուսանողներուն, որ չվարանին եւ համոզումով լծուին աշխատանքի, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց զոյգ հաստատութիւններուն այս առիթը իրեն ընծայելու համար: Սարգիս Եագուպեան աւարտած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը եւ, 6-ամեայ ուսումը ամբողջացնելէ ետք, ներկայիս կը պաշտօնավարէ իր դպրոցին մէջ:

Համագործակցութեան աւելի քան տասնամեակի մը առիթով Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յուշանուէր մը յանձնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանին:

 

Աղբյուրը՝ «Ազդակ» օրաթերթ