Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մեր գործունեայ ընկերուհին՝ Գայիանէ Մանուկեանը, որ օրական դրութեամբ ռուսական մամուլէն ուշագրաւ քաղուածքներ կը տրամադրէ դաշնակցական մամուլին, օրեր առաջ՝ Սեպտեմբերի 14-ին, շատ հետաքրքրական զրոյցի մը թարգմանութիւնը ուղարկեց․ զրոյցի կողմերն են ռուսական «Ռեգնում» կայքի խմբագրապետ Մոդեստ Կոլերով եւ նոյն կայքի յօդուածագիր-վերլուծաբան Ստանիսլաւ Տարասով։ Այս անունները «Յուսաբեր»ի ընթերցողներուն ծանօթ պէտք է ըլլան, ժամանակ առ ժամանակ իրենց տեսակէտները կամ վերլուծումները հրապարակած ենք այս էջերով։
Ուշադրութիւն գրաւողը՝ յղուածի խորագիրն էր․ «Ստանիսլավ Տարասովը Հէյտար Ալիեւի, ցարական իշխանու- թեան եւ Անդրկովկասի մէջ հետախուզութեան մասին»։
Տարասով Գանձակ (Գեանճա, Կիրովապատ) ծնած է 1953-ին եւ կրթուած է Ատրպէյճանի պետական համալսարանը, դասախօս ունեցած է հետագային Ատրպէյճանի նախագահ դարձած Ապուլֆազ Էլչիպէյը, մագիստրոսի ակադեմական աստիճան ստանալու համար Ռուսիոյ համալսարանները ուսանած է, իր հետազօտական աշխատանքներուն բերումով ծանօթացած է ռուս պետական գաղտնի արխիւային թղթածրարներուն, իսկ աշխատանքի բերումով՝ Հէյտար Ալիեւի հետ։
Հարցազրոյցին հում նիւթը իր հետազօտութիւններէն քաղած տուեալներն են եւ գործող անձանց անձնական արժեւորումները։ Չենք կրնար ըսել որ հարիւր տոկոսանոց է իր փոխանցածը, յատկապէս մեկնաբանածը, սակայն անիկա արժէքաւոր է այլ տեսանկիւնէ․ կը բացայայտէ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, նաեւ կը բացատրէ շատ մը երեւոյթներ, որոնք հասարակ մահկանացուներուս անհասկնալի են, «ինչո՞ւ», «ինչպէ՞ս», «ինչի՞ հասնելու համար», «ո՞ր մեղքերնուս համար» հարցադրումները տրամաբանական, մարդկային, ազնիւ պատասխաններ չունին։
Մեր քաղաքական գրականութեան մէջ ունինք այլ պատուհան մը ռուս մեծապետականութեան ծանօթանալու՝ Ցեղասպանութեան նահատակ դաշնակցական գործիչ Է․ Ակնունիի «Կովկասեան վէրքեր» խորագրուած եւ աւելի քան հարիւր տարուան վաղեմութեամբ հատորը, որ նոյնպիսի՛ բացայայտումներով լեցուն է, օրը օրին՝ թարմ շունչով գրուած։
Մենք պիտի չխորանանք հարցազրոյցի մանրամասնութիւններուն մէջ, սակայն մեր հետաքրքիր եւ աւելի՛ն իմանալու հետամուտ ընթերցողին պիտի առաջարկենք ջուրը իր աղբիւրէն խմել եւ ռուսերէն կայքի համացանցային թարգմանութեան ապաւինիլ։ regnum.ru/news/polit/3690855.html
Իսկ մենք պիտի զբաղուինք Տարասովի փոխանցած տեղեկութիւններով եւ մեկնաբանութիւններով, որոնք մեզ՝ հայերս կը շահագրգռեն։
Առաջին հաստատումը որ կ’ընէ ան, անդրադառնալով ռուսական կայսրութեան մաս կազմած Կովկասի ազգութիւններուն, հետեւեալն է. «Բոլոր երեք էթնոսներից քաղաքական առումով առաւել առաջադէմ էին հայերը»։
Եթէ բաղդատենք հայերը ընդհանուր առմամբ վրացիներուն հետ, որոնք իրենց պետականութիւնը զիջեցան ռուսերուն 19-րդ դարու առաջին կիսուն, հարց պէտք է յառաջանայ, որ քաղաքական ինքնիշխանութիւնը վաղուց կորսնցուցած հայը ինչպէ՞ս աւելի հասուն էր քան իր հարեւան ազգը։ Եւ եթէ քիչ մը խորանանք՝ բաղդատենք վրացին հայուն հետ, պարտաւոր պիտի ըլլանք հայը աւելի բարձր դասել, թէեւ քաղաքական ինքնիշխանութեան վերջին պատառիկները Արեւելեան Հայաստանի մէջ կորսնցուցած էր Խամսայի մելիքութիւններու շիջումով, նոյն կեդրոնաձիգ կայսրութեան տնօրինութեամբ։ Արդարեւ՝ վրացիք քաղաքակրթական իմաստո՛վ միշտ տարբեր մնացին իրենց հարեւան եւ ճակատագրակից հայերէն։ Երբ մենք խղճի եւ դաւանանքի ազատութեան իրաւունքը կը պաշտպանէինք 1600 տարի առաջ, վրաց արքան ոչ միայն կը յօժարէր զրադաշտականութիւն ընդունիլ, այլեւ չարաչար կը սպաննէր ըմբոստ կողակցին՝ հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի դստեր՝ Շուշանիկին, որ մերժած էր ենթարկուիլ իր կարգադրութեան։ Ահա կարմիր գիծ մը, որ յաջորդ դարերուն ալ անխախտ եւ աննուաճ պահեց հայը, սոսկ իրաւունք մը, մինչ վրացիք չունեցան նման անխախտ գիծեր։ Աւելի ուշ իրենց դաւանանքն ալ փոխեցին՝ առաքելական եկեղեցիէն շրջուեցան քաղկեդոնիկ դաւանանքի։ Ճկունութի՞ւն պէտք է կոչենք այս։ Հայերս կը յարգե՞նք, յարգա՞ծ ենք այս տեսակը։
Սակայն փաստ է, որ օտարներ նկատած են եւ գնահատած են հայոց սկզբունքայնութիւնը, որ համոզուած ենք, մինչեւ այսօր ունինք․ մենք ենք մեր սարերը, թէկուզ կտրեն մեր վիզը, ասպատակեն մեր երկիրը։ Հայոց պատմութիւնը հարուստ է նման սկզբունքային դիրքորոշումներով, որոնք բնական է կործանարար հետեւանքներ ալ ունեցած են, բայց հայը կրցած է պահել իր դիմագիծը, ուրիշը՝ այլասերած է։
Երկրորդ հաստատում-նկարագրութիւնը, որ անմիջական շարունակութիւնն է առաջինին եւ լրացում-ամբողջացումն անոր՝ «Դաշնակցութիւնը առաջին քաղաքական կուսակցութիւնն է, որը 1890-ին ստեղծուել է Ռուսաստանում։ Դա, ի դէպ, օտար տիպի կուսակցութիւն էր։ Այն չէր արձանագրւում որպէս ռուսական կուսակցութիւն։ Միակ կուսակցութիւնը, որն ունէր իր պետականաշինութեան, անկախութեան եւ այլ ծրագրերը։ Բայց պետականաշինութեան կենտրոնը նրա համար Արեւմտեան Հայաստանն էր»։
Դաշնակցութիւնը Անկախ Հայաստանի ծրագրային յաւելումը պատմականօրէն կատարեց 1919-ին, Երեւան գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին։ Մինչդեռ Տարասով կ’ակնարկէ նախահանրապետական շրջանին, երբ կռիւը դեռ կ’ընթանար սուլթանական բռնատիրութեան դէմ՝ յանուն հայ ժողովուրդի մարդկային տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Դաշնակցութեան համար, մանաւա՛նդ ներկայ օրերուն, բարենիշի արժէք ունի ցարական հետախուզութեան այս վկայութիւնը։ Քիչ անդին այլ նկատողութիւն մըն ալ ունի Տարասով, որուն ա՛յլ իմաստով պիտի անդրադառնանք, սակայն հոս տեղին է դիտել, թէ երբ Հայաստանի պետականութեան խօսք իսկ չկար, 1914-ին հազիւ բարենորոգումները լուծման կը մօտենար՝ եւրոպացի մարզպանները կը ժամանէին կամ ճամբայ ինկած էին դէպի Արեւմտեան Հայաստան իրենց աշխատանքներուն լծուելու, երբ Համաշխարհային Ա․ պատերազմը ծագեցաւ։ Սակայն ռուսական շրջանակները Դաշնակցութեան Ծրագրէն աւելի՝ կ’ենթադրենք, մեր կանոնագրէն եւ գրականութենէն, կազմակերպական ձեւէն եւ աշխատելակերպէն ու խօսքէն որոշած են իրենց դիմաց յայտնուած ախոյեանի որակը։
Այո՛, Դաշնակցութիւնը օտար էր ռուսական մտածելակերպին, պետականամէտ ալ էր՝ այլ իմաստով, աւելի ընդգրկուն հայեցակարգով, հասարակ թուրքին ու քիւրտին հանդէպ իր նայուածքով, իր վերաբերմունքով այլազգ անզէնին, անկարին, կանանց, երախաներու եւ ծերերու հանդէպ, մէկ խօսքով խաղաղ մարդոց հանդէպ աւելի՛ կարեկից էր ու հոգածու, քան իրենց բեկերն ու աղաները, փաշաները։ Հզօրութիւնն էր հայոց, որ ի ցոյց կը դնէր հայ ֆետային, ազատամարտիկը, իր ժողովուրդի հարազատ ծնունդն ու պաշտպանը։ Եւ ոչ միայն մարտիկը, ոչ միայն արիւն տեսած դաշնակցական հայու տեսակն էր այդպէս, այլեւ դաշնակցական մտաւորականն ի՛նք այդպէս էր, հիմնադիր երրորդութիւնն այդպէս էր, նաեւ այդ էր Խրիմեան Հայրիկին ըսել տուած՝ Հայոց նոր ասպետութիւնը՝ Դաշնակունիք։
Ասիկա արժէք էր եւ է՛։ Եւ նաեւ ասոր դէմ է որ անագորոյն, անգութ եւ դաժան էր կայսրութիւններու պայքարը մեր դէմ եւ կը մնայ այսօ՛ր ալ։ Դաշնակցութիւնն իր աղքատիկ հնարաւորութիւններով այլընտրանք կը ներկայացնէր ոչ միայն Արեւմտահայաստանի մէջ, այլեւ Արեւելահայաստանի․ բաւական է յիշել՝ ի հեճուկս ցարական կաշառակեր ու դանդաղաշարժ արդարադատութեան, Դաշնակցութեան ստեղծած անվճար դատարանները, որոնց ո՛չ միայն հայեր կը դիմէին, այլեւ հարեւան ազգեր։
Կարելի՞ է բաղդատել հայը արիւնարբու կովկասեան թաթարներուն՝ ներկայ ատրպէյճանցիներուն հետ։ Բայց անոնց ալ եղբայր, զինակից դարձնել յաջողեցաւ Դաշնակցութիւնը պատմութեան ընթացքին։
Մին անոնցմէ՝ պարսկական սահմանադրական յեղափոխութեան օրերուն Եփրեմի՝ հետագային խան կոչումին արժանացած, յաղթական արշաւանքին ձեռնարկած պահուն ունեցած փոքրաթիւ խումբին կազմն է՝ հայ, վրացի, թաթար։
Ասոնք մանրուքներ են, բայց հսկայ դաշտ կը բանան խորհրդածութիւններու, եթէ պատկերն ամբողջացնելու համար վերադառնանք մեր գրականութեան, տեսնելու համար, որ հայկական բոլոր արհաւիրքները, կոտորածները հրահրուած են իշխանութիւններու կողմէ, օսմանեան-թրքական ըլլան անոնք թէ ցարական-ռուսական։ Մեզ շրջապատող կայսրութիւնները ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ, հետեւաբար ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ թշնամի եղած են։ Դաշնակցութիւնը, պայքարելով այս իրողութեան դէմ, փորձած է ներգործել եւ զանոնք բարեշրջել եւ հայոց կեանքին հետ բարելաւել նաեւ հարեւան խաղաղ բնակչութեան՝ թուրքի, քիւրտի, վրացիի, թաթարի, պարսիկի կեանքը։
Եթէ հակադաշնակցական գրականութեան մէջ Երիտթուրքերու հետ «եղբայրութիւն» կը յորջորջուի այս ճիգը, մարդիկ գիտակցաբար կը խեղաթիւրեն կամ այնքան ուղեղ եւ բանականութիւն չունին, որ ըմբռնեն ամբողջ հայեցակարգը, որով առաջ շարժած է Դաշնակցութիւնը։ Իրենք չեն յիշեր, ո՛չ պարսկական սահմանադրական շարժումը եւ Դաշնակցութեան ճամբով հայոց մասնակցութիւնն անոր, ոչ ալ Կովկասի մէջ Դաշնակցութեան սանձելու համար ցարական իշխանութիւններու հրահրած թաթարական յարձակումները հայոց վրայ, ջարդերը եւ ապա հուժկու հակահարուածի տակ ծունկի եկած մոլլաներու եւ բեկերու աղերսանքը։
Տարասով յստակ է այդ օրերուն մասին՝ «դաշնակները գործնականում վերահսկողութեան տակ վերցրին ամբողջ Անդրկովկասը»․ ասիկա կրաւորական, համակերպական ընթացքով տեղի չէր ունենար եւ ի զուր էր պահպանողական թէ ձախակողմեան հայ կուսակցութիւններու զայրոյթը «ի տես» Դաշնակցութեան «մենատիրութեան»։ Այսինքն՝ մարդիկ թերեւս կը սպասէին, որ Դաշնակցութիւնը դադրեցնէ կոտորածները, պայքարի անարդարութիւններուն դէմ, իրենց հանգիստը չխռովէ եւ հրապարակը իրենց թողու եւ հեռանայ, երբ իրենց պատկերացումներու հորիզոնը կա՛մ նեղ շահակցական էր, կա՛մ նեղ կուսակցական, չըսելու համար աւելին։
Դաշնակցութիւնը ապացուցած է, որ այս հիւանդութիւնները իրը չեն եղած, իր Ծրագիրի իրագործման հետամուտ, երբեւէ չէ աքլորացած, համադրող եւ կազմակերպող ուժ եղած է՝ հայուն թէ այլազգին հանդէպ, բոլոր դուռերը թակած է, ժառանգութիւն մը թողած է, որ դեռ կը հարստանայ ու պիտի՛ հարստանայ, քանի ան հաւատարիմ կը մնայ իր ակունքներուն եւ նպատակներուն։
Քիչ վեր յիշեցինք Տարասովի մէկ այլ մեկնաբանութիւնը, որուն խոստացանք անդրադառնալ․ «Նրանք (դաշնակցականները) կողմնորոշւում էին դէպի արեւմուտք, դա զուտ արեւմտամէտ կուսակցութիւն էր»։ Այսօր նորոյթ է՝ մոտա, արեւմտամէտ, ռուսամէտ, դեռ իրանամէտի չենք հանդիպած, բայց թրքամէտ հաստատ կայ։ Հասկնալի չէ հայաստանեան կուսակցութիւններու արեւմտամտութիւնը, ոչ ալ արդարացուած՝ ուսերնուն իրենց կարծիքով շողշողուն թիկնոցով պճնուելու մղումը։ Անհատ առաջնորդը, երբ ազատ ժամանակ եւ նիւթական միջոցներ ունի, նման զբաղումներ կը փնտռէ ա՛լ աւելի ինքնադրսեւորուելու համար։ Տարբեր բացատրութիւն դժուար է գտնել ոչ թէ կենսագրութիւն չունեցող, այլ կազմակերպական կառուցուածքով չհամապատասխանող նման միաւորումներու յաւակնութիւնը։ Բնական է, մենք ոչ արգիլողն ենք, ոչ արտօնողը, իրենց գործն է, բայց ուժերու եւ ուշադրութեան տարտղնումէն ո՛չ իրենք կը նպաստաւորուին, ոչ ալ իրենց նման ուրիշներու կը վնասեն։ Վնասուողը, տուժողը Երկիրն է ու ժողովուրդը։
Գալով Դաշնակցութեան կամ դաշնակցականներու արեւմտամտութեան, կը կարծենք որ աւելի ճիշդ բնորոշումը աւելի վերեւ տրուածն էր՝ Դաշնակցութիւնը ռուսական աշխարհին համար ՕՏԱՐ կազմակերպութիւն էր, որ չի նշանակեր արեւմտեան կամ արեւմտամէտ էր։ Թերեւս ճշգրիտ բնորոշումը Տարասովէն վրիպած է, բայց Դաշնակցութիւնը իր պատմութեան մէջ արգելքներ չէ ունեցած որեւէ մէկուն հետ գործակցութիւն հաստատելու, եթէ այդ գործակցութենէն Հայկական հարցը կը նպաստաւորուէր։ Եթէ պիտի ըսեն՝ Pro Armenia թերթը Ֆրանսա հրապարակուած է, հնարաւորութիւն ունենային հաւանաբար առաջինը Ս. Փեթերպուրկ կամ Մոսկուա կը հրատարակէին։ Նաեւ՝ հիմնադիր սերունդը՝ Արեւելեան թէ Արեւմտեան բիւրոները վարողները մեծամասնաբար ռուսական համալսարաններէ շրջանաւարտ էին, ոմանք՝ ինչպէս Քրիստափոր Միքայէլեանը, Սիմոն Զաւարեանը ռուսական ընդհատակեայ յեղափոխական շարժումներու մասնակցած են իրենց ուսանողական տարիներուն։ Այդ փորձը ունէին, բնորդը կար, սակայն իրենք անմիջապէս, հիմնադրութենէն երկու տարի անց, 180 աստիճան շրջեցին կազմակերպական ձեւը, կեդրոնացումէ ապակեդրոնացման անցան։
Ապակեդրոնացումն առանձինն՝ հոգեհարազատ չէր կրնար ըլլալ ռուսին, հետեւաբար՝ օտար էր իրեն, իր կառավարման համակարգին։ Մինչդեռ Հայաստանը եւ իր աշխարհագրութիւնը, երեք կայսրութիւններու միջեւ անոր բաժանուածութիւնը հրամայական կը դարձնէին ապակեդրոն կազմակերպութիւնը, որ ցարդ կը պահուի։
Եթէ աւելցնենք արդարութեան, իրաւունքներու, հայեցակարգերն ալ, Դաշնակցութիւնը չէր կրնար հարազատ ըլլալ օտար իշխողին։
Վերջին կէտ մըն ալ կ’ուզենք մատնանշել, թէ ինչո՞ւ Դաշնակցութեան օտարութեան չափանիշ էր։ Երբ անձեւ քաոսի մէջէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը ծնաւ, առանց նեցուկ, առանց դաշնակից, սովահար, տարափոխիկ հիւանդութիւններէ հարուածուած, գաղթականութեամբ լեցուն, թաթարական զինուած՝ ապստամբ շրջանները հնազանդեցնելու, հայ-վրացական պարտադրուած պատերազմին առընթեր, մինչ այդ Եւրոպայի ու Ամերիկայի մէջ չտեսնուած կանոնակարգով, կանայք ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք ստացան, Կարմիրներէն առաջ՝ համագործակցականներ բացուեցան, պետականացուեցան հանքերը, Կոնեակի գործարանը, գաղթական թէ տեղաբնիկ ժողովուրդին աշխատանք եւ ապրուստի միջոց հայթայթուեցաւ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ, սուղ միջոցներով հանրային գրադարաններ, տարրական, միջնակարգ եւ բարձրագոյն կրթական օջախներ բացուեցան, մշակոյթին զարկ տրուեցաւ, բաներ՝ որոնք այսօր հասարակ ժողովուրդին անծանօթ են, բայց նախքան այս բոլորը, ռուսական գաղտնի սպասարկութիւնները կարդացած էին։
Ամփոփենք․ ինչպէս Կովկասը, այնպէս ալ ամբողջ տարածաշրջանը պատերազմի դաշտի վերածողը, տեղաբնիկ ժողովուրդները գժտեցնողը իշխողները եղած են՝ օտար եւ անհաղորդ ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԵԱՆ։ Խաղաղութիւնը ոչ անհասանելի է, ոչ ալ անբաղձալի, բայց զայն պիտի կերտես նախ, իսկ կերտելու համար մտաւոր եւ բազկի ուժ պիտի ունենաս, կամք եւ կորով, ԱՐԴԱՐԱՄՏՈՒԹԻՒՆ։ Խաղաղութիւնը չի պարտադրուիր եթէ ան չի ծառայեր հանրային՝ հայ թէ օտար, բարօրութեան։ Իսկ հայ իրականութեան մէջ այդ բանաձեւի հեղինակն ու կիրառողը բացառապէս ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ կը մնայ։ Եւ իր ճակատագիրն է միայնակ մնալ ծանր պայքարին մէջ, ինչպէս Սասունցի Դաւիթ՝ հրեղէն Քուռկիկ Ջալալիով միայնակ էր Մսրա Մելիքի դէմ…
Հայաստանին հարկաւոր է նոր՝ զարգացած, գաղափարական, բանիբուն եւ ձեռնհաս սերունդ։
ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ