Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Անմահ Խիզախներ»-ու Յուշարձանի Բացում Բիւրականի Մէջ, Հոգեհանգստեան Պաշտօն Եռաբլուրի Մէջ Եւ Յարգանքի Խոնարհում Պռօշեանի «Զօրաց Պանթէոն»-ին Մէջ
Հոկտեմբերի վերջին շաբաթավերջը իւրայատուկ եղաւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին համար, որ ձեռնարկներու շարքով մը յարգանքի իր տուրքը ընծայեց արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած նուիրեալներուն ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄ-ական նահատակներուն յատկապէս, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ յիշատակելի երեք նախաձեռնութիւն իրականացնելով Բիւրականի, Երեւանի եւ Պռօշեանի մէջ:
«Անմահ Խիզախներ»-ու Յուշարձանի Բացում
Ոգեկոչական ձեռնարկներուն գլխաւորը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 30 հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, քանի մը ամիս առաջ ստեղծուած «Խիզախներու պուրակ»-ին մէջ կանգնեցնելով անմահ խիզախներու յիշատակին յուշարձան (գործ` Հայկ Մարկոսեանի), նուիրուած «Կամաւոր բանակ»-ի արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու նահատակներուն: Յուշարձանին բարերարութիւնը ստանձնեցին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանէն խումբ մը ՀՄԸՄ-ականներ:
Յուշարձանի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Բագրատ Եսայեան, «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, իրենց լիագումար նիստերը Երեւանի մէջ կատարող ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, նոյն նիստերուն հրաւիրուած ՀՄԸՄ-ի Մոսկուայի, Թիֆլիսի եւ Արցախի մասնաճիւղերու ատենապետները, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, սկաուտներ եւ նահատակներու ծնողներ:
Ձեռնարկին սկիզբը ներկաները վայրկեան մը լռութեամբ յարգեցին արցախեան պատերազմի բոլոր նահատակներուն յիշատակը: Ապա, առաջին խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Սանտրա Վարդանեան: Ան ըսաւ, որ մեր նահատակները այսօր այստեղ չեն, բայց անոնք ամէնուր են եւ աւելի քան երբեք անոնք մեր շարքերուն մէջ յաւերժական ներկայութիւն են:
«Այս յուշարձանը այսուհետեւ միշտ եւ անընդհատ բանակումի մասնակցող պատանիներուն պիտի յիշեցնէ կամաւոր բանակի անմահ հերոսները: Անոնց հայրենասիրութիւնը` հայրենիքը կեանքի գնով պաշտպանելու, անոնց կիսատ մնացած երազանքներն ու նպատակները: Ամէն անգամ այս ծառուղիի եղեւնիներուն քովէն դէպի յուշարձան քալելով մեր պատանիները աւելի ու աւելի պիտի զգաստանան` գիտակցելով հայրենիքին գինը, եւ կորսուածը վերադարձնելու յանձնառութեամբ անոնք աւելի վստահութեամբ պիտի նային Արարատին», շեշտեց Վարդանեան:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը ուղղեց Դաւիթ Յակոբեան: Ան ըսաւ, որ այստեղ, Բիւրականի այս բանակավայրին մէջ, արդէն երեք տասնամեակէ ի վեր կը կոփուի ՀՄԸՄ-ական պատանիին եւ երիտասարդին հայրենասիրութիւնը:
Յակոբեան ընդգծեց, որ հայրենասիրութիւնը միայն հայրենիքը սիրել չէ, որովհետեւ հայրենիքը միայն սիրելով չես կրնար կառուցել ու զարգացնել, չես կրնար պաշտպանել: Հայրենիքի հանդէպ անսահման սիրոյն պէտք է ընկերանայ ազգային խոր դաստիարակութիւնը, անվերապահ կարգապահութիւնը, գիտելիքները ճշգրիտ տնօրինելու ընդունակութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ նպատակասլացութիւնը:
Նորակերտ յուշարձանին մասին խօսելով` Դաւիթ Յակոբեան յայտնեց, որ այս յուշարձանը պիտի չխորհրդանշէ մեր սարսափելի կորուստներն ու մեր սոսկալի ցաւը: Հակառակը, ան պիտի խորհրդանշէ մեր ունեցած պարտքը` մեր զոհուած եղբայրներուն, ազատ Հայաստան ու Արցախ, պաշտպանուած ու ամուր հայրենիք ունենալու անոնց երազը իրագործելու մեր ձգտումը: Այս յուշարձանի խոհուն հայեացքին ներքեւ ազգային-հայրենասիրական ոգիով պիտի դաստիարակուին նորանոր սերունդներ, որոնք իրականութիւն պիտի դարձնեն այդ երազը: Պիտի ազատագրեն մեր կորսնցուցած հայրենիքը եւ պիտի կառուցեն իսկապէս ազատ եւ արդար Հայաստան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ըսաւ. «Փա՜ռք այս տղոց, որոնք իրենց յիշատակով, իրենց գործով անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ իրենք պատրաստ են իրենց քրտինքն ու արիւնը խառնելու հայ հողին եւ վերջ ի վերջոյ իրենց յաւիտենական հանգիստն ու անդորրը գտնելու հայրենի այս հողին մէջ: Մենք կը հաւատանք, որ իրենց օրինակը ներշնչող պիտի ըլլայ բոլոր սերունդներուն»:
Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ մենք կարող ենք կերտել մեծագոյն յաղթանակներ, ինչպէս 1980-ական թուականներէն մինչեւ 1994 կերտեցինք, եւ այո՛, կարող ենք նաեւ ունենալ պարտութիւններ, ինչպէս այս վերջին պատերազմը, բայց այդ պարտութիւնները լոկ ժամանակաւոր են: Այդ պարտութիւնները ճակատամարտի մը պարտութիւնն են, որովհետեւ պատերազմը կը շարունակուի, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ունի իր ներքին ուժականութիւնը, հայ ժողովուրդը այս երիտասարդներուն ճամբով անգամ մը եւս փաստած է, որ ինք պատրաստ է ոտքի կանգնելու, պատրաստ է յարատեւ պայքարելու, մինչեւ որ իրականացնենք մեր մեծագոյն երազը, մինչեւ որ կերտենք մեր երազած ամբողջական հայրենիքը, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը ազատօրէն ապրի, շնչէ, ստեղծագործէ իր հայրենի հողին վրայ:
Իր խօսքը նահատակներու ընտանեկան պարագաներուն ուղղելով` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց. «Քա՛ջ համոզուած եղէք, որ այս կորուստ չէ, իրենց կեանքի վատնում չէ, որովհետեւ իրենց ճամբով կ’ապրի հայրենիքը: Իրենց ճամբով մենք շարունակաբար կը գօտեպնդուինք եւ իրենց ճամբով միշտ կը վերանորոգենք մեր ուխտը` ամէն գնով պայքարելու մեր մեծագոյն երազներուն եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականին իրականացման համար»:
Խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ յուշարձանի օրհնութիւն` ձեռամբ Բիւրականի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վրթանէս քհնյ. Պաղալեանի:
Հոգեհանգստեան Պաշտօն Եռաբլուրի Մէջ
Կիրակի, 31 հոկտեմբերի կէսօրին, ոգեկոչական նշումին ժամադրավայրը դարձաւ հայոց նորագոյն սրբավայրը` Եռաբլուրը, որուն մատրան մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա` ներկաները, առաջնորդութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, նախ այցելեցին անյայտ զինուորի յուշակոթող եւ յարգանքի ու մեծարանքի ծաղկեպսակ մը զետեղեցին ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով: Ապա, դրօշակակիր սկաուտներու ուղեկցութեամբ, անոնք այցելեցին արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն զոհուած ՀՄԸՄ-ականներու շիրիմները, ծաղիկները մատուցեցին անոնց անթառամ յիշատակին եւ գլուխ խոնարհեցին գերագոյն զոհաբերութեան անոնց վսեմ արարքին դիմաց:
Շիրիմներու այցելութեան աւարտին, ներկաները հաւաքուեցան Եռաբլուրի մատրան հանդիպակաց տարածքը եւ միասնաբար հնչեցուցին ՀՄԸՄ-ի քայլերգ «Յառաջ նահատակ»-ը:
Այցելութիւն Պռօշեանի «Զօրաց Պանթէոն»
Բիւրականի եւ Եռաբլուրի ոգեկոչումներուն նախօրեակին, շաբաթ, 30 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան եւ սկաուտական խումբերու բազմանդամ պատուիրակութիւն մը այցելեց Պռօշեանի «Զօրաց պանթէոն» եւ յարգանքի իր տուրքը ընծայեց արցախեան վերջին պատերազմի Վարնկաթաղի հերոսներու շիրիմներուն եւ անոնց կողքին հանգչող Պետոյի եւ Հրաչ Մուրատեանի գերեզմաններուն:
Այցելութեան սկիզբը կատարուեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում, ապա` ՀՄԸՄ-ական նահատակ Գէորգ Հաճեանի շիրիմին շուրջ բոլորուած, Պռօշեանի համայնքի այցելու հոգեւոր հովիւ Յովսէփ քհնյ. Ալեքսանեան հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց բոլոր նահատակներու յիշատակին եւ այս առիթով արտասանեց գօտեպնդիչ խօսք մը` նշելով, որ եթէ մահը անխուսափելի է, ուրեմն թող ըլլայ անմահութեամբ: Եթէ մահը իւրաքանչիւրիս կեանքի անբաժանելի մէկ մասնիկն է, ուրեմն այդ մահը հերոսական մահ թող ըլլայ:
Քահանայ հայրը նկատել տուաւ, որ աշխարհի վրայ չկան պետութիւններ, երկիրներ ու ժողովուրդներ, որոնք իրենց հողը պահելու եւ պաշտպանելու համար արիւն չեն թափած, որովհետեւ հողը, սրբութիւնը, սրբատեղին կը պահպանուին կեանքի գնով եւ այս կեանքի մէջ ամէն բան ունի իր արժէքը, իսկ հայրենիքի արժէքը հայրենիքի մէջ բնակող կամ այդ հայրենիքի զաւակ նկատուող իւրաքանչիւրին կեանքն է: Պէտք է իւրաքանչիւր օր ապրիլ ի փառս հայրենիքի: Մեզի հասնող հարուածները մեզի պէտք է սորվեցնեն, թէ մենք իրաւունք չունինք հայրենիքը ձգելու բախտի քմահաճոյքին, որովհետեւ եթէ հայրենիքէն կը վերցնենք անխնայ, հայրենիքին պէտք է տանք թանկագինը` մեր եղբայրներուն, մեր զաւակներուն կեանքերը: Մեր պարտքն է մեր նահատակներուն անաւարտ գործը աւարտին հասցնել: «Տայ Աստուած, որ այդ իրականութիւն դառնայ եւ մեր նահատակ եղբայրները` ազգի զաւակները խաղաղութեամբ ննջեն, իսկ մենք ապրող, յիշող, յիշատակող եւ իրենց գործը շարունակողները ըլլանք», եզրափակեց քահանայ հայրը:
Այս առիթով կատարուեցաւ նահատակներու շիրիմներու ծաղկեմատոյց, որմէ ետք ներկաները պանթէոնին հրաժեշտ տուին «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով:
Տես նաև՝ ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրի անուանակոչութեան արարողութիւն
Տես նաև՝ ՏԵՍԱՆՈՒԹ․ ՀՄԸՄ-ն սկսում է 18-35 տարեկաններին ներգրավելու փորձնական ծրագիր․ Թալին Օրդողլյան